Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Տարածուած կարծիքի համաձայն, կիները աւելի յուզական են, քան` տղամարդիկ: Յոյզերու ազդեցութեան տակ անոնք յաճախ իրենց սրտին ձայնը կը լսեն եւ յաճախ չկշռադատուած արարքներու կը դիմեն:
Իսկ դուք թոյլ է՞ք, թէ՞ ուժեղ, յուզակա՞ն, թէ՞ զուսպ… Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 15 հարցումներուն, ապա կարդացէք մեկնաբանութիւնը:
1.- Յաճախ կ՛աճապարէ՞ք որոշումներ կայացնելու ժամանակ:
2.- Պահի ազդեցութեան տակ քայլերու կը դիմէ՞ք, առանց հնարաւոր հետեւանքներու մասին մտածելու:
3.- Կը հետեւի՞ք «եօթը չափէ, մէկ կտրէ՛» ասացուածքին:
4.- Նկատա՞ծ էք, որ յաճախ առանց մտածելու խօսելու հակում ունիք:
5.- Կը պատահի՞, որ որոշ քայլերու դիմէք զգացումներու ազդեցութեան տակ:
6.- Կը պատահի՞, որ երկար մտածէք եւ ծանրութեթեւ ընէք ձեր արարքները:
7.- Կը խուսափի՞ք անինքնավստահ եւ երկչոտ անձերէն:
8.- Դուք ձեզ խոհեմ անձ կը համարէ՞ք:
9.- Որոշումներ կայացնելու ժամանակ ձեր զգացումները վճռական դեր ունի՞ն:
10.- Յաճախ կը պատահի՞, որ կարեւոր որոշումներ կայացնելու ժամանակ երկար-բարակ մտածելէ հրաժարիք:
11.- Կը պատահի՞, որ դուք ձեզ մեղադրէք արագ եւ անխոհեմ որոշում կայացնելու համար:
12.- Որեւէ որոշում կայացնելէ առաջ կը մտածէ՞ք անոր հետեւանքներուն մասին:
13.- Մինչեւ որոշում մը կայացնելը` երկար կ՛երկմտի՞ք:
14.- Նոյնիսկ ամենապարզ հարցը լուծելու համար ձեզի երկար մտածելու ժամանակ հարկաւո՞ր է:
15.- Բախումներու պարագային, միշտ կը յաջողի՞ք հակահարուած տալ հակառակորդին:
Մեկնաբանութիւն
Հաշուեցէ՛ք ձեր միաւորները.
1 միաւոր կը ստանաք 1, 2, 4, 5, 7, 9, 10, 11, 12 եւ 15 հարցումներուն տրուած իւրաքանչիւր «Այո» եւ 3, 6, 8, 13 եւ 14 հարցումներուն տրուած «Ոչ» պատասխաններուն համար:
– Եթէ մինչեւ 5 միաւոր հաւաքեցիք, դուք զուսպ անձ էք: Ձեր իւրաքանչիւր բառը կամ որոշումը մտածուած եւ ծանր ու թեթեւ եղած է: Ձեր կողմէ ձեռնարկուած իւրաքանչիւր գործ կը կատարուի ժամանակին եւ յաջողութեամբ կը պսակուի: Հաւատացէ՛ք եւ վստահեցէ՛ք ձեր ներքին ձայնին եւ երբեք չէք խաբուիր:
– Եթէ 6-10 միաւոր հաւաքեցիք, դուք իտէալ անձ էք: Ձեր զգացումները միշտ կը կառավարուին բանականութեամբ: Ձեր ներքին ձայնը լաւ կայացած է, այդ իսկ պատճառով նոյնիսկ զգացումներու ազդեցութեան տակ կայացած որոշումները կ՛ըլլան միշտ արդար: Դուք «պիզնես-վումըն»-ի իսկական կերպարն էք: Ձեր վրայ կրնան յոյս դնել թէ՛ գործընկերները, թէ՛ հարազատները եւ թէ՛ մտերիմները:
– Եթէ 10 միաւոր եւ աւելի հաւաքեցիք, դուք իգական սեռի իսկական ներկայացուցիչ էք: Ձեր զգացումները գրեթէ միշտ ամէն բանէ վեր կը դասէք: Դուք այն անձերէն էք, որ իրենց ետեւէն ամբողջ ամբոխ մը կրնան տանիլ: Ձեր կեանքը լեցուն է անկանխատեսելի իրադարձութիւններով: Ձեր ինքնաբուխ եւ չմտածուած քայլերուն պատճառով յաճախ ձեր կեանքը կը դժուարացնէք: Որոշումներ կայացնելու համար ծայր աստիճան զգուշ եւ խոհեմ եղէք:
Պանանի Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Անկախ անկէ, որ պանանը համեղ եւ սննդարար պտուղ մըն է, փաստուած է, որ մեր առօրեային մէջ կարելի է զայն օգտագործել շատ մը հարցեր լուծելու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք պանանի օգտագործման հետաքրքրական տարբերակներ.
– Գեղեցկագիտական դիմակ պատրաստել. հասուն պանան մը ճզմել, թէյի դգալ մը մեղրի հետ խառնել եւ դէմքին վրայ տարածել: Սպասել 20 վայրկեան, ապա ցօղուել:
***
– Միսը փափկացնել. փուռին մէջ միս եփելու պարագային, ափսէին մէջ առանց կեղեւի պանան մը զետեղել: Պզտիկ հնարք մը, որ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ:
***
– Կաշին փայլեցնել. պանանի կեղեւով կարելի է փայլեցնել կօշիկներուն կամ պայուսակներուն խամրած կաշին: Անգամ մը պանանի կեղեւով շփելէ ետք, չոր եւ մաքուր լաթով մը փայլեցնել:
***
– Բոյսերուն մեծ տերեւները փայլեցնել. տան բոյսերուն առողջ եւ փայլուն տեսք տալու համար դիւրին եւ աժան միջոց մը զանոնք պանանի կեղեւով շփելը:
***
– Համեղ աղանդերներ պատրաստել. պանանը կլոր կտրատել, փայտեայ ցպիկի վրայ անցընել, հալած տուրմի մէջ թաթխել եւ մատուցել:
***
– Որպէս պարարտացուցիչ գործածել. պանանին կեղեւները կտրատել եւ բոյսերուն հողին մէջ տեղ-տեղ մխրճել:
***
– Պնդութիւնը դարմանել. պանանը կ՛օգնէ պնդութիւն ունեցողներուն, անիկա նաեւ կը խթանէ հաստաղիի գործունէութիւնը:
***
– Շաքարը չափաւորել. պանանը կը կանոնաւորէ շաքարին տոկոսը` արեան մէջ: Ճաշի ժումերուն միջեւ պանան ուտելը կը կայունացնէ շաքարին քանակը:
***
– Քերուըտուքը դարմանել . միջատէ խայթուելու պարագային, խայթուածքը շփել պանանի կեղեւով` քերուըտուքը մեղմացնելու համար:
***
– Ակռաները սպիտակացնել. պանանի կեղեւին ներքին մասով շփել ակռաները օրական եւ երկու շաբթուան ընթացքին պիտի հաստատէք «հրաշքը»:
Ձեռային Աշխատանք
Ֆուլարով Պատրաստուած
Ամառնային Թեթեւ Պայուսակներ
Եթէ ձանձրացած էք միեւնոյն պայուսակները կրելէ եւ կը փնտռէք նոր տարբերակ մը, ահաւասիկ ձեզի կը ներկայացնենք ֆուլարով պատրաստուած գեղեցիկ ու թեթեւ պայուսակի նմուշներ, որոնց պատրաստութիւնը վայրկեաններու հարց է:
Ձեր պահարանէն ընտրեցէք խոշոր, քառանկիւն ֆուլար մը, նախընտրաբար` ոչ մետաքսեայ: Ուշադիր դիտեցէք նկարները, ընտրեցէք ձեր սրտին խօսող տարբերակը, ձեր ընտրած ֆուլարը հանգուցեցէք նկարին բացատրութիւններուն հիմամբ եւ ահա՛ պայուսակը արդէն պատրաստ է:
Խոհագիր
Ծոթրինով Ձողիկներ
Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք շատ համեղ բաղադրատոմս մը` ծոթրինով ձողիկներ: Այս ձողիկները կարելի է մատուցել շերտուած լոլիկի եւ պնակ մը լապնէի կողքին` փոխարինելու համար թէ՛ վնասակար եւ թէ շատ սղած չիփսերը: Այլ խօսքով` յարմար ուտեստ մը, պատկերասփիւռին դիմաց, ընտանեկան կամ բարեկամական հաւաքի ընթացքին:
Բաղադրիչներ
– 3/4 գաւաթ գաղջ ջուր
– Կէս թէյի դգալ թթխմոր
– Կէս թէյի դգալ շաքար
– Քառորդ գաւաթ բուսական ձէթ
– Մէկուկէս գաւաթ ալիւր
– Կէս թէյի դգալ աղ
– Կէս թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 2 թէյի դգալ նիշա
– Մէկ հաւկիթ
– Ծոթրին
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել գաղջ ջուրը, թթխմորը, շաքարն ու ձէթը եւ բոլորը խառնել: Երբ թթխմորը փրփրի` աւելցնել ալիւրը, աղը, պէյքինկ փաուտըրը, նիշան եւ ապուրի դգալ մը ծոթրին, խառնել ու շաղել: Խմորը գունդի մը վերածել, երեսը ծածկել եւ ձգել, որ կէս ժամ հանգչի:
Մոմ թուղթի վրայ գրտնակով բանալ խմորը, քառանկիւնաձեւ ձեւաւորել եւ վրձինով երեսը հաւկիթով ծեփել: Հաւկիթին վրայ առատ ծոթրին ցանել եւ ապա սուր դանակի մը միջոցով խմորը համաչափ երիզներու վերածել:
Առնել իւրաքանչիւր երիզ, երկայնքին ոլորել եւ ափսէին մէջ քով-քովի շարել: Ձողիկները դարձեալ հաւկիթով ծեփել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով:
Եթէ տունը սառած շերտաւոր խմոր (փաֆ փասթրի) ունիք եւ կ՛ուզէք ժամանակ խնայել, կրնաք նոյն քայլերուն հետեւիլ` բաղադրատոմսին խմորը փոխարինելով շերտաւոր խմորով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խոնարհւում են նրանց առաջ, որ վիրաւոր ետ դարձան:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ այլեւս չդարձան:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ զաւակներ կորցրին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ ծնողներ կորցրին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ չունեցան ամուսին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ ունեցան – կորցրին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ կորցրին եղբայրներ:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ կորցրին ընկերներ:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ կորցրին մանկութիւն:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ փրկեցին մանկութիւն:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ ճակատում եղան քաջ:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ թիկունքում եղան քաջ:
Խոնարհւում եմ ես վերջապէս` նրա՛նց առաջ աշխարհում,
Որ փրկեցին մեր անունը, բայց մնացին անանուն…
ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿեԱՆ