Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Տօներ Աւանդութիւններ. Խաղողօրհնէքի Տօն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հայ եկեղեցին իր հինգ մեծ տօներէն` տաղաւար տօներէն մէկը նուիրուած է Աստուածածնին` ըստ Յիսուսի կողմէ կատարուած խոստումին, զինք իր մօտ` երկինք տանելու աւանդութեան, որ մեծ շուքով կը նշուի ամէն տարի օգոստոս ամսուան 15-ին ամենամօտ կիրակին:

Ինչպէս արտօնուած չէր խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ալ արտօնուած չէր խաղող ուտել մինչեւ օգոստոսի 15-ին նախորդող կամ յաջորդող կիրակի օրը` խաղաղօրհնէքի տօնը:

Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու մէջ աւանդաբար պահպանուած սովորութիւն կայ հասած առաջին բերքը, առաջին պտուղները զոհաբերել ուխտավայրի եւ յետոյ միայն կարելի էր ուտել:

Հայերուս մէջ տարբեր տօներու զոհաբերուող ուտելիքներն էին հաւկիթը` Զատիկին, կաթնովը` Համբարձումին, հասկեր ու խնձոր` Վարդավառին, հատեղէնները Նոր տարիին, չոր ու թարմ զանազան պտուղներ` Տեառնընդառաջին եւ Ս. Սարգիսին, իսկ խաղողը` Աստուածածնին:

Քրիստոնէութեան շրջանին ընդհանրացած սովորութիւն էր առաջին խաղողի ողկոյզները քահանային օրհնել տալ: Խաղաղօրհնէքի տօնակատարութիւնը տարբեր շրջաններու մէջ որոշ տարբերութիւններ ունէր: Օրինակ, Քեսապի մէջ շաբաթ օրը բոլոր թոնիրները կը վառէին եւ կիները ձէթով բոկեղ կը թխէին: Կիրակի առաւօտեան տղամարդիկ խաղող, իսկ կիները բոկեղ կը տանէին եկեղեցին:

Դարձեալ Քեսապի մէջ, կիրակի անպայման սմբուկով ու սիսեռով ճաշ կ՛եփէին: Այդ սմբուկը սովորաբար տարուան առաջին բերքը կ՛ըլլար: Այնքան տարածուած էր այս ճաշատեսակը, որ շրջակայքի թուրքերը Աստուածածնի տօնը «Պատընճան պայրամ», կը կոչէին:

Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ տեղացիները օրերով կը պատրաստուէին օգոստոսեան ուխտագնացութեան, իսկ բուն տօնին օրը մտերիմներ, ծանօթներ, ազգականներ նախապէս ընտրելով իրենց տօնական ուխտավայրը, ճամբայ կ՛իյնային` երբեմն ամբողջ գիշեր մը քալելով, որպէսզի արեւածագը դիմաւորեն նշանակուած վայրին մէջ:

Առաւօտեան ուխտավայրը հաւաքուած բազմութիւնը արեւածագը կը դիմաւորէր տօնական տրամադրութեամբ, խնճոյքի պատրաստութիւններով: Մինչ մեծերը մատաղներ կ՛ընէին, սեղան կը պատրաստէին, երիտասարդներու խումբ մը լախտի, ըմբշամարտ, գօտեմարտ եւ այլ խաղեր կը կազմակերպէր, ուրիշ խումբ մը կը պարէր: Կէսօրին խումբերով կը նստէին խնճոյքի սեղանը ճոխացուած կ՛ըլլար համադամ կերակուրներով, առատ միրգով, կաթնասերով, գաթայով, հալվայով եւ անշուշտ` մատաղի միսով:

Յատկապէս խնամիները խիստ պարտաւորուած էին զիրար պատուել նորահաս պտուղներով, իսկ նորապսակ հարսը կամ նշանուած աղջիկը ամուսինի կամ փեսացուին ազգականներէն կը ստանար մեծաքանակ սկուտեղներ, միրգեր եւ այլ նուէրներ:

Թէկուզ վերը յիշուած սովորութիւններուն մէկ կարեւոր մասը գոյութիւն չունի մեր օրերուն, բայց եւ այնպէս Ս. Աստուածածնայ տօնի կիրակին մեծ թիւով հաւատացեալներ կիրակի առաւօտեան կ՛ուղղուին եկեղեցի, ուր կը մատուցուի Ս. պատարագ, որուն` աւարտին օրհնուած խաղողէն բաժին մը առնելով` կը վերադառնան տուն: Յաջորդ օրը` երկուշաբթի մեռելոց է:

Ձեր Պատասխանները
Կը Պատմեն Ձեր Մասին

Պատասխանեցէ՛ք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն` ընտրելով երեք հաւանական պատասխաններէն մէկը: Գումարեցէ՛ք միաւորները եւ կարդացէ՛ք արդիւնքը:

1

Ընդունա՞կ էք ծիծաղելու ձեր սեփական թերութիւններուն վրայ:

ա.- Անշուշտ, առողջ ինքնաքննադատութիւնը բնական երեւոյթ է: 1
բ.- Ո՛չ, երբեք: 3
գ.- Նեղ շրջանակի մէջ` թերեւս, բայց ոչ բազմութեան մէջ: 2

2

Կը յանդգնի՞ք համարձակ հագուստ հագնիլ:

ա.- Բնա՛ւ: 3
բ.- Այո՛: 1
գ.- Այո, դիմակահանդէսի ժամանակ: 2

3

Ձեր կարծիքով, ի՞նչը առաջնահերթ է ամուսնական կեանքի մէջ:

ա .- Փոխադարձ յարգանքը: 2
բ.- Սէրը: 3
գ.- Միասին ըլլալու հանգամանքը: 1

4

Կրնա՞ք ապրիլ աշխարհէն կտրուած վայրի մը մէջ:

ա.- Ամէն ինչ հնարաւոր է: 1
բ.- Երբե՛ք:
գ.- Այո՛, գոնէ ձեզ խանգարող չ՛ըլլար:

5

Կեանքի մէջ ի՞նչը առաջնահերթ է ձեզի համար:

ա.- Ուղղամտութիւնը: 1
բ.- Զուարճանքը: 2
գ.- Հաճոյախօսութիւնները: 3

6

Գործի անյաջողութեան պարագային, կը մեղադրէ՞ք ձեր շուրջինները:

ա.- Այո՛, եթէ մեղաւոր են: 3
բ.- Այո՛, առանց բարձրաձայնելու: 1
գ.- Բոլորը կը մեղադրեմ: 2

7

Միշտ կը ձգտիք առաջինը հանդիսանալ:

ա.- Այո՛, միայն առջեւէն գացողն է, որ յաջողութեան կը հասնի: 3
բ.- Ոչ, ատիկա աւելորդ լարուածութիւն կը ստեղծէ մօտս: 1
գ.- Այո՛, միայն գործի պարագային:

Արդիւնք

– Եթէ 7-11 հաւաքեցիք, չէք վարանիր դուք ձեզի բաց աչքերով նայելու, կը փորձէք յաղթահարել ձեր թերութիւնները, բան մը, որ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ եւ հոգեկան անդորր կը բերէ ձեզի:

– Եթէ  12-16 միաւոր հաւաքեցիք, իրատես անձ էք: Դուք յստակ եւ ճիշդ պատկերացում ունիք ձեր անձին մասին: Կը ճանչնաք եւ կ՛ընդունիք ձեր տկար եւ ուժեղ կողմերը: Կը վստահիք ձեր սեփական ուժերուն:

– Եթէ 17-21 միաւոր հաւաքեցիք, առայժմ համարձակութիւն չունիք քննադատաբար նայելու սեփական անձին, այսուհանդերձ, կ՛ընդունիք, որ շատ մը դժուարութիւններու պատճառը ինքնախաբէութիւնն է: Փորձեցէք դուք ձեզի հետ անկեղծ ըլլալ` հարթելու համար այդ դժուարութիւնները:

Լուսաւոր Գաղափարներ

 Եթէ

Եթէ փուռը վառելու համար ձեռքի տակ երկարավիզ հրահան չունիք, պարզապէս օգտագործեցէք սփակեթթի ձող մը, եւ հարցը կը լուծուի:

***

Եթէ գիրքի մը որոշ տողեր դեղին մարքըրով նշանակած էք եւ այժմ կ՛ուզէք ջնջել զանոնք, առէք ականջ մաքրելու ցպիկ մը, ծայրամասը թաթխեցէք կիտրոնի հիւթի մէջ եւ անցէք մարքըրով նշանակուած տողերուն վրայէն:

***

Եթէ ձեր բանալեկալը շատ ծանրաբեռնուած է եւ յաճախ դժուարութիւն կ՛ունենաք տան բանալին կամ այլ բանալի մը գտնելու, զայն ներկեցէք եղունգի ներկով եւ այնուհետեւ դիւրաւ կը զանազանէք զայն մնացեալներէն:

***

Եթէ ձեր երեխաները «լեկօ»-ով կամ նմանատիպ այլ խաղալիքներով յաճախ կը խաղան, զանոնք մաքրելու կարիքը կայ: Առէք լուացքի յատուկ ցանց-տոպրակը, մէջը լեցուցէք խաղալիքին մանր կտորները եւ զայն տեղաւորեցէք լուացքի կամ պնակեղէնի մեքենային մէջ ու լուացէք:

***

Եթէ կահոյքին վրայ ձեր երեխան կպչուն նկարներ փակցուցած է եւ կ՛ուզէք ձերբազատիլ անոնցմէ, օգտագործեցէք մազ չորցնող գործիքը եւ բահիկ մը: Տաք հովը կ՛օգնէ, որ սոսինձը հալի եւ նկարները դիւրին պոկուին:

***

Եթէ աւելորդ ջուրի պատճառով ձեր բոյսէն արմատները կը փտին, թաղարին յատակին քանի մը կտոր սպունգ զետեղեցէք: Անոնք կը ծծեն աւելորդ ջուրը եւ հարկ եղած ատեն խոնաւութիւն կ՛ապահովեն բոյսին:

Սննդագիտական

Խաղող Ուտելու 8 Համոզիչ Պատճառներ

Հիւթեղ ու համեմ խաղողը հարուստ է` կենսանիւթերով-հանքայիններով անթիօքիստաններով եւ բնաթելով, շնորհիւ իր այս հարուստ բաղադրիչներուն` անիկա ունի անհամար բուժիչ յատկութիւններ: Ստորեւ կը ներկայացնենք խաղող ուտելու 8 համոզիչ պատճառներ:

1.- Կը կանխարգիլէ սրտանօթային հիւանդութիւնները:
2.- Կը բարելաւէ թէ՛ կեդրոնացումը եւ թէ՛ յիշողութիւնը:
3.- Մարմինը կը ձերբազատէ վնասակար եւ թունաւոր նիւթերէն:
4.- Կը կանոնաւորէ աղիքներուն գործունէութիւնը եւ կը դարմանէ փորկապութիւնը:
5.- Կը պահպանէ մորթին առաձգականութիւնը եւ կ՛ուշացնէ անոր ծերացումը:
5.- Կը թեթեւցնէ սրունքներու ցաւը, «ծանրութիւնը», որոնք յատուկ են ամրան տաք եղանակին.
7.- Կը բարելաւէ տրամադրութիւնը:
8.- Կ՛ապահովէ բերնի, լինտերու եւ ակռաներու առողջութիւնը` զանոնք պաշտպանելով վարակներէ:

Խոհագիր

 Խաղողի Թթուաշ

Բաղադրիչներ

1 խոշոր ողկոյզ ճերմակ, առողջ խաղող
200 մլ ճերմակ պալսամիք քացախ
200 մլ ճերմակ գինի
180 կրամ շաքարաւազ
4 մեխակի գամեր
2 աստղաձեւ անիսոն

Պատրաստութիւն

Ապակեայ մաքուր շիշի մը մէջ լեցուցէք խաղողի առողջ հատիկները եւ մեխակի գամերը:

Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ լեցնել` քացախը, սպիտակ գինին, շաքարաւազն ու աստղաձեւ անիսոնը: Խառնուրդը եռացնել շուրջ 1 վայրկեան, ապա զայն աւելցնել խաղողի հատիկներուն վրայ: Ապակեայ շիշին կափարիչը լաւ փակել եւ պահել զով, մութ տեղ մը եւ 15 օր ետք համտեսել:

Շաբթուան Մտածումը

 Վիկտոր Համբարձումեանի
Կտակը

Ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծոռներիս կտակում եմ տիրապետել հայոց լեզուին: Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինի հայերէնից, անկախ այն բանից, թէ քանի տոկոս է նրա մէջ հայկական արիւնը: Այդ տոկոսը ոչինչ չի նշանակում:

Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թէ արիւն, այլ գաղափարներ եւ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է: Այդ կապակցութեամբ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սովորեցնել յաջորդին հայոց լեզու:

Գիտցէք, որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղել է ու կը մնայ, քանի ապրում եմ, հայոց լեզուին տիրապետելը:

Ցանկանում եմ երջանկութիւն բոլորիդ:

29.08.1994

25 տարի առաջ, այս օրը (12 օգոստոս 1996 ) մահացաւ հայ աշխարհահռչակ գիտնական, աստղագէտ Վիկտոր Համբարձումեանը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>