Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Կարմիր Գինին Եւ Տուրմը Կրնան Կանխել Ծերացումը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Կարմիր գինին եւ տուրմը ունին անհամար օգուտներ` ռեսվիրաթրոլ կոչուած նիւթին շնորհիւ:

Ռեսվերաթրոլը անթիօքսիտան է` արտադրուած յատուկ բոյսերու կողմէ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ այս հակաօքսիտանի գլխաւոր աղբիւրներն են կարմիր խաղողի կեղեւը, հում քաքաոն եւ մութ գոյնի հատապտուղները:

Բժշկական ուսումնասիրութիւններ փաստած են, որ ռեսվերաթրոլը կարելի է օգտագործել բջիջները երիտասարդացնելու համար: Այս նիւթի ազդեցութենէն ետք բջիջները կը դառնան ոչ միայն երիտասարդ, այլ նաեւ աւելի աշխուժ:

Հետեւաբար, վայելելով մութ գոյնի տուրմ եւ բաժակ մը կարմիր գինի, դուք պիտի զգաք ռեսվերաթրոլի բոլոր դրական անդրադարձները: Յիշեցնենք, որ գինիի չափաբաժինը պէտք չէ անցնի մէկ բաժակը, իսկ տուրմինը` 3-էն 4 փոքրիկ քառակուսի:

10 Գործնական Միջոցներ Ամրան
Տաքէն Պաշտպանուելու Համար

Ամրան տաքը, արեւին տակ երկար ժամանակ մնալը կրնան պատճառել արեւահարութիւն, ջրազրկում եւ այլ լուրջ անհանգստութիւններ: Առողջական լուրջ հարցերու թիրախ են յատկապէս տարեցները, երեխաները եւ հիւանդ անձերը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 10 գործնական միջոցներ ամրան տաքին դիմադրելու եւ առողջական հարցերէ խուսափելու համար:

1

Առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00 տունէն չելլել եւ ինքզինք չպարզել արեւի ճառագայթներուն:

2

Տունէն ելլելու պարագային ակնոց ու գլխարկ կրել եւ անպայման շիշ մը ջուր վերցնել:

3

Օրուան ընթացքին առնուազն 1,5  լիթր ջուր խմել` նոյնիսկ ծարաւ չզգալու պարագային: Նախընտրելի է շատ պաղ եւ քաղցր ըմպելիքները զանց ընել:

4

Բամպակեայ, թեթեւ, ոչ մարմնին փակած, բաց գոյնի հագուստ կրել:

5

Միզամուղ դեղերն ու մթերքները կը  նպաստեն հեղուկի կորուստի. ասոնց շարքին են նաեւ սուրճը եւ «քոլա»-ն, հետեւաբար սահմանափակել անոնց օգտագործումը:

6

Հրաժարիլ երկարատեւ, ծանր մարզանքներէ, որովհետեւ քրտնարտադրութիւնը կրնայ ջրազրկում պատճառել: Մարզուիլ զով վայրի մը մէջ եւ անպայման մարզումէն առաջ ու ընթացքին յաճախ ջուր խմել:

7

Օրուան տաք ժամերուն, երբ արեւը կիզիչ է, լաւ փակել պատուհանները ու փեղկերը: Իսկ օրուան զով ժամերուն` առաւօտեան եւ երեկոյեան, կրկին բանալ զանոնք` տան օդը մաքրելու եւ թարմացնելու համար:

8

Առաստաղը խոշոր հովահար մը հաստատել. նախ` նուազ ծախսալից է, քան օդափոխիչը, երկրորդ` նուազ ուժեղ եւ վնասակար: Հովահար հաստատելու պարագային նկատի առնել սենեակին մեծութիւնը:

9

Օրուան ընթացքին մէկ-երկու անգամ ցնցուղ (տուշ) ընդունիլ, նախապատուութիւն տալով գաղջ կամ պաղ լոգանքներուն, եւ բաղնիքը շոգիով չլեցնել:

10

Հրաժարիլ «ծանր» սնունդէ, նախապատուութիւնը տալով բանջարեղէններուն եւ պտուղներուն:

Ամրան Տաք Օրերու Սննդականոն

Առատ ջուր խմելը, բաց գոյնի հագուստ կրելը, գաղջ ջուրով ցնցուղը, օրուան տաք ժամերուն դուրսերը չթափառիլը լաւ սովորութիւններ են ամրան տաքէն պաշտպանուելու եւ չանհանգստանալու համար: Ասոնց կողքին, սակայն, սննդագէտները կը յանձնարարեն վերատեսութեան ենթարկել ճաշացուցակը եւ հրաժարիլ կարգ մը ուտելիքներէ:

Բոլորս ալ զգացած ենք, որ տաք օդը ախորժակ կը կտրէ. ամրան եղանակին մեր մարմինը կը պահանջէ համեմատաբար թեթեւ, դիւրամարս ուտելիքներ.

– Կարմիր միսի փոխարէն կարելի է ուտել հաւեղէն կամ ձկնեղէն, որոնք նուազ իւղոտ են: Իւղոտ ուտելիքները մարսուելու համար մեր մարմնէն յաւելեալ ճիգ կը պահանջեն, ինչ որ կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը:

Հաւեղէնն ու ձկնեղէնը, իրենց կարգին, պէտք է պատրաստուին առողջապահական ձեւով` խորոված, խաշած… Ասոնք եւս կրնան ծանր եւ դժուարամարս դառնալ, եթէ տապկուին կամ իւղոտ թացաններով մատուցուին:

– Աղցանները տաք օրերու յարմարագոյն ուտելիքներն են: Աղցան ըսելով միայն վարունգ, լոլիկ եւ հազար չհասկնանք: Կարելի է պատրաստել յագեցնող ճոխ, բայց առողջապահական աղցաններ` համեղ թացաններով համեմուած:

Թացաններու պարագային կարելի է օգտագործել այլազան չոր խոտեր` խնկունի, ռեհան, սամիթ, անանուխ: Կարելի է փոխնիփոխ օգտագործել խնձորի քացախ կամ կիտրոնի հիւթ, մանանեխ, բայց հազուադէպօրէն` մայոնէզ:

Եթէ աղցանը որպէս կէսօրուան ճաշ կամ ընթրիք պիտի մատուցենք, թելադրելի է, որ զայն ճոխացնենք խաշած դդմաճով կամ «թոն»-ի կտորներով, ձիթապտուղով, խաշած գետնախնձորի կամ հաւկիթի շերտերով, բրինձով… խաշած հաւու մնացորդներ, պանիրի կտորներ եւս լաւ տարբերակներ են յագեցնող աղցան մը պատրաստելու համար:

– Փորձենք սահմանափակել քաղցրեղէնն ու ոգելից ըմպելիները, որոնք հակում ունին բարձրացնելու մարմնին ջերմաստիճանը: Նուազագոյնի հասցնենք աղանդերներու, պաղպաղակի եւ քաղցր հիւթերու օգտագործումը, նախապատուութիւնը տալով թարմ պտուղներուն եւ օգտակար խմիչքներուն` ջուր, պաղ թէյ, թան եւ այլն… Իսկ բաժակ մը ոգելից ըմպելի խմելու պարագային, բաւարարուինք բաժակ մը «ռոզէ» գինիով…

Հետաքրքրական

 Քանդակի Մը Պատմութիւնը
«Երեք Փիղ»

Երեւանի ամենասիրուած հանգստավայրերէն մէկուն` «Սիրահարների այգի»-ին մէջ տեղադրուած է լիբանանցի ժամանակակից անուանի քանդակագործ Նատիմ Քարամի «Երեք փիղ» քանդակաշարը: Նշենք, որ քանդակին մէկ այլ տարբերակը ժամանակին ցուցադրուած է Փարիզի եւ Տուպայի մէջ:

26 մայիս 2017-ին, քանդակաշարի բացման հանդիսաւոր արարողութեան առիթով տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Քարամ յայտնած է, թէ ասիկա իր առաջին Հայաստան այցելութիւնն է, ան ըսած է, թէ Լիբանանի մէջ բազմաթիւ հայ ընկերներ ունի եւ թէ ինք շատ հպարտ է Լիբանանի հայկական համայնքով:

Քանդակագործին խօսքով մեծ, միջակ եւ փոքր փիղերէ բաղկացած քանդակաշարը կը խորհրդանշէ ընտանիք, յիշողութիւն եւ ջերմութիւն: Քարամ համոզուած է, որ հայերը շատ լաւ գիտեն յիշողութեան արժէքը եւ կ՛ըմբռնեն իր ստեղծագործութեան միտք բանին:

«Սիրահարների այգի»-ին մէջ քանդակները իրարմէ հեռու տեղադրուած են` փոքրիկ բլրակներու վրայ: Քանդակագործին համոզումով, այսպէս աւելի ճիշդ է, որովհետեւ «Ասիկա սիրահարներու այգի է եւ այստեղ մարդիկ տակաւին պիտի փնտռեն ու գտնեն զիրար, ապա սիրեն, ամուսնանան եւ զաւակներ ունենան»:

Խոհագիր

Ստեպղինով Աղցան
(Մարոքեան Բաղադրատոմս)

Բաղադրիչներ

– 3 հատ խոշոր չափի ստեպղին
– 1 ապուրի դգալ մանրուած թարմ գինձ
– 1 թէյի դգալ քիմիոն
– 1-2 պճեղ սխտոր
– Կէս կիտրոնի հիւթ կամ 1 ապուրի դգալ քացախ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Ստեպղինները լուալ, կեղուել եւ կլոր կտրատել, ապա աղի ջուրի մէջ քառորդ ժամ խաշել, (այնքան մը, որ ակռայի տակ ծամուին): Խաշած ստեպղինը քամոցի մէջ փոխադրել, մինչ այդ պատրաստել թացանը:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել կիտրոնի հիւթը, ձէթը, աղն ու սեւ համեմը:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ լեցնել ստեպղինը, վրան թափել թացանը եւ զգուշ խառնել, ապա աւելցնել ճզմուած սխտորը, քիմիոնն ու մանրուած գինձը. կրկին խառնել եւ մատուցել որպէս նախուտեստ եւ կամ մսեղէնի մը կողքին:

Շաբթուան Մտածումը

Մեր հացն ուտող, ուրիշի դրանը հաջող շներից եմ վախենում: Մեզանից եմ վախենում, որ միլիոնանոց միտինգներից, Սումգայիթից ու երկրաշարժից յետոյ` էլի մէկմէկու անվերապահօրէն սիրել-ներել-հանդուրժել չսովորեցինք…

Որակազրկումից եմ վախենում, կեղծ դիպլոմներից, սուտ կոչումներից, ծակ փիլիսոփայութիւնից, բոշայութիւնից, որբացութիւնից, ծախուած դիրքերից…

Վախենում եմ մեր խելքի չգալուց: Ամէնից շատ վախենում եմ նրանցից, ովքեր ոչ մի բանից չեն վախենում, բացի աթոռ կորցնելուց:

ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles