Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ենթագիտակցական Փորձ. Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ուշադիր նայեցէք նկարին եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը կը պատմէ ձեր հոգեվիճակին մասին:

– Եթէ առաջին հերթին պեխաւոր, երջանիկ դէմք տեսաք, կը նշանակէ, որ ձեր ներաշխարհը բաւական հանգիստ է, ալեկոծումներ եւ տագնապներ չկան: Վայելեցէք այդ վիճակը, բայց ուշադի՛ր, երկար ժամանակի վրայ այս հոգեվիճակը կրնայ ձեր դէմ դառնալ: Երբեմն յոյզերն ու փոքր տագնապները կը համեմեն կեանքը:

– Եթէ առաջին հերթին թռչուններ տեսաք, կը նշանակէ, որ ներկայիս սէրն ու յարաբերութիւնները ձեր կեանքի առաջնահերթութիւններն են: Խօսքը հոս միայն ռոմանթիք յարաբերութիւններու մասին չէ, այլ` ընտանիքի, երեխաներու, բարեկամներու հետ ընդհանուր առմամբ:

– Եթէ առաջին հերթին աստղային գիշեր տեսաք, կը նշանակէ, որ պէտք է բացայայտէք ձեր ստեղծագործ ներաշխարհը եւ զբաղիք այն ինչով, որ երկար ժամանակ պահեր էք ձեր ենթագիտակցութեան խորքը` ժամանակն է, որ զբաղիք ձեզի հաճոյք պատճառող եւ ձեզ երջանկացնող բաներով: Ո՞րն է ձեր ցանկութիւնը, քայլ առէք անոր ընդառաջ:

Ընկճախտը Յաղթահարելու
Դիւրին Եւ Գործնական Միջոցներ

Այսօրուան սիւնակով պիտի չանդրադառնանք ընկճախտ պատճառող ազդակներուն մասին, այլ պիտի առաջարկենք քանատացի գիտնականներու կողմէ հաստատուած դիւրին եւ գործնական միջոցներ` ընկճախտը յաղթահարելու: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի անցողակի, ժամանակաւոր ընկճախտին:

– Ուր ալ ըլլաք, ձգեցէ՛ք ամէն բան եւ առնուազն 10 վայրկեան բացօթեայ քալեցէք` քիթէն շնչելով եւ բերնէն արտաշնչելով:
– Ձեզի հաճոյք պատճառող բան մը կերէք (քիչ քանակութեամբ), պտուղ, տուրմ, ընկուզեղէն…
– Ականջակալները դրէք եւ մեղմ երաժշտութիւն ունկնդրեցէք:
– Ծամոն ծամեցէք:
– Պանան մը կերէք:
– Ձեր մտերիմ ընկերուհիին կամ ընկերոջ հանդիպեցէք:
– Ազատ ժամերուն հիւսքով զբաղեցէք:
– Բոյս մը գնեցէք եւ զայն խնամեցէք:
– Անասուն մը որդեգրեցէք:
– Առնուազն ժամ մը հրաժարեցէք ձեր բջիջային հեռախօսէն:
– Եոկայի մէկ-երկու շարժում կատարեցէք:
– Յոռետես, դժգոհ եւ հալածախտէ տառապող անձերէն հեռու մնացէք:
– Բուրաւէտ սերով մարձեցէք ձեր ձեռքերը, ոտքերը, նոյնիսկ` ճակատն ու քունքերը:
– Գիրք կարդացէք:
– Ծիծաղաշարժ ժապաւէն դիտեցէք:
– Համեղ կերակուրներ պատրաստեցէք եւ ուրախացուցէք ձեր հարազատները:
– Գծեցէք, գունաւորեցէք:
– Պարեցէք, երգեցէք:

Նոյնիսկ եթէ այս առաջարկուածներէն ոմանք տարօրինակ թուին, փորձեցէք, բան չէք կորսնցներ. միշտ առաջին քայլն է, որ դժուար է:

Հետաքրքրական

Լուացք Փռելու «Ծէսը»

Որքան ալ օտարներուն համար տարօրինակ թուի, հայ կիները չափազանց նախանձախնդիր են լուացք փռելու կարգ ու կանոնին. զայն ժառանգած են իրենց մայրերէն եւ բծախնդրօրէն կը փոխանցեն իրենց դուստրերուն` յաւերժացնելով համաչափ լուացք փռելու առանձնայատկութիւնը: Այս «աւանդոյթը» մինչեւ օրս կանգուն է գրեթէ ամէնուրեք, բայց մանաւանդ` Ստեփանակերտի մէջ: Քաղաքին բակերէն անցնելու ատեն կարելի չէ չզմայլիլ պատշգամէ պատշգամ փռուած լուացքներով:

Ոմանք իրենց լուացքը կը փռեն ըստ տեսակի, ոմանք` ըստ գոյնի, ոմանք` ըստ չափի… բոլոր ձեւերուն մէջ ալ համաչափութեան եւ ներդաշնակութեան գաղափարը տիրական է:

Յայտնի չէ, թէ ե՛րբ եւ ինչո՛ւ հայ կիները այսքան կարեւորութիւն տուած են լուացք փռելու «ծէս»-ին, բայց յստակ է, որ մինչեւ անգամ գիրք հրատարակուած է այս մասին: Ոչ ոք գիտէր` ուրկէ սկիզբ առած է լուացքը մեծէն փոքր եւ ըստ գոյներու փռելու այս հետաքրքրական աւանդոյթը, բայց մէկ բան յստակ է` «Ցոյց տուր փռած լուացքդ, ըսեմ` ինչպիսի տանտիկին ես դուն…»:

Նորաձեւութիւն

 «Կուչչի» Նորաձեւութեան
Տունը Ցնցած Է Համացանցը

Իտալական «Կուչչի» նորաձեւութեան տունը վերջերս արժանացած է քննադատութիւններու եւ մեղադրուած է «հնդիկ ժողովուրդը վիրաւորելու» յանցանքով:

Խօսքը կը վերաբերի նորաձեւութեան տան ամառնային հաւաքածոյին մէջ ցուցադրուած հնդկական «քուրթա»-ի ոճով զգեստին, որուն արժէքը 3500 տոլար է:

Զգեստին գինը ընդվզում, զայրոյթ եւ վիրաւորանք պատճառած է հազարաւոր մարդոց. կարդանք անոնցմէ ոմանց մեկնաբանութիւնները.

«Ես նոյնը շուկայէն կրնամ գնել 5 տոլարի»:

«Չհամարձակիք վաճառել այն, ինչ կը պատկանի իմ ժողովուրդիս»:

«Ես տասը հատ ունիմ այս զգեստէն»:

«Հնդկաստան այս գումարով դուք կրնաք լաւագոյն ինքնաշարժը գնել»:

Մեծ վարկ վայելող իտալական նորաձեւութեան տունը ցարդ չէ հակազդած մեկնաբանութիւններուն:

7 Բան, Զորս Օրական Կը Գործածենք,
Բայց Կը Մոռնանք Մաքրելու Եւ Հականեխելու

1.- ԱԿԱՆՋԱԿԱԼՆԵՐԸ եթէ ոչ օրական, առնուազն շաբաթը 8 անգամ պէտք է հականեխել բամպակով ու ալքոլով եւ պարբերաբար խոզանակել փոքրիկ, մաքուր խոզանակով մը:

2.- ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻՆ ՄՈՒԿԸ ԵՒ ՍՏԵՂՆԵՐԸ մնայուն ձեւով մեր մատներուն հետ կը շփուին, որքան որ ալ լուացուած եւ օճառուած ըլլանք, անխուսափելի է, որ անոնք չաղտոտին եւ մանրէներ չհաւաքեն: Ասոնք եւս յաճախ հականեխուելու կարիքը ունին:

3.- ԴՐԱՆ ԲՌՆԱԿՆ ՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ԿՈՃԱԿԸ իսկակա՛ն մանրէներու բոյն են: Ասոնք անձնական իրեր չեն եւ ձեզմէ բացի` ուրիշներ ալ կը դպչին անոնց. հետեւաբար ձեր եւ ձեր ընտանիքին անդամներուն առողջութեան համար եթէ ոչ օրական, առնուազն շաբաթը երեք անգամ հականեխեցէք զանոնք:

4.- ՀԵՌԱԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՎԱՀԱՆԱԿԸ ձեռքէ ձեռք անցնող ամենաաղտոտ իրերէն մէկն է. յաճախ հականեխեցէք զայն խոնաւ լաթով` ի հարկին օգտագործելով ականջ մաքրելու ցպիկները:

5.- ԼՈԳԱՐԱՆԻՆ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ. այնպէս ինչպէս ակռայի խոզանակները, հեղուկ օճառին սրուակը եւ ակռայի խոզանակներուն գաւաթը շաբաթական դրութեամբ պէտք է մաքրուին տաք ջուրով եւ օճառով, որքան որ ալ երեւութապէս մաքուր թուին:

6.- ՓՈՔՐԻԿ ԽԱՂԱԼԻՔՆԵՐԸ. պարբերաբար զանոնք զետեղեցէք ցանց-տոպրակի մը մէջ եւ լուացքի մեքենային մէջ լուացէք ու արեւին տակ չորցուցէք: Կրնաք օգտագործել սովորական լուացքի հեղուկը, բայց նաեւ` ճերմակ քացախ կամ պէյքինկ սոտա: Այս ձեւով դուք կ՛ապահովէք ձեր երեխաներուն առողջութիւնը եւ կը պաշտպանէք փոշիի հետ կապուած գերզգայնութիւններէ:

7.- ՇՈՒԿԱՅԻ ԿՏԱՒԷ ՊԱՅՈՒՍԱԿԸ. զայն լուացէք մեքենային մէջ կամ ձեռքով եւ արեւին չորցուցէք: Ձեր ընտանիքին առողջութիւնը նաեւ կախեալ է այդ պայուսակին մաքրութենէն:

Սննդագիտական

 Պտուղներու Ջերմուժի Ցուցակ

Հիւթեղ, համեղ եւ կենսանիւթերով հարուստ պտուղները թէ՛ սննդարար են եւ թէ՛ զովացնող` ամրան այս տաք օրերուն:

Բայց ինչպէս բոլոր ուտելիքները, պտուղներուն սպառումը եւս պէտք է չափաւորել, մանաւանդ եթէ սննդականոնի կը հետեւիք կամ շաքարախտաւոր էք:

Ստորեւ կը ներկայացնենք պտուղներու ջերմուժի ցուցակը` իւրաքանչիւր 100 կրամի համար:

– Խնձոր` 52
– Ձմերուկ` 30
– Սեխ` 32
– Ծիրան` 48
– Տանձ` 53
– Խաղող` 69
– Կեռաս` 65
– Կիտրոն` 30
– Անանաս` 55
– Սալոր` 57
– Պանան` 9.0
– Դեղձ` 54
– Մանկա` 65
– Թուզ` 75
– Քիվի` 60
– Նուռ` 83

Անշուշտ այս թիւերը կը փոխուին ըստ պտուղի տեսակին եւ նոյնիսկ գոյնին:

Խոհագիր

Խաշած Եգիպտացորեն`
Ազատքեղով

Եգիպտացորենը թէ՛ մեծերու եւ թէ՛ փոքրերու սիրած ուտելիքն է: Զայն կարելի է մատուցել խաշած կամ խորոված, կարագով եւ այլազան համեմներով թրծուած:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք եգիպտացորենի պարզ բաղադրատոմս մը:

Բաղադրիչներ`

– 4 եգիպտացորեն
– 4 թէյի դգալ կարագ
– 1 թէյի դգալ աղի փաթիլներ (ոչ քարաղ) կամ սովորական աղ
– Սեւ փոշի պղպեղ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ

Պատրաստութիւն

Խոշոր կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, 2 կամ 3 մասերու բաժնուած եգիպտացորենները խաշել, մինչեւ որ հատիկները փափկանան:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել տաք եգիպտացորենները, իւրաքանչիւրին վրայ կտոր մը կարագ դնել, ցանել աղի փաթիլներն ու սեւ համեմը եւ զարդարել մանրուած թարմ ազատքեղով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Լռել են արդէն երգերը հզօր
Ու էլ չեն հնչում խօսքերը հպարտ,
Խաւարն է գերել մեր հոգին այսօր
Եւ լռութիւնը յաւէտ մահապարտ:

Սեւ գնդերն ահա կազմել են շարքեր
Արիւնուած երկրում, ուր երէկ այնպէս
Շաչում էիք դուք, հրեղէն երգեր,
Եւ ալեկոծում փողոց ու կրկէս:

Դաժան ցնծութեամբ թշնամին ահա
Իր սեւ յաղթութեան խնճոյքն է տօնում,
Հռհռում է մեր տանջանքի վրայ,
Արիւնով հարբած` արիւն է խմում…

Լցուած է արդէն բաժակը թունոտ,
Համբերելու ժամն անցել է արդէն.
Ելնե՜նք ճչալու խնդութեամբ քինոտ
Ու հպարտ կանգնենք մութ բռնութեան դէմ:

Այս դառն օրերի մթնում մահաբեր,
Արնոտ խնճոյքի այս սեւ զնտանում
Դաւաճա՛ն է նա, ով լռում է դեռ,
Մատնի՛չ է, ով իր սուրը չի հանում…

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>