Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Այլազան. Տոլմայի 10-րդ Փառատօնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Օրեր առաջ, Զուարթնոցի տաճարին մօտ, մէկ տարի ուշացումով կայացաւ տոլմայի 10-րդ փառատօնը: Անգամ մը եւս խոհարարներուն միտքերը թեւեր առին, եւ տոլմաները արուեստի գործերու վերածուեցան:

Տոլմայի շուրջ 70 տեսակներով փառատօնին մասնակցեցան քանի մը տասնեակ խոհարարներ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ ճաշարաններ` Հայաստանի տարբեր մարզերէն:

Փառատօնին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երկու տաղաւարով ներկայացուեցաւ Արցախի խոհանոցը:

Որթատունկի եւ կաղամբի տերեւներէն բացի, փառատօնին մատուցուեցան անանուխի, ռեհանի եւ բազուկի տերեւով պատրաստուած տոլմաներ` արդէն իսկ աւանդական դարձած դդումի, սմբուկի, պղպեղի, լոլիկի, խնձորի, դդումի ծաղիկի տարբերակներուն կողքին:

Ինչպէս սովորութիւն է, խստապահանջ դատական կազմը այս տարի եւս ընտրեց ոչ միայն ամենահամեղ, այլ նաեւ ամէնէն գեղեցիկ ձեւով մատուցուած տոլման: Յաղթող հռչակուեցաւ 6-րդ արհեստագործական ուսումնարանը, որ տոլմայի տարբեր տեսակներով պատկերած էր Մարտիրոս Սարեանի բնանկարներէն մէկը` խոհարարական «կտաւ» մը:

Նշենք, որ ամէն տարի Հայաստանի մէջ մօտ երեք տասնեակ փառատօներ կը կազմակերպուին: Փառատօներու կազմակերպիչներուն գլխաւոր նպատակն է նպաստել երկրի մշակութային արժէքներու տարածման, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան, արուեստներուն, արհեստներուն եւ զբօսաշրջութեան զարգացման:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի մէջ կայանալիք հետաքրքրական փառատօներու ժամանակացոյցը.

– Յունիս` Ոչխարներու խուզման փառատօն
– Յուլիս` Ձմերուկի փառատօն
– Օգոստոս` Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօն
– Օգոստոս` Գարեջուրի փառատօն (Երեւան)
– Օգոստոս` Խորովածի փառատօն (Լոռիի մարզ)
– Սեպտեմբեր` Գաթայի փառատօն
– Սեպտեմբեր` Թէյի եւ սուրճի փառատօն
– Հոկտեմբեր` Գինիի փառատօն

Մաղթենք, որ մինչ այդ զբօսաշրջութիւնը կրկին թափ ստանայ մեր հայրենիքին մէջ եւ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի այս փառատօները հասնին իրենց նպատակին:

Լաւ օրերու յոյսով եւ ակնկալիքներով…

Ի՞նչ Նկատեցիք Առաջին Հերթին

Տեսողութեան վրայ հիմնուած այս փորձը կրնայ բացայայտել  ձեր անձին բնորոշ յատկութիւններ: Եթէ կը ցանկաք իմանալ, թէ ի՛նչ թաքուն տաղանդներ ունիք, ուրեմն նայեցէք նկարին եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին, ապա կարդացէք մեկնաբանութիւնը:

Թռչուն

Եթէ առաջին հերթին թռչուն տեսաք, դուք շատ իմաստուն եւ խորաթափանց անձնաւորութիւն էք: Դուք վերլուծական մտածողութեան տաղանդ ունիք եւ ասոր շնորհիւ` լաւ կը տիրապետէք մարդոց հետ յարաբերութիւններուն, հեշտութեամբ կը կառավարէք բախումները եւ հազուադէպօրէն կը սխալիք ընկերներու ընտրութեան:

***

Ափեր

Եթէ առաջին հերթին ափեր տեսաք, ձեր թաքնուած տաղանդը ոչ միայն դուք ձեզ, այլ նաեւ ձեb շրջապատողները դրականօրէն տրամադրելու տաղանդն է: Դուք աշխարհին լաւատեսութեամբ կը նայիք, այդ իսկ պատճառով, մարդիկ կը ներքաշուին դէպի ձեզ, քանի որ ձեր կողքին անոնք իրենք զիրենք աւելի երջանիկ, լաւատես ու հանգիստ կը զգան:

Երեխաներուն Հեքիաթ Պատմեցէ՛ք

Ձեր երեխաներուն դաստիարակութեան մէջ հեքիաթներուն դերը բազմազան է: Մասնագէտներու կարծիքով, հեքիաթները կը զարգացնեն երեւակայութիւնը եւ կը ձեւաւորեն մանուկին խօսքի ճիշդ արտայայտութիւնը:

Հեքիաթները մատչելի լեզուով երեխաներուն կը սորվեցնեն կեանքը, կը պատմեն բարիի եւ չարի մասին. երեխաները աւելի դիւրին կ՛ընկալեն հեքիաթը, քան` մեծերուն դաստիարակչական քարոզները:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ փոքր տարիքէն հեքիաթ լսող երեխաները աւելի արագ կը վարժուին իրենց միտքերը ճիշդ ձեւաւորելու եւ արտայայտելու:

Հեքիաթներու հիմնական նպատակն է զարգացնել երեխային երեւակայութիւնը եւ ստեղծագործական կարողութիւնները:

Մանկական հեքիաթները կը հարստացնեն երեխային բառապաշարը եւ կ՛օգնեն, որ մանուկը ճիշդ եւ տրամաբանական ձեւով շարադասէ իր միտքերը:

Մասնագէտներու կարծիքով, երեխաները ընդհանրապէս իրականութիւնը պատկերաւոր ձեւով կ՛ընկալեն, իսկ հեքիաթները կը նպաստեն իրականութեան ճիշդ ընկալման: Երեխաները հեքիաթներու միջոցով պատկերաւոր ձեւով կ՛ընկալեն չարն ու բարին: Հեքիաթներուն մէջ միշտ կը յաղթէ բարին, ինչ որ երեխային կ՛օգնէ յաղթահարել կեանքի դժուարութիւնները` ենթագիտակցութեան մէջ ունենալով բարիի յաղթանակի գաղափարը: Նոյն հեքիաթը կարելի է պատմել քանի մը անգամ, որպէսզի մանուկը լաւ ընկալէ հեքիաթին բուն միտքը: Արդէն երեխաները մեծ հաճոյքով նոյն հեքիաթը քանի մը անգամ մտիկ կ՛ընեն:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

 

Եթէ փիցցա կտրելու յատուկ դանակ չունիք, առէք սովորական դանակ մը, շեղբը կարագով ծեփեցէք, ապա փիցցան կտրեցէք. այսպիսով հալած պանիրը դանակին չի փակչիր:

***

Որպէսզի պանիրը երկար դիմանայ, ամանին մէջ կտոր մը շաքար դրէք եւ կափարիչը փակեցէք: Շաքարը ամանին մէջի խոնաւութիւնը կը ներծծէ, եւ պանիրը աւելի երկար ժամանակ կը դիմանայ:

***

Սառցարանէն ելած սառած պտուղներուն վրայ տաք շաքար ջուր թափեցէք. այսպիսով պտուղները կը պահեն իրենց գեղեցիկ գոյնը:

***

Եթէ խնձորները հինցած են, բայց` ոչ աւրուած, զանոնք մի՛ թափէք, կուտերը մաքրեցէք, կլոր շերտերու վերածեցէք եւ թելէ անցընելով` չորցուցէք: Շատեր պիտի գնահատեն համը:

Ժամանց

 Ինչպէ՞ս Վզկապներու
Կախիչ Պատրաստել

Եթէ վզկապ սիրող էք, վստահաբար ձեր պահարանը լեցուն է վզկապներով: Սակայն արդեօք լաւ դասաւորա՞ծ էք զանոնք, որպէսզի չճմռթկուին, բայց մանաւանդ` զանոնք երկար ժամեր չփնտռելու եւ վայրկենական գտնելու համար:

Այս սիւնակով կը բացատրենք վզկապներու յատուկ կախիչի պատրաստութեան եղանակը:

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.

– Հագուստի փայտեայ կախիչ մը,
– 8-10 օղակ (բաղնիքի վարագոյրի կամ սովորական վարագոյրի, կարելի է նաեւ օգտագործել ապարանջաններ կամ խոշոր կլոր օղեր):

Պատրաստութիւն

Առէք փայտեայ կախիչը, որ եռանկիւնաձեւ է, ձերբազատեցէք երկու ծայրամասերուն հաստատուած գամերէն, որպէսզի վարի բաժինը անջատուի եւ կարենաք օղակները անցընել:

Առէք ձեր ձեռքին տակ գտնուող օղակները, անցուցէք կախիչին հորիզոնական ձողին վրայ, ապա կրկին կազմեցէք կախիչը` գամերը վերահաստատելով:

Եթէ օղակները բաղնիքի վարագոյրի օղակներ են, արդէն ինքնաբերաբար բացուածք կ՛ունենան եւ կախիչը քակելու կարիք չըլլար:

Իւրաքանչիւր օղակէ կախեցէք վզկապ մը եւ այսպէս ձեր աչքին առջեւ կ՛ըլլան բոլորը…

Խոհագիր

Թարմ Ծոթրինով Եւ Պանիրով
Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

– 2 գաւաթ ալիւր
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1 թէյի դգալ աղ
– 1 թէյի դգալ քացախ
– 3 հաւկիթ
– 1/4 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 1/4 գաւաթ բուսական ձէթ
– 1 գաւաթ մածուն
– 1 գաւաթ թարմ ծոթրին (կարելի է չորով փոխարինել)
– 1 գաւաթ աքքաուի պանիր (փշրուած)

Պատրաստութիւն

Ալիւրը մաղէ անցընել, աւելցնել պէյքինկ փաուտըրը եւ աղը. խառնել եւ մէկ կողմ ձգել:

Ելեկտրական գործիքով զարնել հաւկիթներն ու քացախը: Աւելցնել ձէթերը, մածունը, ծոթրինն ու պանիրը եւ խառնել փայտեայ դգալով: Վերջապէս աւելցնել ալիւրը եւ շարունակել խառնել:

Կարկանդակին կաղապարը կարագով եւ ալիւրով ծեփել, լեցնել խմորը եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ շուրջ 45 վայրկեան եփել` 180 ջերմաստիճանով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայրերի Հող

Ես այս երգը երգում եմ կանգնած,
որովհետեւ դու նա ես,
ում խաղաղութեան համար զոհւում են առանց կասկածելու,
որովհետեւ դու նա ես,
ում համար կռուի են ելնում առանց հրամանի,
որին ասում են` միակ, կարօտում են հեռուից,
եւ կարօտից արտասւում են օտար սրճարաններում
եւ չգիտես թէ ուր լողացող նաւերի վրայ:
Ես այս երգը երգում եմ սկզբից,
որովհետեւ դու նա ես, որին կորցնելուց յետոյ
էլ ոչինչ չենք ունենայ կորցնելու,
որովհետեւ առանց քեզ անձրեւը ջուր է սովորական,
լեռները` քարերի կուտակում,
սէրը` շքեղութիւն աւելորդ
եւ որդի ծնելը` յանցագործութիւն:
Ես այս երգը երգում եմ գլխաբաց,
որովհետեւ դու նա ես,
ում ձեռքը պէտք է իջնի մեր գլխին օրհնութեան նման,
երբ մենք ճանապարհ ենք ընկնում,
երբ մենք սկսում ենք օրը,
երբ մենք ծնունդ ենք տալիս տողին ու մտքին…

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>