Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ձեր ենթագիտակցութիւնը շատ մեծ ազդեցութիւն ունի ձեր տեսածին վրայ: Բացայայտեցէք ձեր հոգեվիճակը` պատասխանելով այս միակ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ. «Ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին»:

Ա.- Կիսաբաց Դուռ

Եթէ առաջին հերթին կիսաբաց դուռ տեսաք, դուք արդէն ձանձրացած էք միապաղաղ առօրեայէն եւ փոփոխութիւններ ու նոր հորիզոններ կը փնտռէք: Արդէն սկսած էք առաջին քայլերը առնելու: Այդ փոփոխութիւնը կրնայ վերաբերիլ գործի, ճամբորդութեան կամ բարեկամներու: Յամենայն դէպս առաջին քայլը առած էք եւ որոշած էք, որ ետդարձ չկայ:

Բ.- Խազ

Եթէ առաջին հերթին խազ (նոթա) տեսաք, ձեր ստեղծագործ միտքը ըսելիք ունի շրջապատին եւ աշխարհին… Ձեր ներուժը որոշած է չնահանջել եւ անհրաժեշտ ջանքերը գործադրելով` դուք շուտով պիտի բացայայտէք ձեր թաքուն ձիրքերը:

Առողջապահական

 Տէ. Կենսանիւթի Պակասը
Բացայայտող 5 Նշաններ

Տէ. կենսանիւթը անհրաժեշտ է մեր առողջութեան համար: 36 գործարաններու աշխատանքը, ոսկորներու տոկունութիւնը, մկանային հիւսուածքը, դիմադրողականութեան համակարգը ազատ ռատիքալները դիմակայելու կարողութիւնը կախեալ են այս կենսանիւթի մակարդակէն:

Այս կենսանիւթը կրնայ արտադրուիլ ինքնուրոյն, երբ արեւուն ճառագայթները կը կպչին մորթին: Յատկապէս ձմրան եղանակին երբ արեւոտ օրերը հազուադէպ են, կարեւոր է լրացուցիչ Տէ. կենսանիւթ ստանալ (անշուշտ` բժիշկին թելադրանքով միայն):

Ահաւասիկ 5 նշաններ, որոնք կը բացայայտեն մարմնին մէջ Տէ. կենսանիւթի անբաւարարութիւնը:

1.- Ոսկորներու Ցաւ

Տէ. կենսանիւթին շնորհիւ մարմինը աւելի լաւ կը կլանէ կիրը, որմէ կախեալ է ոսկրային հիւսուածքի առողջութիւնը: Որքան շատ է Տէ. կենսանիւթի պակասը, այնքան աւելի յաճախ զգալի կը դառնան յօդերու եւ ոսկորներու ցաւերը:

***

2.- Յաճախակի Հիւանդութիւններ

Մարմնին դիմադրողականութիւնը անմիջականօրէն կապուած է այս կենսանիւթին հետ: Եթէ մարմնին մէջ Տէ. կենսանիւթի մակարդակը անբաւարար է, մարդիկ աւելի յաճախ կը տառապին կրիփէ, ձմեռնային հիւանդութիւններէ, վարակային անհանգստութիւններէ եւ այլն…

***

3.- Ոսկրային Զանգուածի Նուազում

Տէ. կենսանիւթի պակասը կը բարձրացնէ լուրջ հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը` կապուած ոսկորներու զանգուածի նուազումին: Կանխահաս օսթէոփորոզը եւ տարբեր կոտրուածքներ սովորական եւ յաճախակի երեւոյթ են Տէ. կենսանիւթի պակասէ տառապող անձերուն մօտ:

***

4.- Յոգնածութիւն

Եթէ դուք մնայուն յոգնածութիւն կը զգաք, կրնայ ըլլալ, որ կենսանիւթերու պակաս ունիք, ներառեալ` Տէ. կենսանիւթի: Ձեր բժիշկին խորհուրդով արեան քննութիւն ըրէք եւ ստուգեցէք, եթէ սակաւարիւնութիւն ունիք, որմէ ետք բժիշկը ձեզի կը թելադրէ հարկաւոր վերականգնող բուժումը:

***

5.- Ընկճախտային Վիճակ

Կենսանիւթերը նաեւ կ՛ազդեն մեր տրամադրութեան վրայ, անոնց բացակայութիւնը, հաւատաք կամ ոչ` կ՛ազդէ մեր հոգեկան հանգստութեան վրայ: Կերէք այլազան, կարեւոր են պտուղներն ու բանջարեղէնները եւ օրական առնուազն կէս ժամ քալեցէք արեւուն տակ` կրելով գլխարկ եւ արեւու ակնոցներ:

Ինչպէ՞ս Ընտրել Երեխային
Առաջին Մահճակալը

Նորածին երեխային առաջին գիշերները դժուար թէ հեզասահ անցնին: Երեխայի լաց, խուճապի մատնուած ծնողներ, լարուած մթնոլորտ…

Ինչպէ՞ս ընել, որպէսզի մանուկը առաջին իսկ օրերէն սիրէ իր մահճակալը, հանգիստ ու ապահով զգայ իր նոր բոյնին մէջ, եւ վերջ գտնեն գիշերային մղձաւանջները:

Ընտրել Երեխան «Ընկալող» Մահճակալ Մը

Մանուկին մահճակալը պէտք է ըլլայ փոքրիկ, իր չափերուն համապատասխան: Մօր արգանդէն նոր դուրս եկած երեխան պէտք է ապահով եւ պատսպարուած զգայ իր բոյնին մէջ:

Մահճակալը պէտք է օժտուած ըլլայ բամպակեայ փափուկ բարձերով, սաւանեղէնով եւ վերմակով: Մօր թեւերուն մէջ թէ մահճակալին, երեխան հաճոյք կ՛առնէ, երբ պարուրուած կը զգայ: Մինչդեռ մեծ չափի մահճակալի մը մէջ ան խորթ ու կորսուած պիտի զգայ եւ բնականաբար պիտի չուզէ հոն մնալ:

Կարեւոր է նաեւ, որ երեխային մահճակալը ըլլա՛յ սենեակին մէջ, ըլլա՛յ սենեակէն դուրս տեղէ տեղ չփոխադրուի: Երեխան պէտք է ընտելանայ իր անկիւնին եւ միջավայրին եւ քանի մը օրը անգամ մը տեղ չփոխէ:

Սպասել, Որ Քունը Գայ

Երեխան մահճակալին մէջ դնել, եթէ ան կը յօրանջէ, աչքերը կը շփէ, ականջը կը բռնէ, կամ կը սկսի անհանգտութեան նշաններ ցոյց տալ:

Եթէ այս փուլին մանուկը անկողին դրուի, ան դժգոհելու կամ նեղանալու առիթ պիտի չունենայ: Մինչդեռ կայտառ երեխան, լարուած խաղալիքի մը նման, ճշդուած ժամերու անկողին դնելով եւ ստիպելով, որ քնանայ «կ՛ըմբոստանայ», կը դժգոհի եւ մահճակալը բնականաբար ատելի կը դառնայ…

Խիստ Կարեւոր`

– Եթէ արթննալէ ետք երեխան չի լար, պէտք չէ վազել եւ մահճակալէն վերցնել. թող ան իր խաղալիքներով խաղայ: Միւս կողմէ` երեխային մահճակալը պէտք չէ խաղալիքներով խճողել, բարձրէն կախուած թեթեւ եւ շարժուն խաղալիք մը բաւարար է, որ զբաղցնէ աչուկները նոր բացած մանուկը:

– Հազիւ երեխան աչքերը փակէ, ծնողները պէտք չունին ոտքի մատներուն վրայ քալելով հեռանալու, որպէսզի ան չարթննայ: Մօր արգանդին մէջ անոր կը հասնէին դուրսի աշխարհին բոլոր ձայները, որոնց հետ ան արդէն ընտելացած է: Անշուշտ պէտք է զգուշանալ երեխան ցնցող անախորժ որեւէ ձայնէ, ինչպէս` հովի պատճառով զօրաւոր փակուող դրան ձայնէն, պատկերասփիւռի աղմուկէն եւ այլն…

Իրեր, Զորս Երբեք Կարելի Չէ Փոխ Տալ
Նոյնիսկ Ձեզի Ամենամօտիկ Ու Սիրելի Անձերուն

Բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ կարելի չէ փոխ առնել եւ գործածել ուրիշին սանտրը կամ ակռայի խոզանակը: Բայց անդին` կան շատ այլ անձնական իրեր, զորս մենք երբեմն փոխ կու տանք մեզի մտերիմ անձին, առանց մտածելու անախորժ հետեւանքներուն մասին:

Այսօրուան էջով ձեզի կը ներկայացնենք ցանկը այն իրերուն, որոնք պէտք չէ ունենան մէկէ աւելի օգտատէրեր:

Հողաթափեր

Հիւրերուն կամ բարեկամներուն կարելի չէ հողաթափ փոխ տալ: Նոյնպէս ալ դուք ուրիշին հողաթափը պէտք չէ կրէք, քանի որ անոնք կրնան եղունգի սունկեր եւ այլ վարակներ փոխանցել:

Ձեր անձնական հողաթափերը պարբերաբար լուացէք կամ քացախով հականեխեցէք, թէկուզ դուք էք միակ կրողը:

***

Շրթներկեր

Երբ կ՛օգտագործէք ձեր ընկերուհիին շրթներկը, կրնաք «հերբես» կոչուած մորթային հիւանդութենէն վարակուիլ, իսկ «հերբես»-ի 100 տոկոսով արդիւնաւէտ բուժում չկայ:

***

Ականջակալներ

Ուրիշին ականջակալները օգտագործելը, թէկուզ` քանի մը վայրկեան, կը վնասէ ձեր ականջներուն առողջութեան: Ականջակալները շատ արագ միջոց մըն են վարակներ փոխանցելու: Շաբաթական դրութեամբ մաքրեցէք եւ հականեխեցէք ձեր ականջակալները:

***

Ծամակալներ Եւ «Պիկուտի»-ներ

Բոլորս ալ գիտենք, որ ուրիշին սանտրը օգտագործելը սխալ է. նոյնպէս ալ ծամակալները, որոնք ուրիշին գլխուն եւ մազերուն հետ շփման մէջ եղած են:

Գլխամաշկի սունկը շատ դիւրին կը փոխանցուի ծամակալներու եւ «պիկուտի»-ներու միջոցով:

Թելադրելի է սանտրը, ծամակալներն ու «պիկուտի»-ները շաբաթական դրութեամբ մաքրել ու հականաեխել:

Տէոտորաններ

Մաշկի հետ շփուող մանրէասպան յատկութիւններ ունեցող տէոտորաններն ալ կրնան մանրէներ պարունակել:

Թելադրելի է ամբողջովին հրաժարիլ ուրիշին տէոտորանը օգտագործելէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ձերինին, յանձնարարելի է զայն օգտագործել լոգանքէն ետք, երբ տակաւին ձեր անութները մաքուր են եւ` մանրէներէ զերծ:

***

Դէմքի Խնամքի Պարագաներ

Դէմքի մաքրման խոզանակներն ու սպունգները ժամանակի ընթացքին մանրէներ կը հաւաքեն իրենց մակերեսին. այս պարագաները ո՛չ ուրիշէն փոխ առէք, ո՛չ ալ տուէք: Անոնք կրնան մորթային հիւանդութիւններ փոխանցել եւ բշտիկներու դուռ բանալ:

Դէմքի մաքրման սպունգները, վրձիններն ու խոզանակները օրական լուացէք օճառով` օգտագործելէ անմիջապէս ետք:

Անուշահոտի Մը Պատմութիւնը

 «Լ՛Էր Տիւ Թան»

Իւրաքանչիւր անուշահոտ ունի իր պատմութիւնը: Անուշահոտերու ստեղծումը պատահականութեան արդիւնք չէ. զայն ստեղծողը ունեցած է դրդապատճառ մը կամ պատգամ մը փոխանցելու մտայղացումը:

Թէեւ այսօր շուկայի վրայ դժուար թէ գտնուի «Լ՛Էր տիւ թան» անուշահոտը, բայց կ՛արժէ անդրադառնալ անոր պատմութեան, քանի որ օրին «Շանել թիւ 5»-ին եւ Կերլէնի «Շալիմար»-ին հետ առասպելական համբաւ կը վայելէին…

«Լ՛Էր տիւ թան»-ը նշանաւոր ոճաբան Նինա Ռիչչիի տղուն յղացումն էր: Անուշահոտը կը խորհրդանշէր «Ապրելու ուրախութիւնն ու անհոգութիւնը»: Պատերազմներէ եւ զրկանքներէ ետք, Ռոպէր Ռիչչի փափաքեցաւ իր ձեւով ուրախացնել ժողովուրդը: 1948-ին անուշահոտը շատ մեծ ընդունելութիւն գտաւ, նոյնպէս ալ` անոր սրուակը», որ Մարք Լալիքի ստեղծագործութիւնն էր:

Սրուակին աղաւնիները կը խորհրդանշէին խաղաղութիւնը:

Խոհագիր

 Պրուսքեթթա

Պրուսքեթթան իտալական նշանաւոր նախուտեստ է: Կան պրուսքեթթայի տասնեակ մը տարբերակներ. մեր այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք լոլիկով եւ ռեհանով պատրաստուած դասական պրուսքեթթան:

Բաղադրիչներ

– 6 հատ միջակ չափի լոլիկ
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
– 6 – 8 տերեւ մանրուած թարմ ռեհան
– 1 ֆրանսական պակեթ հաց
– Աղ, սեւ պղպեղ
– 1/2 սուրճի գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ

Պատրաստութիւն

Լոլիկները կեղուել եւ մանր, խորանարդաձեւ կտրատել:

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով: Պակեթ հացը շեղակի շերտել, վրձինով անոնց երեսը ձէթով ծեփել եւ փուռին մէջ կարմրցնել:

Ամանի մը մէջ խառնել մանրուած լոլիկը, ռեհանը, ճզմուած սխտորը, պալսամիք քացախը, ձիթապտուղի ձէթը, աղն ու սեւ պղպեղը:

Խորոված հացի շերտերը շարել ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ, վրան աւելցնել լոլիկով խառնուրդը եւ անմիջապէս մատուցել:

Պրուսքեթթան պատրաստել վերջին վայրկեանին, որպէսզի հացերը չկակուղնան եւ ուտելու ժամանակ ակռաներուն տակ խշրտան:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Որտեղի՞ց այսքան ցաւ ու թախիծ,-
Քարեր են փշրուում սրտիս վրայ…
Գոյժեր են գալիս Ղարաբաղից,
Սարեր են փշրուում սրտիս վրայ,
Կռուում են այնտեղ քաջերն ազգի…
Եւ, ահա, նախերգը նրանց ասքի
Ողբի է փոխուում եւ մահազդի,
Դարեր են փլուում սրտիս վրայ…

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>