Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ֆրանսիս Քիւրքճեանը` Քրիսթիան Տիոր Օծանելիքի Տան Ստեղծագործական Տնօրէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ֆրանսական յայտնի «Քրիսթիան Տիոր Բարֆիւմզ»-ի ստեղծագործական նոր տնօրէն նշանակուած է ֆրանսահայ Ֆրանսիս Քիւրքճեանը, փոխարինելով Ֆրանսուա Տըմաշին, թոշակի անցնելու պատճառով:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է միանալ «Քրիսթիան Տիոր բարֆիւմզ»-ի օծանելիքի տան, որ ունի ոգեշնչող պատմութիւն եւ ստեղծագործական ոգի: Այսօր ես ուրախ եմ, որ պիտի կարենամ կեանքի կոչել իմ տեսլականը` իմ բուրումնաւէտ ստեղծագործութիւններով, միաժամանակ շարունակելով ստեղծագործել իմ սեփական օծանելիքի տան համար, ինչ որ մեծ առաւելութիւն է», յայտնած է Քիւրքճեան:

Նշենք, որ Ֆրանսիս Քիւրքճեան ծնած է Փարիզ, 1969-ին: Անոր նախնիները Արեւմտեան Հայաստանէն են, Ցեղասպանութեան ժամանակ գաղթած են Հալէպ, այնուհետեւ հաստատուած են Ֆրանսա:

25 տարեկանին Քիւրքճեան ստեղծած է իր առաջին բոյրը` «Լe Mâle»-ը, նշանաւոր ոճաբան Ժան Փոլ Կոթիէի պատուէրով: Ան հեղինակ է աւելի քան հարիւր օծանելիքի եւ բոյրերու:

Ստորեւ նկարին վրայ` Ֆրանսիսը շրջապատուած իր ընտանիքով, եղբայրը` Լիոնելը, քոյրը` Մարինան, երկու զարմուհիները,  մայրը` Սիլվիան եւ հայրը` Պետրոսը:

Ֆրանսիս յատկապէս տպաւորուած է իր տատիկով` Սաթենիկով. «Տատիկս զարգացած կին էր: Բացի հայերէնէն` ան կը տիրապետէր սահուն անգլերէն, ֆրանսերէն, յունարէն, իտալերէն եւ թրքերէն լեզուներուն: Ան էր, որ մեր մէջ սերմանեց մեր արմատներու հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ ֆրանսական մշակոյթի սէրը եւ երախտագիտութեան զգացումը` այն երկրին, որ մեզ ընդուներ էր», կը յիշէ Ֆրանսիս:

Անկելա Մերքելի Արձանը

Գերմանացի քանդակագործ Վիլհելմ Քոխ արդէն իսկ աւարտած է վարչապետ Անկելա Մերքելի արձանը, որ որոշ ժամանակով պիտի ցուցադրուի Պաւարիոյ Թեմփըլ թանգարանին դիմաց:

2,7 մեթր բարձրութեամբ արձանը կը ներկայացնէ Մերքելը` նստած ձիու վրայ: Քանդակագործը յայտնած է, որ այս արձանը յղացած է անկախ քաղաքական համոզումներէ պարզապէս զինք տպաւորած է վարչապետին ՄԱՐԴ տեսակը:

Ձիուն վրայ Մերքել պատկերուած է իր աւանդական տաբատով եւ բաճկոնով եւ իրեն բնորոշ մազի սանտրուածքով: Արձանը պատուանդան չունի, քանի որ, քանդակագործին համոզումով, Մերքել «շատ համեստ» անձնաւորութիւն է:

Նշենք, որ Քոխ նաեւ Թեմփըլ թանգարանին տնօրէնն է. ան որոշած է որոշ ժամանակ մը ետք արձանը ծախու հանել` թանգարանին կոկիկ գումար մը ապահովելու համար:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Գծելը Ինքնադրսեւորման Միջոց Է

Երեխաներուն երեւակայութիւնը անսպառ է: Հոգեբաններու կարծիքով, երբեմն երեխաները չեն կրնար բառերով շատ բան արտայայտել, հետեւաբար կանուխէն անոնք իրենց տրամադրութեան տակ պէտք է ունենան թուղթ եւ գունաւոր ներկեր` իրենց միտքերը այլ ձեւով արտայայտելու եւ ինքնադրսեւորուելու համար:

Գծելու պահանջը բոլոր տարիքի երեխաներուն մօտ գոյութիւն ունի, բայց ոմանց մօտ անիկա շատ աւելի շեշտուած է եւ աւելի դիւրին` ներաշխարհը դրսեւորելու համար:

Մանկավարժներու կարծիքով, ծնողները պէտք է այս գծով շատ հետեւողական ըլլան եւ երեխան չզրկեն ինքնարտայայտման այս իւրօրինակ հնարաւորութենէն:

Անկախ անկէ, որ փոքրիկը ապագային գեղանկարիչ կը դառնայ, թէ ոչ, գծելը կը զարգացնէ անոր երեւակայութիւնը, աշխարհընկալումը ինչպէս նաեւ` ճաշակը:

Զարմանալի չէ, որ հոգեբանները յաճախ գծագրութիւններու միջոցով կը յայտնաբերեն երեխային մէջ թաքնուած բարդոյթները, վախերը, հոգեկան անհանգստութիւնները եւ այլն…

Խոհանոցային Գաղտնիքներ

4 Արագ Լուծումներ

Եթէ ձեր փուռի ապակին աղտոտած է, մէկ ապուրի դգալ բուսական ձէթին աւելցուցէք 2 ապուրի դգալ սոտա եւ ստացուած թանձրուկը տարածեցէք ապակիին մակերեսին. սպասեցէք 5 վայրկեան, ապա սպունգին կարծր երեսով կամ մետաղաթելով ամուր շփեցէք: Փուռի իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք զայն մաքրելը շատ աւելի կը դիւրացնէ գործընթացը:

Տապակին այրած յատակը մաքրելու համար առատ աղ ցանեցէք, սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա սպունգին կարծր երեսով շփեցէք: Տապակը թեթեւ կրակի վրայ 3-5 վայրկեան ձգեցէք, կրկին շփեցէք ու սովորական լուացէք:

«Սթենլես» լուացարանը փայլեցնելու եւ անախորժ հոտերը չքացնելու համար կիսուած կիտրոնի մը վրայ աղ ցանեցէք եւ ապա լաւ մը շփեցէք լուացարանին պատերը, յետոյ գաղջ ջուրով ցօղուեցէք:

Սուրճի գաւաթին մէջ ժամանակի ընթացքին դեղնաւուն հետքեր, արատներ կը գոյանան, զանոնք մաքրելու համար օգտագործեցէք կիտրոնաթթուն:

Այսպէս, խոնաւ սպունգին վրայ կիտրոնաթթու ցանեցէք եւ շփեցէք:

Այլազան

 Աւելին Մոգական Յատկութիւնները

Հին ժամանակներէն շատ մը ժողովուրդներու մէջ աւելը ընտանիքի պաշտպանութեան եւ բարօրութեան խորհրդանիշ է: Զայն օգտագործեր են ոչ միայն մաքրութեան համար, այլ նաեւ որպէս հմայիլ` տան համար:

Մեր նախնիները եւս աւելին վերագրեր են մոգական յատկութիւններ եւ հաւատացեր, որ անոր օգնութեամբ կարելի է տունէն դուրս աւլել դժբախտութիւնը եւ դէպի ներս աւլել երջանկութիւնը:

Ժողովրդական Նախապաշարումներ` Աւելի Մասին

– Շեմէն դուրս պէտք չէ աւլել. այլապէս դրամը տունէն դուրս կ՛ելլէ:

– Աւելը պէտք է կանգնեցնել բռնակը դէպի վար, որպէսզի բարօրութիւն տիրէ:

– Պէտք չէ աւելով զարնել մարդու կամ անասունի, այլապէս հիւանդութիւն կը յառաջանայ:

– Պտղատու ծառէն առատ բերք ստանալու համար նոր աւելով պէտք է հարուածել անոր բունին:

– Երիտասարդուհիները փեսացու գրաւելու համար պէտք է 9 անգամ ցատկեն աւելին վրայէն:

– Նոր տուն տեղափոխուելու պարագային պէտք չէ հին աւելը նոր տուն բերել, այլապէս հին անյաջողութիւնները եւս կը տեղափոխուին:

Աւելի Հետ Կապուած Ծէսեր

– Գումար շահելու համար մեր նախնիները նոր աւել կ՛օգտագործէին: Աճող լուսինի երեկոյեան զայն կը կապէին կարմիր ժապաւէնով եւ տան չորսդին մետաղադրամ կը թափէին: Յաջորդ առտու կ՛աւլէին մետաղադրամները եւ կ՛ըսէին. «Ոսկի եւ արծաթ. թող հարստանամ»:

Հաւաքուած գումարը կը լեցնէին ապակեայ շիշի մէջ եւ չէին ծախսեր:

– Անյաջողութենէ ձերբազատելու համար նուազող լուսինի ժամանակ աւելով կ՛աւլէին ամբողջ տունը, աղբը միշտ դէպի դուռ քշելով: Ապա շատ արագ կը տանէին ու կը թափէին թէ՛ աղբը եւ թէ՛ աւելը: Իսկ աւլելու ժամանակ պայման էր մտածել, որ աղբին հետ միասին պիտի չքանան բոլոր անյաջողութիւնները:

Խոհագիր

Շոմինով Եւ Սիսեռով Եղինձ

Բաղադրիչներ

1 գաւաթ եգիպտական բրինձ
1 սոխ (մանրուած)
2 գաւաթ շոմին (մանրուած)
1 1/4  գաւաթ տաք ջուր
1/2 գաւաթ խաշած սիսեռ
Աղ, սեւ փոշի համեմ
2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ

Պատրաստութիւն

Ձէթը տաքցնել եւ մանրուած սոխը 5 վայրկեան եփել` մինչեւ թմրի:

Աւելցնել մանրուած շոմինը, աղը, սեւ պղպեղը, խառնել եւ 5 վայրկեան եւս եփել:

Վերջապէս, աւելցնել բրինձը, խաշած սիսեռը եւ տաք ջուրը. սպասել, որ եռալու սկսի:

Եռալէն ետք կրակը թեթեւցնել կաթսան կափարիչով փակել եւ շուրջ 35 վայրկեան եփել:

Մատուցել տաք` մսեղէնի կամ աղցանի մը կողքին:

Շաբթուան Մտածումը

Ղարաբաղցիին համար, սարն ու մարդը իրար հետ փոփոխելի իրողութիւններ են, սարերը՝ անշարժ, մնայուն, ապրող մարդկային էակներ են, ու մարդիկ` շարժուն, խօսուն ապրող սարեր են: Մարդը կրնայ մեռնիլ` սարը սակայն կը շարունակէ անոր տեղը ապրիլ: Որքան ատեն սարը հոն է ու կ՛ապրի` այնքան ատեն ողջ է ղարաբաղցին: Այսինքն ազատ` իր սարերուն պէս:

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>