Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. 3 Հարց Եւ Պատասխան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1) Ե՞րբ Երեխան Կրնայ Առանձին Լոգնալ

5-6 տարեկան երեխայ մը արդէն ինքնաբաւ կը համարուի եւ բնականաբար կրնայ առանձին լոգնալ եւ հագուիլ:

Մայր մը պէտք է նախօրօք որոշ ցուցմունքներ կատարէ, իսկ լոգանքի ատեն երեխան պէտք է ձեռքի տակ ունենայ անհրաժեշտ բոլոր իրերը` սպունգ, օճառ, շամփուէն…

Միւս կողմէ` լոգարանը պէտք է ըլլայ ապահով, օժտուած` յատուկ «գորգով», որպէսզի երեխան չսահի, իսկ ջուրին ջերմաստիճանը պէտք է սկիզբէն ճշդել:

Պէտք է յարգել երեխային անձնականութիւնը, բայց երբեք չկղպել դուռը:

Լոգարանին առջեւ երեխան պէտք է մարմինը ցամքեցնէ փոքրիկ գորգին վրայ կանգնած, կողքին` մուճակները եւ հագուստները:

2) Ե՞րբ Երեխան Կրնայ Առանձին Խանութ Երթալ

7 տարեկան երեխան կարելի է առանձին խանութ կամ փուռ ղրկել, եթէ ճամբայ անցնելիք չէ:

Երեխան կարելի է ղրկել մօտակայ խանութը` հաց կամ որեւէ իր գնելու, եթէ խանութպանը վստահելի անձ է:

Երեխային ձեռքը մեծ գումարներ տալու չէ, որպէսզի ան դիւրաւ հաշուակցի:

Այսպիսով, երեխան հպարտ ու պատասխանատու կը զգայ, եւ քիչ-քիչ անոր ինքնավստահութիւնը կը զարգանայ:

3) Ե՞րբ Կարելի Է Երեխային Գրպանի Դրամ Տալ

7-8 տարեկան երեխաները արդէն կը սկսին դրամ ուզել իրենց ծնողներէն:

Շաբաթական դրութեամբ երեխային դրամ տալով` կարելի է անոր վարժեցնել, որ ինքզինք «կազմակերպէ», ծախսերը դասաւորէ, խնայել սորվի եւ այլն…

Ոմանք քանի մը օրէն կը ծախսեն տրուած գումարը, ուրիշներ, ընդհակառակը, կը պահեն:

Պէտք չէ, որ գրպանի դրամը կապուի պատիժի կամ վարձատրութեան հետ:

Ինչ կը վերաբերի գրպանի դրամի չափին, ատիկա ծնողին որոշումն է եւ անոր հայեցողութեան ձգուած է:

Փորձառուներու Կարծիքով

 Լուա՞լ, Թէ Չլուալ

Մանկութենէն մեզի սորվեցուցած են, թէ ուտելէ առաջ պէտք է շատ լաւ լուալ ձեռքերը, որ ինչպէս  նաեւ բոլոր մթերքները, որոնք շուկայէն տուն կը բերուին:

Մինչեւ օրս ալ մեզմէ շատեր, այս սկզբունքէն մեկնելով, կը լուան բոլոր մթերքները` պատրաստելէ եւ ուտելէ առաջ:

Սակայն պարզուած է, որ կարգ մը մթերքներ պէտք չէ լուալ. ահա թէ ինչո՛ւ

Հաւը

Շատեր շուկայէն բերուած հաւը անպայման կը լուան` նախքան պատրաստելն ու եփելը: Միսը, ձուկը, բայց մանաւա՛նդ հաւը երբեք պէտք չէ լուալ:

Հոսող ջուրի տակ հաւը լուալով, դուք պաքթերիաներէն ոչ միայն չէք ձերբազատիր, այլ ընդհակառակը, կը վարակէք նաեւ լուացարանը, սպասքը եւ այլն…

Սալմոնելլա կոչուած պաքթերիան շատ վտանգաւոր եւ նոյնիսկ մահացու է:

Հաւկիթը

Շատ շատերու կարծիքով, հաւկիթը եւս պէտք չէ լուալ, նոյնիսկ եթէ անոր վրայ փոքր աղտեր կամ բիծեր կան: Կը թելադրուի պարզապէս խոնաւ լաթով մը մաքրել զանոնք: Հաւկիթին ծակոտկէն կեղեւը չափազանց նուրբ եւ զգայուն է, եւ բնականաբար անկէ ներս կրնան ներթափանցել ջուրն ու օճառը եւ վնասել դեղնուցին եւ սպիտակուցին:

Սունկը

Հոսող ջուրին տակ լուացուած սունկը սպունգի նման կը ներծծէ ջուրը եւ կը դառնայ չափազանց անհամ:

Սունկին վրայի հողն ու կեղտը մաքրելու համար եւրոպացիք կը գործածեն փոքրիկ խոզանակ մը: Այսպէս, անոնք նախ կը կտրեն սունկին ոտքէն պզտիկ բաժին մը, ապա խոզանակի կամ խոնաւ լաթի միջոցով կը մաքրեն գլուխը:

Պանանը

Պանանը, սեխը, ձմերուկը մնացեալ պտուղներուն նման պէտք է  լուալ, նոյնիսկ եթէ անոնց կեղեւները անօգտագործելի են: Ձեռքէ ձեռք անցած եւ տեղէ տեղ փոխադրուած այս պտուղները մանրէներու բոյն են, եւ թելադրելի է տուն բերելէ ետք անպայման լուալ եւ ցամքեցնել զանոնք:

Բանջարեղէններ Եւ Պտուղներ

Բոլոր բանջարեղէններն ու պտուղները պէտք է անպայման լուալ օճառով կամ յատուկ հականեխիչներով: Հրաժարեցէք թանկարժէք քիմիական նիւթերէն եւ նախապատուութիւնը տուէք ճերմակ քացախին ու աղին:

Պահածոյի Տուփերը

Շուկայէն տուն բերուած պահածոյի բոլոր տուփերն ու ապակեայ շիշերը անպայմանօրէն լուացէք: Անոնց կափարիչներուն վրայ կուտակուած  մանրէներն ու փոշին կրնան սնունդին մէջ թափանցել, եթէ նախօրոք չմաքրենք զանոնք:

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

Գիտէի՞ք, Թէ…

  • Միսը շատ երկար տապկելու պարագային, անիկա կը կորսնցնէ իր համը, տեսքը եւ սննդական արժէքը:
  • Խաշած միսը հիւթալի կ՛ըլլայ, եթէ կտորները եռացած ջուրի մէջ, թեթեւ կրակի վրայ երկար եփուին:
  • Որպէսզի միսը լաւ կարմրի, նախքան տապկելը` զայն ծծուն թուղթի վրայ ցամքեցնել:
  • Մէկ քիլօ միսը խաշելէ ետք կը մնայ 600 կրամ: Իսկ տապկելէ ետք` 620-650 կրամ:
  • Յօշած միսը պէտք է արագ գործածել, որովհետեւ շուտ կը քայքայուի, նոյնիսկ` սառնարանը պահելու պարագային:
  • Ուշ եփող միսը կը փափկանայ, եթէ կտորները ծեծուին փայտեայ մուրճով:
  • Թարմ միսը պէտք է ըլլայ վարդագոյն, իւրայատուկ հաճելի հոտով:
  • Միսերէն ամէնէն դիւրամարսը նապաստակինն է, ապա` հաւու, կովու եւ խոզի: Ամէնէն դժուարամարսը ոչխարինն է.
  • Միսի 100 կրամը կը պարունակէ 3 անգամ աւելի երկաթ, քան` կարգ մը ընդեղէններու եւ սոյային մէջ գտնուողը: Միսին պարունակած երկաթը  մարմնին կողմէ աւելի դիւրին ներծծուելու առաւելութիւնը ունի:

Ձեր Ընտրութիւնը Կը Պատմէ Ձեր Մասին…

Ի՞նչ Կ՛ընէք Առաջին Հերթին

Իւրաքանչիւր իրավիճակ կրնայ բացայայտել անձի մը բնորոշ բոլոր յատկանիշները, որոնց մասին թերեւս ինք ալ չի գիտեր:

Հոգեբաններու կարծիքով, մարդու մը ընտրութիւնը շատ բան կը բացայայտէ անոր նկարագրին մասին: Ընտրութիւն կատարելով` տուեալ անձը կը պարզէ իր անհատականութիւնը եւ առաջնահերթ սկզբունքները:

Ուշադի՛ր դիտեցէ՛ք նկարը եւ պատասխանեցէ՛ք, թէ նախ ի՞նչ կ՛ընէիք, եթէ սենեակ մտնէիք եւ նման իրավիճակ տեսնէիք…

Եթէ Առաջին Հերթին Ելեկտրական Թէյամանը Կ՛անջատէիք

Դուք անհանգիստ եւ մտահոգ անձ էք, յաճախ ամէն ինչ կրկնակի կը ստուգէք: Ձեզի բնորոշ են զգուշաւորութիւնն ու ճշգրտութիւնը: Դուք նաեւ շատ ճշդապահ էք եւ կատարելապաշտ:

Եթէ Առաջին Հերթին Շտապեցիք Դէպի Հեռախօսը

Դուք հանգիստ բնաւորութեամբ անձ էք, կը խուսափիք եռուզեռէն եւ քաոսէն: Չփոխուած ապրելակերպն ու հանգստութիւնը առաջնահերթ են ձեզի համար: Դուք կրնաք յետաձգել ձեր տնային գործերը` քիչ մը աւելի երկար քնանալու կամ բաժակ մը սուրճ կամ թէյ ըմբոշխնելու համար:

Եթէ Առաջին Հերթին Վազեցիք Երեխային Մօտ

Դուք շատ պատասխանատու մարդ էք: Դուք  կը զատորոշուիք ձեր անկախութեամբ, ինչպէս  նաեւ` արագ եւ տրամաբանական որոշումներ կայացնելու ունակութեամբ:

Եթէ Առաջին Հերթին Շտապեցիք Շունը Նախատելու

Դուք պոռթկացող եւ քիչ մըն ալ դիւրագրգիռ անձ էք: Դուք շատ արագ կը կորսնցնէք ձեր ինքնատիրապետումը եւ կը դառնաք ծայր աստիճան ջղային:

Կարգապահ անձ էք եւ ամէնուրեք կարգ ու կանոն կը փնտռէք: Մեծապէս կը գնահատէք լռութիւնը, քանի որ ձեր պարագային միայն արտաքին խաղաղութիւնը կ՛օգնէ` հասնելու ներքին ներդաշնակութեան:

Խոհագիր

Կոլոլակներ`
«Փչակներու» Մէջ

Բաղադրիչներ

3 գետնախնձոր
Կէս քիլօ աղացած միս
1 պճեղ սխտոր
1 սոխ
2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
Աղ, սեւ պղպեղ
Քերած պանիր` երեսը ծածկելու համար (պայման չէ)
Ճերմակ թացան (սոս պլանշ) կամ թարմ լոլիկով թացան

Պատրաստութիւն

Գետնախնձորները 5-7 վայրկեան խաշել, կեղուել եւ կլոր շերտել:

Միսին աւելցնել համեմները, ճզմուած սխտորը, մանրուած սոխը եւ ազատքեղը: Շաղել խճողակը եւ ընկոյզի մեծութեամբ կամ քիչ մը աւելի մեծ գնդակներ պատրաստել:

Քիչ մը բարձր եզերքով ափսէին յատակն ու կողմերը կարագով ծեփել, ապա շարել գետնախնձորի շերտերը:

Միսի գնդակները շարել գետնախնձորներուն վրայ եւ միսերուն միջեւ դարձեալ գետնախնձորի շերտեր զետեղել:

Ըստ ճաշակի, պատրաստել ճերմակ թացան կամ թարմ լոլիկով կարմիր թացան եւ աւելցնել միսին ու գետնախնձորներուն վրայ:

Եթէ ձեռքի տակ պանիր ունիք երեսը ծածկեցէք տաշուած պանիրով եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփեցէք շուրջ 20 վայրկեան` 180 ջերմաստիճանով:

Շաբթուան Մտածումը`

Սա Հայաստանի` Կովկասում մնալ-չմնալու հարցն է: Եթէ մենք ուզում ենք լինել Կովկասի իրաւահաւասար ազգերից մէկը, մենք պարտաւոր ենք չպարտուել, պարտուելու իրաւունք չունենք եւ պիտի չպարտուենք:

Ինչ-որ մի ժամանակ մենք խաբուեցինք, թէ թուրքերի ախորժակը բաւարարուած կը լինի Արեւմտեան Հայաստանը կլլելով, բայց չէ… Էնքան խաբուած մնացինք, մինչեւ որ էնտեղի դեմոկրատները, մտաւորականներն իրենց խօսքն ասացին, թէ Ղարաբաղն Ազրպէյճանինն է…

… Նրանք արդեօ՞ք կարող են համոզել, որ Ղարաբաղն իմ ու քո հողը չէ, որ Ղարաբաղն իմ կէսը չէ: Ղարաբաղն իմ  հողն է, Ղարաբաղից չի կարելի հրաժարուել, եթէ նոյնիսկ թուրքի ետեւում ով ասես կանգնած լինի…

… Փողոցում ողբերգութիւն է ծաւալւում, պատմական վէպ է ծաւալւում, երանի նրանց, ովքեր առողջ աչքեր ունեն եւ կարողանում են կարդալ…

ՀՐԱՆԴ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>