Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Մարտիրոս Սարեանի Սիրելի Ուտեստները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ի՞նչ կը սիրէր ուտել Մարտիրոս Սարեանը, ի՞նչ կը պատրաստէր անոր սիրելի կինը` Լուսիկը, ի՞նչ կը սիրէր հրամցնել իր հիւրերուն…

Այս հարցումներուն պատասխանները կը գտնենք գեղանկարիչին թոռնուհիներուն մօտ:

Կատարինէ Սարեան իր «Էքսպոզիցիա» յուշագրութեան մէջ կը պատմէ, որ Սարեան բուսակեր էր. ան իւրայատուկ բացատրութիւն կու տար բանջարեղէններու եւ պտուղներու օգտագործման: Նկարիչին համոզումով, բանջարեղէնները մարդուն առողջութիւն կը պարգեւեն, իսկ պտուղները` ուրախութիւն:

«Ձմերուկի վառ կարմիր տիլիմը նման է ժպիտի: եթէ ուտես այն` կը վազվզի քո ներսում եւ ուրախութիւն կը պարգեւի»:

Սարեան ամէն առտու բաժակ մը ղալմուխ թէյ  կը խմէր: Ղալմուխ թէյի տերեւներուն վրայ եռացած ջուր կ՛աւելցնէր: Բաժակին մէջ լեցնելէ ետք, թէյին կ՛աւելցնէր կաթ, կտոր մը կարագ, աղ եւ չոր հաց:

Նախաճաշէն ետք նկարիչը կը բարձրանար իր արուեստանոցը` ըսելով. «Պէտք է աշխատիլ»: Ճաշի ժամը կը համընկնէր որդիներուն աշխատանքէն վերադառնալու, պատի ժամացոյցի եւ սուրբ Զօրաւոր եկեղեցւոյ զանգերուն հետ: Վարպետը կ՛իջնէր իր աշխատանոցէն, եւ ընտանիքը կը հաւաքուէր սեղանին շուրջ: Սարեանին կը մատուցուէր իւրայատուկ ուտելիքներ: Ամրան ան շատ կը սիրէր խորոված սմբուկ ուտել, որուն վրայ աղի փոխարէն չորցուած ծովու կաղամբ կը ցանէր:

Վրացական ուտելիքներուն հանդէպ Սարեանը անտարբեր չէր, ատիկա կապուած էր իր սիրելի կնոջ` Ղազարոս Աղայեանի դստեր` Լուսիկին հետ, որ Թիֆլիս մեծցած էր: Նկարիչը հաճոյքով կ՛ուտէր կարմիր լուբիայով եւ խրթխրթան սոխով պատրաստուած կերակուրը, ինչպէս նաեւ կանաչ լուբիայով, ընկոյզով եւ քացախով պատրաստուած խորոտիկը:

Սարեանի տան տօնական ուտեստներէն կարելի է թուել «թաւա»-ն, «Սիգ» ձուկը, «Կոզինախ»-ը (կաղինով եւ մեղրով աղանդեր), «Ղուրաբիա»-ն, եւ այլն…

Թոռնուհիներուն վկայութեամբ, Սարեան կ՛ուտէր դանդաղ, փոքր պատառներով, ըմբոշխնելով իւրաքանչիւր ուտեստը` կարծես հետեւելով, թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր համ եւ բուրմունք կը տարածուի իր մարմնին մէջ` սննդարար նիւթեր փոխանցելով:

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին

Անկաշկանդ Եւ Համարձա՞կ Էք

Այս հարցումին պատասխանը իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, համրեցէք ձեր միաւորները, ապա կարդացէք մեկնաբանութիւնը:

1

Ճամբան կը հանդիպիք ձեր շատ սիրած մէկ դերասանին:

ա.- Կը ժպտիք ու կ՛անցնիք: 1
բ.- Կը մօտենաք եւ կը խնդրէք, որ հետը լուսանկարուիք: 5
գ.- Կը մօտենաք` ըսելու, թէ շա՛տ կը սիրէք զինք: 3

2

Դասախօսութեան մը աւարտին

ա.- Չէք վարանիր խօսք առնելու եւ լուսաբանութիւններ պահանջելու: 5
բ.- Լուռ կը մեկնիք: 1
գ.- Առանձին կը մօտենաք դասախօսին եւ կարծիքներու փոխանակում կ՛ունենաք: 3

3

Հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեզմէ կը խնդրուի յանպատրաստից խօսք առնել:

ա.- Սիրով կ՛ընդառաջէք: 5
բ.- Կ՛ընդառաջէք` քանի մը բառ ըսելով: 3
գ.- Կը մերժէք: 1

4

Առանձին ճամբորդութիւն`

ա.- Երբեք չէք փորձեր: 1
բ.- Արդէն փորձած էք եւ դարձեալ կը փորձէք: 5
գ.- Կը վախնաք, որ ձանձրանաք: 3

5

Ինչ կը վերաբերի նորաձեւութեան:

ա.- Դուք քայլ առ քայլ կը հետեւիք անոր: 5
բ.- Կ՛որդեգրէք այն, ինչ ձեզի կը յարմարի: 3
գ.- Նորաձեւութենէն չէք ազդուիր. դուք ձեր ոճը ունիք: 1

6

Ինչ կը վերաբերի դրամական հարցերու`

ա.- Չէք վարանիր ձեր հարազատներէն դրամ փոխ ուզելու: 3
բ.- Չէք վարանիր դրամատունէն դրամ փոխ առնելու: 5
գ.- Դրամական հարց չէք ունենար` խնայողասէր եւ տնտեսող էք: 1

7

Բարեկամներ ընթրիքի կը հրաւիրէք:

ա.- Կը պատրաստէք սուշիի տեսականի: 5
բ.- Կը պատրաստէք աղցանի տեսականի: 3
գ.- Կը պատրաստէք միս, գետնախնձոր եւ բանջարեղէն: 1

8

Անտեղի մեղադրանքներ ձեր հասցէին

ա.- Յարմար կը գտնէք չպատասխանել: 1
բ.- Կը փորձէք արդարանալ: 3
գ.- Անմիջապէս ինքնապաշտպանութեան կ՛անցնիք: 5

9

Սեւ գոյնի շրթներկ, կանաչ եղունգներ, կարմիր վարսեր…

ա.- Ինչո՞ւ չէ, կը փորձէք: 5
բ.- Առիթով մը կը փորձէք: 3
գ.- Անկարելի է ձեզ այս ոճով տեսնել: 1

10

Որոշած էք ձեր բնակարանը վերանորոգել`

ա.- Կը բաւարարուիք սահմանափակ փոփոխութիւններով: 1
բ.- Պատերուն գոյնը կը փոխէք, նոր կահոյք կը բերէք: 5
գ.- Կը բաւարարուիք խոհանոցը արդիականացնելով: 3

ԱՐԴԻՒՆՔ

– Եթէ 15 միաւորէն պակաս հաւաքեցիք, ո՛չ նախաձեռնող էք, ո՛չ ալ համարձակ. ընդհակառակը, երկչոտ եւ ամչկոտ խառնուածքի տէր անձ էք: Տեւաբար նկատի կ՛առնէք շրջապատի կարծիքն ու հակազդեցութիւնը. հազար կը համրէք խօսելէ կամ գործելէ առաջ: Եղէք ինքնավստահ եւ յաղթահարեցէք ձեր բարդոյթները:

– Եթէ 15-30  միաւոր հաւաքեցիք, կարելի է ձեզ համարձակ համարել, բայց ոչ` շուրջինները գայթակղեցնելու աստիճան: Տեղին նախաձեռնող էք, իսկ ձեր չափաւոր համարձակութիւնը պարզապէս կը համեմէ ձեր կեանքը:

– Եթէ 35-էն աւելի միաւոր հաւաքեցիք, չափազանց համարձակ էք եւ ուրիշներու կարծիքը երբեք չի կաշկանդեր ձեզ: Ինքնաբուխ եւ անկեղծ էք, նաեւ կը սիրէք ուշադրութիւն գրաւել:

Օրը Լաւ  Սկսելու Եւ Լաւ Անցընելու
Պարզ Հնարքներ

1

Դուք ձեզի ժամանակ տրամադրեցէ՛ք: Ձեր սուրճի եւ նախաճաշի ժումը մի՛ ցատկէք: Օրը սկսէք երկու բաժակ գաղջ ջուր խմելով, ապա ձեռնարկեցէք մնացեալ գործերուն:

2

Տունը օդափոխեցէ՛ք: Այո՛, նոյնիսկ ցուրտ օրերուն սենեակներուն պատուհանները կիսով բաց պահեցէք` առնուազն 20 վայրկեան: Ապականած սենեակները կ՛ազդեն տրամադրութեան եւ առողջութեան վրայ:

3

Տան բոյսերը խնամեցէք: Բոյսերն ալ կարիք ունին խնամքի եւ գուրգուրանքի: Իսկ առողջ եւ գեղեցիկ բոյսերը ձեր ձեռքբերումն ու հպարտութիւնն են: Նաեւ չմոռնաք, որ հոգեբաններու կարծիքով, բոյսեր աճեցնելն խնամելը զգալիօրէն կը նուազեցնեն ընկճախտը:

4

Տունը կոկեցէ՛ք: Այո՛, կոկիկ տունը նոյնպէս տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ: Ձերբազատեցէք աւելորդ, անգործածելի կահոյքէն եւ փոշի կուտակող գեղօրներէն: Թող կոկիկ եւ հաճելի ըլլայ մանաւանդ տան մուտքի սենեակը, որպէսզի հաճոյքով մեկնիք եւ մանաւանդ հաճոյքով վերադառնաք տուն:

5

Աղբամանը պարպեցէ՛ք: Անկախ տեսքէն եւ հոտէն, աղբը նաեւ ճանճերու եւ մժեղներու բոյն կրնայ դառնալ, ուրկէ` վարակներն ու հիւանդութիւնները… Աղբը օրը օրին թափեցէք եւ աղբամանը հականեխեցէք: Ձեր եւ ձեր տան անդամներուն առողջութիւնը առաջնահերթ է:

6

Թող լաւ երաժշտութիւնը յաճախ հնչէ ձեր տան մէջ: Օրուան ընթացքին (յատկապէս այս օրերուն) վատ լուրերը, առօրեայ դժուարութիւնները վայրկեանը վայրկեանին կ՛ազդեն ձեր յոգնած ջիղերուն վրայ, հետեւաբար լաւ, կազդուրող եւ խանդավառ երաժշտութիւնը կ՛օգնէ, որպէսզի դուք աւելի հեշտ դիմակալէք լուծելի եւ անլուծելի դժուարութիւնները:

7

Դուք ձեզ ուրիշներուն հետ մի՛ համեմատէք ու դժբախտացնէք: Յաճախ Դիմատետրի վրայ դրուած ձեր բարեկամներուն նկարները խաբուսիկ են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ: Ապրեցէք ձե՛ր կեանքով, ջանացէք բարելաւել ձեր կեանքը, գոհունակ ձեր ունեցածով եւ առաւելագոյն չափով հրաժարիլ Դիմատետրի եւ Ինսթակրամի էջերէն:

Խոհագիր

Խորոված Բանջարեղէնով
Ֆարֆալլէ

Բաղադրիչներ

– 500 կր. ֆարֆալլէ դդմաճ (թիթեռնիկի տեսքով)
– 4 պճեղ մանրուած սխտոր
– 1 սոխ` խորանորդաձեւ մանրուած
– 1 սմբուկ` կեղուըուած եւ խորանարդաձեւ մանրուած
– 1 դդում խորանարդաձեւ կտրատուած:
– 2 կարմիր պղպեղ խորանարդաձեւ կտրատուած
– 1/3 գաւաթ ձէթ
– 1/3 գաւաթ փեսթօ թացան
– 1/3 գաւաթ տաշուած պանիր
– Սեւ համեմ, աղ

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ ջուր եռացնել, աղ աւելցնել եւ դդմաճը խաշել, ապա քամոցի մէջ փոխադրել:

Տապակին մէջ ձէթը տացքնել եւ յաջորդաբար աւելցնել սոխը, սխտորը եւ բանջարեղէնները շուրջ 10 վայրկեան եփել:

Խաշած դդմաճը աւելցնել բանջարեղէններուն վրայ, նոյնպէս ալ` փեսթօ թացանը եւ տաշուած պանիրը: Աղել, համեմել եւ զգուշութեամբ խառնել:

Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ մատուցել:

Շաբթուան Մտածումը

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>