Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մեծ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի անուան պուրակը կը գտնուի Ֆրանսայի հրապարակին կից: Պուրակի կեդրոնը կանգնած է Մարտիրոս Սարեանի մարմարեայ արձանը, որուն հեղինակներն են քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանը եւ ճարտարապետ Արթուր Թարխանեանը:
Գիտէ՞ք արդեօք, թէ ինչո՛ւ պէտք է այցելել այս այգին: «Գոյների մեծ վարպետ» Սարեանի պուրակը կը տարբերի Երեւանի բոլոր այգիներէն. անիկա բացօթեայ պատկերասրահ մըն է, զոր հնարաւոր չէ կտրել-անցնիլ մի քանի վայրկեանէն, քանի որ ամէնուրեք ցուցադրուած են ժամանակակից հայ նկարիչներու աշխատանքները: Ամէն օր քաղաքի նկարիչները կը հաւաքուին այս գողտրիկ պուրակին մէջ, որուն նմանը կարելի չէ տեսնել այլուր:
Պուրակին մէջ տեղադրուած են բազմաթիւ յարմարաւէտ նստարաններ` այցելուներուն, որպէսզի դիտեն նկարները եւ վայելեն մթնոլորտը: Այգիին մէջ տեղադրուած է նաեւ «Տղամարդիկ»արձանախումբը, որ նուիրուած է «ռեժիսէօր» Էդմոնտ Քէօսայեանի 75-ամեակին: Արձանախումբի տեղադրման վայրը պատահական չէ. հոն է, ուր նկարահանուած է «Տղամարդիկ» ժապաւէնը:
Նշենք, որ պուրակին մէջ հանգստեան օրերուն, ժամանակակից նկարիչնեերու աշխատանքներու բացօթեայ ցուցահանդէս վաճառքը կը կազմակերպուի, որուն պատճառով ալ ժողովուրդը պուրակը կոչած է նաեւ «Սարեանի վերնիսաժ»:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Երեխան Հանրախանութ
Տանի՞ն, Թէ՞ Ոչ
Յաճախ մայրերը կը խուսափին իրենց փոքրիկը հանրախանութ տանելէ, այն մտավախութեամբ, որ հոն փոքրիկը զիրենք պիտի խայտառակէ իր չարութիւններով կամ նեղ կացութեան մատնէ` իր պահանջներով:
Բայց ե՞րբ պիտի սորվի մանուկը հանրախանութ երթալ, ապրանքներուն եւ անուններուն ծանօթանալ եւ առանց անկարելի պահանջներ դնելու` մօրը հետ շրջիլ եւ ուրախ տուն վերադառնալ:
Ընդհանրապէս առաջին անգամ կարելի չէ նախատեսել, որ խանութին մէջ փոքրիկը կամակորութիւն պիտի ընէ՞, ձեզմէ տուրմ, պաղպաղակ կամ խաղալիկ պիտի պահանջէ՞, թէ՞ ոչ… Ի՛նչ պատկեր ալ պարզուի, թելադրելի չէ, որ դուք փորձէք հարցը լուծել խանութին մէջ, քանի որ ձեր փոքրիկը պիտի չլսէ ձեզ եւ պիտի շարունակէ պնդել: Ո՛չ ապտակը, ո՛չ ալ սպառնալիքները պիտի լուծեն հարցը. ընդհակառա՛կը, մնացեալ յաճախորդներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք եւ անել կացութեան պիտի մատնուիք:
Որպէսզի նման իրավիճակ չստեղծուի, պէտք է երեխային հետ նստիլ ու խօսիլ նախքան խանութ մեկնիլը: Օրինակ, եթէ մթերքներու համար խանութ պիտի երթաք եւ յաւելեալ գնումներու գումար եւ ժամանակ չունիք, ասիկա երեխային պէտք է բացատրէք տունէն չմեկնած, անշուշտ` համոզիչ եւ մատչելի ձեւով, առանց սպառնալիքներու կամ խոստումներու:
Եթէ հակառակ ձեր զգուշացումներուն երեխան փոխեց իր ընթացքը, դարձեալ հոն յարմար վայրը չէ իր խոստումները յիշեցնելու կամ զինք դաստիարակելու:
Տուն վերադարձին երկուքով հանդարտելէ ետք եւ առանց կիրքի անոր յիշեցուցէք գործած յանցանքը եւ ձեր հայեցողութեամբ` պատիժ մը սահմանեցէք: Խուսափեցէք ծանր պատիժէ, վիրաւորական խօսքերէ, սպառնալիքներէ: Իսկ ձեր յաջորդ հանրախանութ այցելութեան, եթէ ձեր երեխան փոխած է իր ընթացքը, չմոռնաք փոքրիկ վարձատրութեամբ մը հատուցելու զինք:
Առողջապահական
5 Զգալի Փոփոխութիւն, Եթէ
Հրաժարիք Քաղցրեղէնէն
Ճարպակալման եւ գիրութեան հիմնական պատճառը նստակեաց կեանքն է եւ վերամշակուող սնունդի օգտագործումը, որոնց մեծ մասը հարուստ է շաքարով: Եւ ճիշդ այս սնունդներն են, որ ժամանակի ընթացքին կախուածութիւն կը ստեղծեն:
Սակայն, եթէ նոյնիսկ աւելորդ ծանրութեան հարց չունիք, լաւ կ՛ըլլայ, որ վերանայիք ձեր սննդակարգին եւ նուազեցնէք շաքարի օգտագործումը:
Փոփոխութիւններ, Զորս Շատ Արագ
Կը Զգաք, Եթէ Հրաժարիք Շաքարէն
1.- Աւելի ճիշդ ձեւով կը գնահատէք ուտելիքներու համը: Նոյն ելակը կամ թէյը դուք բոլորովին նոր ձեւով կը բացայայտէք:
2.- Կը կարգաւորուի ձեր աղիքներու գործունէութիւնը:
3.- Կը ձերբազատիք աւելորդ քիլոներէն:
4.- Կը յաղթահարէք շաքարային կախուածութիւնը:
5.- Կը դառնաք աւելի աշխուժ:
Հետաքրքրական
Խնդուքի Ձեւը Մարդը
Բնորոշելու Միջոց Է
Հոգեբաններու կարծիքով, մարմնի լեզուն (ժեսթերը) երբեմն շատ աւելի բան կ՛ըսեն, քան` բառերը: Այս իսկ համոզումէն մեկնելով` անոնք կը պնդեն, որ մտադրութիւններու եւ զգացումներու իսկական «տեղեկատու» մըն է նաեւ խնդուքը: Այսպէս`
– Խնդալու ժամանակ բերանը ձեռքերով փակելը ամօթխածութեան եւ անինքնավստահութեան նշան է: Խնդրոյ առարկայ անձը կը փորձէ թաքցնել սեփական բարդոյթներն ու թերութիւնները: Ան չ՛ուզեր ինքզինք բացայայտել մարդոց առջեւ, յաճախ կ՛ամչնայ ու կը կարմրի` փորձելով աննկատ մնալ:
– Եթէ զրուցակիցը բաւական բարձր կը խնդայ, բերանը բաց, ամենայն հաւանականութեամբ ան աշխուժ եւ գործունեայ մարդ է: Անոր գլխաւոր թերութիւնը ուրիշները չլսելն է. ան նաեւ որոշ չափով եսակեդրոն մարդ է:
– Եթէ անձը խնդալու ժամանակ գլուխը դէպի ետ կը թեքէ ան մեծ, բարի սիրտ ունի: Ան չափազանց դիւրահաւատ է եւ վստահող:
– Եթէ անձը խնդալու ժամանակ քիթը կը կնճռոտէ, ան պահպանողական մարդ է. անոր զգացական աշխարհը անկայուն է եւ փոփոխական:
– Այն մարդը, որ խնդալու ժամանակ տեւաբար կոպերը կը բանայ ու կը գոցէ, հանգիստ եւ ինքնավստահ անձ է: Ան աշխուժ եւ գործնական մարդ է, իսկ վէճերու ժամանակ` համոզիչ եւ յաղթական:
– Եթէ ձեր զրուցակիցը կարճ, բայց սրտանց կը ծիծաղի, ան հաւասարակշռուած եւ մեծ անհատականութեան տէր մարդ է:
– Վերջապէս, «ձեռքով-ոտքով» խնդացող մարդը զուարթախոհ եւ կեանքով լեցուն անձ է. ան նոյնիսկ դժուար պահերուն կը փորձէ երեւոյթները պահել, թէկուզ` թաքուն լալով:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
– Որպէսզի հազարը երկար ժամանակ թարմ մնայ, զայն մաքրեցէք, լուացէք, ցամքեցուցէք եւ ապա երկայնքին երկուքի կիսեցէք: Իւրաքանչիւր կէս փաթթեցէք մաքուր լաթի մը մէջ եւ զետեղեցէք կերպընկալ տոպրակի մը մէջ ու սառնարանը պահեցէք:
– Որպէսզի պտուղներ երկար դիմանան, անոնց միջեւ գինիի շիշի քանի մը խցան զետեղեցէք:
– Որպէսզի նախօրօք պատրաստուած պտուղի աղցանին խնձորը, պանանը կամ տանձը իրենց գոյնը պահպանեն, անոնց վրայ կիտրոնի հիւթ կամ մեղր աւելցուցէք:
– Որպէսզի խոզապուխտը, նրբերշիկը կամ սալամին երկար դիմանան, զանոնք զետեղեցէք կափարիչով օժտուած ապահով տուփերու մէջ եւ նախքան փակելը` քանի մը դդմաճ դրէք տուփերուն մէջ: Դդմաճը կը ներծծէ խոնաւութիւնը եւ աւելի երկար ժամանակով թարմ կը պահէ մսեղէնները:
– Եթէ մեծաքանակ սխտոր պիտի կեղուէք, պճեղները քանի մը վայրկեան մանրալիքին մէջ դրէք. երբ հանէք, կեղեւները ինքնաբերաբար պիտի բաժնուին:
– Որպէսզի թառամած ռեհանը ինքզինք գտնէ, զայն մխրճեցէք շաքարաջուրով լեցուն ամանի մը մէջ. շատ արագ անիկա կը վերագտնէ իր թարմութիւնը:
Խոհագիր
Գինձով Ծաղկակաղամբ
Բաղադրիչներ
– 1 պզտիկ ծաղկակաղամբ
– 5-6 պճեղ սխտոր
– Կէս կապոց մանրուած, թարմ գինձ
– Քառորդ թէյի դգալ քիմիոն
– Քառորդ թէյի դգալ կարմիր, փոշի պղպեղ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Աղ, սեղ փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Ծաղկակաղամբը փոքրիկ մասերու բաժնել եւ 3 վայրկեան եռացած ջուրի մէջ պահել: Քամոցէ անցած ծաղկակաղամբը տարածել ափսէին մէջ. համեմել` աղով, սեւ պղպեղով, քիմիոնով եւ կարմիր փոշի պղպեղով:
Համեմուած ծաղկակաղամբներուն աւելցնել ճզմուած սխտորը, մանրուած գինձը եւ ձէթը: Բոլորը միատեղ խառնել եւ ափսէն փուռը փոխադրել: Եփել շուրջ 20 վայրկեան, 180 ջերմաստիճանով:
Ծաղկակաղամբները փոխադրել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ, աւելցնել կիտրոնը հիւթը եւ մատուցել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անպատասխան Հարց
Ամէն հարց կեանքում
Պատասխա՛ն ունի
Բացի… մի՛ հարցից-
Անիծեա՜լ հարցից`
Միա՜կ, եզակի՜ եւ անզուգակա՜ն.-
Ո՞վ չգիտէ,
Որ դարերից ի վեր
«Հայոց հարցը» կա՛յ,
Բայց լսե՞լ էք,
Որ երբեւէ լինէր… «Հայոց պատասխա՜ն»
Պատասխան չկա՜յ
Պատասխան չկա՜յ…
Հարցը` զրկուա՜ծը
Ազնի՜ւ-արդա՛րն է միայն ունենում.
Չար-անարդարը
Հարցն ի՜նչ է անում.-
Նա լոկ արդարի
Հո՛ղն ու երկի՛րն է
Հարցականի՛ ու հարցի տակ դնո՛ւմ.
Նա հարցեր չունի՜-
Նա ունի միայն
Հարց տուողների բերանը փակող
Եաթաղաննե՛ր ու զէնքե՛ր մարդասպան –
Իբրեւ արդարի հարցին պատասխա՛ն…
… Կա՞յ մէկն աշխարհում,
Որը չիմանայ «Հարցը Հայկական»
Բայց լսե՞լ էք,
Որ երբեւէ լինէր… «Հայոց պատասխա՜ն»
Ոչ պարսկակա՛ն, ոչ թուրքակա՛ն,-
Հայի հայկակա՛նն եմ ուզում,
Ոչ տարագի՛ր, ոչ գաղթակա՛ն,-
Հայ ազգը` իր տա՛նն եմ ուզում.
Իմ վաղեմի՜, ազնի՛ւ հայցին
Արդար դատաստա՛ն եմ ուզում,
Յոգնե՜լ եմ ես «Հայոց հարցի՛ց»
«Հայոց… պատասխա՛ն» եմ ուզում:
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ