Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հոգեպէս առողջ երեխայ մեծցնել` չի նշանակեր, որ երեխան պէտք չէ լայ, պէտք չէ տխրի կամ ձախողի: Ընդհակառակը, ասոնք բանալիներ են, որոնց միջոցով երեխան պիտի բանայ իր կեանքի յաջողութեան դռները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 քայլեր, որոնք կ՛օգնեն հոգեպէս առողջ երեխայ դաստիարակելու համար:
1.- Ընդունիլ Ձախողութիւնները
Դպրոցը ստացած վատ նիշ մը, մրցումի մը ընթացքին կրած պարտութիւն մը չեն նշանակեր, որ ձեր երեխան նուազ լաւ է, քան` միւս երեխաները: Ձախողութիւնները մեր կեանքի ուղեկիցներն են, ճիշդ այնպէս, ինչպէս յաջողութիւնները: Ձեր երեխային սորվեցուցէք այս բանաձեւը:
***
2.- Ձերբազատիլ Անտեղի Մեղքի Զգացումէ
Օգնեցէք ձեր երեխային, որ ազատի անտեղի մեղքի զգացումներէ: «Դուն իմ ընկերս ես, տո՛ւր տետրակդ, որպէսզի ընդօրինակեմ տնային պարտականութիւնը», «եթէ զիս կը սիրես, թոյլ տուր, որ ես շահիմ վազքի մրցումը…»: Այս արտայայտութիւնները պէտք չէ, որ դեր խաղան երեխային կեանքին մէջ: Ձեր երեխաներուն սորվեցուցէք, որ որոշումներ կայացնելու ժամանակ պէտք չէ առաջնորդուին մեղքի զգացումով:
***
3.- Եսակեդրոն Չդառնալ
Ձեր երեխային սորվեցուցէք առաջնորդուիլ հետեւեալ բանաձեւով` «Ես ի՞նչ կրնամ ընել աշխարհին, իմ երկրիս, իմ սիրելիներուս համար», այլ ոչ թէ` «Ի՞նչ կրնան ընել բոլորը ինծի համար»:
***
4.- Չխուսափիլ Դժուարութիւններէ
Երեխաներուն մշտապէս պաշտպանելը չ՛օգներ անոնց, որ դառնան ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ: Ձեր երեխային սորվեցուցէք, որ վախէն եւ դժուարութիւններէն ձերբազատելու լաւագոյն միջոցը զանոնք դիմագրաւելն է: Այսպէս, դուք կը մեծցնէք համարձակ մարդ, պատրաստ` դիմակալելու որեւէ դժուարութիւն:
***
5.- Ինքնուրոյն Որոշումներ Կայացնելու Հնարաւորութիւն
Ձեր երեխային թոյլ տուէք ինքնուրոյն որոշումներ կայացնել ամենապարզ հարցերուն պարագային` ի՞նչ հագուիլ այսօր, ի՞նչ ուտել ընթրիքին, ո՞ւր երթալ զբօսնելու համար, ո՞ր մարզաձեւը ընտրել, եւ այլն: Թող ձեր երեխան փոքր տարիքէն վարժուի կարծիք յայտնելու եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու:
Արձանի Մը Պատմութիւնը
Ծաղկավաճառ Ծերունին`
Կարապալա
Երեւանցիներուն կողմէ շատ սիրուած արձան է Ծաղկավաճառ ծերունիին արձանը, որ քանի մը անդամ տեղափոխուած է զանազան պատճառներով:
Կարապետ անունով ծաղկավաճառի կերպարը անմահացուցած է քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանը: Կարապալայի արձանը տեղադրուած է 1995-ին, Աբովեան փողոցի այն պատուածէն, ուր այժմ Հիւսիսային պողոտան է: Շուտով պողոտայի շինարարութեան հետ կապուած հարցով արձանը քանի մը անգամ տեղափոխուած է: Սկիզբը ան տեղադրուեցաւ դիմացի մայթին, այնուհետեւ` Տէրեան փողոցին վրայ, իսկ այժմ կը գտնուի սկզբնական վայրէն ոչ շատ հեռու` նախկին «Մանկական աշխարհ» հանրախանութին պատին տակ:
Նշենք, որ քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեան հեղինակն է` նաեւ Մարտիրոս Սարեանի յուշարձանին (Երեւան), Տիգրան Մեծի յուշարձանին (Երեւան), «Տագնապ» խմբաքանդակին (Էջմիածին), եւ այլն…
«Ծաղիկ ծափող կարապալան
Յայտնի մարդ է Երեւանը,
Ամէնքի հետ քէֆ է անում
Ծաղիկ ծախող կարապալան»:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ
Պէտք է ստեպղին ուտել տեսողութիւնը զօրացնելու համար:
Ճիշդ: Ստեպղինը պեթաքարոթեն կը պարունակէ, որ մարմնին կողմէ Ա. կենսանիւթի կը վերածուի, իսկ այս վերջինը չափազանց օգտակար է տեսողութեան:
***
Վարդի ջուրը լաւ միջոց է դէմքը մաքրելու եւ կնճիռներուն դէմ պայքարելու համար:
Ճիշդ: Անիկա ոչ միայն կը փափկացնէ եւ կը մաքրէ մորթը, այլեւ կը կանխարգիլէ կնճիռներու գոյացումը: Վարդի ջուրով մաքրեցէք ձեր դէմքը առտու եւ իրիկուն, նախքան շպարուիլը կամ որեւէ սեր քսելը:
***
Ձիթապտուղին ձէթը նուազ ջերմուժ կը պարունակէ, քան արեւածաղիկինը:
Սխալ: Բոլոր ձէթերը նոյնքան ջերմուժ կը պարունակեն: Անոնք իրարմէ կը տարբերին իրենց սննդական յատկութիւններով:
***
Աւոքատոն նոյնքան իւղոտ է, որքան` տապկուած գետնախնձորը:
Ճիշդ: Կէս աւոքատոն նոյնքան իւղ կը պարունակէ, որքան` 100 կրամ տապկուած գետնախնձորը, այն տարբերութեամբ, որ աւոքատոյին իւղերը լաւ տեսակի են եւ կը նպաստեն լաւ քոլեսթերոլին արտադրութեան եւ մեզ կը պաշտպանեն սրտանօթային հիւանդութիւններէն:
Ինչպէ՞ս Ձերբազատիլ Տան Մէջ
Առկայ Կերակուրներու Հոտերէն
Նոյնիսկ տունը մաքրելէ եւ օդափոխելէ ետք, յաճախ կարգ մը կերակուրներու հոտերը երկար ժամեր չեն անհետանար: Այս սիւնակով կը ներկայացնենք 2 դիւրին եւ աժան միջոց` կերակուրներու տհաճ հոտերը կլանելու համար:
Նախ յիշեցնենք, որ տան պատուհանները բաց պէտք է պահել կերակուր եփելէ առաջ, բայց մանաւանդ ետքը` գոլորշիներէն եւ հոտերէն ձերբազատելու համար. իսկ կերակուր պատրաստելու ժամանակ պէտք է փակել խոհանոցին դուռը` տան մնացեալ սենեակները կերակուրի անբաղձալի հոտերէն պաշտպանելու համար:
Առաջին Միջոց
Մաքուր, փոքրիկ կաթսայի մը մէջ ջուր լեցնել, աւելցնել նարինջի կամ կիտրոնի կեղեւ, մէկ-երկու մեխակի գամ, կասիայի փայտիկ մը եւ կաթսային տակը վառել, մինչեւ որ ջուրը եռալու սկսի: Անուշաբոյր գոլորշին շուտով կը կլանէ անբաղձալի հոտերուն մեծ մասը:
Երկրորդ Միջոց
Այրած կերակուրներու, ձուկի կամ տապկոցի անախորժ հոտերը չէզոքացնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը քացախն է:
Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ գաւաթ մը ճերմակ քացախ եռացնել` մէջը մէկ-երկու կիտրոնի շերտ աւելցնելով: Շուտով քացախի գոլորշին կը տարածուի ամէնուրեք եւ կը կլանէ ուտելիքներու անբաղձալի հոտերը: Տունը օդափոխելէ կէս ժամ ետք արդէն քացախին հոտն ալ չէզոքացած կ՛ըլլայ: Կարելի է պաղած քացախը շիշի մէջ լեցնել եւ տան մաքրութեան օգտագործել`
– Խոհանոցի աշխատանքի սեղանը մաքրելու եւ հականեխելու համար,
– Բաղնիքին լուացարանն ու լոգարանը մաքրելու համար,
– Տան ապակիներն ու հայելիները մաքրելու համար,
– Տան փափուկ կահոյքը հականեխելու համար,
– Մանրալիքը մաքրելու եւ հականեխելու համար:
Բոյսերու Խնամք
Լուցկին` Միջատասպան Աժան Միջոց
Եթէ նկատէք, որ ձեր տան բոյսերէն ոմանք կը թառամին ու կը մեռնին, հակառակ ձեր ցուցաբերած մեծ ուշադրութեան եւ խնամքին, շատ հաւանաբար պատճառը թաղարին մէջ բոյն դրած վնասակար միջատներն են… Դուք միշտ չէ, որ կրնաք անզէն աչքով տեսնել այդ վնասակար միջատները, բայց կրնաք անոնց դէմ պայքարիլ շատ պարզ միջոցով մը:
Բայց նախ եկէք հասկնանք, թէ ինչո՛ւ այս միջատները կը յայտնուին ձեր թաղարներուն մէջ: Հիմնական պատճառները հետեւեալներն են.
– Չափէն աւելի ջրելը
– Անորակ հողը
– Վատ որակի պարարտացուցիչը:
Իսկ լուծումը շատ պարզ է. թաղարին մեծութեան համաձայն առէք 2-էն 4 կամ 5-10 ոչ վառած լուցկի եւ զանոնք գլխիվար մխրճեցէք հողին մէջ` թաղարի եզերքէն քանի մը սմ հեռու: Շարունակեցէք նոյն ձեւով խնամել ձեր բոյսը:
Լուցկիները մէկ շաբաթ ձգեցէք հողին մէջ, ապա ստուգեցէք` արդեօք ծծումբը լուծուե՞ր է: Եթէ այո՛, հանեցէք լուցկիները եւ զանոնք փոխարինեցէք նորերով: Այս գործողութիւնը կատարեցէք 3 շաբթուան վրայ:
Ֆոսֆորը եւ ծծումբը կ՛օգնեն, որ ձեր բոյսը առողջ աճի, եւ վնասակար միջատները չքանան:
Խոհագիր
Փեթակի Տեսքով Հացիկներ
5 գաւաթ ալիւր
2 գաւաթէն քիչ մը պակաս գաղջ ջուր
Կէս գաւաթ ձէթ
1 թէյի դգալ աղ
6 ապուրի դգալ փոշի կաթ
1 ապուրի դգալ պէյքինկ փաուտըր
2 ապուրի դգալ թթխմոր
1 ապուրի դգալ շաքար
Քիչ մը մեղր` երեսը ծեփելու համար
Պատրաստութիւն
Ամանի մը մէջ խառնել ջուրը, կաթը, թթխմորն ու շաքարը: Աւելցնել ձէթը եւ կաթը, շաղել` քիչ-քիչ աւելցնելով ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը (նախընտրաբար` նախապէս մաղէ անցած):
Լաւ շաղելէ ետք միջակ չափի գունդերու վերածել եւ ձգել, որպէսզի առնուազն կէս ժամ հանգչին:
Կէս ժամ ետք ափսէի մը յատակը մոմ թուղթով ծածկել եւ արդէն իսկ ուռած գնդիկները քով-քովի շարել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով:
Փուռէն հանելէ ետք հացիկները հեղուկ մեղրով ծեփել եւ զարդարել սեւագնդիկով եւ շուշմայով:
Շաբթուան Մտածումը
Օ՜, իմ ժողովուրդ, դու հաւաքական Նարեկացի, գուցէ արդա՞ր էր, որ դո՛ւ, հէնց դու եւ միա՛յն դու պատասխան տայիր աշխարհի մեծ ու փոքր մեղքերի համար, եւ հէնց քո ձայնը չլսէր աշխարհը, թէպէտ դու աղաղակել ես հէնց նրա բառերով:
Օ՜, իմ ժողովուրդ, դու հանճարեղ ձախողակ: Պատմութիւն կոչուող դպրոցի դու միամիտ աշակերտ: Որքան ենք մեր ձախողումների պատճառը դրսում որոնել, երբ պատճառը յաճախ միայն մենք ենք եղել, միայն մենք, մեր բաժան-բաժանութիւնը, անխելք-հերոսութիւնը, խելօք-եսամոլութիւնը… Եւ յաճախ ինչպէս ենք ատել ինքներս մեզ…
ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ