Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Այսօր` ապրիլ 29-ը Պարի միջազգային օրն է:
1982-էն ի վեր, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի որոշմամբ, ապրիլ 29-ին կը նշուի Պարի միջազգային օրը, որ կը համընկնի ֆրանսացի հանրածանօթ պարադիր եւ «ժամանակակից պալէի հայր» Ժան-Ժորժ Նովերի ծննդեան օրուան (29 ապրիլ 1727):
Պարի միջազգային օրուան առիթով, եկէք, ծանօթանանք բոլորիս սիրելի «Եար խուշտա» պարին:
Պարին անուանումը ունեցած է տարբեր մեկնաբանութիւններ: Անոնցմէ մէկը այն է, որ «եար խուշտա» կը նշանակէ զէնքի ընկեր: Պարսկերէն «եար», բացի սիրեցեալէ, նաեւ կը նշանակէ ընկեր, իսկ «խըշտ», «խըշտիկ» կարճ նիզակ, զէնք:
Եար խուշտա ռազմական խաղ-պարը, կը պատկանի Ծափ պարերու տեսակին, անիկա շատ տարածուած էր Սասունի մէջ: Ինչպէս բոլոր ծիսական պարերը, այնպէս ալ ռազմականները համարուեր են սրբազան, եւ անոնց կատարման լուրջ նշանակութիւն տրուեր է: Անցեալին այդ պարերը կատարեր են ռազմի երթալէ առաջ` ռազմիկներուն մարտական ոգին բարձրացնելու, յաճախ նոյնիսկ ռազմի յաջող կամ անյաջող աւարտը գուշակելու նպատակով: Եար խուշտա պարեր են նաեւ ռազմական յաղթանակներ տօնելու եւ կամ թաղման արարողութիւններուն, յատկապէս եթէ հանգուցեալը առնչուեր է ռազմական գործի հետ:
Սասունցիներուն սիրելի եար խուշտան կը կատարուէր բազմամարդ ուխտագնացութիւններու ժամանակ Անդոկի, Մարութայ սարի, Ծովասարի եւ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի տօներուն, հարսանիքներուն եւ խնճոյքներուն:
Եար խուշտան այն աւանդական պարերէն է, որ շատ քիչ փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Պարողներուն թիւը պէտք է զոյգ ըլլայ. անոնք կը բաժնուին երկու խումբի, որոնցմէ մէկը կը յարձակի, միւսը կը դիմադրէ: Ձեռքերը ազատ են, առաջ եւ ետ, աջ ու ձախ շարժումներով եւ ծափերով: Իրարու դէմ յանդիման գալով` ձեռքերը գլուխէն վեր կը բարձրանան եւ ափերով իրարու կը զարնեն, որ կը խորհրդանշէ զէնքերու իրարու զարնուիլը: Շարժումներուն կշռոյթը երթալով կ՛արագանայ եւ ծափերը կը դառնան կտրուկ:
Լեռների մէջ կայ պայքար,
Քարի մէջ երգ ու պար,
Ձեռքերի մէջ առնական
Հայ պարն է յաղթական:
Մշոյ ու Սասնայ պարը մեր
Հէյ տղերք, ձեռքերը վեր,
Թէ զարկէք, դողան սրտեր,
Քեզ ղուրպան, զէնքի ընկեր:
Ձեր Պատասխանը Կը Պատմէ Ձեր Մասին
Ինչը Առաջնահերթ Է Ձեզի Համար
Օրուան ընթացքին կը ներկայանան պահեր, երբ կը ստիպուինք արագ ընտրութիւն մը կատարել կացութիւններ փրկելու համար:
Եթէ նոյն պահուն ձեզի կը սպասեն 5 տարբեր գործեր, դուք ի՞նչ հերթականութեամբ կը կատարէք զանոնք, ո՞ր մէկուն կու տաք առաջնահերթութիւնը: Ընտրեցէ՛ք ձեր պատասխանը եւ կարդացէ՛ք արդիւնքը. ձեր պատասխանը կը պատմէ ձեր մասին:
1.- Լացող երեխան հանդարտեցնել:
2.- Կ՛անձրեւէ, պատշգամը փռուած լուացքը հաւաքել:
3.- Բաց մոռցուած ծորակը գոցել, արդէն ջուրը լուացարանէն կը յորդի:
4.- Շտապել դուռը բանալու, հիւրերը արդէն ժամանած են:
5.- Պատասխանել գործընկերոջ մը հեռախօսի զանգին:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ առաջին հերթին կը շտապէք լացող երեխան հանդարտեցնելու, ձեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ ձեր ընտանիքը:
***
Եթէ առաջին հերթին պատշգամ կը վազէք փռուած լաթերը հաւաքելու, ձեր կեանքին մէջ առաջնահերթութիւնը կու տաք բնատուր եւ պարզ հաճոյքներու, սիրոյ եւ մտերմիկ յարաբերութիւններու:
***
Եթէ անմիջապէս խոհանոց կը շտապէք ծորակը գոցելու` գործնական անձ էք եւ դրամը ձեր կեանքի առաջնահերթութիւնն է:
***
Եթէ ամէն բան ձգելով` կը վազէք տան դուռը բանալու, շատ յստակ է, որ բարեկամները կարեւոր տեղ կը գրաւեն ձեր կեանքին մէջ:
***
Եթէ անմիջապէս ձեր բջիջային հեռախօսը կը վերցնէք` ձեր գործընկերոջ պատասխանելու, կը նշանակէ, որ կեանքի մէջ նախապատուութիւնը կու տաք գործին, ասպարէզին:
Ոճաբաններու Կարծիքով…
Ինչպէ՞ս Հագուիլ, Եթէ…
Կարճահասակ ըլլալը ճակատագրական թերութիւն չէ. սակայն հագուստ ընտրելու պարագային պէտք է ըլլալ ուշադիր` սլացիք եւ համաչափ տեսք ունենալու համար:
Ստորեւ մէկ քանի հնարք, որոնք փորձառու ոճաբաններու կարծիքով կը դիւրացնեն հագուստի ընտրութիւնը:
Կարճահասակ անձերուն յանձնարարելի չէ կրել լայն եւ երկար վերարկուներ ու բաճկոններ. ասոնք «կը կարճեցնեն» ոտքերը: Պէտք է ընտրել կարճ ու մարմնին փակած բաճկոններ:
***
Կարճահասակ անձերը պէտք է հրաժարին գօտի կրելէ, յատկապէս` լայն տեսակները: Գօտին իրանը երկուքի կը բաժնէ եւ «կը կտրէ» մարմնին սլացիք տեսքը: Ինչ կը վերաբերի կապով օժտուած կօշիկներուն, թելադրելի է, որ անոնք ըլլան ոտքի մաշկին գոյնին մօտիկ` (պեժի երանգներով) վերը յիշուած մտահոգութենէն մեկնելով:
***
Հակադրուող եւ շեշտուած գոյները մարմինը մասերու կը բաժնեն, հետեւաբար աւելի բարձրահասակ երեւալու համար ընտրեցէք նոյն երանգի, ներդաշնակ գոյներ:
Խոհագիր
Քոքոայով Կարկանդակ
Բաղադրիչներ
– 2 գաւաթ ալիւր
– 2 գաւաթ շաքար
– 1/4 գաւաթ քոքոա
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
– 1 թէյի դգալ աղ
– 1 գաւաթ թանձր կաթ
– 1 գաւաթ տաք ջուր
– 1/4 գաւաթ հալած կարագ
– Կէս թէյի դգալ վանիլա
– 3 հաւկիթ
– Փոշի շաքար` զարդարանքի համար
– Կիտրոնի տաշուք
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ յաջորդաբար լեցնել մաղէ անցած ալիւրը, քոքոան, պէյքինկ փաուտըրը, պէյքինկ սոտան, աղը եւ վանիլան: Այս չորս բաղադրիչները թել-դգալով խառնելէ ետք աւելցնել կաթը, տաք ջուրն ու կարագը: Լաւ խառնել` մինչեւ միատարր թանձրուկ մը ստացուի: Վերջապէս աւելցնել 3 հաւկիթներն ու կիտրոնի տաշուքը եւ նոյն դգալով խառնել:
Կարկանդակին կաղապարը կարագով ծեփել, ալիւրով պատել եւ խմորը (որ բաւական թոյլ է) մէջը պարպել ու նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով: Լաւ պաղելէն ետք երեսը փոշի շաքար ցանել ու մատուցել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Չար Բաներ
Գացէք ըսէք չար բաներուն որ չըլլան
Որ չըլլայ թէ պատահին
Կամ երբ ըլլան հեռու մնան մեր այս պզտիկ աշխարհէն
Համն ու հոտը խաթարելու չհասնին
Չար բաներուն բարեւ ըսէք մեր կողմէն
Ըսէք գիտենք թէ անոնք կան ու միշտ կրնան պատահիլ
Ըսէք գիտենք թէ կրնան
Օր ցերեկով մութ գիշերով յանկարծակի գալ մեզի
Բայց դուք ըսէք չար բաներուն որ չըլլան
Որ չըլլայ թէ պատահին
Կամ երբ ըլլան հեռու մնան մեր այս պզտիկ աշխարհէն
Քանի որ դուք չէք գիտեր ինչ
Քանի անոնք չեն գիտեր ինչ
Սէր ու սիրով
– Մերթ կենսուրախ-շաղ ու շողով
– Մերթ յուսաբեկ-ահ ու դողով-
Շիւղ շիւղի
Շիներ ենք մենք մեր աշխարհը լոյս օրերու հիւրընկալ-
– Պզտիկ աշխարհ մը որ հազիւ հազ կրցեր է պարտկել
Մեր պզտիկ կեանքն ու մեր անդորրը ջերմիկ-
Այս բոլորը գացէք ըսէք չար բաներուն – եւ ըսէք
Որ չըլլայ թէ պատահին –
Երբ պատահին հեռու մնան մեր այս տաքուկ երդիքէն
Համն ու հոտը խաթարելու չհասնին…
ԶԱՀՐԱՏ