Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Փորձ-Հարցարան. Ձեր Խոհանոցը Կը Պատմէ Ձեր Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Այնպէս, ինչպէս մեր նիստ ու կացը, հագուածքը կամ խօսելաոճը, նոյնպէս ալ ձեր տան կահոյքն ու յարդարանքը, բայց մանաւանդ խոհանոցը շատ բան կը պատմեն ձեր մասին: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն, ապա կարդացէք մեկնաբանութիւնը:

-1-

Ձեզի համար ձեր խոհանոցը`

ա.- Աշխատանքի տարածք մըն է, եւ ամէն ճիգ կը թափէք զայն մաքուր ու գեղեցիկ պահելու համար:
բ.- Ներշնչումի վայր է:
գ.- Տան նախասիրած սենեակն է:

-2-

Ամէն առտու ի՞նչ բան կը ստուգէք, երբ խոհանոց մտնէք:

ա.- Օրուան ճաշացուցակը:
բ.- Կոկիկութիւնը:
գ.- Ձեզի շատ սիրելի բոյսին վիճակը:

-3-

Կը փնտռէք ձեր ամէնօրեայ սուրճի բաժակը`

ա.- Անմիջապէս կը գտնէք զայն:
բ.- Մէկ-երկու դարան ստուգելէ ետք, վերջապէս կը գտնէք զայն:
գ.- Չէք գտներ, կը ջղայնանաք, ըստ երեւոյթին, լուացարանին մէջ է, մոռցած էք նախորդ օրը լուալու:

-4-

Ձեր խոհանոցի աշխատանքի սեղանը առհասարակ`

ա.- Շատ կոկիկ է:
բ.- Քիչ թէ շատ կոկիկ է:
գ.- Արշակաւան մըն է:

-5-

Խոհանոցի աշխատանքներէն ո՞րն է ձեր նախասիրածը.

ա.- Մաքրութիւնն ու դասաւորումը:
բ.- Կերակուրի պատրաստութիւնը:
գ.- Կերակուրներու մատուցման ձեւն ու յարդարանքը:

-6-

Խոհանոցային ո՞ր գործը ատելի է ձեզի համար.

ա.- Տապկոցի արարողութիւնը:
բ.- Կերակուրը ժամանակին հասցնելը:
գ.- Սպասները լուալը:

-7-

Դուք օրական խոհանոց կը մտնէք`

ա.- Մեծ հաճոյքով:
բ.- Որպէս պարտականութիւն:
գ.- Որպէս տաժանակիր աշխատանք:

-8-

Եթէ մեծ գումար մը շահէիք,

ա.- Կը բարեկարգէիք ձեր խոհանոցը (յատակ, պահարաններ, կահոյք…)
բ.- Խոհարար մը կը բերէիք…
գ.- Օրական պատուէրով կերակուր բերել կու տայիք…

Մեկնաբանութիւն

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, կեանքի մէջ կազմակերպուած եւ կատարելապաշտ անձ էք: Ձեր խոհանոցը նաեւ կ՛արտացոլացնէ ձեր կազմակերպուած միտքը, խոհանոցային գործի հանդէպ ձեր յանձնառութիւնն ու բծախնդրութիւնը: Այս իսկ պատճառով ձեր գործը դժուար թէ կաղայ, իսկ ձեր պատրաստած կերակուրները միշտ համեղ են:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, հաճելին օգտակարին միացնող անձ էք: Պզտիկ օրինազանցութիւններ կ՛արտօնէք դուք ձեզի, սակայն գիտէք ձեր սահմանները, եւ դժուար թէ ձեր գործը տուժէ: Դուք ձեր խոհանոցին գերին չէք, կը սիրէք խոհանոցային գործը եւ հաճոյք կը ստանաք անկէ:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ցաւօք դուք կոկիկ անձ մը չէք, եւ այդ իսկ պատճառով ձեր գործը յաճախ կը տուժէ: Միւս կողմէ, սակայն, դուք արուեստագէտի խառնուածքով եւ ստեղծագործ միտքով շնորհուած էք, սակայն այս յատկութիւնները բաւարար չեն ձեր խոհանոցային հմտութիւնները զարգացնելու:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

– Տան բոյսերուն տերեւները ամիսը անգամ մը շփեցէք նարինջի կեղեւով, որպէսզի ձեր սիրելի փիսիկը հեռու պահէք անոնցմէ:

***

– Արդէն 80-ական թուականներէն ՆԱՍԱ-ն փաստած է, որ կարգ մը բոյսեր ապականած օդը մաքրելու յատկութիւն ունին: Հետեւաբար թելադրելի է, որ տան տարբեր անկիւնները բաղեղի եւ «կեսուր մամայի լեզու»-ի թաղարներ զետեղէք վերոյիշեալ բոյսերուն յատկութիւններէն օգտուելու եւ տան օդը մաքուր պահելու համար:

***

– Այրած քիմքին արագ դարման գտնելու համար, եթէ տունը գինի ունիք, մեծ ումպ մը ձեր բերնին մէջ որոշ ժամանակ մը պահեցէք: Սառոյցի կտոր մը նոյնպէս կրնայ մեղմել ցաւը: Նոյնքան ազդու է աղի ջուրով բերնի ողողումը:

***

– Ծորակները մաքրելու եւ փայլեցնելու համար օգտագործեցէք ակռայի դեղը: Մածուկով շփեցէք ծորակը, առատ ջուրով ցօղուեցէք եւ մաքուր, չոր լաթով մը փայլեցուցէք:

***

– Ձեռքերուն վրայէն ձուկի, սոխի, ծխախոտի անախորժ հոտէն ձերբազատելու համար զանոնք շփեցէք կիտրոնով, սուրճի մրուրով կամ պէյքինկ սոտայով:

***

– Նախքան խաշած հաւկիթը շերտելը` դանակին շեղբը տաք ջուրին մէջ դրէք եւ յետոյ կտրեցէք. այսպիսով հաւկիթը դանակին չի փակչիր եւ կանոնաւոր շերտեր կը ստանաք:

Այլազան

 Կենսաքայքայուող Դիմակներ

«Քորոնա»-ի համաճարակը մեծ բանավէճ ստեղծեց վերամշակման եւ բնութեան վրայ մեր ազդեցութեան շուրջ, քանի որ մարդոց կողմէ քանի մը անգամ օգտագործուող դիմակները կը յայտնուին լողափներուն եւ ամէնուրեք ու երկար ժամանակի վրայ կը վնասեն բնութեան: Հետեւաբար պէտք է մտածել զանոնք վերամշակելու խելամիտ միջոցներու կամ նոյնիսկ կենսաքայքայուողներու ստեղծման մասին:

Եւ այսպէս, խելամիտ հոլանտուհի մը, որ մասնագիտութեամբ կրաֆիք տիզայնըր է, ստեղծագործական լուծում մը գտած է այս հարցին: Մարիան Կրոթ-Պոնս հնարած է այնպիսի դիմակներ, որնք ծաղիկի հունտեր կը պարունակեն… Ուստի օգտագործուած դիմակները փոխանակ աղբամանին մէջ թափելու` կարելի է հողին մէջ «ցանել» եւ ծաղիկներ աճեցնել:

Երեխներու Լսողական Սարքեր

Բրիտանուհի Սառա Այվըրմին 4 տարեկան Ֆրետիին մայրն է: Ան խոր ցաւ ապրեցաւ, երբ մանչուկին ծնունդէն ամիսներ անց լսողութեան կորուստ ախտորոշուեցաւ, եւ մանչուկը դատապարտուեցաւ ցկեանս լսողական սարքով ապրելու:

Ժամանակի ընթացքին Սառա նկատեց, որ լսողական այդ սարքերը կը նեղացնեն մանչուկին` յատկապէս իրենց տեսքով, նաեւ այն պատճառով, որ տարեկից ընկերներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն:

Հնարամիտ բրիտանուհին իր ցաւն ու մտահոգութիւնը բաժնեց նոյն կացութեան մատնուած այլ ծնողներու հետ եւ 2014-ին հիմնեց իր սեփական ընկերութիւնը` Lugs-ը, որ երեխաներու լսողական սարքերը զարդարող ամբողջ հաւաքածոներ կ՛առաջարկէ. հոն կարելի է գտնել «սիւփըրհերոս»-ներ (Պաթման, սիւփըրման…), լեկոյով տարբերակներ եւ աղջնակները գոհացնող ծաղկային ձեւաւորումներ:

Սառային «պիզնես»-ը արդէն մեծապէս յառաջ գացած է, պատուէրները չեն դադրիր, լուծուած է նաեւ չորսամեայ Ֆրետին հարցը, ան հպարտութեամբ կը կրէ իր մայրիկին ստեղծագործութիւնները:

Խոհագիր

 Մածունով Դդում

Բաղադրիչներ

2-3 միջակ չափի դդում
3 ապուրի դգալ բուսական ձէթ
1 գաւաթ մածուն
1 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
2 պճեղ սխտոր (ճզմուած)
Աղ, սեւ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Տապակին մէջ 3 ապուրի դգալ ձէթը տաքցնել եւ կլոր շերտուած դդումները երկու երեսով տապկել, ապա ծծուն թուղթի վրայ շարել, աղել, համեմել:

Ամանի մը մէջ խառնել մածունը, ճզմուած սխտորը, աղն ու մանրուած ազատքեղը:

Դդումի շերտերը շարել բաց ամանի մը մէջ, վրան թափել մածունը, երեսը զարդարել ազատքեղի տերեւներով եւ մատուցել տաք կամ պաղ վիճակով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Սարեր

Հազար շապիկ մաշա՛ծ սարեր,
Իրար ծոցում
Իրար կարօտ քաշա՛ծ սարեր,
Քարո՛տ սարեր, խաւո՛տ սարեր,
Սարե՛ր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
Իրար բաշից կախուա՛ծ սարեր,
Աստծոյ փէշից կախուա՛ծ սարեր,
Բարձրի՛կ սարեր, քաղցրի՛կ սարեր,
Սարե՛ր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
Հազար որոտ լսա՛ծ սարեր,
Ամպերի մէջ մրսա՛ծ սարեր,
Թրջուա՛ծ սարեր, թրծուա՛ծ սարեր,
Սարե՛ր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
Գլուխ գլխի քնա՛ծ սարեր,
Արեւի մէջ շիկնա՛ծ սարեր,
Օրհնա՛ծ սարեր, յոգնա՛ծ սարեր,
Սարե՛ր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
Հազար ամպրոպ տեսա՛ծ սարեր,
Հազար ճամբորդ տեսա՛ծ սարեր,
Փորձուա՛ծ սարեր, փոխուա՛ծ սարեր,
Սարե՛ր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
Խօսք-աղօթքի կարօ՛տ սարեր,
Մարդու ոտքի կարօ՛տ սարեր,
Սարո՛տ սարեր, ցաւոտ սարեր,
Սարե՛ր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>