Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ձեր Պատասխանները Ձեր Մասին Կը Պատմեն. Որքանո՞վ Կառչած Էք Ձեր Անցեալին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Սիրած անձէ բաժանում, գործի փոփոխութիւն, երկիր փոխելու հարկադրանք… Ինչպէ՞ս կը հակազդէք նման փոփոխութիւններու: Անցեալի էջը ամբողջովին կը դարձնէ՞ք, թէ՞ անցեալը կը շարունակէ ապրիլ ձեր մէջ:

Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Ձեր սիրած անձը կը յայտնէ, որ կ՛ուզէ վերջ տալ ձեր միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան:

ա – Կը խնդրէք, որ վերատեսութեան ենթարկէ որոշումը:
բ – Չէք հակազդեր:
գ – Կը փորձէք մխիթարուիլ` մտածելով, որ անկեղծ բարեկամներ չեն պակսիր ձեր շուրջ:

2

Գործի բերմամբ պիտի ստիպուիք քանի մը տարիով երկիրը ձգել եւ ուրիշ երկիր հաստատուիլ:

ա – Կը մտածէք գործէն հրաժարիլ:
բ – Կը մտածէք, որ քանի մը տարին արագ կ՛անցնի:
գ – Կը մտածէք, որ լաւ առիթ է միջավայր փոխելու եւ նոր մարդոց ծանօթանալու:

3

Գիրքի մը մէջէն հին լուսանկարներ կը գտնէք:

ա – Զանոնք անմիջապէս ալպոմի մը մէջ կը տեղաւորէք, որպէսզի չկորսուին:
բ – Կը դիտէք եւ դարձեալ գիրքին մէջ կը տեղաւորէք:
գ – Կը թափէք, քանի որ ալպոմները արդէն լեցուն են, եւ այդ նկարները ձեր սրտին չեն խօսիր:

4

Ձեր հագուստի պահարանը կը կոկէք եւ, ահա՛ քանի մը կտոր հագուստ կայ, որոնք տարիներէ ի վեր կախուած են հոն…

ա – Կը պահէք, քանի որ անոնց հետ կապուած յիշատակներ ունիք:
բ – Կը պահէք յարմար անձի մը տալու համար:
գ – Զանոնք կու տաք ձեր մաքրութեան կնոջ:

5

Երբեք չէք հանդուրժեր`

ա – Ապերախտութիւնը:
բ – Կրաւորական կեցուածքը:
գ – Անտարբերութիւնը:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, մեծ դժուարութեամբ կ՛անջատուիք անցեալէն: Իւրաքանչիւր իր, նամակ, լուսանկար յիշատակ մը կ՛արթնցնէ ձեր մէջ, հետեւաբար կը պահէք զայն եւ կը գուրգուրաք անոր վրայ: Նոյնպէս ալ դժուար կը բաժնուիք ձեզի սիրելի, հարազատ անձերէն եւ բաժանումի վէրքը երբեք չի սպիանար ձեր պարագային:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, անցեալը կարեւոր նշանակութիւն ունի ձեզի համար, բայց եւ այնպէս անոր գերին չէք: Կ՛ընդունիք ձեր կեանքին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ ըստ այնմ կը կազմակերպէք ձեր կեանքը եւ կը յարմարիք որոշ հարկադրանքներու:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, անցեալը շատ բան չ՛ըսեր ձեզի, եւ դիւրաւ կը շրջանցէք զայն: Կ՛ապրիք օրը օրին` առաւելաբար նայելով դէպի ապագան: Այս պատճառով ալ ձեր կեանքը քիչ թէ շատ հեզասահ կ՛ընթանայ, անցեալը որեւէ ձեւով չի կաշկանդեր ձեզ:

Այլազան

Մոնիքա Գրիգորեանը Կը Ներկայացնէ
Հայաստանը

«Միս տիեզերք» մրցոյթի կազմակերպիչները վերջերս յայտարարեցին, որ «Քորոնա» համավարակի պատճառով յետաձգուած «Միս տիեզերք 2020»-ը պիտի կայանայ յառաջիկայ մայիս 16-ին, Ֆլորիտայի մէջ:

Կազմակերպիչները պետութիւններուն հնարաւորութիւն տուին, ազգային մրցոյթ կազմակերպելու փոխարէն` թեկնածու մը առաջարկել, որ նախ պիտի մեկնի Նիւ Եորք` մասնակցելու համար մրցոյթի նախապատրաստական փուլին, որմէ ետք կը մեկնի Ֆլորիտա:

«Միս տիեզերք 2020»-ին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ 22-ամեայ Մոնիքա Գրիգորեանը, որ մասնակցած էր «Միս աշխարհ Արմենիա 2019»-ին եւ ընտրուած էր որպէս լաւագոյն վեցի խմբակի անդամ:

Մոնիքան Վանաձորէն է, վերջին երկու տարիներուն Երեւան կը բնակի. ան կը տիրապետէ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ թրքերէն լեզուներուն:

«Ես մնացել եմ առանց հայրիկի, 10 տարեկան էի, երբ նրան կորցրի: Շատ դժուարութիւններ եմ յաղթահարել: Ուզում եմ խօսել արցախեան պատերազմի մասին, որը բազմաթիւ երեխաների ծնողազուրկ դարձրեց, ու նրանք ստիպուած են լինելու կեանքի հարուածներին միայնակ դիմակայել: Ես մրցոյթին ներկայանալու եմ նաեւ Արցախի տարազով: Եթէ հնարաւորութիւնը տան, ես կը պատմեմ Արցախի մասին», ըսած է Մոնիքան հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Անվախ Աղջկան Արձանը

Ապրիլ 7-ին` Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրը, Երեւանի կառավարութեան երրորդ մասնաշէնքին դիմաց տեղադրուեցաւ «Անվախ աղջիկ» քանդակը` ընկերային հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ:

Արձանին աղջիկը կանգնած է դէմքով դէպի կառավարութեան շէնքը. ինքնավստահ, անվախ ու պահանջատէր: Աղջիկ, որ քաջաբար կը պաշտպանէ իր իրաւունքները եւ ունի իր ցանկութիւնները իրականացնելու կամքի ուժ եւ համարձակութիւն:

Աղջիկներու հզօրացումը խրախուսող ու խորհրդանշող նմանատիպ արձաններ կան աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ: Երեւանի պարագային, հայ աղջիկը ներկայացուած է հայկական տարազով եւ գլխազարդով:

Նշենք, որ նմանատիպ արձան Նիւ Եորքի մէջ տեղադրուած է 2017-ին` Կիներու միջազգային օրուան առիթով: «Fearless girl»-ը տեղադրուած էր Ուոլ Սթրիթի հռչակաւոր պրոնզէ ցուլի արձանին դիմաց, աւելի ուշ տեղափոխուեցաւ այլ վայր` տրուած ըլլալով, որ զբօսաշրջիկներու բազմութիւնը կը խոչընդոտէր շրջանի երթեւեկութիւնը:

Ինչպէս միշտ, արձանը արժանացաւ թեր ու դէմ կարծիքներու, իսկ անոր հեղինակը` Արմէն Սամուէլեանը հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ այս իր ստեղծագործական աշխատանքը չէ, ինք պարզապէս կեանքի կոչած է պատուիրատուներուն մտածածը:

Ինչ կը վերաբերի քննադատութիւններուն, քանդակագործը ըսած է. «Մեր քաղաքում ինչ էլ լինի, քննադատում են, կապ չունի` դա լաւ գործ է, թէ ոչ: Ամենալաւ քանդակն էլ եթէ վաղը դնեն, ժողովուրդը քննադատելու է»:

Վերջապէս, Սամուէլեան մերժեց այն քննադատութիւնը, ինչ կը վերաբերի արձանին անհամաչափութեան, ան շեշտեց, որ արձանը իր չափերուն մէջ է, եւ թէ` «Բոլոր երեխաների գլուխներն էլ այդ չափն ունեն»:

Պայուսակի Մը Պատմութիւնը

 «Լէյտի Տիոր» Պայուսակը

«Լէյտի Տիոր» պայուսակը ստեղծուեցաւ 1995-ին: Լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Ֆրանսայի նախկին Առաջին տիկինը` Պերնատեթ Շիրաքը «Տիոր» նորաձեւութեան տունէն կը խնդրէ պայուսակ մը ստեղծել` յատուկ արքայադուստր Տայանային համար, Փարիզ կատարած անոր այցելութեան առիթով:

Երբ Ֆրանսայի Առաջին տիկինը նուիրեց զայն Տայանային, վերջինս սիրահարեցաւ պայուսակին եւ այնուհետեւ զայն կրեց զանազան առիթներով:

Իրեն յատուկ կարուածքով, վայելուչ տեսքով եւ գործնական չափերով պայուսակը շուտով մեծ ընդունելութիւն գտաւ եւ անտարբեր չձգեց Մարիոն Քոթիյարը, Մոնիքա Պելլուչին, Քարլա Պրունին եւ շատ ուրիշներ:

Խոհագիր

Բակլայով Աղցան

Բաղադրիչներ

– 1,5 քիլօ թարմ բակլայ
– 3 ցօղուն պրաս
– 200 կ ֆեթա պանիր
– 2 պճեղ սխտոր
– 3 ցօղուն կանաչ սոխ
– Կէս կապ մանրուած ազատքեղ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած անանուխ
– 1 կիտրոնի հիւթ
– 3-4 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Պրասը մաքրել, լուալ եւ կտրատել: Բակլան նոյնպէս մաքրել, օգտագործել հատիկները:

Կաթսային մէջ ջուր եռացնել, աղ աւելցնել եւ երկու բանջարեղէնները 5 վայրկեան եփել, ապա քամոցի մէջ փոխադրել:

Բակլայի հատիկներուն կեղեւը հանել եւ օգտագործել միջուկը:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել բակլան եւ պրասը, աւելցնել` մանրուած կանաչ սոխը, ազատքեղը, անանուխը եւ ճզմուած սխտորը:

Աւելցնել` կիտրոնի հիւթը, ձէթն ու աղը եւ զգուշ խառնել: Երեսը աւելցնել ֆեթայի կտորները եւ մատուցել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Լռել են արդէն երգերը հզօր
Ու էլ չեն հնչում խօսքերը հպարտ,
Խաւարն է գերել մեր հոգին այսօր
Եւ լռութիւնը յաւէտ մահապարտ:
Սեւ գնդերն ահա կազմել են շարքեր
Արիւնուած երկրում, ուր երէկ այնպէս
Շաչում էիք դուք, հրեղէն երգեր,
Եւ ալեկոծուում փողոց ու կրկէս:
Դաժան ցնծութեամբ թշնամին ահա
Իր սեւ յաղթութեան խնճոյքն է տօնում,
Հռհռում է մեր տանջանքի վրայ,
Արիւնով հարբած` արիւն է խմում…
Լցուած է արդէն բաժակը թունոտ,
Համբերելու ժամն անցել է արդէն.
Ելնե՜նք ճչալու խնդութեամբ քինոտ
Ու հպարտ կանգնենք մութ բռնութեան դէմ:
Այս դառն օրերի մթնում մահաբեր,
Արնոտ խնճոյքի այս սեւ զնդանում
Դաւաճա՛ն է նա, ով լռում է դեռ,
Մատնի՛չ է, ով իր սուրը չի հանում…

ՎԱՀԱՆ ՏէՐԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>