Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Ինչո՞ւ Մժեղները Ոմանց Կը Խայթեն, Ոմանց` Ոչ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Մինչ ոմանք իրենց հանգիստը կը վայելեն բնութեան գիրկը, ուրիշներ կը շրջապատուին մժեղներու ամպով… Ինչո՞ւ մժեղները տարբեր կը վարուին նոյն վայրը գտնուող երկու տարբեր մարդոց հետ: Մէկուն հանգիստ չեն տար, միւսով` ոչ իսկ հետաքրքրուած են:

Գիտնականներու կարծիքով, մժեղի խայթոցի աւելի հակամէտ են`

– Այն անձերը, որոնց արեան մէջ շաքարի մակարդակը բարձր է: Մժեղները կը սիրեն «քաղցր» արիւնը:

– Մարզիկները, քանի որ անոնց մարմինը կաթնաթթու կ՛արտադրէ, ինչ որ գրաւիչ է մժեղներուն համար:

– Գէրերը, քանի որ անոնք ածխաթթու կազ կ՛արտաշնչեն, իսկ մժեղները կ՛ախորժին այս կազէն:

– Առաջին խումբի արիւն ունեցողները:

– Սեւ, կապոյտ եւ կարմիր գոյներ կրող մարդիկ: Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ սնունդ փնտռող մժեղները կ՛օգտագործեն ոչ միայն իրենց հոտարութիւնը, այլ նաեւ տեսողութիւնը: Պարզուած է, որ անոնք կը տարբերեն սեւ, կապոյտ եւ կարմիր գոյները. հետեւաբար, այս գոյնի հագուստներ կրող անձերը աւելի յաճախ կը խայթուին:

Իմացէ՛ք Նաեւ`

– Որքան շատ շարժիք եւ փորձէք քշել մժեղները, հակառակը տեղի կ՛ունենայ. այդպէս դուք անոնց ուշադրութեան կեդրոնը կը դառնաք:

– Որքան աւելի բարձր է ձեր մարմնին ջերմաստիճանը, այնքան աւելի մեծ է հաւանականութիւնը, որ դուք դառնաք մժեղներուն զոհը:

– Մսակերները մժեղներուն սիրելիներն են, պարզուած է, որ բուսակերները ընդհանրապէս չեն խայթուիր:

– Կը խայթեն միայն էգ մժեղները. անոնք կը խայթեն ինչպէս մարդոց, նոյնպէս ալ ողնաւոր կենդանիներուն` սկսած փիղերէն, հասնելով մինչեւ մուկերուն` ծծելով անոնց արիւնը:

– Խայթելով` մժեղները կը բազմանան: Արեան իւրաքանչիւր կաթիլ կեանք կու տայ հազարաւոր մժեղներու ձագերուն: Մժեղներուն համար ամենահամեղ արիւնը մարդու արիւնն է: Արու մժեղները չեն խայթեր, անոնք կը սնուին բոյսերով:

Մժեղներէն Պաշտպանուելու Բնական Միջոցներ

– Երբեք ձեր շուրջ լճացած ջուր մի՛ ձգէք: Դոյլի մէջ, ծաղիկներուն թաղարներուն տակ եւ այլուր հաւաքուած ջուրերը յարմար միջավայր են ձագեր ածելու եւ բազմանալու:

– Երբեք հաւաքուած աղբ մի՛ պահէք, մանաւանդ` բացօթեայ:

– Յաճախ լոգցէք. մժեղները կը սիրեն քրտինքի հոտը:

– Բաց գոյնի հագուստներ կրեցէք:

– Ելեկտրական հովահար աշխատցուցէք. մժեղները չեն կրնար պայքարիլ հովին դէմ:

Դիւրին Եւ Գործնական

 Կախազարդերու Դասաւորում

Երբ մեր կախազարդերը զարդատուփին մէջ կը զետեղենք, անոնց շղթաները իրարու կ՛անցնին, կը հանգուցուին, իսկ զանոնք քակելը իսկական չարչարանք է:

Ահաւասիկ դիւրին եւ արագ միջոց մը` կախազարդերը դասաւորելու այնպէս մը, որ անոնց շղթաները չխճճուին:

Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, պէտք է ճարել թղթախաղի անգործածելի քարտեր, իւրաքանչիւրին վերի բաժինը երկու փոքրիկ ճեղք բանալ, շղթան ճեղքերուն մէջէն անցընել, ապա քարտերը տուփի մը մէջ քով-քովի շարել:

Եղանակի Պտուղը

Ձմերուկ

Արդէն ձմերուկի եղանակն է, եւ կ՛արժԷ օգտուիլ այս հիւթեղ, զովացնող ու քիչ ջերմուժ պարունակող պտուղէն:

«Տը Տէյլի Մէյլ» կը գրէ` օրական կտոր մը ձմերուկ ուտելով կարելի է կանխել սրտի հիւանդութիւններու յառաջացումը: Իսկ ամերիկացի գիտնականներ բացայայտած են, որ ձմերուկի հետեւողական սպառումը կ՛օգնէ կշիռքի կարգաւորման եւ անօթներուն մէջ ճարպային կուտակման նուազեցման:

Ձմերուկը հարուստ է բնաթելերով, Ա., Պէ.6 եւ Սէ. կենսանիւթերով, փոթասիոմով, անթիօքսիտաններով, լիքոփենով եւ այլն., իսկ անոր կուտերը հարուստ են բնասպիտով, մակնեզիոմով եւ լաւ տեսակի իւղերով:

Յաճախ ձմերուկ ուտելու պատճառները շատ են.

1.- Ձմերուկը հարուստ է ջուրով. անոր բաղադրութեան 90 առ հարիւրը ջուր է: Ամրան տաք եղանակին անիկա համեղ եւ ազդու միջոց է ջրազրկումէ պաշտպանուելու:

2.- Ձմերուկը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ. իւրաքանչիւր 100 կր. ձմերուկ միջին հաշուով 34.9 ջերմուժ կը պարունակէ: Այսուհանդերձ, շաքարախտաւորները պէտք չէ չարաշահեն անոր օգտագործումը:

3.- Ձմերուկը հարուստ է անթիօքսիտաններով, որոնք կը պայքարին բջիջներու ծերացման դէմ:

4.- «Լայվ սայընս» ամերիկեան կայքին համաձայն, ձմերուկը կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն: Անիկա նաեւ կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը եւ վերջապէս բջիջները կը պաշտպանէ ընկճախտի կապուած վնասուածքներէ:

5.- Ձմերուկը կը պահպանէ մեր աչքերուն առողջութիւնը: Անիկա կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ պեթա-քարոթեն, որ մեր մարմնին մէջ Ա. կենսանիւթի կը վերածուի: Իսկ այս վերջինը աչքը կը պաշտպանէ տարիքի կապուած տեսողութեան խնդիրներէ: Յիշենք, որ Ա. կենսանիւթը առողջ կը պահէ մեր մորթը, ակռաները, եղունգները եւ այլն…

6.- Ձմերուկը հարուստ է Պէ.6 կենսանիւթով, ինչ որ կը նպաստէ ուղեղին առողջ գործունէութեան: Անիկա կը պարունակէ Պէ. խումբի այլ կենսանիւթեր, որոնք կը կազդուրեն ու առոյգ կը պահեն:

7.- Շնորհիւ փոթասիոմին եւ Պէ. 6 կենսանիւթին ձմերուկը կը պաշտպանէ ջղաձգումներէ` (crampes) մարզանքի կամ ֆիզիքական ծանր լարուածութեան ընթացքին:

8.- Ձմերուկը կը մաքրէ երիկամները: Կիրով եւ փոթասիոմով հարուստ ձմերուկը մարմնէն դուրս կը մղէ երիկամներուն մէջ կուտակուած թոյները եւ կը նուազեցնէ երիկամներու հետ կապուած հիւանդութիւնները:

9.- Սէ. կենսանիւթով հարուստ ձմերուկը կը կանխարգիլէ լինտերու կապուած հիւանդութիւները եւ կը սպիտակեցնէ ակռաները:

10.- Ձմերուկին սերմերը այսուհետեւ պէտք է պահել եւ օգտագործել: Անոնք կ՛աշխուժացնեն յիշողութիւնը եւ արթուն կը պահեն ուղեղը:

Գեղեցկագիտական

Ձմերուկով Դէմքի Ծեփուկներ

Ձմերուկին բարիքները անհամար են մաշկին համար:

Ա., Պէ.6 եւ Սէ. կենսանիւթերով, ինչպէս նաեւ այլազան հանքայիններով հարուստ ձմերուկը հիմնովին կը մաքրէ մորթը, կը պրկէ ընդլայնած ծակտիկները, կը պաշտպանէ ջրազրկումէ եւ կանխահաս ծերութենէ, կը դարմանէ բշտիկները եւ մորթային բորբոքումները:

Ծեփուկի Տարբերակներ

Ա.- Պատառաքաղով ճզմել ձմերուկի խոշոր շերտ մը, աւելցնել կէս պանան, դարձեալ ճզմել եւ ստացուած ծեփուկը տարածել դէմքին վրայ. ձգել 15 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

Այս տարբերակը կը դարմանէ բշտիկները:

Բ.- Պատառաքաղով մը ճզմել ձմերուկի խոշոր շերտ մը, աւելցնել սուրճի դգալ մը մածուն: Ստացուած ծեփուկը տարածել դէմքին վրայ, սպասել 15 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

Այս տարբերակը կը յարմարի չոր եւ ջրազրկուած մաշկին:

Գ.- Պատառաքաղով ճզմել ձմերուկի միջակ շերտ մը, թէյի դգալ մը մեղր աւելցնել, խառնել եւ ծեփուկը տարածել դէմքին վրայ: 15 վայրկեան ետք դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:

Այս տարբերակը թարմ եւ առողջ տեսք կ՛ապահովէ ամէն տեսակի մորթերուն:

Դ.- Այսուհետեւ երբեք չթափել կենսանիւթերով եւ հայնքայիններով հարուստ ձմերուկի կեղեւները:

Շուկայէն բերուած ձմերուկը լուալ, ցամքեցնել եւ կեղուել: Մէկ կողմ դրուած կեղեւէն կտոր մը կտրել եւ անոր ներսի մասով շփել դէմքը` թեթեւ, շրջանաձեւ շարժումներով:

Այս տարբերակը կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը, կը մաքրէ մաշկը եւ անհրաժեշտ սնունդ կը հայթայթէ ջրազրկուած, խամրած մորթին:

Ե.- Ծովէն վերադարձին մակերեսային այրուածքները դարմանելու եւ արագ հանգստանալու համար պաղ ձմերուկի շերտով մը շփել վնասուած մորթը:

Խոհագիր

Ձմերուկով Աղցան

 

Բաղադրիչներ

– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1 պզտիկ պճեղ սխտոր
– Քառորդ թէյի դգալ աղ
– 5 գաւաթ խորանարդաձեւ կտրատուած ձմերուկ
– 1 գաւաթ խորանարդաձեւ կտրատուած վարունգ
– Քառորդ գաւաթ բարակ շերտուած կարմիր սոխ
– Կէս գաւաթ ֆեթա պանիր
– Կէս գաւաթ թարմ ռեհանի կամ անանուխի տերեւներ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` խառնելով ձիթապտուղի ձէթը, կիտրոնի հիւթը, ճզմուած սխտորն ու աղը:

Աղցանի յատուկ ներկայանալի ամանի մը մէջ լեցնել կտրատուած ձմերուկը, վարունգը եւ շերտուած սոխը. վրան փշրել ֆեթա պանիրը:

Թացանը պարպել խառնուրդին վրայ, զգուշութեամբ խառնել, երեսը զարդարել անանուխի կամ ռեհանի տերեւներով եւ մատուցել:

Թելադրելի է աղցանը մատուցելէ ժամ մը առաջ պատրաստել եւ սառնարանը պահել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Բանաստեղծի Վախը

Ես ի՛նձ համար չեմ վախենում.
Կ՛ուզէ՞ք` վա՜ղն էլ ընկնեմ-մեռնեմ:

Վախենում եմ ջրի՜ համար
Եւ ջրային խճանկար ա՛յն քարերի,
Որոնք, ինչպէս բիբերի շուրջ,
Ասես դառնում սպիտակուց
Ու ցոլանք են տալիս ջրին:
Վախենում եմ նրա՜նց համար.
Վախենում եմ,
Որ մի գուցէ հետըս նաեւ իրե՛նց տանեմ…

Վախենում եմ նաեւ հողի՛, հողի՜ համար`
Մենախօսող ա՜յն մեծագոյն ողբերգակի,
Ում «Լինել թէ չլինելը» այսօր արդէն բարձր է հնչում
Մինչեւ անգամ թեթեւսոլիկ քամո՛ւ բերնով,
Որ վարակուած ու վարակիչ ամպ կարող է քշել-բերել,
Մշտածիծաղ-զնգուն ձայնով եւ անձրեւի՜,
Որ կարող է անմեղօրէն օրհա՛ս փռել`
Մանուկների երակներում արիւնը ջուր դարձընելով:

Քանի ես կամ`
Թւում է, թէ հողը դեռ չի՛ կործանուելու,
Թէ չէ` կ՛ուզէ՞ք… այս վայրկեանիս ընկնեմ-մեռնեմ…

Վախենում եմ, որ գնալիս հետս աստղերի ցոլքը տանեմ
Եւ աչքերի գիշերական ու ծովական խորքը տանեմ,
Կաքաւների «կղա»-ն, երգի «լո-լո»-ն տանեմ,
Հեռախօսի կարօտ ցրող «ալլօ»-ն տանեմ,
Մարդու հոգի կտցահարող աղջըկական քելքը տանեմ,
Քարանձաւի եւ փակուղու ելքը տանեմ,
Տանեմ մարդու զէ՛նքը միակ`
Խե՜լքը նրա,
Ու նա մնայ անզէ՜ն-անզօ՜ր
Այս սասանուող հողի վրայ`
Մենախօսող ա՛յն մեծագոյն ողբերգակի,
Ում «Լինել թէ չլինելը» լսո՜ղ է պէտք,
Գոնէ լսո՛ղ, լսո՞ւմ էք ինձ, գոնէ լսո՜ղ…

Վախենում եմ սրա՛ համար, թէ չէ` կ՛ուզէ՞ք
Ձեր աչքի դէմ ընկնեմ-մեռնեմ այս վայրկեանիս…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Այսօր (17 յունիս 1971) Պարոյր Սեւակի մահուան 50-րդ տարելիցն է:

Կնոջ եւ երկու որդիներուն հետ հայրենի Չանախչի գիւղէն Երասխաւան տանող ճամբուն վրայ ինքնաշարժի զոհ գնաց մեծ բանաստեղծը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>