Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կնճիռներ, տարիքային բիծեր, յոգնած ու տժգոյն մորթ… Այս անպատեհութիւններուն առաջքը առնելու համար անհրաժեշտ չէ մեծ գումարներ ծախսել: Մեր ձեռքին տակ գտնուող ազատքեղը եւ անկէ պատրաստուած ծեփուկները շատ արագ կը վերականգնեն մորթին գեղեցկութիւնն ու թարմութիւնը:
Ազատքեղը կը պարունակէ բազմաթիւ օլիկօ-էլէմաններ եւ կենսանիւթեր, որոնք կ՛օգնեն ոչ միայն առողջ, այլ նաեւ գեղեցիկ, խնամուած ու երիտասարդ մնալու:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ազատքեղով պատրաստուած դիմակներու հետաքրքրական տարբերակներ` մորթի տարբեր տեսակի հարցեր լուծելու համար:
Կնճիռները Ուշացնող Ծեփուկ
Կէս կապոց ազատքեղի մաքուր տերեւները «պլենտըր»-է անցընել եւ ստացուած թանձրուկը տարածել դէմքին ու վիզին վրայ: Ձգել 15-20 վայրկեան, ապա դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:
***
Մորթը Սպիտակացնող Ծեփուկ
Կէս կապոց ազատքեղ կոթերով միասին «պլենտըր»-է անցընել, աւելցնել ապուրի դգալ մը մեղր, խառնել եւ ստացուած թանձրուկը տարածել դէմքին վրայ: Ձգել 30-40 վայրկեան, ապա դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:
***
Տարիքային Արատները Անհետացնելու Համար
Կէս կապոց ազատքեղի վրայ եռացած ջուր լեցնել, ձգել 2-3 ժամ, խառնուրդը քամոցէ անցընել եւ մաքուր բամպակի միջոցաւ հիւթով օծել դէմքը քանի մը անգամ:
***
Աչքերուն Տակի Մութ Գոյնի Արատը Մեղմացնելու Համար
Կէս կապոց ազատքեղի տերեւները մանրել եւ քիչ քանակութեամբ ջուրի մէջ եռացնել, ձգել որ պաղի, ապա ստացուած թանձրուկը լեցնել սառոյցի կաղապարին մէջ եւ սառցարան փոխադրել:
Շաբաթը 1-2 անգամ ազատքեղի սառոյցով, շրջանաձեւ շարժումներով, մարձել ամբողջ դէմքը ինչպէս նաեւ աչքերուն վարի բաժինը:
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Արեւի Լոգանքի Եւ
Արեւահարութեան Մասին
Արեւահարութիւնը առաջին աստիճանի մորթի այրուածք է:
ՃԻՇԴ: Արեւահարութեան պատճառը չափազանցուած ձեւով արեւու ճառագայթներուն պարզուիլն է գեղեցիկ գոյն ստանալու համար: Արեւահարութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մորթին վրայ կարմիր արատներ յայտնուին եւ խնդրոյ առարկայ անձին ցաւեր պատճառեն: Աւելի յառաջացած պարագաներու մորթին վրայ կը յայտնուին ջուրով լեցուած բշտիկներ, զորս պէտք չէ պայթեցնել բորբոքումներէ խուսափելու համար:
***
Արեւահարութիւնը անվտանգ եւ անցողակի մորթի վնասուածք է:
ՍԽԱԼ: Արեւահարութիւնը միջին հաշուով 2-3 օր կը տեւէ, զայն դարմանելու համար մորթը պէտք է ծեփել յատուկ սերով, հրաժարիլ արեւուն պարզուելէ եւ մանաւանդ չպայթեցնել ջուրով լեցուած բշտիկները:
Արեւահարութիւնը շատ աւելի ծանր եւ վտանգաւոր կ՛ըլլայ, եթէ արեւին վնասակար ճառագայթները թափանցած ըլլան մորթին խոր խաւերը. նման պարագայի անվարան պէտք է դիմել բժիշկի կամ դեղագործի կարծիքին:
Արեւահարութիւնը, յաճախակի կրկնուելու պարագային, խնդրոյ առարկայ անձին մօտ կրնայ մորթի քաղցկեղ յառաջացնել:
***
Կարգ մը անձեր աւելի ենթակայ են արեւահարութեան:
ՃԻՇԴ: Գիտականօրէն փաստուած է, որ բաց գոյն մորթ ունեցող անձերը շատ աւելի ենթակայ են արեւահարութեան:
***
Երբ երկինքը ամպոտ է, արեւահար ըլլալու վտանգ չկայ:
ՍԽԱԼ: Ամպերը որոշ չափով մեզ կը պաշտպանեն արեւուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն, այսուհանդերձ պէտք է բոլոր նախազգուշութիւնները առնել` նոյնիսկ ամպոտ օդին…
***
Ծովափին, երբ հովանոցի տակ եմ, ամբողջովին պաշտպանուած եմ:
ՍԽԱԼ: Թէեւ հովանոցը մեզ մասամբ կը պաշտպանէ արեւէն, սակայն գետնի աւազը ետ մեզի կը ղրկէ արեւուն ճառագայթներուն ցոլացումը, հետեւաբար, պէտք է բոլոր նախազգուշութիւնները առնել նոյնիսկ հովանոցին տակ:
***
Օրուան որոշ ժամերուն արեւը ա՛լ աւելի վնասակար է:
ՃԻՇԴ: Կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00 արեւուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթները չափազանց զօրաւոր կ՛ըլլան եւ մանաւանդ` վտանգաւոր: Եթէ այս ժամերուն ծովափը գտնուիք, պաշտպանուեցէք յատուկ սերերով եւ տեւաբար ակնոց ու գլխարկ կրելով: Անշուշտ պէտք է առատ ջուր խմել:
***
Երբ ջուրին մէջ ենք, արեւահար ըլլալու վտանգ չկայ:
ՍԽԱԼ: Թաց մարմինը ա՛լ աւելի զգայուն կ՛ըլլայ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու թափանցումին: Իսկ ջուրի կաթիլները խոշորացոյցի դեր կատարելով` աւելի եւս կը շեշտեն ճառագայթներուն ազդեցութիւնը:
***
Ծովափին, ժամը անգամ մը պէտք է վերանորոգել արեւէն պաշտպանող սերը:
ՃԻՇԴ: Արեւը, հովը, աւազն ու ջուրը պատճառ կ՛ըլլան, որ սերը իր ազդեցութիւնը կորսնցնէ, հետեւաբար թելադրելի է ժամը անգամ մը կրկին օծուիլ սերով:
Հագուստներու Եւ Աքսեսուարներու
Ճիշդ Համադրումը
Ձեւագէտները յաճախ կը շեշտեն հագուստներու եւ աքսեսուարներու ճիշդ համադրումի կարեւորութիւնն ու կանոնները: Ստորեւ` այդ կանոններէնա մէկ քանին:
– 3-4 աքսեսուարէն աւելի մի՛ օգտագործէք եւ ջանացէք, որ անոնք գոյնով եւ ոճով քիչ թէ շատ ներդաշնակուին:
– Հագուստը մի՛ ծածկէք խոշոր ֆուլար մը տակ, այսպիսով թէ՛ կը ծածկէք հագուստին կամ վերարկուին գեղեիկ օձիքը, եւ թէ կը սահմանափակէք ձեր վիզիին ազատ շարժումները:
– Խուսափեցէք նոյն գոյնի կօշիկ եւ պայուսակ կրելէ, ոճաբփաններու կարծիքով, ասիկա արդէն հնաոճ եւ սխալ համադրում է:
– Եթէ միաժամանակ ականօղեր, մանեակ, մատանի եւ ապարանջան պիտի կրէք ընտրեցէք փոքր չափի, նուրբ տարբերակները:
Լուսաւոր Գաղափարներ
«Մաֆին Քէյք»-ի Կաղապարի Օգտագործման
4 Հետաքրքրական Գաղափարներ
Կլոր բաժանումներով օժտուած այս կաղապարը վերապահուած է մաֆին քէյքերուն համար, սակայն հնարամիտ մարդիկ գտած են զայն օգտագործելու այլ տարբերակներ, այսպէս`
ա.- Երեկոյեան բացօթեայ ընթրիքի մը` որպէս «մոմակալ»:
բ.- Երեխաներուն գրենական պիտոյքները դասաւորելու ափսէ:
գ.- Բաժակ մը խմիչքի կողքին մատուցող ուտելիքներու անհատական ափսէ:
դ.- Գզրոցի մը մէջ նետուած մանր իրերը դասաւորելու ափսէ:
Խոհագիր
Ձմերուկով Կարկանդակ
Եթէ նորութիւնը եւ փոփոխութիւնը սիրող անձ էք, փորձեցէք այս իւրայատուկ կարկանդակը, որուն անհրաժեշտ բաղադրիչներն են`
– Միջակ չափի ձմերուկ մը
– Ճերմակ սեր` ձմերուկը ծեփելու համար
– Եղանակի պտուղներ
Պատրաստութիւն`
Ձմերուկին երկու ծայրամասերը կտրել: Մէջտեղի բաժինը կեղուել սուր եւ երկար շեղբով դանակի մը միջոցաւ (տեսնել նկարը):
Նախապէս պատրաստուած սերով ծեփել ձմերուկը, այնպէս որ լման ծածկուի:
Ընտրել եղանակի պտուղներ, կամ այն ինչ ձեռքի տակ ունիք եւ զարդարել կարկանդակին երեսը:
Եւ ահա ձեր կարկանդակը պատրաստ է մատուցուելու:
Շաբթուան Մտածումը
Բա գաս, խաւար, վտանգներով լեցուն միջնադարով գաս հասնես 20-րդ լուսաւոր դարի շեմին ու կոտորուե՞ս…
Բա հիմա գաս, գաս հասնես երրորդ հազարամեակի շեմին ու քո 2000 տարուայ փորձից մի դաս չքաղե՞ս:
Այդ 20 դարերի ոչ մի հատուածում, ոչ մի ճակատագրական պահի չկարողանա՞ս մի քայլ ետ կանգնես ժամանակին, մի դաշնակից աւելացնելով` մի թշնամի պակասեցնես, մի վիրաւորանք կուլ տաս, որ հետեւեալ 100 տարին չմեռնես ամօթից, մի զոհ տաս` 1000-ը խնայես, մի գիւղ տաս` 1000-ը պահպանելու համար:
Բա այսքան պարտութիւն կրես ու յաղթել չսովորե՞ս:
ՀՐԱՆԴ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ