Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Այս հարցումին պատասխանը իմանալու համար պատասխանեցէ՛ք ստորեւ տրուած 6 հարցումներուն` ընտրելով երկու հաւանական պատասխաններէն մէկը, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը:
1
Խաղի մէջ ընկերոջ յաղթելով` երեխան ձեզի կ՛ըսէ.
ա.- Ես լա՛ւ կը խաղամ:
բ.- Ընկերս խաղալ չի գիտեր:
2
Կը պատմէ, որ դպրոցէն գովասանագիր ստացած է քանի որ`
ա.- Շատ աշխատած է:
բ.- Դասերը շատ դիւրին են:
3
Կը պատմէ, որ ուսուցիչէն յանդիմանութիւն ստացած է, քանի որ`
ա.- Կը շատախօսէր, երբ ուսուցիչը դասը կը բացատրէր:
բ.- Բոլորը կը շատախօսէին, բայց…
4
Կը մտածէ, որ երկինքը ամպամած է, ուրեմն`
ա.- Վաղը պիտի անձրեւէ, եւ բնութիւնը պիտի մաքրուի:
բ.- Վաղը պիտի անձրեւէ, եւ բացօթեայ պիտի չկարենայ ոտնագնդակ խաղալ ընկերներուն հետ:
5
Ոտնագնդակ խաղալու ատեն կ՛իյնայ ու ոտքը կը վիրաւորէ եւ ձեզի կ՛ըսէ:
ա.- Պատահական է, բոլոր ֆութպոլիստներն ալ կ՛իյնան, ու կը վիրաւորուին:
բ.- Եթէ ընկերս չհրէր, կոլ նշանակած կ՛ըլլայի…
6
Նոր տարուան առիթով իր մակարդակէն բարձր գիրք մը նուէր կը ստանայ ու ձեզի կ՛ըսէ.
ա.- Հոգ չէ, գրադարանը կը դնեմ եւ աւելի ուշ կը կարդամ:
բ.- Այս մարդիկը խելք չունի՞ն, ոչ իսկ բառ մը կը հասկնամ:
Արդիւնք
Որքան ձեր պատասխաններուն մէջ կը գերակշռէ «ա» տարբերակը, այնքան ձեր երեխան ինքնավստահ, դրական ու լաւատես է:
Արեւածաղիկի Կուտ Ուտելու
12 Համոզիչ Պատճառներ
Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ արեւածաղիկի կուտը նաեւ մեծ քանակութեամբ բնաթել եւ բնասպիտներ կը պարունակէ: Անիկա մեզի կը հայթայթէ նաեւ այլազան անթիօքսիտաններ եւ քարոթէն, ինչպէս նաեւ` մակնեզիոմ, մանկանէզ, ֆոսֆոր եւ այլն…
Ստորեւ կը ներկայացնենք 12 համոզիչ պատճառներ` արեւածաղիկի կուտ ուտելու համար:
1.- Օրական ափ մը արեւածաղիկի կուտ ուտելով` կը նուազեցնենք գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը:
2.- Բժշկական ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ արեւածաղիկի կուտը կը պաշտպանէ քաղցկեղէ:
3.- Արեւածաղիկի կուտը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը:
4.- Արեւածաղիկին կուտը կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն եւ կը նուազեցնէ երակներուն մէջ կուտակուած իւղի պահեստները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան խցել երակները:
5.- Անիկա կը պաշտպանէ վահանագեղձը, եւ կ՛ապահովէ անոր առողջ գործունէութիւնը:
6.- Արեւածաղիկին կուտը նաեւ կը հաւասարակշռէ շաքարին տոկոսը` արեան մէջ:
7.- Մարսողական դրութիւնը եւս կը բարելաւուի շնորհիւ արեւածաղիկի կուտին:
8.- Արեւածաղիկին կուտը կը թեթեւցնէ շնչարգելութիւնը, ազմը եւ կը կանխարգիլէ գլխացաւը:
9.- Ափ մը արեւածաղիկի կուտը, շնորհիւ կիրին եւ մակնեզիոմին` կ՛ապահովէ մեր ոսկորներուն առողջութիւնը:
10.- Էօ. կենսանիւթով հարուստ այս կուտը թարմ եւ առողջ կը պահէ մեր մորթը:
11.- Մակնեզիոմի պակասը անձկութիւն եւ տրամադրութեան անկում կը պատճառէ, իսկ մակնեզիոմով հարուստ այս կուտը ընկճախտի եւ անքնութեան լաւագոյն դեղն է:
12.- Արեւածաղիկին կուտը կուշտ պահելու առաւելութիւնը ունի, հետեւաբար անիկա յանձնարարելի է բոլոր անոնց, որոնք նիհարցնող սննդականոնի կը հետեւին:
Իր այս բոլոր առաւելութիւններով հանդերձ, բժիշկներն ու սննդագէտները կը յանձնարարեն, որ օրական 15 կրամէն աւելի արեւածաղիկի կուտ չսպառել` առողջական խնդիրներ չունենալու համար:
Առողջապահական
Սարտին Ուտելու
5 Համոզիչ Պատճառներ
50-ը թեւակոխած անձերուն բժիշկները կը թելադրեն սարտին ձուկ ուտել. ահա թէ ինչո՛ւ…
1) Ոսկորներու Առողջութեան Համար
100 կր պահածոյացուած սարտինը միջին հաշուով 400 մկ կիր կը պարունակէ. կիրին մէկ կարեւոր մասը կը գտնուի փափուկ փուշերուն մէջ:
50 տարիքը թեւակոխած կին մը, որ արդէն դաշտանադադար կ՛ապրի, 100 կր սարտին ուտելով` կ՛ապահովէ իր օրական կիրի պահանջին մէկ երրորդը: Այսպէս, ֆոսֆորով, Տէ. կենսանիւթով եւ կիրով հարուստ սարտինը կ՛ապահովէ ոսկորներու առողջութիւնը:
2) Սրտի Առողջութեան Համար
Օմեկա 3-ով հարուստ սարտինը սքանչելի միջոց է արեան ճնշումի նուազումի, ինչպէս նաեւ սրտանօթային համակարգի առողջութեան համար:
3) Ուղեղի Առողջութեան Համար
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ յաճախակի սարտին ուտող անձերը նուազ ենթակայ են ընկճախտի կամ ալցայմըր հիւանդութեան:
Նոյն ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, անոնք, որոնք շաբաթը անգամ մը սարտին կ՛ուտեն, 13 առ հարիւրով պաշտպանուած են ուղեղի կաթուածէ:
4) Մկաններու Առողջութեան Համար
Մկաններու առողջութեան անհրաժեշտ բնասպիտը միայն միսը չէ, որ կ՛ապահովէ. 100 կր սարտինը 25 կր բնասպիտ կը պարունակէ, այսինքն` մեր օրուան պահանջին մէկ երրորդը:
5) Վարակներուն Դիմադրելու Համար
Իւրաքանչիւր 100 կր սարտին 3 մկ երկաթ կը պարունակէ, ինչ որ արհամարհելի քանակ մը չէ յոգնածութիւնը յաղթահարելու եւ վարակներէն պաշտպանուելու համար:
Այլազան
Երեւանի Գեղեցիկ Կամարանցումները
2015-ին Երեւանի քաղաքապետարանը ձեռնարկեց բնակելի շէնքերու բակերու եւ կամարանցումներու (դալան) բարեկարգման եւ նկարազարդման աշխատանքին:
Կամարազարդումը սկսաւ քաղաքի կեդրոնական մասէն: Առաջին աշխատանքները յայտնուեցան Աբովեան, Նալպանտեան եւ Ամիրեան փողոցներու շէնքերուն կամարանցումներուն:
Յետոյ «փողոցային գեղանկարչութիւնը» տարածուեցաւ նաեւ Երեւանի ծայրամասերուն: Երեւանի մէջ կան շուրջ 300 կամարանցում, սակայն օրին քաղաքի իշխանութիւնները անոնցմէ միայն 130-ը յարմար նկատած են նկարազարդումի համար: Զանց ըրած են այն դալանները, որոնք Երեւանի խորհրդանիշ համարուող տուֆէ կառուցուած են:
Ծրագրի առաջին փուլին գծագրութիւններ կատարած են միայն երիտասարդ, ուսանող նկարիչները, երկրորդ փուլին անոնց միացած են աւագ գործընկերները` Երեւանին հաղորդելով համ ու հոտ եւ զայն այլ մայրաքաղաքներէն տարբերուելու նոր հնարաւորութիւն տուած են անոր:
Խոհագիր
Սխտորով Հաց
Բաղադրիչներ
– Ֆրանսական պակեթ հաց կամ որեւէ տարբերակ
– 100 կր սենեակի ջերմութեամբ կակուղ կարագ
– Ապուրի դգալ մը մանրուած ազատքեղ
– 4 պճեղ ճզմուած սխտոր
– Սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճանով:
Ամանի մը մէջ դնել կարագը, ճզմուած սխտորը եւ պատառաքաղով ճզմել` մինչեւ որ միատարր խիւս մը ստացուի: Աւելցնել ազատքեղը, սեւ համեմը ու կրկին խառնել:
Շերտուած հացերուն երեսները ծեփել այս խիւսով, ապա իրարու միացնել` հացին սկզբնական ձեւին վերածելով:
Ալիւմինիոմ թուղթի մէջ փաթթել հացը եւ տաք փուռի մէջ եփել 5 – 7 վայրկեան, ապա ալիւմինիոմ թուղթը հանել եւ 4 – 5 վայրկեան եւս եփել, որպէսզի հացը քիչ մը շէկ ու խրթխրթան դառնայ:
Այս համեղ հացի շերտերը կարելի է մատուցել ապուրներու, մսեղէններու եւ աղցաններու կողքին: