Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Այլազան. Ձեր Նախասիրած Ոգելից Խմիչքը Կը Բացայայտէ Ձեր Բնաւորութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ֆրանսական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, կնոջ բնաւորութիւնը կարելի է գուշակել ըստ անոր նախասիրած ոգելից խմիչքին:

Այսպէս`

– ՕՂԻ-ՎՈՏՔԱ կը խմեն ամուր բնաւորութեամբ եւ զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող կիները: Անոնք երբեք չեն թաքցներ իրենց ցանկութիւնները ու շատ դանդաղ կը հարբին:

– ՔՈՆԵԱՔԸ միջին տարիքի կիներու խմիչքն է: Անոնք պէտք ունին տաքութեան եւ հոգատարութեան` պահպանելու համար իրենց հմայքն ու հաւատարմութիւնը: Քոնեաքի սիրահար կիներ շատ արագ կը հարբին:

– ՇԱՄՓԱՅՆ կը նախընտրեն ծիծաղկոտ եւ ուրախ կիներ: Անոնք շատ արագ կը գինովնան եւ կ՛անջատուին իրենց շրջապատէն: Կը սիրեն տարիքով մեծ մարդու հետ ամուսնանալ: Սիրոյ մէջ դաւաճանութիւնը յանցանք չեն համարեր…

– ՈՒԻՍՔԻ կը խմեն ինքնավստահ ու բարդութիւններէ զերծ կիներ: Խմելէ ետք կրնան աննախատեսելի դառնալ: Կը հարբին շատ արագ եւ առաւօտեան չեն սիրեր յիշել նախորդ օրուան իրադարձութիւնները:

– ԿԱՐՄԻՐ ԳԻՆԻ կը սիրեն զգացմունքային, կրքոտ բնաւորութեամբ կիները: Արտաքնապէս զուսպ թուալով հանդերձ, փոթորկոտ ներաշխարհ մը կ՛ունենան: Կարմիր գինիի սիրահարները կը հարբին դանդաղ եւ ճաշակով:

– ՍՊԻՏԱԿ ԳԻՆԻ կը նախընտրեն զուսպ, իրենց արժէքը բարձր գնահատող, պաղարիւն, շատ զգուշաւոր, փափկանկատ եւ աշխարհիկ կենսակերպը սիրող կիներ: Անոնք նաեւ շատ հետաքրքրական զրուցակիցներ են:

– ԳԱՐԵՋՈՒՐ «առանց աւելորդ պահանջներու» կիներու համար է: Անոնց հետ զրուցելը հաճելի եւ հարստացնող է: Անոնք անփոխարինելի ընկերներ են` վստահելի ու գուրգուրոտ:

– ԼԻՔԷՕՐՆԵՐԸ «քաղցր» կիներու համար են: Անոնք կը նախընտրեն տնային կենսակերպը եւ բացառիկ խոհարարներ ու տնտեսուհիներ են: Շատ նուիրուած են իրենց ընտանիքին եւ կը սիրեն… թանկարժէք նուէրները:

Առողջապահական

 Ամրան Եղանակին Կ՛աւելնայ Աղիքային
Վարակիչ Հիւանդութիւններու Հաւանականութիւնը

Ամրան եղանակին ջերմաստիճանի բարձրացման հետ կ՛աճի աղիքային վարակիչ հիւանդութիւններու եւ սննդական թունաւորումներու առաջացման եւ տարածման վտանգը: Տան մէջ մաքրութիւնը կը սկսի խոհանոցէն եւ անշուշտ` տանտիկինէն. ահաւասիկ քանի մը գործնական թելադրանք` սննդական թունաւորումները կանխարգիլելու համար:

Ձեռքերը Լուացէ՛ք

Ձեռքերը յաճախ լուացէք` ճաշի պատրաստութենէն առաջ, շուկայէն վերադարձին, աղբամանը կամ այլ աղտոտ իրեր ձեռնելէ ետք: Իսկ լուալը օճառով կ՛ըլլայ եւ ոչ` հոսող ջուրին տակ բռնելով:

Պտուղներն Ու Բանջարեղէնները Լուացէ՛ք

Շուկայէն բերուած ուտելիքները օճառով, դեղով կամ ճերմակ քացախով լուացէք ու հականեխեցէք նախքան սառնարանը տեղաւորելը:

Սառնարանը Մաքրեցէ՛ք

Ամիսը անգամ մը սառնարանը հիմնական մաքրեցէք օ տը ժաւելով եւ ջուրով: Քացախը նոյնքան ազդու միջոց է:

Գոց Տուփեր Օգտագործեցէ՛ք

Պանրեղէնները, կերակուրներու մնացորդները, մսեղէնները կափարիչով օժտուած տուփերու մէջ տեղաւորեցէք նախքան սառնարան փոխադրելը:

Կերակուրներու Մնացորդները Երկար Չպահէք

Ամրան տաք եղանակին կերակուրներուն մնացորդները սառնարանէն դուրս չպահել: Նոյնիսկ եթէ սառնարանին մէջ են փորձեցէք զանոնք սպառել յաջորդող օրերուն:

Խոհանոցի Աշխատանքի Տախտակը Մաքուր Պահեցէ՛ք

Նախընտրելի է, որ ունենաք առնուազն 2 տախտակ, մէկը մսեղէններու, միւսը` բանջարեղէններու համար: Շատ կարեւոր է, որ այս աշխատանքի տախտակները մարէազերծէք օ տը ժաւելով, քանի որ յատկապէս միսինը եւ ձուկինը կրնան զանազան թունաւորումներու դուռ բանալ:

Ուտելիքներուն Սպառումի Ժամկէտը Ստուգեցէ՛ք

Գնումի ժամանակ ուտելիքներուն սպառումի ժամկէտը ստուգեցէք պիտակներուն վրայ: Նաեւ հրաժարեցէք կիսաբաց, ուռած ծրարումներէն:

Նաեւ`

– Հրաժարեցէք արեւի ճառագայթներուն տակ կամ փոշոտ մայթերու վրայ գտնուող կրպակներէն պաղպաղակ, սերով հրուշակեղէն, մայոնեզով սենտուիչներ եւ կաթնամթերք գնելէ:

– Լիբանանի մէջ, ուր դժբախտաբար ելեկտրական հոսանքը յաճախ կ՛ընդհատուի, սառնարաններուն մի՛ վստահիք եւ մեծաքանակ ուտելիք մի՛ ամբարէք:

Արագ Միջոց` Ճանճերէն Եւ
Մժեղներէն Պաշտպանուելու Համար

Ինչպէս ամէն տարի, ամրան եղանակին տհաճ ճանճերն ու մժեղները կը ներխուժեն մեր տուներէն ներս եւ զարմանալի արագութեամբ կը բազմանան:

Բացի մժեղներու զզուելի խայթոցներէն` թէ՛ ճանճերը եւ թէ՛ մժեղները մեր առողջութեան սպառնացող եւ մարէներ փոխադրող միջատներ են, որոնցմէ ամէն գնով պէտք է պաշտպանուիլ:

Ահաւասիկ արագ եւ ազդու միջոց մը` զանոնք հեռու քշելու համար:

Առէ՛ք դեղին եւ կանաչ կիտրոններ, զանոնք կիսեցէք եւ իւրաքանչիւրին վրայ տասնեակ մը մեխակի գամ մխրճեցէք: Կիտրոնները դրէք բաց ամաններու մէջ եւ զետեղեցէք տան սենեակներու եւ յատկապէս խոհանոցին մէջ:

Շաբաթական դրութեամբ նորոգեցէ՛ք կիտրոններն ու մեխակի գամերը, որոնք իրենց բոյրն ու ազդեցութիւնը կորսնցուցած կ՛ըլլան: Բացօթեայ վայրերու եւ ընդարձակ սենեակներու պարագային, կիտրոններուն քանակը աւելցուցէք:

Փորձառուներու կարծիքով, ռեհանի տունկերը, բաժակներու մէջ լեցուած քացախը կամ օճառ-ջուրը նոյնպէս ունին ճանճերն ու մժեղները վանելու կարողութիւն: Կ՛արժէ փորձել…

Ձեռային Աշխատանք

 Բջիջային Հեռախօսի Յենարան

Այս դիւրին եւ արագ պատրաստուող յենարանը շատ գործնական է` ըլլայ գրասեղանին վրայ հաստատելու, ըլլայ խոհանոցը աշխատանքի սեղանին վրայ զետեղելու համար: Զայն իրագործելու համար անհրաժեշտ են:

– Խաւաքարտէ խողովակ մը (զուգարանի թուղթինը կարելի է օգտագործել),
– Կտոր մը նուէրի թուղթ կամ գունաւոր խէժերիզներ,
– Չորս հատ փլասթիք գլուխով փիւնեզ:

Պատրաստութիւն

– Քաթըրով մը խաւաքարտէ խողովակին կեդրոնը ճեղք մը բանալ` (ձեր հեռախօսին լայնքով, ապա այդ ճեղքը քիչ մը մեծցնել:
– Խաւաքարտէ խողովակը ծածկել նուէրի թուղթով եւ կամ` գունաւոր խէժերիզներով փաթթել:
– Չորս փիւնեզները որպէս ոտք հաստատել յենարանին յատակին:
– Վերջապէս` տեղաւորել բջիջային հեռախօսը:

Խոհագիրի Մը Պատմութիւնը

Թաթխան

Թաթխան կը նշանակէ հացը մէջը թաթխելու համար նախատեսուած թացան: Սերմերէ, հատկեղէններէ, ընկոյզէ եւ տարբեր համեմունքներէ պատրաստուած իւրայատուկ ուտելիք մը, որ տարածուած էր յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի շատ մը շրջաններու մէջ: Բերքահաւաքէն ետք գիւղացին չորցուցեր եւ ապա բովեր է դդումի, արեւածաղիկի, սեխի- ձմերուկի կուտերը եւ յետոյ աղացեր: Ուտելու ատեն անոնց վրայ ձէթ լեցուցեր է եւ հացը մէջը թաթխելով` ճաշակեր:

Տակաւին մէկ դար առաջ մեր հայկական կենցաղին մէջ առկայ էր միասին, համընդհանուր մէկ ամանէ ճաշակելու մշակոյթը: Բնականաբար իւրաքանչիւրն ունէր իր դգալը, սակայն որոշ ճաշերու պարագային հացի օգնութեամբ բրդուճ ընելով կը ճաշակէին:

Հինէն ի վեր հացը հանապազօրեայ ուտեստ է հայերուս համար` ի տարբերութիւն այլ ազգերու, որոնք ճաշի կողքին բրինձ, գետնախնձոր կամ դդմաճ կը մատուցեն:

Եւ այսպէս, հին ժամանակներէն մեզի աւանդուած է հացը ճաշին մէջ թաթխելով ուտելու սովորութիւնը: «Թաթիան» բացառիօրէն կը նշանակէ Dip, այլ հոմանիշներ կամ նոյնանման բառեր են` թանձրուկ, թանձրոյթ, թանձրակ, խիւս, մածուկ, թացան եւ այլն…

Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու հայ գաղթօճախներու խոհանոցային մշակոյթին մէջ փոխառուած են որոշ արաբական  թաթխաններ, ինչպէս օրինակ` հըմմոսը, մութապպալը, մուհամմարան եւ այլն… նոյնիսկ որոշ հայկական խոհագիրներու մէջ ներկայացուած են որպէս հայկական ուտեստ, սակայն անոնց ծագումը արաբական է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հայկական թաթխանի համեղ եւ հետաքրքրական բաղադրատոմս մը:

Անհրաժեշտ բաղադրիչներ

– 1 ապուրի դգալ արեւածաղիկի սերմ
– 1 ապուրի դգալ դդումի սերմ
– 1 ապուրի դգալ շուշմա
– 1 ապուրի դգալ մանրուած ընկոյզ
– Ձիթապտուղի ձէթ` ըստ ճաշակի
– Մէկական պտղունց սեւ պղպեղ, քիմիոն, աղտոր, ուրց
– Աղ ըստ ճաշակի

Պատրաստութիւն

Վերը յիշուած բաղադրիչները լեցնել փոս ամանի մը մէջ եւ խառնել: Մատուցելու պահուն աւելցնել ձիթապտուղի ձէթը` ըստ ճաշակի:

Կարելի է այս բաղադրատոմսը հարստացնել ձեր երեւակայութեան զարկ տալով: Ծոթրինը (բոլորիս սիրելի զաաթարը, չոր անանուխը, կարմիր փոշի պղպեղը հետաքրքրական տարբերակներ են:

Շաբթուան Մտածումը

Քոնն ուրիշին չտա՛ս:

Ինչքան տուեցիր, տանելու են, ինչքան տարան, խփելու են, ինչքան խփեցին, ուժեղանալու են, ուժեղացան` քամահրելու են…

Էս աշխարհը մարդակերի աշխարհ է, զաւա՛կս, չափազանց բարի լինել` կը նշանակի յանձնուել:

Չպիտի յանձնուես, ծաղիկը որ ծաղիկ է, խոտը որ խոտ է, էլի պաշտպանութիւն ունի, դառնութիւն ունի, փուշ ունի:

ՀՐԱՆԴ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ

«Ծառերը»

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>