Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Գեղեցկագիտական. Դէմքին Մորթը Մաքրելու Ազդու Միջոց

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Դէմքին եւ յատկապէս քիթի հատուածին վրայ յայտնուող սեւ կէտերէն ձերբազատիլը բոլորիս փափաքն է: Շատեր կ՛այցելեն գեղեցկութեան սրահներ, ուրիշներ կը գնեն թանկարժէք արտադրութիւններ` դէմքին մորթը մաքրելու եւ սեւ կէտերէն ձերբազատելու համար: Անշուշտ այդ միջոցներով սեւ կէտերը կը մաքրուին, բայց ինչո՞ւ մեծ գումարներ ծախսել (յատկապէս` այս օրերուն), երբ կայ բոլորիս հասանելի պարզ միջոց` նոյն արդիւնքին հասնելու համար:

Առաջին Քայլ

Առաւօտեան սուրճը խմելէ ետք սպասեցէք, որ սուրճի մրուրը պաղի: Այնուհետեւ այդ մրուրը դրէք փոքրիկ, մաքուր անձեռոցիկի մը վրայ եւ նրբօրէն մաքրեցէք ձեր դէմքը շրջանաձեւ շարժումներով, ապա լուացէք ջուրով:

Երկրորդ Քայլ

Խորունկ ամանի մը մէջ երիցուկի (camomille) տաք թէյ լեցուցէք: Ձեր դէմքը պարզեցէք տաք շոգիին` գլուխը սրբիչով մը ծածկած: Այս դիրքով առնուազն 5-7 վայրկեան մնացէք: Երիցուկի գոլորշին կ՛ընդլայնէ մորթին ծակտիկները եւ դուրս կը հանէ մակերեսի սեւ կէտերը:

Երրորդ Քայլ

Մէկ բաժակ հանքային ջուրով եւ 4 ապուրի դգալ սոտայով խառնուրդ մը պատրաստեցէք, քսեցէք ձեր դէմքին` խուսափելով աչքի հատուածներէն:

Ձգեցէք խառնուրդը 10 վայրկեան, այնուհետեւ մաքուր ջուրով լուացէք դէմքը:

Դէմքը մաքրելու այս աժան եւ շատ ազդու միջոցը կրկնեցէք շաբաթական դրութեամբ եւ շատ գոհ պիտի մնաք արդիւնքէն:

Երիցուկը կարելի է փոխարինել սովորական թէյով, անանուխով եւ այլն…

Յուշահամալիրի Մը Պատմութիւնը

Ծիծեռնակաբերդ

Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ գտնուող եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրը դարձած է հայ ժողովուրդին ամէնէն հարազատ վայրերէն մէկը, ուր ամէն տարի ապրիլ 24-ին հազարաւոր մարդիկը կը հաւաքուին` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 1915-ի զոհուած 1,5 միլիոն նահատակներուն:

Բլուրը, որուն վրայ կանգնած է յուշահամալիրը Ծիծեռնակաբերդ կը կոչուի, քանի որ, ըստ աւանդութեան, հոն գտնուող ծիծեռնակները կ՛օգնէին սիրոյ աստուածուհի Աստղիկին եւ պատերազմի աստուած Վահագնին` իրարու հետ հաղորդակցելու:

Յուշարձանը կառուցուած է 1964-1967` քանդակագործ Վան Խաչատրեանի, ճարտարապետներ Արթուր Թարխանեանի եւ Սաշուր Քալաշեանի ներկայացուցած նախագիծով: Իսկ հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 1967-ի նոյեմբեր 29-ին:

Յուշահամալիրին կառուցման մասնակցած են նաեւ ուսանողներ եւ աշակերտներ. անոնցմէ շատեր մինչեւ իսկ օրերով հոն գիշերած են:

Վան Խաչատուրեանը առիթով մը յայտնած է. «Սկզբում նպատակ կար Տէր Զօրի անապատի նմանութիւնը ստանալ: Առաջակել էինք յուշարձանի ամբողջ տարածքը ծածկել մազութով, որպէսզի հետագայում բուսականութիւն չաճէր, այնուհետեւ լցնել Ծիծեռնակաբերդի բլրին թափուած ժանգոտ քարաբեկորները` շեշտելու Տէր Զօրի անապատի ամայութիւնն ու սարսուռը:

Գլխաւոր տարրը` Խաչը, որոշել էինք փորել գետնի մէջ: Պատերն ամբողջութեամբ խաչքարեր էին լինելու: Մարդիկ աստիճաններով պէտք էր իջնէին խաչին մօտ` մոմեր ձեռքերնին: Հիմնական գաղափարը խաչուած ազգն էր»:

Յուշահամալիրը բաղկացած է 3 հիմնական կառոյցներէ` Յաւերժութեան տաճար, «Վերածնող Հայաստան» յուշասիւն եւ Յուշապատ:

Յաւերժութեան տաճարը բաղկացած է 12 սիւներէ: Յուշարձանին կեդրոնը կը վառի անմար կրակը, որ պահպանելը բարդ էր 1990-ական թուականներուն, քանի որ լոյս եւ վառելանիւթ չկար: Բայց եւ այնպէս «Կազ ու լոյս չունեցող Հայաստանում կրակն անմար պահուեց»:

1995-ին յուշահամալիրին մէջ բացուեցաւ ստորգետնեայ թանգարան:

2010-էն ի վեր ապրիլ 24-էն ետք հաւաքուած ծաղիկներուն թերթիկները կ՛անջատուին ցօղուններէն: Ցօղուններով պարարտանիւթ կը պատրաստուի յուշահամալիրի յարակից հողին համար, իսկ թերթիկներէն` վերամշակուած թուղթ, զոր կ՛օգտագործուի յուշահամալիրի թանգարանին մէջ:

Այլազան

 Ընթերցումը Կը Խթանէ
Յիշողութիւնը

Շիքակոյի Ռաշի համալսարանի մասնագէտներուն կարծիքով, կարդալը, գրելը, խաչբառ լուծելը կը պահպանեն մտքի պայծառութիւնը` մինչեւ խոր ծերութիւն:

Ըստ գիտնականներուն, եթէ ուղեղը մշտապէս մարզուի, կարելի է նոյնիսկ կանխել ալցայմըր հիւանդութեան զարգացումը:

Գիտնականներուն գիտափորձին արդիւնքները ցոյց տուած են, որ յառաջացած տարիքին մնայուն ընթերցումը, մտաւոր ունակութիւններու նուազեցման գործընթացը կրճատած է 82 առ հարիւրով, իսկ չկարդալը նոյն գործընթացը արագացուցած է 48 առ հարիւրով:

Ծանր Պայուսակը
Ընկճախտ Կը Պատճառէ

Որքան ծանր է ձեր ձեռքի պայուսակը, այնքան մեծ է ընկճախտի ենթարկուելու հաւանականութիւնը: Այս եզրակացութեան յանգած են Սինկափուրի եւ Հոնկքոնկի ազգային համալսարաններու գիտնականները:

Երկարատեւ ուսումնասիրութեան մը աւարտին մասնագէտները փոխադարձ կապ հաստատած են պայուսակի ծանրութեան եւ հոգեկան վիճակի միջեւ: Պարզուած է, որ պայուսակին ծանրութիւնը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ մարդու տրամադրութեան վրայ եւ հոգեկան խանգարում կը պատճառէ:

Գիտնականներու կարծիքով, ծանր բեռ ունենալը տխուր միտքեր կը յառաջացնէ մարդոց մօտ: Մասնագէտները կը նշեն, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ ենթագիտակցութեան մէջ, եւ այդ գործընթացը վերահսկելը անհնար է:

Այս հաստատումը կրկնակիօրէն մտահոգիչ է, երբ մտածենք մեր դպրոցականներուն եւ անոնց արտակարգօրէն ծանր պայուսակներուն մասին:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 Խոհանոցային
Վեց Գաղտնիքներ

Տնտեսուհիներուս համար խոհանոցը այն վայրն է, ուր մենք կը դրսեւորենք մեր խոհարարական տաղանդները. անիկա մեր թագաւորութիւնն է, ուր միայն մեր օրէնքները կը գործեն: Բայց յաճախ ամենալաւ տնտեսուհիներն անգամ օգնութեան եւ խորհուրդի  կարիք ունին: Եկէք պարզենք խոհանոցային 6 գաղտնիքներ, որոնք կը դիւրացնեն մեր առօրեան:

1

Որպէսզի միս կամ բանջարեղէն խաշելու ատեն եփի ջուրը չյորդի ու չթափի, փայտեայ դգալ մը զետեղել կաթսային վրայ: Այսպէսով, թէ փրփրոտ ջուրը չի յորդիր եւ թէ՛ կրակը չի՛ մարիր:

2

Բանջարեղէն կամ միս կտրատելու փայտեայ տախտակը մանրէներու բոյն է: Զայն հիմնովին մաքրելու եւ հականեխելու համար պէտք է վրան աղ ցանել եւ կիսուած կիտրոնով մը լաւ շփել ու ձգել առնուազն մէկ ժամ, ապա ցօղուել առատ ջուրով:

3

Մանրալիքին մէջ փիցցա կամ որեւէ խմորեղէն տաքցնելու պարագային, նախընտրելի է բաժակ մը ջուր դնել: Ջուրին ներկայութիւնը որոշ խոնաւութիւն կը ստեղծէ եւ կ՛օգնէ, որ փիցցային կտորը համաչափ տաքնայ` պահելով իր փափկութիւնը:

4

Շիշին յատակին աւելցած գինին երբեք չթափել, այլ պարզապէս լեցնել սառցամանի մէջ եւ սառեցնել: Յետոյ խորանարդները օգտագործել մսեղէններու եւ թացաններու պատրաստութեան մէջ:

5

Լոլիկները աւելի երկար կը դիմանան, եթէ զանոնք գլխիվայր շարէք ամանի մը մէջ, որուն յատակին թերթ, թուղթէ թանձր թաշկինակ կամ մաքուր սրբիչ մը զետեղած ըլլաք:

6

«Սթենլըս սթիլ» լուացարանները, ճիշդ ձեւով չմաքրուելու պարագային, կը կորսնցնեն իրենց փայլքը: Զանոնք մաքրելու լաւագոյն ձեւը քացախ-ջուրի օգտագործումն է:

Խոհագիր

 Ծաղկակաղամբով Աղցան

Բաղադրիչներ

– 1 միջակ ծաղկակաղամբ
– 1/2 գաւաթ թահին
– 1/2 գաւաթ կիտրոնի հիւթ
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1/2 գաւաթ ջուր
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ (կամ կանաչ սոխ, կամ անանուխ)

Պատրաստութիւն

Ծաղկակաղամբը լուալ, ապա համաչափ փոքրիկ կտորներու բաժնել եւ քանի մը վայրկեան եռացնել աղի ջուրի մէջ: Փափկացած ծաղկակաղամբը քամոցի մէջ փոխադրել եւ ձգել, որ պաղի:

Մինչ այդ փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` մեզի ծանօթ «թարաթոր»-ը: Խառնել վերը յիշուած բաղադրիչները եւ միատարր թանձրուկը թափել խաշած ծաղկակաղամբին վրայ: Երեսը զարդարել մանրուած թարմ ազատքեղով կամ կանաչ սոխով եւ կամ` անանուխով:

Ի հարկին այս աղցանը կարելի է ճոխացնել պրոքոլիով, խորանարդաձեւ կտրտուած խաշած ստեպղինով, եւ այլն…

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ղօղանջ Եղեռնական

(Հատուած)

Խանգարե՞լ, ինչի՞ համար…
Գարուն էր: Չեկած ամառ`
Փուլ եկաւ երկնակամար,
Ձիւն մաղեց մեր բաց գլխին,
Ձիւն մաղեց` կրակի՛ պէս…
– Գարուն ա, ձիւն ա արել…
Գետերը մեր երերման
Հոսեցին` երակի՛ պէս…
Արիւնը ջուր ա դառել…
Ձորերը շիրիմ դարձան,
Վիհերը` գերեզմանոց.
– Ջուրը մեր տունն ա տարել…
Ամէն քար` լուռ մահարձան,
Ամէն տուն` վառման հնոց.
– Բնաւեր հաւք ենք դառել…
Ինչքան բառ` ո՜ղջը մրմունջ,
Ինչքան երգ` ո՜ղջը լալով,
– Զուլում էր, զուլո՜ւմ, լաօ՛…
Թրի դէմ, սրի, հրի`
Լոկ մանգաղ, լոկ բահ ու մաճ.
– Տնաւե՜ր-բնաւե՜ր լաճ…
Մեր հողը, մեր հայրենին,
Մեր երկիրն ամայացաւ.
– Սեւ՜ հագիր, սեւսիրտ մարէ…
Հինաւուրց տոհմիկ մի ազգ
Չմեռա՜ւ, այլ…մահացա՛ւ.
– Գարուն ա, ձիւն ա արել…
Գարուն էր: Ամառ եկաւ,
Ձագ հանեց ձորում կաքաւ,
Իսկ հայը զրկուեց ձագից,
Իր պոռթկան թոնրի տաքից,
Իր մօրից, հօրից, եարից,
Իր բնից ու աշխարհից.
– Գարուն ա, ձիւն ա արել…
… Ա՜խ, ինչպէ՞ս, ո՞նց մոռանալ
Արհաւիրքն այն օրերի.
– Աշխարհքում ով մոռանայ`
Ջուխտ աչքով թող քոռանայ…

… Խոցեցին ու ջնջեցին,
Հատեցին հաստ ու բարակ,
Հօշեցին ու տանջեցին,
Փշրեցին, տուին կրակ.
Վաթեցին արիւն-արցունք,
Ներկեցին ձոր ու բարձունք,
Քանդեցին երկինք մի լուրթ,
Մորթեցին մի ժողովուրդ,
Հացառատ մի ողջ աշխարհ
Սարքեցին փշրանք-նշխար,
Սո՜ւրբ նշխար` շա՛ն բերանում,-
Ուզեցին մի հայ թողնել,
Եւ այն էլ… թանգարանում…
– Գարուն ա, ձիւն ա արել…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>