Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Չիփսերու Ազդեցութիւնը Երեխաներուն Մտային Զարգացման Վրայ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բրիտանացի հետազօտողներ կը պնդեն, որ չիփսերը վնասակար ազդեցութիւն ունին երեխաներուն մտաւոր զարգացման վրայ:

Այսպէս, 3 եւ 4 տարեկան երեխաներու վրայ կատարուած փորձ մը ցոյց տուած է, որ օրական չիփս ուտողներուն ուղեղի աշխատանքը բոլոր առումներով, աւելի վատ եղած է` համեմատած չիփս չուտողներուն:

Հետազօտողները կը շեշտեն, որ առաջին խումբի երեխաներուն մօտ խախտած է յիշողութիւնը, տուժած է կեդրոնացումը, իսկ վարքը անհանգիստ եւ անհաւասարակշիռ դարձած է:

Բժիշկներու կարծիքով, մանկական ուղեղին համար վնասակար են յագեցած ճարպերը եւ ճի՛շդ նոյն այդ ճարպերն են վատ ազդեցութեան պատասխանատուները:

Երեխաներու սիրելի չիփսերը, բացի յագեցած իւղերէն, նաեւ կը պարունակեն աքրիլամիտ կոչուած քիմիական նիւթը, որ քաղցկեղի ենթահող պատրաստելու հակամէտ է:

Ուղեղին Աշխատանքը Խթանելու
10 Միջոցներ

-1-

Խորունկ շնչեցէք` պատշգամը, բաց պատուհանի մը առջեւ, բայց մանաւանդ` բնութեան մէջ, մաքուր օդին: Իմացէ՛ք, որ թթուածինը ուղեղին 2 գլխաւոր «վառելանիւթերէն» մէկն է:

-2-

Օրական նուազագոյնը 7 ժամ քնացէ՛ք: Քունը կը հանգստացնէ յոգնած ուղեղը, կը բարելաւէ կեդրոնացումն ու յիշողութիւնը եւ կը խթանէ անոր գործունէութիւնը:

-3-

Առանց չարաշահելու` շաքար կերէ՛ք: Այո՛, շաքարէ մի՛ զրկէք ձեր ուղեղը. անիկա կը սպառէ մարմնի կլիւքոզին շուրջ 60 առ հարիւրը: Անշուշտ պէտք է նախապատուութիւնը տալ թարմ պտուղներուն:

-4-

Օրական ծլած հատեղէն կերէք. անոնք չափազանց հարուստ են կենսանիւթերով եւ հանքայիններով: Զանոնք օգտագործեցէք աղցաններու եւ կերակուրներու պատրաստութեան մէջ:

-5-

Մոցարթ ունկնդրեցէ՛ք: Հաստատուած է, որ երաժշտութեան ունկնդրութիւնը կը խթանէ մեր երեւակայութիւնը, յուզումներն ու տրամաբանութիւնը: Կ՛ըսուի, թէ Մոցարթին գործերը ունկնդրող անձերը աւելի խելացի կ՛ըլլան… Ինչո՞ւ չփորձել:

-6-

Հրաժարեցէք միօրինակ կեանքէն: Նոր ծրագիրներ մշակեցէ՛ք, ճամբորդեցէ՛ք, մարզաձեւի մը հետեւեցէ՛ք, գծագրութեան կամ ծաղկայարդարանքի դասընթացքներու հետեւեցէ՛ք, միութեան մը կամ բարեսիրական կազմակերպութեան մը անդամակցեցէ՛ք:

-7-

Լաւ տեսակի իւղեր սպառեցէ՛ք: Լաւ տեսակի ըսելով` կը հասկնանք Օմեկա 3, Օմեկա 6: Առանց վարանումի` կերէք աւոքատօ, ձկնեղէն եւ օգտագործեցէք ընկոյզի եւ քոլզայի իւղ:

-8-

Ամէն առտու հայելիին առջեւ ժպտեցէ՛ք: Արդէն գիտէք խնդուքին բարեգործ ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ: Սակայն, տրուած ըլլալով, որ այս օրերուն մարդիկ շատ լաւ խնդալու պատճառ չունին, առնուազն ժպտելու փորձ մը ըրէք` ձեր ուղեղին օգտին համար:

-9-

Հրաժարեցէ՛ք ծխախոտէն, ոգելից ըմպելիներէն, քնաբեր եւ հանդարտեցուցիչ դեղահատերէն. ասոնք կը բթացնեն ուղեղը:

-10-

Ընկճախտ, օդի ապականում, սխալ սնուցում… այս բոլորը ուղեղի կանխահաս ծերացում կը պատճառեն: Ասկէ մասամբ պաշտպանուելու համար, կերէք կենսանիւթերով եւ մանաւանդ Սէ. կենսանիւթով հարուստ պտուղներ եւ բանջարեղէն:

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին

 Ճարտա՞ր Տանտիկին Էք

Այս հարցումին պատասխանը իմանալու համար պատասխանեցէ՛ք ստորեւ տրուած 16 հարցումներուն` «այո» կամ «ոչ»-ով: Իւրաքանչիւր դրական պատասխանի համար արձանագրեցէք 1 կէտ, իսկ իւրաքանչիւր ժխտականի` 2 կէտ:

1.- Օրակա՞ն կը մաքրէք ձեր տունը:

2.- Երկար ժամանակ չօգտագործուած իր մը գիտէ՞ք ո՛ւր, որ պայուսակին մէջ կամ ո՛ր դարանին վրայ տեղաւորած էք:

3.- Ձեզ կ՛անհանգստացնէ՞ լուացարանին մէջ դիզուած չլուացուած ամանեղէնի կոյտը:

4.- Կը պատահի՞, որ կէսօրուան կերակուր պատրաստած չըլլաք եւ դուրսէն ապսպրանք ընէք:

5.- Տունը գտնուող սահմանափակ մթերքներով կը յաջողի՞ք համեղ կերակուր մը պատրաստել եւ գոհացնել տնեցիները:

6.- Կ՛արձանագրէ՞ք ձեր եկամուտն ու առօրեայ ծախսերը:

7.- Արդեօք տեւաբար տեղեա՞կ էք, թէ տունը ի՛նչ մթերք կը պակսի, օրինակ` շաքար, ձէթ, աղ, հաց եւ այլն…

8.- Յաճախ կը պատահի՞, որ աղբամանը թափէք մթերք մը, որ օրերով սառնարանը մնացած ու փճացած է:

9.- Ձեր զաւակը անակնկալ կէսօրուան ճաշի կը հրաւիրէ իր դասընկերները. առանց խուճապի մատնուելու կը յաջողի՞ք արագ պատրաստութիւն մը տեսնել եւ գոհացնել բոլորը:

10.- Ձեր զաւակներուն սիրոյն պատրա՞ստ էք ժամանակ խլող, դժուար կերակուրներ (մանթի, սիւ պէօրէկ եւ այլն…) պատրաստել` հաճոյք պատճառելու համար:

11.- Պահածոներ կը պատրաստէ՞ք, երբ կարգ մը եղանակային մթերքներ առատ եւ աժան են:

12.- Մեծ գումարով գնումներ կ՛ընէ՞ք, հակառակ ձեր սահմանափակ պիւտճէին:

13.- Գործէն վերադարձին ձեր ամուսինը կը դիմաւորէ՞ք ժպտերես, հակառակ անոր որ ծանր օր մը անցուցած էք երեխաներուն հետ:

14.- Ինչ ալ պատահած ըլլայ, ժպտադէմ կ՛ընդունի՞ք «անկոչ» հիւրը:

15.- Առաւօտեան անպայման ժամանակ կը գտնէ՞ք նախաճաշելու եւ ձեր արտաքին տեսքով զբաղելու:

16.- Միշտ գաղտնի, պզտիկ խնայողութիւն մը մէկ կողմ դրած կ՛ըլլա՞ք «սեւ» օրերու համար:

Արդիւնք

– Եթէ 10-16 կէտ հաւաքեցիք, դուք օրինակելի տնտեսուհի էք, օժտուած էք բազմազան շնորհքներով: Հեռատես, ճարպիկ եւ անձնազոհ տանտիկին էք:

***

– Եթէ 6-9 կէտ հաւաքեցիք, դուք ճարտար տնտեսուհի էք, բայց քիչ մը խստապահանջ: Տան կարգուկանոնը կարեւոր գործ է, բայց ոչ միակը: Պէտք է ժամանակ տրամադրէք դուք ձեզի եւ լաւ կին ու մայր ըլլալը մտասեւեռումի չվերածէք:

***

– Եթէ 0-5 կէտ հաւաքեցէք, տնային տնտեսութիւնը ձեր երազանքը չէ: Դուք կեանքի մէջ ուրիշ առաջնահերթութիւններ ունիք: Մի՛ նեղանաք, տնտեսավարութեան արուեստը սորվելու համար երբեք ուշ չէ:

Գեղեցկագիտական

 Ձէթով Դէմքի Ծեփուկներ

Ձիթապտուղի ձէթը հիանալի սնուցող եւ մաքրող է դէմքի եւ պարանոցի մաշկին համար:

Ամէն առաւօտ եւ երեկոյ ձեր մաշկը մաքրեցէք ձիթապտուղի ձէթով:

Ծեփուկներ

ՉՈՐ ՄԱՇԿԻ ՀԱՄԱՐ պատրաստեցէք հետեւեալ դիմակը. քերիչէ անցուցէք ձեռքի տակ գտնուող բանջարեղէններ (ստեպղին, գետնախնձոր, կաղամբ, դդում, վարունգ…), աւելցուցէք ապուրի դգալ մը ձէթ եւ ստացուած թանձրուկը տարածեցէք ձեր դէմքին եւ պարանոցին վրայ. սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք:

Բանջարեղէնները կրնաք փոխարինել պտուղներով (խնձոր, խաղող, պանան…):

***

ՉՈՐ ՄԱՇԿԻ ՀԱՄԱՐ վերը յիշուածներուն աւելցնել հաւկիթի դեղնուց մը:

***

ԹՈՐՇՈՄԱԾ ՄԱՇԿԻ ՀԱՄԱՐ հաւկիթի դեղնուցը փոխարինել մեղրով:

Ինչպէս հաստատեցիք, վերը նշուած բոլոր ծեփուկները դիւրին եւ արագ պատրաստուող եւ համեմատաբար աժան ու մատչելի են:

Խոհագիր

 Դդումով Թակլիաթել

Բաղադրիչներ

4 դդում
1 պճեղ սխտոր
1 ապուրի դգալ մանրուած թարմ ռեհան
1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
4 ապուրի դգալ մաքրուած սեւ ձիթապտուղ
4 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Աղ, սեւ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Դդումները լուալ, ցամքեցնել, ծայրամասերը կտրել եւ գետնախնձոր կեղուող գործիքով զանոնք շատ բարակ երիզներու վերածել (հրաժարիլ միջուկին կուտով բաժինէն):

Աղցանի ամանին մէջ դնել ճզմուած սխտորը, ձէթը, կտրատուած ձիթապտուղը, մանրուած ռեհանը, կիտրոնի հիւթը աղն ու սեւ պղպեղը խառնել` թանձրուկ մը ստանալու համար:

Կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, աղ աւելցնել եւ դդումի շերտերը եռացած ջուրին մէջ նետել հազիւ քանի մը վայրկեան, որպէսզի թմրին, բայց ոչ խաշին: Ապա շերտերը քամոցի մէջ փոխադրել եւ ձգել, որ պաղին:

Պաղած դդումի շերտերը աւելցնել թացանին, զգուշութեամբ խառնել եւ մատուցել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 ԳնացինՉեկան

Գնացին, չեկան տղաներն այն քաջ`
Կապո՜յտ աչքերով, խաժակն, սեւաչ:
Եւ նա, որ պիտի բժշկէ՛ր մարդկանց,
Սպաննուե՛ց յանկարծ:
Եւ նա, որ պիտի գրէր թանաքո՛վ,
Գրեց արիւնո՛վ: Գրեց իր կեանքո՛վ:
Նա, ով հո՛ղ պիտի մշակէր էլի,
Հո՛ղ է երեւի:
Նա, որ ուզում էր քարո՛վ կառուցել,
Մի քա՛ր է դարձել:
Նա, որ ուզում էր իր մօ՛րը գրկել,
Մա՛յր հողն է գրկել:
Նա, որ պատմաբա՛ն կը դառնար գիտուն,
Դարձաւ… պատմութի՛ւն:
Գնացին, չեկան տղաներն այն քաջ`
Կապոյտ աչքերով, խաժակն, սեւաչ:
Իսկ եթէ չեկան, որտե՞ղ են նրանք –
Որտեղ լաւ սի՛րտ կայ` այնտեղ են նրանք…

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>