Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին. Կեանքի Մէջ Ծայրայե՞ղ Էք, Թէ՞ Չափաւորական

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Կեանքի մէջ ձեզի համար ամէն բան սեւ կամ ճերմա՞կ է, թէ՞ մոխրագոյնը կը բաւարարէ ձեզ: Այլ խօսքով, առօրեայ կեանքի մէջ ծայրայե՞ղ, թէ՞ չափաւորական անձ էք: Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն, ապա կարդացէք մեկնաբանութիւնը:

-1-

Ձեր մօտիկ ընկերուհին կը բացայայտէ իրեն վստահուած գաղտնիք մը.

ա.- Վերջնականապէս կը խզէք ձեր կապերը անոր հետ:
բ.- Ձեր ընդվզումն ու յուսախաբութիւնը կը յայտնէք իրեն:
գ.- Կ՛որոշէք այսուհետեւ ոչ մէկ գաղտնիք վստահիլ անոր:

-2-

Ձեր գործատէրը ձեր ուժերէն վեր գործ մը յանձնած է ձեզի եւ կ՛ակնկալէ, որ օրին աւարտէք.

ա.- Երկու-երեք օր անքուն կը մնաք եւ գործը գլուխ կը հանէք:
բ.- Յաւելեալ ժամանակ կը խնդրէք:
գ.- Յուսախաբ ընելու գնով ձեր ժամանակը կ՛առնէք եւ օգնական կը պահանջէք:

-3-

Դպրոցէն գանգատ կը ստանաք ձեր զաւկին վարքին գծով.

ա.- Ձեր զաւակը խստօրէն կը պատժէք:
բ.- Ձեր զաւակը կը յանդիմանէք` խիստ պատիժի մը սպառնալիքով:
գ.- Կը բաւարարուիք ձեր զաւկէն զղջումի խօսք մը լսելով:

-4-

Պետութիւններու միջեւ հակադրութիւնները կը լուծուին.

ա.- Պատերազմով:
բ.- Բանակցութիւններով:
գ.- Երրորդ կողմի մը միջամտութեամբ:

-5-

Բարեկամուհիներով կը հանդիպիք եւ կ՛որոշէք անգամուան մը համար «խենթանալու».

ա.- Մինչեւ առտու կը խմէք, կը պարէք, կը գինովնաք… դուք ձեզի այդ իրաւունքը կու տաք:
բ.- Մինչեւ ուշ ատեն կը մասնակցիք խնճոյքին, երկու բաժակ ալ կը խմէք, բայց հրաժեշտ կու տաք` յաջորդ օրուան գործը պատճառաբանելով:

-6-

Ճաշի հիւր ունիք եւ գլխաւոր ճաշը… այրած է.

ա.- Կը թափէք զայն եւ դուրսէն արագ ապսպրանք կ՛ընէք:
բ.- Տակաւին կէս ժամ ժամանակ ունիք, կը մտածէք նոր, սակայն աւելի արագ եւ դիւրին ճաշի մը պատրաստութեան մասին:
գ.- Պատրուակ մը գտնելով` կը յետաձգէք հրաւէրը:

-7-

Ներկայ էք անծանօթ երգիչի մը ձախորդ ելոյթին.

ա.- Առանց վարանելու` ոտքի կ՛ելլէք ու սրահէն կը մեկնիք:
բ.- Սրահէն մեկնիլը անյարմար համարելով, կը մնաք` տառապելով հանդերձ:
գ.- Դադարի պահը կը սպասէք` աննկատ մեկնելու համար:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, բաւական ծայրայեղ անձ էք ու ձեզի համար երկու չափ երկու կշիռ չկայ, ամէն բան սեւ կամ ճերմակ է ձեր մօտ: Ասիկա հաւանաբար արդիւնք է յանձնառու, չափազանց իտէալապաշտ բնաւորութեան: Միջակութիւնները, խախուտ լուծումները, անպարկեշտութիւնը կ՛ընդվզեցնեն ձեզ. հետեւաբար հարցերուն մէջ կ՛երթաք մինչեւ ծայր, նոյնիսկ եթէ ժամանակ մը ետք պիտի անդրադառնաք ձեր սխալին:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, չափաւորական անձ էք, հարցերը խաղաղ ճամբով լուծելու բանակցութիւններու եւ երկխօսութեան կողմնակից անձ էք: Պորթկումներ եւ զղջումներ չէք ունենար, անոնց առաջքը կ՛առէնք ձեր խոհեմ եւ մտածուած հակազդեցութիւններով, խօսքերով, կեցուածքով:

***

Եթէ ձեր պատասխաններն մեծամասնութիւնը «գ» է, կրաւորական, չնախաձեռնող եւ չդիրքորոշուող անձ էք: Ձեր մօտ կը պակսին համարձակութիւնն ու մղումը:

Դարձէք աւելի յանձնառու, դիրքորոշուեցէք ձեր շուրջ պատահող անցուդարձերուն նկատմամբ, այլ խօսքով` մասնակցեցէք կեանքին:

Հետաքրքրական

Զո՞յգ, Թէ՞ Կենտ

Տարբեր երկիրներու տարբեր ժողովուրդներ ունին ծաղիկներ նուիրելու հետ կապուած սովորութիւններ: Ամէնէն հետաքրքրականը այն է, որ մեծամասնութեան մօտ ընդունուած է, որ ուրախ առիթներով նուիրուած ծաղիկները պէտք է ըլլան կենտ թիւվ: Նոյն սկզբունքէն մեկնելով զոյգ թիւով ծաղիկներ միայն գերեզմանատուն կարելի է տանիլ: Համոզում կայ, որ զոյգ թիւով ծաղիկները դժբախտութիւն կը բերեն:

Կենտ Թիւով Ծաղիկներու Լեզուն

1 ծաղիկը կը խօսի ուշադրութեան մասին,
3 ծաղիկը` յարգանքի
5 ծաղիկը խոստովանութիւն է,
7 ծաղիկը` շատ խոր յարգանքի,
9 ծաղիկը անսահման հիացում,
11 ծաղիկը` մէկ սիրտ` երկուքի փոխարէն,
13 ծաղիկը կը նուիրեն կարեւոր տարեթիւերու պարագային` որպէս յաւերժ սիրոյ խորհրդանիշ:

Կենցաղավարութիւն

 Անախորժ Ձայներ,
Անյարմար Ձեւեր

Հազալ

Ձմրան եղանակին շատ ընթացիկ երեւոյթ է հազը: Երբ կը հազանք, պէտք է մեր ձեռքը դնենք բերնին առջեւ, նախընտրաբար` թաշկինակով մը եւ կամ հազանք մեր արմուկին ներսի բաժնին մէջ:

Երկարատեւ, կրկնուող հազի պարագային, նախընտրելի է ներկաներէն ներողութիւն խնդրել եւ սենեակէն դուրս գալ` բաժակ մը ջուր խմելու եւ հանգստանալու համար:

Կոկորդը Մաքրել

Շատեր իրենց խցուած կոկորդն ու քիթը մաքրելու համար չեն վարանիր ուրիշներու ներկայութեան տեսակաւոր անախորժ ձայներ հանելու:

Նոյնպէս ալ խնջելը ոմանց մօտ արարողութիւն է: Խնջելը պէտք է ըլլայ կարելի եղածին չափ զուսպ ձայնով: Իսկ խնջելէ ետք թաշկինակը բանալու եւ մէջը նայելու կարիք չկայ, ասիկա շատ անյարմար եւ անախորժ է ներկաներուն համար:

Փռնգտալ

Ընդհանրապէս փռնգտալը կարելի չէ նախատեսել, իսկ ոմանց մօտ անիկա կրնայ տասնեակ անգամներ կրկնուիլ: Թելադրելի է կարելի եղածին չափ արագ թաշկինակով մը ծածկել քիթն ու բերանը եւ որոշ հեռաւորութիւն պահել շուրջիններէն:

Յօրանջել

Յօրանջելը յաճախ քունի, բայց նաեւ ձանձրոյթի նշան է: Յօրանջելը պէտք է աննկատ անցընել շրջապատը չվիրաւորելու համար:

Կարելի է բերանը գոց եւ թեթեւակի գլուխը շրջելով յօրանջել եւ կամ ձեռքով ծածկել բերանը: Քիչ մը կամք գործադրելով` կարելի է նոյնիսկ զսպել զայն:

Հազալու, խնջելու, փռնգտալու թէ յօրանջելու ատեն մենք մեր ձեռքերն է, որ կը գործածենք: Իսկ մեր ձեռքերը միլիոնաւոր վարակիչ մանրէներով կը ծածկուին ամէն անգամ, որ զանոնք մեր բերնին կամ քիթին կը մօտեցնենք: Հետեւաբար պէտք է մնայուն ձեւով եւ յաճախակի լուանք զանոնք: Եթէ լուացուելու կարելիութիւն չկայ, առնուազն զանոնք ախտահարենք թաց թաշկինակով կամ ժելով:

ԱՅԳԻԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԱՅԳԻ

Մանկական այգին կը տարածուի Մովսէս Խորենացի, Գրիգոր Լուսաւորիչ, Պէյրութ եւ Զաքեան փողոցներւն միջեւ:

Նախապէս այգին կոչուած է Կիրովի զբօսայգի. հիմուած է 1933 թուականի մարտին, հին շուկայի` Ղանթարի տեղը(*): 1934-ին խորհրդային պետական գործիչ Սերկէյ Կիրովի մահէն ետք այգին վերականգնուած է անոր անունով:

Ներկայիս զբօսայգին երեւանցի մանուկներուն սիրելի վայրն է, ուր նաեւ բազմաթիւ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին:

Նշենք, որ Պէյրութ փողոցին վրայ նայող այգիի այդ հատուածին մէջ տեղադրուած է լիբանանցի գրող, փիլիսոփայ, նկարիչ եւ բանաստեղծ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կիսանդրին:

Մանկական խաղավայրով, կրպակներով եւ փոքրիկ սրճարաններով աշխուժացած այգիին տարածքին տեղադրուած են նաեւ Նելսըն Ստեփանեանի եւ Սիմոն Զաքեանի կիսանդրիները, ինչպէս նաեւ` վերջինին գերեզմանը:

(*).- Ղանթար պարսկերէն կը նշանակէ «շուկայի մեծ կշիռք»:

Խոհագիր

 Ոսպով Աղցան

Բաղադրիչներ

1 գաւաթ խաշած սեւ ոսպ
1 ստեպղին` խորանարդաձեւ կտրատուած եւ խաշած
1 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
1 կարմիր սոխ` մանրուած
2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
1 ապուրի դգալ նուռի ռուպ
2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Աղ, սեւ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել ու խառնել խաշած ոսպը, ստեպղինը, մանրուած սոխն ու ազատքեղը:

Խառնուրդին աւելցնել կիտրոնի հիւթը, նուռի ռուպը, ձիթապտուղի ձէթը, աղն ու սեւ պղպեղը: Բոլորը միատեղ խառնել, ձգել առնուազն կէս ժամ, ապա մատուցել:

Այս աղցանը կարելի է ճոխացնել մանրուած լոլիկով, եգիպտացորենով, կանաչ սոխով եւ այլն…

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Եռաբլուր Գնացի

Եռաբլուր գնացի
Ընկերոջս այցի
Եռագոյն քամու տակ
Երկար խորհեցի
Թէ ինչ խօսեմ, ինչ ասեմ
Զինուորին անվախ
Որ հերոս է անմահ
Բայց չի ապրում աւաղ

Եռաբլուր գնացի
Ընկերոջս այցի
Եռագոյն ցաւի մէջ
Ես նրան պատմեցի
Որ ծաղկում է կրկին
Մեր երկիրը հին
Ու ջերմացնում է արեւը
Նայիրեան այգին
Որ մօրը զաւակ ենք դարձել
Քրոջը` եղբայրացել
Հօր հետ տունը շենացրել
Պաշտպանել, ամրացրել
Ասացի տեսանք վախճան
Բայց կռուեցինք անդաւաճան
Կարողացանք յաղթել
Նոր ուղի հարթել
Ու պահում են մարդիկ
Յիշատակն անմար
Չի ուրացել ոչ ոք
Հերոսներին անհամար
Մարդիկ ապրում են մաքուր
Ինչպէս նա էր երազում…
Չասացի, որ ցաւ է ամէնուր
Այս անորոշ երազում

Եռաբլուր գնացի
Ընկերոջս այցի
Ու առաջին անգամ
Ես նրան խաբեցի
Արցունքով քարացած
Շիրիմից հեռացայ
Մեղքերիս մեղանչած
Եւս մէկն աւելացաւ
Ինչ արած
Լեզուս չֆռաց
Ճիշդը պատմեմ
Ընկերոջս նահատակուած…

ՀԱՅԿ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>