Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մեր բերնէն ելած իւրաքանչիւր խօսք կ՛ազդէ մեր երեխաներուն վրայ: Յաճախ ծնողներ զանազան պատճառներով կ՛ըսեն բաներ, որոնք բացասական հետեւանքներ կ՛ունենան երեխային ձեւաւորման եւ հոգեբանութեան վրայ:
Հոգեբաններու կարծիքով, կան արտայայտութիւններ, զորս երբեք պէտք չէ ըսենք մեր երեխաներուն, այլապէս մենք մեզ երբեք չենք ներեր հետագային:
«Անմիջապէս վերջ տուր լացիդ»
Լացին վերջ տալու յորդորը չ՛օգներ մեր երեխային:
Եթէ ան բանէ մը նեղուած, վախցած կամ յուսալքուած է, փորձենք զինք հանգստացնել, գրկել: Բոլորս ալ երբեմն լալու կարիք կ՛ունենանք` անկախ տարիքէ եւ սեռէ:
***
«Այդքան դժուա՞ր է այս ոտանաւորը սորվիլը»:
Այս խօսքերէն մեր երեխան ինքզինք անօգուտ եւ թերի կը զգայ: Ուղղորդենք զինք եւ քաջալերենք` փոխանակ թերարժեքութեան բարդոյթ ստեղծելու անոր մօտ:
***
«Մեծ տղաքը/ աղջիկները երբեք չեն վախնար»:
Յիմարութիւ՛ն: Բոլորս ալ ունինք վախի զգացում, այդ պարագային ինչո՞ւ խաբել երեխան: Աւելի լաւ է անոր ըսել, որ բանէ մը վախնալը բնական է, սակայն պէտք է փորձենք յաղթահարել սեփական վախերը:
***
«Ես չեմ հաւատար, որ դուն այդպիսի բան ըրեր ես»:
Ասիկա շատ եսակեդրոն արտայայտութիւն է. մենք այսպիսով երեխային կը ստիպենք, որ մեղաւոր զգայ եւ կարծէ, որ ինք չափազանց հիասթափեցուցած է մեզ: Աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ մատնանշել, անոր արարքը եւ բացատրել, թէ ո՛ւր է սխալը, եւ թէ` հետագային ինչո՛ւ պէտք չէ կրկնէ նոյն սխալը:
***
«Դուն պէտք եղածին չափ խելացի/բարի չես»:
Պարզապէս կարելի չէ նման արտայայտութիւն ունենալ:
Այսպիսի խօսքեր յաւերժ կը դրոշմուին երեխային ենթագիտակցութեան մէջ, եւ հետագային ան դժուար թէ ձերբազատի այդ բարդութիւններէն: Ան միշտ պիտի կարծէ, թէ որեւէ բանով պակաս է ուրիշներէն:
Գեղօրի Մը Պատմութիւնը
Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը այնքան չէր սիրեր իր ծննդեան տարեդարձը, որքան` անուանակոչութեան տօնը:
1917-ի յունուար 14-ը ձիւնոտ օր էր: Երկու տասնեակէ աւելի երիտասարդ գրողներ որոշեր էին նուէր մը մատուցել իրենց սիրելի բանաստեղծին: Գներ էին ցուլի սեւ արձան մը, վրան` պրոնզէ աղջիկ մը:
Երիտասարդները կ՛որոշեն նուէրը փոխանցել 3 կին բանաստեղծուհիներու` Լէյլի, Արմէնուհի Տիգրանեաններու եւ Վարսենիկ Աղասեանի միջոցով: Երբ նուէրը կը հասնի Թումանեանի տունը, ներս կը մտնէ բանաստեղծին պատուիրակը եւ կը փոխանցէ գրութիւն մը` «Եթէ բոլորդ չգաք` նուէրը ետ կ՛ուղարկեմ»:
Երիտասարդ գրողները ամչնալով կը բարձրանան Թումանեանի տան մարմարեայ աստիճանները, եւ մեծ դահլիճին մուտքին զիրենք կը դիմաւորէ բանաստեղծը:
Քիչ անց արդէն թեւ-թեւի կը պարէին` զօրավար Անդրանիկը, Շիրվանզադէն եւ անոնց միացած երիտասարդները:
Ցուլի արձանը երկար տարիներ իր տեղը ունեցած է բանաստեղծին գրադարանին մէջ, այժմ անիկա ցուցադրուած է Թումանեանի Երեւանի թանգարանին մէջ: Արձանի յենարանին վրայ փորագրուած ` «Յովհաննէս Թումանեանին, մի խումբ երիտասարդ գրողներից, 19-14-17»:
Դիւրին Միջոցներ` Առանց Ճիգի
Ջերմուժ Այրելու Համար
Շատերու միտքէն չ՛անցնիր, որ առօրեայ պարզ սովորութիւններ մեծապէս կ՛օգնեն ջերմուժ այրելու, մարմինը շարժումի մէջ պահելու եւ աւելի թեթեւ ու հանգիստ զգալու:
Եկէ՛ք` ծանօթանանք վերոյիշեալ սովորութիւներէն մէկ քանիին եւ տեսնենք, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը որքան ջերմուժ կ՛այրէ: Յիշեցնենք, որ լուրջ հետազօտութիւններ կը հաստատեն, որ բրիտանացի կիներ շաբաթական 11 ժամ տան գործերու կը յատկացնեն, ինչ որ կ՛օգնէ շուրջ 2300 ջերմուժ այրելու, այսինքն` ամսական 2 քիլօ կը կորսնցնեն…
ՔԱԼԵՑԷ՛Ք, առտու գործի կամ շուկայ երթալու համար հրաժարեցէք ինքնաշարժէն եւ քալելով գացէք: Եթէ ձեր երթալիք տեղը հեռու է, ինքնաշարժը շարեցէք քիչ մը հեռու եւ ոտքով շարունակեցէք: 30 վայրկեան քալելով 60 ջերմուժ կը կորսնցնէք:
ՀՐԱԺԱՐԵՑԷ՛Ք վերելակէն եւ աստիճանները ոտքով բարձրացէք: Իւրաքանչիւր 2 յարկի պարագային 7 ջերմուժ կ՛այրէք:
ԽՆԴԱՑԷ՛Ք. այո՛, ըսուածը կատակ չէ: Ամերիկեան ուսումնասիրութիւններ փաստած են, որ 15 վայրկեան խնդուքը 40 ջերմուժ կ՛այրէ: Անշուշտ ասիկա արմատական միջոց մը չէ նիհարնալու համար, բայց եւ այնպէս…
ՔՆԱՑԷ՛Ք. որքան ալ զարմանալի թուի, այո՛, քնանալով ջերմուժ կը վատնէք: Մէկ ժամ քունը միջին հաշուով 50 ջերմուժ կ՛այրէ: Չմոռնաք, որ քունի պակասը կը գիրցնէ քանի որ հորմոնային բնազդներ կ՛աւելցնեն անօթութեան զգացումը:
ՄԱՔՐԵՑԷ՛Ք ու կոկեցէք տունը, տան մաքրութիւնը լաւ միջոց է ջերմուժ այրելու համար: Այսպէս, մէկ ժամ տունը կոկելով` 230 ջերմուժ կը կորսնցնէք, պնակներ լուալով` 90 ջերմուժ, 1 ժամ ելեկտրական փոշեկուլով գորգերը մաքրելով` 230 ջերմուժ, 1 ժամ գետինները սրբելով` 120 ջերմուժ եւ, վերջապէս, մէկուկէս ժամ արդուկ ընելով` 200 ջերմուժ:
ԿԱՐԴԱՑԷ՛Ք, գրեցէ՛ք, մտածեցէ՛ք… 2 ժամ կեդրոնացած աշխատանք մը կատարելով` կրնաք 100 ջերմուժ այրել. իսկ 4 ժամ դաշնակ կամ ջութակ նուագելու պարագային` 200 ջերմուժ:
ԽՆԱՄԵՑԷ՛Ք բոյսերը, օրական մէկ ժամ ձեր պարտէզին կամ պաշտգամին բոյսերը խնամելով (անշուշտ միայն ջրելը աշխատանք չի համարուիր)` շուրջ 250 ջերմուժ կ՛այրէք:
Սննդագիտական-Առողջապահական
Խոշոր Դդում Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ
Ձմրան եղանակի համեղ եւ սննդարար բանջարեղէններէն մէկն է խոշոր դդումը, որ հարուստ է` բնաթելով, հանքայիններով եւ կենսանիւթերով: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս բանջարեղէնը յաճախ ուտելու համոզիչ պատճառներ:
– Խոշոր դդումը հարուստ է օլիկօ-էլէմաններով` կիր, ֆոսֆոր, պղինձ, մակնեզիոմ… Ասոնց շնորհիւ կը կարգաւորուի զարկերակային ճնշումը, կը զօրանայ մարմնին դիմադրողականութիւնը եւ կ՛ապահովէք ձեր ոսկորներուն եւ ակռաներուն առողջութիւնը:
– Խոշոր դդումը հարուստ է կենսանիւթերով, անիկա կրկնապատիկ հարուստ է Սէ. եւ Ա. կենսանիւթերով, քան ստեպղինը, հետեւաբար այս բանջարեղէնը հզօր հակաօքսիտան մըն է եւ ձեզ կը պաշտպանէ քաղցկեղէն:
– Խոշոր դդումը հարուստ է նաեւ Պէ. խումբի կենսանիւթերով, որոնք կ՛ամրապնդեն ձեր ջղային համակարգը, կը նպաստեն աւելորդ քոլեսթերոլի դուրս մղմանը եւ կը խոչընդոտեն աւելորդ ծանրութեան կուտակումը:
– Խոշոր դդումը հարուստ է բնաթելով, անոր յաճախակի օգտագործումը ձեզ կը ձերբազատէ փորակապութենէ: Այս շատ մարսողական բանջարեղէնը նաեւ յանձնարարելի է երիկամային կամ աղիքային անհանգստութենէ տառապողներուն:
– Խոշոր դդումի սերմերը հարուստ են երկաթով եւ հետեւաբար յանձնարարելի են արեան տկարութենէ տառապողներուն եւ յոգնածութիւն զգացողներուն:
Դդումի սերմերը նաեւ օժտուած են հակաբորբոքային յատկութիւններով, անոնք կը հանդարտեցնեն միզուղիներու խանգարումներն ու բորբոքումները:
– Դդումի սերմերը հարուստ են նաեւ մակնեզիումով, ահա բնական միջոց մը` լարուած վիճակէ եւ ընկճախտէ դուրս գալու համար: Ափ մը խարկուած դդումի սերմը ձեզ ժամանակաւորապէս կը հանգստացնէ:
Խոշոր դդումի սերմերը կարելի է նաեւ օգտագործել հացերու պատրաստութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` աղցաններուն եւ եղինձներուն իւրայատուկ համ տալու համար:
Ինչպէ՞ս Խորովել Խոշոր Դդումի Սերմերը
Սերմերը քամոցի մէջ դնել եւ հոսող ջուրի տակ լուալ, մինչեւ որ մաքրուին: Սերմերը տարածել ծծուն թուղթի կամ մաքուր լաթի վրայ եւ կարելի եղածին չափ ցամքեցնել: Ցամքած սերմերը շատ քիչ քանակութեամբ ձէթով եւ աղով խառնել եւ տարածել փուռ գացող ափսէի մէջ: Նախապէս տաքցուած (180 ջերմաստիճան) փուռի մէջ եփել, մինչեւ որ ցամքին եւ թեթեւ շէկնան:
Խմիչքի կողքին մատուցելու պարագային, կարելի է նախքան փուռը դնելը աղին եւ ձէթին աւելցնել կարմիր փոշի պղպեղ կամ սխտորի փոշի, քարրի կամ «հերպ տը փրովանս»:
Խոհագիր
Խոշոր Դդումով Կրաթեն
Բաղադրիչներ
750 կ խոշոր դդում` խորանարդաձեւ մանր կտրատուած
2 գետնախնձոր` խորանարդաձեւ մանր կտրատուած
2 սոխ` շատ մանր կտրատուած
3 հաւկիթ
30 սլ կաթ
50 կ հալող, տաշուած պանիր
մշկընկոյզ, աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ ընկոյզի մեծութեամբ կարագ տաքցնել եւ աւելցնել մանրուած սոխը:
Աւելցնել դդումն ու գետնախնձորը եւ 3-5 վայրկեան բանջարեղէններ կարագին մէջ դարձնել:
Բանջարեղէնները փոխադրել ափսէի մը մէջ եւ վրան թափել կաթով, հաւկիթով եւ համեմներով պատրաստուած թանձրուկը:
Երեսը ծածկել տաշուած պանիրով եւ շուրջ կէս ժամ եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ` 180-200 ջերմաստիճանով:
Մատուցել տաք վիճակով, բարի՛ ախորժակ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
* * *
Երբ դաշտն անտէր է, այգին` անմշակ,
Մոլախոտերն են տարածւում համակ,
Քաղհանող չկայ, տէրերն են քնած,
Ծաղիկներն իրենց զգում են լքուած:
Փուշն ու տատասկը ծածկել են այգին,
Վարդը գլխիկոր քաշուել է մի կողմ,
Գործ կայ անելու այստեղ ահագին,
Չորս կողմը միայն փշեր են ծակող:
Մարդիկ անցնում են` վարդը չեն տեսնում,
Այգեպան զարթնի՛ր, հերի՛ք է քնես,
Քաոս է տիրում նախկին պարտէզում,
Փշերը շուտով կը հասնեն եւ քեզ:
Տե՛ս, էն փուշն իրեն ինչ լա՜ւ է զգում,
Ծաղկել է արդէն կեղծ վարդի գոյնով,
Սոխակն էլ խաբուած իր երգն է երգում,
Արբած` կանեփի արբեցնող բոյրով:
Այսօր փուշ, տատասկ իշխում են ազատ,
Լցուել են դաշտը, այգի ու պարտէզ,
Խեղճ մանուշակներ, խեղճ վարդ հարազատ,
Քաղհանող չկայ, կորչում էք անտես:
ՀԱՅԿԱԶ ՔՈԹԱՆՋԵԱՆ
(ՀայՔ)