Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ո՞ր վայելուչ կինը օրին մէկը չէ երազած Շանել 2.55 պայուսակ մը կրել: Անիկա սովորական աքսեսուար մը չէ, այլ` վայելչութեան մարմնացումը:
Շանել 2.55 ստեղծած է Գօգօ Շանելը 1955-ի փետրուարին: Հետեւաբար 2.55 թիւը կը խորհրդանշէ պայուսակի ստեղծման ամիսն ու տարին:
Միշտ ծանրաբեռնուած իր ձեռքի պայուսակներով, անուանի ոճաբանը ուսէն կախուող պայուսակ մը ստեղծելու միտքը կը յղանայ` ոգեշնչուելով այդ օրերու զինուորականներու պայուսակներէն:
Եւ ահա կը ծնի Շանել 2.55 պայուսակը` իր իւրայատուկ ցցուն կարերով, շղթայ կապով եւ Շանելի անուան սկզբնատառերը կրող փականով:
Պայուսակը ստեղծուեցաւ 3 տարբերակներով` տարբեր ժամերու եւ առիթներու յարմարելու նպատակով: Ամէնէն աւելի ընդհանրացաւ գառնուկի մորթով պատրաստուած տարբերակը` նախատեսուած առօրեայ գործածութեան համար:
Պայուսակը ունի նաեւ գործնական յատկութիւններ, քանի որ օժտուած է 7 գրպաններով, որոնցմէ մէկը` շրթներկի, հատ մըն ալ գաղտնի թուղթեր պահելու համար:
Երբ 1955-ի փետրուարին Շանել 2.55 շուկայ իջաւ, առաջին կրողները եղան Ճեքի Քենետին եւ Էլիզապէթ Թէյլըրը:
Այնուհետեւ պայուսակը որդեգրեցին անուանի աստղեր, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ բոլոր անոնք, որոնք միջոցը ունէին զայն ձեռք բերելու:
Շանել 2.55 բնօրինակը ունեցողները պիտի նկատեն, որ պայուսակին ներսի բաժինը գինեգոյն տուպլիւրով ծածկուած է. պատճա՞ռը, քանի որ Գօգօ Շանելի որբանոցի տարազը այդ գոյնի էր…
Սովորութիւններ, Որոնք
Կը Բարելաւեն Մեր Կեանքի Որակը
Որքան Կարելի Է, Օրը Կանուխ Սկսէք
Գրեթէ բոլոր յաջողակ մարդիկ առտու կանուխ կ՛արթննան, որպէսզի աւելի շատ ժամանակ ունենան` օրուան ծրագիրներուն պատրաստուելու եւ զանոնք իրագործելու համար:
Օրական Առնուազն Կէս Ժամ Կարդացէք
Ինքնազարգացման մէջ կատարուող ներդրումը ամենակարեւոր նախապայմաններէն է արդիւնքի եւ յաջողութեան հասնելու համար: Մարդիկ կը զատորոշուին իրենց գիտելիքներով ու հմտութիւններով. ասոնց շնորհիւ է, որ կը ձեւաւորուի անհատը: Ընթերցանութիւնը լաւագոյն եւ ամենադիւրին միջոցն է աշխարհահայեացքը, սովորութիւններն ու կեանքի որակը բարեփոխելու համար: Սովորութիւն դարձուցէք օրական առնուազն կէս ժամ կարդալը: Ընդլայնեցէք ձեր գիտելիքները, եւ ձեր առջեւ նոր դռներ կը բացուին:
Հաճոյախօսութիւն Ըրէք
Գովասանքն ու հաճոյախօսութիւնները կը բարելաւեն ընդհանուրին տրամադրութիւնը, բայց անոնք պէտք է սրտաբուխ ըլլան եւ` ոչ ձեւական: Փորձեցէք միշտ նկատել ու գնահատել մարդոց դրական կողմերը. այսպիսով թէ՛ գործը առաջ կ՛երթայ եւ թէ՛ լարուածութիւններն ու մրցակցութիւնները կը չքանան:
Կատարեցէք Ձեր Խոստումները
«Հեղինակութիւն կը կառուցեն քսան տարուան ընթացքին, բայց կրնան զայն քանդել ընդամէնը 5 վայրկեանի մէջ», ըսած է ամերիկացի նշանաւոր գործարար, ներդրող եւ բարերար Ուորըն Պաֆեթը: Ասոր համար ալ պէտք է կատարել բոլոր խոստումները: Թէ՛ կեանքի եւ թէ՛ գործի մէջ ոչ ոք կը վստահի անոնց, որոնք կը խախտեն իրենց խոստումները: Իսկ ձեր առջեւ դրուած նպատակները ձեւով մը խոստումներ են, զորս տուած էք դուք ձեզի: Երբեք մի՛ անտեսէք եւ մի՛ մոռնաք զանոնք:
Գնահատեցէք Ձեզի Օգնողները
Շատեր կ՛ըսեն, որ իրենք մինակ, ինքնուրոյն հասած են ամէն ինչի, բայց ատիկա ճիշդ չէ: Յիշեցէք այն դաստիարակութիւնը, զոր ձեր ծնողները տուեր են ձեզի, կամ` սէրը, որով ձեզ շրջապատեր են ձեր հարազատներն ու մտերիմները: Ոչ ոք առանձին յաջողութեան չի հասնիր: Գնահատեցէք ու երբեք մի՛ մոռնաք ձեզի օգնողները` ծնողք, ուսուցիչ, գործընկեր, որոնց շնորհիւ դուք հասեր էք հոն, ուր կ՛ուզէիք հասնիլ: Յաջողութեան գրաւականը համագործակցութիւնն է:
Ձեռային Աշխատանք
Զատկուան Հաւկիթներ
Շուտով Ս. Զատիկ է. շատեր արդէն իսկ նաշխած են իրենց զատկուան հաւկիթները, շատեր ալ ինչ-ինչ պատճառներով տակաւին կը վարանին: Հաւկիթին գինի արտառոց մագլցումը, նոյնպէս ալ շուկան վաճառուող ներկերու անմատչելի գիները մտածելու առիթ կու տան: Ոմանց համար ալ այս տարի Զատիկ տօնելն ու հաւկիթ նաշխելը սկզբունքի եւ տրամադրութեան հարց է: Բոլոր տեսակէտներն ալ յարգելի են:
Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք Զատկուան հաւկիթ զարդարելու 3 արագ եւ դիւրին տարբերակներ, որոնք գունաւոր ներկի կարիք չունին: Չմոռնաք նաեւ, որ հաւկիթ կարելի է նաշխել կարմիր հազարի, շոմինի, ճակնդեղի եփի ջուրով եւ կամ` սոխի կեղեւներով:
Ստորեւ` բաւական խօսուն նկարներ:
Շնորհաւոր Ս. Զատիկ:
Սննդագիտական
Կանաչ Սխտորին Առողջարար
Յատկութիւնները
Կանաչ սխտորը սովորական սխտորէն կը զանազանուի իր իւրայատուկ համով, անոր համը նուազ շեշտուած է եւ եփելէ ետք կը դառնայ աւելի քաղցր` ճաշին տալով իւրօրինակ համ եւ բոյր:
Կանաչ սխտորը կարելի է օգտագործել թէ՛ հում, թէ՛ եփած` ճաշերու եւ աղցաններու մէջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք կանաչ սխտորին առողջարար յատկութիւնները.
– Կանաչ սխտորը կը խթանէ մարմնին դիմադրականութիւնը: Անոր յաճախակի գործածութիւնը կը բարձրացնէ օրկանիզմի պաշտպանական յատկութիւնները:
– Կանաչ սխտոը անթիպիոթիքի դեր կը կատարէ, ունի մանրէներու դէմ պայքարելու եւ հակաբորբոքային յատկութիւններ:
– Կանաչ սխտորը հարուստ է երկաթով: Յատկապէս սակաւարիւնութենէ տառապողները պէտք է յաճախակի կանաչ սխտոր ներառեն իրենց ճաշացուցակին մէջ` որպէս երկաթի հարուստ աղբիւր:
– Կանաչ սխտորը կը նպաստէ սրտի առողջ աշխատանքին: Անոր պարունակած մանկանեզը կը կարգաւորէ քոլեսթերոլի մակարդակը եւ կը նուազեցնէ կաթուածի կամ սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:
– Կանաչ սխտորը կը պայքարի աղեստամոքսային բորբոքումներուն դէմ:
– Կանաչ սխտորը կարելի է 5-7 օր պահել սառնարանը: Թելադրելի է զայն փաթթել խոնաւ անձեռոցիկի մը մէջ, ապա դնել կերպընկալ տոպրակի մէջ:
– Կարելի է նաեւ զայն պահել ջուրով լեցուն բաժակի մէջ:
Այս առիթով ձեզի կը ներկայացնենք կանաչ սխտոր աճեցնելու դիւրին եւ արագ միջոց մը:
ա – Առէք ապակեայ, լայն բերանով շիշ մը:
բ – Միջին չափի 5 սխտորի պճեղ կեղուեցէք եւ շիշին յատակը շարեցէք (ոչ վրայ-վրայի` այլ` քով-քովի):
գ – Այնքան մը ջուր աւելցուցէք, որ պճեղները կէսով ծածկուին:
դ – Շիշը զետեղեցէք լուսաւոր տեղ մը, նախընտրաբար` պատուհանի մը եզրին:
ե – Քանի մը օրէն բարակ արմատներ պիտի նկատէք պճեղներուն ծայրամասին:
զ – Շատ չանցած` նաեւ կանաչ ծիլեր պիտի նկատէք պճեղներուն վերի ծայրամասին: Այդ ծիլերը շատ արագ հասակ պիտի նետեն ու բազմանան:
Սխտորի մեղմ համով օժտուած այս կանաչ ծիլերը թելադրելի է հում օգտագործել ձեր աղցաններուն, ձուածեղներուն եւ ասիական ճաշերուն մէջ:
Խոհագիր
Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք երկու խոհագիր` հազարով կամ բազուկի տերեւով աղցան, որ կը մատուցուի Աւագ ուրբաթ, եւ` բէնջար կամ բանջար չկայ, որ ծանօթ է նաեւ որպէս խթումի ճաշ:
Հազարով Աղցան
Ուրֆայի եւ կարգ մը հայկական շրջաններու մէջ Աւագ ուրբաթ սովորութիւն էր` ոսպով քէօֆթէի կողքին, քացախով աղցան մատուցել:
Բաղադրիչներ
– 1 հազար կամ համապատասխան քանակութեամբ շոմին կամ բազուկի տերեւներ
– Քառորդ գաւաթ քացախ
– 2 պճեղ սխտոր
– 3-4 ապուրի դգալ ձէթ
– Կարմիր փոշի պղպեղ
– Աղ
Թարմ կանաչեղէնը կտրատել, լեցնել աղցանի ամանին մէջ, աւելցնել համեմները, ձէթն ու քացախը, խառնել եւ մատուցել ոսպով քէօֆթէի կողքին:
Բէնջար
Այս ճաշատեսակը կը պատրաստուէր խթման գիշերը: Այդ իսկ պատճառով զայն նաեւ կ՛անուանեն խթումի ճաշ:
Ըստ ժողովրդական աւանդազրոյցի մը, տարի մը, տօնի նախօրէին, բանջարը չէ ծլած, այդտեղէն ալ յառաջացած է ճաշատեսակին երկրորդ անուանումը` «Բանջար չկայ»:
Բաղադրիչներ`
– 1 քիլօ բանջար
– 3 սոխ
– 3 ստեպղին
– 2 գաւաթ խաշած սիսեռ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ (կամ իւղ)
– Կարմիր եւ սեւ փոշի պղպեղ
– 2 պճեղ սխտոր
– Աղ
Պատրաստութիւն`
Սոխն ու ստեպղինը մանրել եւ ձէթին մէջ 4-5 վայրկեան տապկել:
Աւելցնել մանրուած բանջարը, խաշած սիսեռն ու համեմունքները եւ եփել քիչ ջուրով:
Մատուցել` վրան ճզմուած սխտոր աւելցնելով: Կարելի է նաեւ սխտոր-մածուն աւելցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Այս տագնապները հոգիս կերան.
Ուր ոտք եմ դնում-տատասկ է ու փուշ…
Այս սեւ օրերն էլ անց կը կենան,
Այս մշուշներն էլ կը դառնան յուշ:
Կը չքուի դիրտն էլ իմ բաժակի,
Հաւատ կը դառնայ յոյսս մի բուռ:
Այս մութ հեղեղն էլ կը բարակի,
Ծովին կը տանի տիղմ ու փրփուր:
Այս սեւ քարերն էլ լոյս կ՛արձակեն,
Կը գայ վախճանը տուայտանքի,
Կը գայ վախճանը… Եւ կը ծաղկեն
Կեանքը մարդու մէջ, մարդը` կեանքի:
Թող հողը թեթեւ լինի վրադ
Տարիների տէր անտէրութիւն,
Էլ ինչ մաղթանքներ եւ ինչ խրատ,
Կենացդ յոգնած համբերութիւն:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ