Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մայիսը` Հայ Մայրերու Ամիսը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Շատ մը երկիրներու մէջ Մայրերու օրը կը նշեն մայիս ամսուան ընթացքին: Մենք` լիբանանահայերս եւս մայիսը ընտրած ենք այս գեղեցիկ եւ իմաստալից օրը նշելու համար. սակայն եկէք` ծանօթանանք, թէ աշխարհի չորս ծագերուն տարբեր ժողովուրդներ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կը նշեն Մայրերու օրը:

– Հայաստանի մէջ ապրիլ 7-ը Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր է: Ամէն տարի նոյն օրը Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածնի աւետման օրը: Իսկ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ եւ ամէնուր մեծ շուքով կը նշուի այս օրը:

– Հայոց դիցաբանութեան մէջ Անահիտ աստուածուհին կը կոչուէր Ոսկեմայր: Անահիտ դիցուհին պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան եւ ռազմի աստուածուհին էր: Զայն կոչած են` «Ոսկեմայր», «Սնուցող մայր», «Մեծ տիկին», «Ոսկեմատն»: Քրիստոնէութեան շրջանին Անահիտի պաշտամունքը վերածուեցաւ Մարիամ Աստուածածնի պաշտամունքին:

– Մայրերու հանդէպ առաջին պաշտամունքները ծագում առած են Հին Յունաստանէն: Գարնան մեծ շուքով կը պատուէին Ռէան` Զեւսի մայրը: Աւելի ուշ հռոմէացիք Ռէանի փոխարինեցին Սիպէլով, որ ճանչցուած էր որպէս մեծ դիցուհի եւ աստուածներու մայր:

– Արաբական երկիրներու մեծամասնութիւնը Մայրերու տօնը կը նշէ մարտին: Եւրոպան, Քանատան, Աւստրալիան, Հարաւային Ամերիկան` մայիսին, Արժանթինը` հոկտեմբերին, Մոնկոլիան` յունիսին եւ այլն…

– Եգիպտոսը մայրերու տօնը կը նշէ Լիբանանի նման` մարտ 21-ին: Օրին նախագահ Կամալ Ապտել Նասեր ծիծաղելի համարած է Մայրերու տօն ճշդելու առաջարկը, բայց յետոյ տեղի տուած է: Այսպէս, 1956-ին մարտ 21-ը Եգիպտոսի մէջ հռչակուած է Մայրերու օր:

– Եթովպիոյ մէջ Մայրերու տօնի ճշգրիտ թուական չկայ. եթովպիացիք կը սպասեն, որ անձրեւները դադրին… Այսպէս, հոկտեմբերին կամ նոյեմբերին, երբ երկինքը պայծառանայ, ընտանեկան բացօթեայ խրախճանքներ կը կազմակերպուին: Եռօրեայ այդ խրախճանքը կը կոչուի «Անթրոշթ»:

– 1872-ին Ճուլիա Ուարտ Հաու Մայրերու տօնի գաղափարը յղացաւ Մ. Նահանգներու մէջ: 1907-ին Աննա Ճարվիս անունով այլ ամերիկուհի մը վերակենդանացուց գաղափարը, եւ այդ օրերուն ճերմակ մեխակը դարձաւ Մայրերու տօնի խորհրդանիշ:

1914-ին նախագահ Ուիլսըն մայիսի 2-րդ շաբաթը հռչակեց Մայրերու տօնի թուական:

– Գերմանիոյ մէջ Մայրերու տօնին մայրերը չեն աշխատիր, զաւակները կ՛ընեն ամէն բան: Մայրերը նախ օրը կը սկսին ճոխ նախաճաշով, ապա ընտանեկան պտոյտներ կը կազմակերպուին… Շատեր ալ տուրմ կամ ծաղիկ կը նուիրեն իրենց մայրերուն:

– Արդէն 15-րդ դարէն անգլիացիք «Մատըրինկ սանտէյ» անունով տօն ունէին: Այդ օրը ուրիշներու տունը ծառայող մայրերուն կ՛արտօնէին տուն երթալ եւ ընտանիքին հետ անցընել օրը:

– Տակաւին մինչեւ վերջերս լիբանանահայեր տարբեր բնոյթի ձեռնարկներով` դասախօսութիւն, բացօթեայ պտոյտ, նախաճաշ… կը նշէինք Մայրերու օրը: Այդ ձեռնարկները ճոխացուած կ՛ըլլային գեղարուեստական յայտագիրներով եւ վիճակահանութեամբ: Մաղթենք, որ այդ ձեռնարկները վերականգնին, թէկուզ` աւելի համեստ տարբերակներով:

Արձանի Մը Պատմութիւնը

 Խաչատուր Աբովեանի
Արձանին Ոդիսականը

Խաչատուր Աբովեանի արձանը «շրջագայած» է 7 անգամ, որուն 3 անգամը` երկրէ երկիր… Պատմութիւնը հետեւեալն է. գրագէտին անհետացման 60-ամեակին առիթով կ՛որոշուի Երեւանի մէջ կանգնեցնել անոր յուշարձանը:

Արձանը կառուցելու համար անհրաժեշտ գումարը` 12 հազար ռուբլին պէտք էր հաւաքուէր հանգանակութեամբ, ինչպէս նաեւ` կազմակերպուած համերգներէն գոյացող հասոյթով. պահանջուած գումարը կը հաւաքուի քանի մը տարի ետք:

Արձանը կառուցելու համար մրցոյթ կը յայտարարուի, եւ ներկայացուած 8 նախագիծերէն դատակազմը կ՛ընտրէ Անդրէաս Տէր Մարուքեանի ներկայացուցած նմուշը: Երկու տարի ետք արձանը պատրաստ էր, սակայն անիկա կը գտնուէր քանդակագործին աշխատանոցը` Փարիզ, իսկ զայն Երեւան տեղափոխելու համար անհրաժեշտ գումարը չկար:

Շատ չանցած, Տէր Մարուքեան կը մեռնի` չտեսնելով իր ստեղծագործութեան տեղադրումը Երեւանի մէջ:

Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն` 1925-ին, պահանջուած գումարը կ՛ուղարկուի, եւ քանդակը Փարիզէն ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Երեւան, բայց սխալմամբ կը հասնի Թիֆլիս: Թիֆլիսի մէջ արձանը կը մնայ շուրջ 8 տարի եւ յետոյ միայն կը տեղափոխուի Երեւան ու կը տեղադրուի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին կից` Աբովեանի անուան հրապարակին վրայ:

Արձանին «ճամբորդութիւն»-ը այսքանով չաւարտեցաւ: 1950-ին Աբովեան փողոցի վերակառուցման աշխատանքներուն ընթացքին գրագէտին արձանը կը տեղափոխուի Երեւանի կրկէսին մօտ, նախկին երկաթուղագիծի կայարանին դիմաց անշուք վայր մը:

Որոշ ժամանակ ետք Տէր Մարուքեանի ստեղծած արձանը կրկին կը տեղափոխուի` այս անգամ յայտնուելով Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ: 1957-ին արձանը կրկին կը տեղափոխուի եւ կը կանգնեցուի Մանկական երկաթուղիի տարածքին` Աբովեանի անուան զբօսայգիին մէջ:

Միայն 7 տարի անց` 1964-ին, արձանը կը զբաղեցնէ իր ներկայիս տեղը` Քանաքեռ, Աբովեանի տուն-թանգարանին մօտ:

Այլազան

«Էս.Էմ.Էս.»-ները Կը Սփոփեն

Մարդ ուրախութեան պոռթկում կ՛ունենայ ամէն անգամ, երբ ընկերոջմէ կամ ընտանիքի անդամներէն մէկուն կողմէ հաղորդակցութիւն կը ստանայ, հաստատած է ամերիկեան գիտափորձ մը:

Այսպէս, «Տը Թելեկրաֆ»-ը կը հաստատէ, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանի հոգեբանները շուրջ 2000 հոգեկան անկումէ տառապող անձերու վրայ կատարած գիտափորձի մը աւարտին յանգած են այն եզրակացութեան, որ «Էս.Էմ.Էս.»-ը դրականօրէն կ՛ազդէ մարդու հոգեբանական վիճակին վրայ:

Ընկճախտէ տառապող 2000 անձերը ծրագրուած ձեւով «Էս.Էմ.Էս.»-ներ ստանալով` լուրջ բարելաւում արձանագրած են այն պարզ տրամաբանութեամբ եւ համոզումով, որ իրենք լքուած չեն, եւ իրենց մասին մտածող ու իրենցմով հետաքրքրուող անձեր կան իրենց շուրջ:

Եզրակացութիւն. պայման չէ ընկճախտէ տառապող անձերուն միայն նման հոգածութիւն ցուցաբերել: Կարելի է յաճախ սփոփել եւ ուրախացնել մոռցուած բարեկամներ, անցեալի դասընկերներ, տարեց հարազատներ, թոռնիկներ, մարդասիրական ոլորտէ ներս գործող ծանօթներ եւ այլն…

Լոլիկին Մէկ Այլ Յատկանիշը

Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ համեղ լոլիկը, իր սննդական յատկանիշներուն եւ բուժիչ յատկութիւններուն կողքին, ունի նաեւ ընկճուածութենէ պաշտպանելու առաւելութիւնը:

Այսպէս, չին եւ ճափոնցի գիտնականներ կը հաստատեն, որ լոլիկը կը պաշտպանէ հոգեկան ընկճուածութենէ: Արդարեւ, հազարաւոր անձերու վրայ կատարուած երկարատեւ եւ հետեւողական գիտափորձեր ցոյց տուած են, որ շաբաթական 3-5 լոլիկ ուտող անձերը յիսուն տոկոսով պաշտպանուած կ՛ըլլան հոգեկան ճնշուածութենէ: Հետեւաբար վերոյիշեալ փորձագէտները կը թելադրեն փորձել այս աժան եւ ազդու «դեղը», անշուշտ` առանց չափազանցութեան:

Սարսափազդու Ժապաւէնները
Կ՛օգնեն Նիհարնալու

Մ. Նահանգներու Ուեսմինիսթըր համալսարանի աշխատակիցները ապացուցած են, որ սարսափազդու ժապաւէններ դիտելը ջերմուժ կ՛այրէ: Անոնք վերլուծած են մարդոց կենսական ցուցանիշները` սարսափազդու ժապաւէններ դիտելու ընթացքին. թթուածինի օգտագործումը, սրտի զարկերը եւ այլն… Ստացուած տուեալներու հիմամբ, անոնք եկած են այն եզրակացութեան, որ սարսափի մատնուած հանդիսատեսը 1,5 ժամուան ընթացքին միջին հաշուով 113 ջերմուժ կ՛այրէ. մօտաւորապէս նոյնքան, որքան` կէս ժամ արագ քայլով զբօսնելը: Ջերմուժը կ՛այրի արտադրուող ատրենալինին պատճառով, որ կը փակէ ախորժակը, կը խթանէ նիւթափոխականութիւնը եւ կը ստիպէ մարմինին ջերմուժ այրել:

«Սարսափելի» սննդականոնը մէկ պայման ունի, սահմռկեցուցիչ տեսարաններու ժամանակ չփակել աչքերը…

Խոհագիր

Փեսթօ Թացան

Ինչո՞ւ շուկայէն պահածոյ թացաններ գնել եւ երեւակայական գումարներ վճարել, երբ կարելի է զանոնք տունը պատրաստել եւ ստանալ շատ աւելի թարմ, համեղ եւ պահպանիչներէ զերծ տեսակներ:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք փեսթօ թացանի պատրաստութիւնը:

Բաղադրիչներ`

– Խոշոր կապոց մը թարմ ռեհան
– 3 պճեղ սխտոր
– 3 ապուրի դգալ սնոպար կամ մանրուած ընկոյզ
– 15-20 սանթիլիթր ձիթապտուղի ձէթ
– Քառորդ սուրճի դգալ աղ
– 2 ապուրի դգալ տաշուած փարմըզան պանիր (կարելի է զանց առնել)

Պատրաստութիւն`

Ռեհաններուն տերեւները լուալ եւ քամոցի մէջ դնել:

Մաքրել սխտորի պճեղները:

Հարիչին մէջ յաջորդաբար դնել ռեհանը, սխտորը, սնոպարը, փարմըզան պանիրը եւ ձիթապտուղի ձէթը եւ հարել, մինչեւ որ թանձր խիւս մը ստացուի:

Այս թացանը կարելի է պատրաստել օր առաջ եւ սառնարանը պահել 3-4 օր, իսկ սառցարանը` ամիսներ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Համբարձում Եայլա

Համբարձում եկաւ, ծաղկունքը ալուան,
Զուգել են հանդեր նախշուն գորգերով.
Փունջ-փունջ աղջիկներ սարերը ելան,
Վիճակ հանելու, աշխուժ երգերով:
Համբարձում եայլա,
Եայլա ջան, եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա,
Եայլա ջան, եայլա:
Երգ ու բոյր խառնած,
Թեւ թեւի տուած,
Զուգում են լեռներ,
Ծաղիկ են քաղում,
Ծաղկի հետ խաղում
Ինչպէս թիթեռներ:
Համբարձում եայլա,
Եայլա ջան, եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա,
Եայլա ջան, եայլա:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Այսօր Համբարձում է: Զատիկէն ճիշդ քառասուն օր ետք կը նշուի Համբարձման, կամ ինչպէս ոմանք կը կոչեն, վիճակի կամ կաթնապուրի տօնը: Անիկա Քրիստոսի յարութիւն առնելէն ետք երկրի վրայ քառասուն օր շրջելու եւ ապա երկինք համբառնալու պատկերացումն է քրիստոնէական տօնացոյցին մէջ:

Համբարձումը շարժական տօն է, ամէն տարի տարբեր թուականի կը նշուի, սակայն ան միշտ կը զուգադիպի հինգշաբթի օրուան:

Համբարձման օրը բոլոր տուներուն մէջ առտու կանուխ կաթնապուր կ՛եփէին: Ոմանք կաթնապուրի կաթսային տակ վառող կրակին մէջ կ՛այրէին եօթը աղօթքով հանգուցուած ձեռքի կապը:

Անցեալին Համբարձման վիճակի արարողութիւնը կը կատարուէր բացօթեայ, դաշտերուն մէջ: Աղջիկները կը նստէին խոտերուն վրայ, իրենց մէջտեղը կը զետեղէին վիճակի փարչը, հարսի հագուստով անչափահաս աղջնակը կը նստեցնէին փարչին քով` երեսը քողով ծածկուած: Իբրեւ անարատ եւ միամիտ երեխայ` ան էր, որ իւրաքանչիւր բախտագուշակ քառեակ երգէն ետք կը հանէր իր մը փարչին մէջէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>