Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հանճարեղ գրող թէ երաժիշտ, յայտնի նկարիչ թէ քանդակագործ` բոլորն ալ նախ եւ առաջ մարդ են` իրենց մեծութեամբ եւ թուլութիւններով, կենսագրական հետաքրքրական, յաճախ ուսանելի դրուագներով: Հետաքրքրական մանրամասնութիւններ, որոնք աւելի սիրելի կը դարձնեն զիրենք եւ իրենց ստեղծագործութիւնները:
– Նկարչուհի Ռեգինա Ղազարեանի յուշերէն կ՛իմանանք, որ առաջին հայեացքով Չարենցը զեխ կեանք վարող մարդու տպաւորութիւն կը ձգէր: Ծայրայեղ կարիքի մէջ անգամ ան կը շռայլէր իր վերջին կոպեկները` յանուն հաճոյքի, կը նախընտրէր մեծը, շատը, լաւը: Խանութէն կրամներով բան չէր գներ, ամէն ինչ կը վերցնէր մեծ քանակութեամբ, նոյնիսկ եթէ անոր կարիքը չկար: Ձմերուկին ամենախոշորը կը գնէր եւ հազիւ խանութէն տուն կը հասցնէր: Ճաշարանը կը պատուիրէր բազմատեսակ խորտիկներ, կը համտեսէր միայն մէկը: Խմիչքը կը գնէր քանի մը տեսակ…
Չարենցը սակաւակեր էր:
Քաղցրեղէն հազուադէպօրէն կուտէր, թէյի ժամանակ երբեմն հաճոյքով կ՛ուտէր փըթի ֆուր թխուածքը, զոր կը պատրաստէր Աբովեան եւ Ամիրեան փողոցներու անկիւնը գտնուող հրուշակեղէնի «Դրուժբա» յայտնի խանութը:
Պտուղներէն կը սիրէր մալաչա տանձ, միջինասիական սեխ, իսկ ամրան ծարաւը յագեցնելու համար, ջուրի փոխարէն, կը նախընտրէր ձմերուկը:
Օրական սուրճ կը խմէր, երբեմն` քանի մը գաւաթ: Ոգելից խմիչքներէն կը նախընտրէր քոնեաքը:
Ճաշատեսակներէն կը սիրէր իշխան ձուկը, ուքրանական բորշը: Նաեւ կը սիրէր թթու եւ շեշտուած համեմունքները: Կաթնեղէններէն կը սիրէր մածունը, որմէ թան կը պատրաստէր:
– Գրագէտ Վահրամ Ալազան կը պատմէ.
«Երեւան վերադառնալուց, այցելեցի իրեն: Պուտտաների արձանները եւ շախմատը շարել էր գրասեղանի վրայ: Քիչ յետոյ նա բացեց գրասեղեանի ներքեւի դարակը եւ չորս փոթերից բռնած դուրս քաշեց Թիֆլիսում գնած չինական սփռոցը: Սեղանին վրայ դնելով` բաց արեց, եւ ի՛նչ, այնքան լցուած էին մեծ քանակութեամբ չոր միրգեր` ընկոյզի եւ կաղինի միջուկ, քիշմիշ, թուզ, արմաւ եւ շոքոլաթի կտորտանք…»:
Ըստ ժամանակակիցների բանաւոր յուշերի, Չարենցը քոնեաքի հետ հիւրասիրում էր պասթուրմա եւ ձիթապտուղ:
Առօրեայ Հոգեր
Ի՞նչ Ընել, Որպէսզի Ուտելիքները
Սառցարանին Մէջ Չփճանան
Այս օրերուն մեր ուտելիքներուն ճակատագիրը կախեալ է ելեկտրականութեան եւ ելեկտրածին շարժակներու քմահաճոյքէն. այս իսկ պատճառով, եկէք, աւելի եւս գուրգուրանք մեր սառցախցիկներուն վրայ եւ հրաժարինք կարգ մը սխալ սովորութիւններէ, որպէսզի հոն պահուած ուտելիքներուն կեանքն ու թարմութիւնը առաւելագոյնս պահպանենք:
Հետեւաբար`
– Իմանանք, որ ուտելիքները սառցարանին մէջ անսահմանափակ ժամանակով կարելի չէ պահել, այլ գոյութիւն ունին տրամաբանական ժամկէտեր. այսպէս`
– Հում հաւը` 6 ամիս
– Կովու միս` 8 ամիս
– Խոզի, հորթի եւ գառնուկի միս` 6-8 ամիս
– Յօշուած միս` 2-3 ամիս
– Երշիկի տեսականի` 4 ամիս
– Ձուկ` 3-4 ամիս
– Եփած կերակուրներ եւ ապուրներ` 3-4 ամիս
– Խմորի տեսակներ` 2 ամիս
– Կարկանդակ` 3 ամիս
– Քերած պանիր, կարագ` 3 ամիս
– Սառցախցիկը չխճողենք, զայն բեռնաւորենք երեք քառորդով եւ թոյլ չտանք, որ պաղ օդը ազատ շրջի ուտելիքներուն միջեւ, եւ պահպանուի սառցախցիկին պաղութիւնը:
– Սառցախցիկէն դուրս բերուած ուտելիքը (յատկապէս միսը) կարելի չէ սենեակի ջերմաստիճանով հալեցնել. մենք այսպիսով առիթ կու տանք մանրէներու զարգացման: Ուտելիքը հալեցնելու լաւագոյն ձեւը զայն սառնարանի դարաններէն մէկուն վրայ տեղաւորելն է, մինչեւ որ իր նախկին վիճակին վերադառնայ: Կրնանք նաեւ օգտագործել մանրալիքը` տիֆրոսթի օգտագործումով:
– Սառցարանին մէջ ուտելիքները դասաւորենք համապատասխան ամաններու եւ տոպրակներու մէջ: Զանոնք բերնէ բերան չլեցնենք, որպէսզի ընդլայնելով` չճաթին, չպատռին: Թելադրելի է նաեւ ամաններուն եւ տոպրակներուն վրայ պիտակներ փակցնել, որպէսզի ճիշդ ժամանակին օգտագործենք զանոնք:
– Ուտելիք մը, զոր որոշած ենք սառեցնել (յատկապէս` մսեղէն, ձկնեղէն…), առանց ժամանակ կորսնցնելու, անմիջապէս մասերու բաժնենք, դնենք համապատասխան տոպրակներու մէջ եւ սառցարան փոխադրենք: Յիշենք, որ մեզի համար աւելի գործնական է տուեալ ուտելիքը մասերու բաժնել եւ ապա սառեցնել, որպէսզի մեր ուզած չափաբաժինը վերցնենք եւ ստիպուած չըլլանք խոշոր կտոր մը հալեցնելու: Լաւ յիշենք, որ սառցախցիկէն դուրս ելած ու հալած ուտելիքի մը մնացորդը կարելի չէ կրկին տեղը վերադարձնել` կանխարգիլելու համար մանրէներու բազմացումն ու թունաւորումի արկածները:
– Տաք կերակուրը բացառուած է սառնարան փոխադրելը, որովհետեւ անիկա կը խախտէ ջերմաստիճանին կայունութիւնը, կը տուժեն մնացեալ ուտելիքները, եւ կը յոգնի սառնարանին շարժակը, որ ստիպուած է յաւելեալ գործելու` ներքին ջերմաստիճանը վերահսկելու համար:
Նոյն տրամաբանութեամբ ալ սառնարանին դռները յաճախ չբանանք եւ երկա՜ր չմտածենք նախքան ուտելիք մը վերցնելը: Եթէ տակաւին մօտիկ անցեալին հաճոյք էր սառնարանին փեղկը բանալը, դիմացը կենալ ու «զմայլիլը», այսօր այդ անմեղ հաճոյքը կրնայ գէշ հետեւանքներ ունենալ, քանի որ մէջի ուտելիքներուն կեանքը կախեալ է մեզի «շնորհուած» քանի մը ժամուան ելեկտրականութենէն կամ ելեկտրածին շարժակներու քմահաճոյքէն:
Հինը Նորի Վերածենք
Եթէ տունը հին, անգործածելի իրեր ունինք, նախքան զանոնք թափելը` մտածենք անոնց երկրորդ կեանք մը տալու հնարաւորութեան մասին:
Տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպիսի՛ լուսաւոր գաղափարներ ունեցած են, եւ անոնց ստեղծագործ միտքերը որքան հեռուն գացած են:
– Մետաղեայ անգործածելի հագուստի կախիչներուն վրայ կարելի է հաստատել թուղթէ թաշկինակի, ալիւմինիոմ թերթի կամ մոմեայ թուղթի գլանները եւ կախել խոհանոցի պատէն:
– Մետաղեայ հին քերոցները կարելի է վերածել լուսամփոփներու:
– Լայն բերանով գինիի բաժակ մը կարելի է հաստատել ներկայանալի բաց ամանի տակը եւ ստանալ կարկանդակ մատուցելու գեղեցիկ աման մը եւ, ինչո՞ւ ոչ, պտղաման մը:
– Խոհանոցի միս կամ բանջարեղէն մանրելու փայտեայ տախտակը ինչո՞ւ չվերածել դգալեղէնները դասաւորելու ներկայանալի կախազարդերու:
Խոհագիր
Շոմինով Թապուլէ
Բաղադրիչներ
– 5 գաւաթ մանրուած թարմ շոմին
– 2 գաւաթ մանրուած լոլիկ
– 1 սուրճի գաւաթ մանր ձաւար
– Կէս գաւաթ մանրուած սոխ
– Կէս գաւաթ կիտրոնի հիւթ
– Ձիթապտուղի ձէթ (ըստ քիմքի)
– Աղ (ըստ քիմքի)
Պատրաստութիւն
Աղցանի յատուկ ներկայանալի ամանի մը մէջ լեցնել բոլոր բաղադրիչները, աւելցնել աղը, ձէթը եւ կիտրոնի հիւթը, զգուշութեամբ խառնել:
Տասը վայրկեան սպասել, ապա մատուցել:
Շաբթուան Մտածումը
Կեանքում ոչինչ անհետ ու անհետեւանք չի անցնում:
Եթէ մի օր մի տեղ մի ծառ ես տնկել, տարիներ յետոյ դու էլ չէ, ինչ-որ մէկը պիտի նստի նրա շուաքին:
Իսկ թէ մի օր մի տեղ մի ճիւղ ես կոտրել, աշխարհի երեսից մի բուռ շուաք, մի քիչ սօսափ կը պակասի ու կը խաթարուի տիեզերքի հաւասարակշռութիւնը:
Կեանքում ոչինչ անհետ ու անհետեւանք չի անցնում:
Ամէն մարդ աշխարհ է գալիս իր ծառը տնկելու, իր ծառի ճիւղը կտրողի ձեռքը բռնելու, իրենով տիեզերական հաւասարակշռութիւնը պահպանելու:
Ամէն մարդ աշխարհ է գալիս` իր հոգու կանչի յետեւից գնալու: Հոգու կանչ ասել է կոչում:
Ո՞րն է քո կոչումը, քո էութեան ձայնը, որին լսել պիտի սովորես…
ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ