Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին. Առողջ Ձեւով Կը Սնանի՞ք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Այս հարցումին պատասխանը իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա հաշուեցէք ձեր միաւորները եւ կարդացէք արդիւնքը:

– 1 –

Օրական կը յարգէ՞ք ճաշի 3 ժումերը (նախաճաշ, ճաշ, ընթրիք):

ա – Այո՛,
բ – Օրուան զբաղումներէն կախեալ է,
գ – Ո՛չ:

– 2 –

Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս են`

ա – Դդմաճի զանազան տեսակները,
բ – Աղցանները,
գ – «Ճանք ֆուտ»-երը:

– 3 –

Ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք ձեր ուտելիքները:

ա – Կ՛ուտէք պատահական որեւէ բան,
բ – Սննդական արժէքները հաշուի կ՛առնէք,
գ – Կ՛ուտէք, ինչ որ ձեր սիրտը ուզէ:

– 4 –

Ուտելու ժամանակ առհասարակ`

ա – Լուռ էք,
բ – Սեղանակիցներուն հետ կը զրուցէք,
գ – Թերթ կը կարդաք կամ պատկերասփիւռ կը դիտէք:

– 5 –

Յաճա՞խ պահածոյ կ՛ուտէք:

ա – Այո՛,
բ – Երբեմն,
գ – Գրեթէ երբեք:

– 6 –

Ուտելու ժամանակ լաւ կը ծամէ՞ք:

ա – Ո՛չ,
բ – Ընդհանրապէս,
գ – Այո՛, շատ լաւ:

– 7 –

Ճաշէն անմիջապէս ետք սուրճ կամ թէյ կը խմէ՞ք:

ա – Ո՛չ, առնուազն կէս ժամ ետք,
բ – Պարբերաբար,
գ – Այո՛, անմիջապէս ետք:

– 8 –

Գիշերուան ուշ ժամերուն կ՛ուտէ՞ք:

ա – Այո՛, յաճախ,
բ – Ո՛չ, ժամը վեցէն ետք անկարելի է…
գ – Ուտելը կը դադրեցնէք քնանալէ 2 ժամ առաջ:

– 9 –

Դուք կը հետեւի՞ք առողջ սննդակարգի:

ա – Այո՛,
բ – Երբեմն,
գ – Երբեք:

– 10 –

Օրուան ժումերը չէք կրճատեր եւ քիչ քանակութեամբ քանի մը անգամ կ՛ուտէք:

ա – Այո՛,
բ – Կանոնը գիտէք, բայց չէք գործադրեր,
գ – Ո՛չ:

Ցուցատախտակին հիմամբ հաշուեցէք ձեր միաւորները, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10
ա 1 2 3 1 3 3 1 3 1 1
բ 2 1 1 2 2 2 2 1 2 2
գ 3 3 2 3 1 1 3 2 3 3

– Եթէ 10-16 միաւոր հաւաքեցիք, Սոքրաթ ըսած է.

«Մենք չենք ապրիր ուտելու համար, այլ կ՛ուտենք ապրելու համար»: Դուք հաւանաբար տեղեակ էք, թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ պէտք է ուտել եւ այսպիսով, ձեր առողջութեան երբեք չէք վնասեր, գտած էք ճիշդ ուղին:

***

Եթէ 17-23 միաւոր հաւաքեցիք, դուք թէեւ գիտէք, որ սնունդի չարաշահումը սխալ է, բայց երբեմն կը մոռնաք այդ իրողութիւնը, կ՛իյնաք սխալներու մէջ, բայց յետոյ ձեւը կը գտնէք սխալը սրբագրելու: Ընդհանրապէս մարզանքի միջոցով:

***

Եթէ 24-30 միաւոր հաւաքեցիք, ժամանակն է, որ փոխէք որոշ սովորութիւններ. դուք դժբախտաբար չէք անդրադառնար, որ սխալ ձեւով կը սնանիք: Պէտք է ուտէք դանդաղ եւ լաւ ծամելով: Հրաժարիք պահածոյ կամ «ֆասթ ֆուտ» կոչուածներէն, նախապատուութիւնը տաք տնական կերակուրներուն եւ յարգէք ճաշի 3 ժումերը:

Երեխաներու Դաստիարակութիւն

 Բաներ, Զորս Պէտք Չէ
Արգիլէք Ձեր Երեխային

Եթէ մինչեւ օրս այս նշուածներէն մէկն ու մէկը կ՛արգիլէք ձեր երեխային, ժամանակն է, որ վերատեսութեան ենթարկէք ձեր որոշումը, ահա թէ` ինչո՛ւ…

Ջուրով խաղալ

Ջուրով խաղալը երեխաներուն ամենասիրելի զբաղումներէն մէկն է: Իսկ դուք յաճախ կ՛արգիլէք եւ կը զրկէք այդ մեծ հաճոյքէն: Պէտք է պարբերաբար ձեր երեխային արտօնէք` ցնցուղով ծաղիկները ջրել, լոգարանին մէջ խաղալ, մաղուող անձրեւին տակ քանի մը վայրկեան վազվզել, սիրելի խաղալիկը լուացարանին մէջ «լոգցնել» եւ այլն…

Բացօթեայ խաղալ

Շատեր իրենց երեխային կ՛արգիլեն բակ իջնել եւ խաղալ` մտածելով, որ կրնայ փորձանք մը պատահիլ կամ հագուստները կեղտոտել:

Արտօնեցէք ձեր երեխային, որ բակ իջնէ. ան պէտք է խաղայ իրեն հասակակիցներուն հետ, մրցի, կռուի, հաշտուի: Այս բոլորը կ՛օգնեն ընկերութեան մէջ ինքզինք դրսեւորելու եւ անհատակութիւնը կերտելու:

Առանձին ուտել

Անկասկած որ ձեր օգնութեամբ երեխան աւելի մաքուր կ՛ուտէ եւ չորս կողմը չ՛աղտոտեր: Սակայն երեխային համար դգալ բռնելը ինքնին նուաճում է անոր մօտ կը զարգանան ֆիզիքական կարողութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը:

Ձեզի օգնել

Դուք յաճախ կը կրկնէք` «Տակաւին պզտիկ ես», «Ուշադի՛ր, կը կոտրես», «Զգո՛ւշ կը թափես»… Ձեր հիւանդագին ուշադրութիւնը տարիներու վրայ աւեր կը գործէ: Պէտք է, որ ձեր երեխան ինքզինք պիտանի զգայ, ինչպէս նաեւ լսէ ծնողքին քաջալերական խօսքերն ու գովասանքները: Փորձեցէք յաճախ օգնութեան կանչել ձեր երեխան եւ կրկնել, որ առանց իր օգնութեան գործը առաջ չէր երթար:

Ջրաներկով նկարել

Դժբախտաբար քիչ անգամ առիթ կու տաք ձեր երեխային` արտայայտել իր յոյզերն ու երեւակայութիւնը նկարելու միջոցով: Նոյնիսկ եթէ երեխան ներկեց իր հագուստը կամ սեղանը, մի՛ յանդիմանէք զինք: Նկարչութիւնը զգացումները արտայայտելու ամենավառ դրսեւորումն է:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

Որպէսզի ձեր կաշիէ սեւ փայլուն պայուսակը կամ կօշիկը նոր տեսք ստանայ եւ փայլի, զայն շփեցէք կիսուած սոխի կտորով մը եւ կամ կաթի մէջ թաթխուած լաթի կտորով մը:

***

Որպէսզի ձեր թաւշեայ հագուստը կամ տաբատը լուացքի ատեն չվնասուի, նախքան մեքենային մէջ դնելը` զայն հակառակ կողմ դարձուցէք: Այդպիսով պաշտպանած կ՛ըլլաք անոր խաւերը:

***

Ապակիին վրայէն ճանճի կեղտերը մաքրելու համար զանոնք շփեցէք քացախով կամ սուրճի մրուրով:

***

Եթէ ձեր լուացքի մեքենային օճառ ջուրը շատ փրփրի եւ սկսի յորդիլ, խուճապի մի՛ մատնուիք: Գաւաթ մը ճերմակ քացախ առէք եւ մեքենային դեղի տուփիկին մէջ լեցուցէք, փրփուրը անմիջապէս կը չէզոքանայ:

***

Որպէսզի ձեր աչքի շպարի մատիտը դիւրին տաշուի եւ ծայրը չկոտրի, զայն ամբողջ գիշեր մը սառնարանը պահեցէք:

***

Մատներուն վրայէն մելանի հետքերը ջնջելու համար զանոնք շփեցէք լոլիկի կամ կիտրոնի հիւթով:

Խոհագիր

Ձմերուկով Աղցան

Բաղադրիչներ

– 1 ապուրի դգալ ճերմակ քացախ (կամ կիտրոնի հիւթ)
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 3 գաւաթ խորանարդաձեւ կտրատուած ձմերուկ
– Կէս գաւաթ խորանարդաձեւ կտրատուած ֆեթա պանիր կամ` ձեռքի տակ գտնուող որեւէ ճերմակ պանիր
– 6-8 տերեւ թարմ անանուխ` մեծ կտրատուած
– Աղ` ըստ ճաշակի

Պատրաստութիւն

Աղցանի ամանին մէջ լեցնել կտրատուած ձմերուկը, աւեցնել պանիրը եւ մանրուած անանուխը:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել քացախը, ձէթն ու աղը եւ ստացուած թացանը աւելցնել ձմերուկէն ու պանիրին վրայ: Ջգուշօրէն խառնել եւ մատուցել պաղ վիճակի մէջ:`

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կա՛նգ Առ Ժամանակ

Կա՛նգ առ, ժամանակ, պէտք է ետ գնամ…
Կեանքս գրելուց, անգրագէտի պէս,
Տառերն եմ խառնել, բառերն եմ կորցրել: Ամէ՛ն տողի մէջ սխալ եմ արել…
Անհամար բառեր, որ պէտք չէր գրել,
Գրել եմ վստա՜հ,
Մեծ-մեծ տառերո՜վ,
Սիրուն ձեռագրո՜վ…
Իսկ էականը` գրել եմ անփոյթ,
Շատ իմիջայլոց,
Ոչ հասկանալով, տողերն անցնելով,
Անվերջ  ջնջելով, նորից գրելով…
Կա՛նգ առ, ժամանա՛կ,
թո՛ղ, որ ետ գնամ,
Մի նոր թուղթ վերցնեմ ու նորից սկսեմ…
Ամէն ինչ նորից, նոր մաքուր էջից,
Մի նոր գրիչով, առանց դողալով…
Կա՛նգ առ, ժամանա՛կ…
Պէտք է ետ գնանք…

ՍԱԹԻՆԷ ՍԻՄՈՆԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>