Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Փորհարութիւն, սիրտխառնուք, փսխում, փորի ցաւ, ջերմութիւն ահաւասիկ սննդային թունաւորումի գլխաւոր ախտանշանները: Առողջ մարդուն մօտ սննդային թունաւորումը յաճախ թեթեւ է եւ կ՛անցնի երկու-երեք օրուան ընթացքին: Բայց արիւնոտ կղկղանքի կամ ջերմութեան պարագային պէտք է դիմել բժիշկին:
Ի՞նչ ընել սննդային թունաւորումի վտանգը սահմանափակելու համար
1) Ձեռքերը յաճախ լուացէք:
Բաղնիքէն դուրս գալէ ետք եւ շուկայէն վերադարձին անպայման լուացէք ձեր ձեռքերը, քանի որ մանրէները առաջին հերթին կը փոխանցուին եւ կը բազմանան ձեռքերուն միջոցով:
Ճաշի պատրաստութենէն առաջ եւ ընթացքին պարտադիր է ձեռքերը օճառով լուալ, յատկապէս երբ գործ ունիք հաւի, ձուկի կամ կանաչեղէններու հետ: Մի՛շտ ի մտի ունեցէք, որ ձեր ընտանիքին անդամներուն առողջութիւնը կախեալ է ձեզմէ:
***
2) Շուկայէն վերադարձին ձեր ապրանքները սառնարան փոխադրեցէք: Մսեղէնները ձկնեղէնը, կաթնեղէնը անմիջապէս սառնարան կամ սառցարան փոխադրեցէք կափարիչով օժտուած ամաններու կամ կերպընկալ տոպրակներու մէջ զետեղելէ ետք:
Ինչ կը վերաբերի պտուղներուն, բանջարեղէններուն եւ կանաչեղէններուն, զանոնք առանց լուալու սառնարան չդնէք սառնարանն ու անոր պարունակութիւնը մանրէներով չվարակելու համար:
***
3) Հրաժարեցէք հում կամ կիսահում մթերքներէն:
Ամրան եղանակին հրաժարեցէք հում մսեղէնէն եւ ձկնեղէնէն, զանոնք երբեք հում կամ կիսահում չսպառէք: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ յօշուած միսին եւ երշիկեղէններուն: Այս մթերքներէն թունաւորումը շատ լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
***
4) Կրկնակի հսկեցէք խոհանոցի մաքրութեան:
Խոհանոցը յարմարագոյն վայրն է մանրէներու բազմացման:
Աշխատանքի տախտակները, սեղանն ու լուացարանը, ինչպէս նաեւ սպունգներն ու սրբիչները պէտք է յաճախակի մաքրել եւ ախտահանել ճերմակ քացախով, աղով, կիտրոնով եւ այլն…
Երբեք նոյն աշխատանքի տախտակն ու դանակը չօգտագործէք հում մսեղէն եւ բանջարեղէն կտրելու համար:
Օրական դրութեամբ փոխեցէք ձեռքի սրբիչները եւ շաբաթական դրութեամբ` սպունգները:
***
5) Հսկեցէ՛ք սառնարանի մաքրութեան:
Ուտելիքներուն միջեւ վարակներէ խուսափելու համար պայման է, որ կերակուրներու մնացորդները տեղաւորէք կափարիչով օժտուած տուփերու մէջ եւ զանոնք սպառէք յառաջիկայ 48 ժամերու ընթացքին:
Նաեւ մի՛ մոռնաք ձեր սառնարանը ճերմակ քացախով մաքրելու եւ մանրէազերծելու` ամսական դրութեամբ:
Առօրեայ Հինգ Սովորութիւններ,
Որոնք Կ՛արագացնեն Ծերութիւնը
Ծերութենէն ոչ ոք ապահովագրուած է: Անկէ փախչիլը անկարելի է: Սակայն կան այնպիսի առօրեայ սովորութիւններ, որոնք կ՛արագացնեն ծերանալու հոլովոյթը եւ այսպէս`
-1-
Երբ դուք չէք օգտագործեր արեւապաշտպան քսուքներ:
Նոյնիսկ եթէ դուք արեւի լոգանքներ չէք առներ, ձեր մորթը օրական կ՛ենթարկուի արեւի ճառագայթներու ներազդեցութեան, իսկ արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթները բացասաբար կ՛ազդեն մորթին վրայ եւ կը նպաստեն վաղաժամ ծերութեան: Հետեւաբար պայման է արեւապաշտպան քսուքներ օգտագործել:
-2-
Երբ դուք չափէն աւելի կը շպարուիք:
Շպարի պարագաներու (յատկապէս` անորակ տարբերակներու) չարաշահումը նոյնպէս բացասաբար կ՛ազդէ ձեր մաշկին վրայ եւ կը խթանէ անոր կանխահաս ծերութեան:
-3-
Երբ դուք բաւարար չէք քնանար:
Եթէ մէկ գիշեր դուք լաւ չքնանաք, յաջորդ առտու անմիջապէս կ՛անդրադառնաք, թէ ձեր դէմքը որքա՛ն յոգնած տեսք ունի, ալ ո՛ւր մնաց, երբ դուք յաճախ կը խախտէք ձեր քունի ժամերը… Անբաւարար քունը կը խլէ ձեր մորթին առողջ տեսքը եւ ժամանակի ընթացքին կը յանգեցնէ վաղաժամ ծերութեան: Վերահսկեցէք ձեր քունի ժամերը, հրաժարեցէք բջիջայինէն կամ բարեկամներու հետ (յաճախակի կրկնուող) մինչեւ առաւօտեան ուշ ժամերու հաւաքոյթներէն: 6-8 ժամ քունը պարտադիր է:
-4-
Երբ դուք մնայուն ընկճախտի մէջ էք:
Ոչինչ այնքան չի նպաստեր մորթի վաղաժամ ծերացման, որքան ընկճախտն ու անձկութիւնը: Հետեւաբար փորձեցէք հանգստացնող մարձումներու կամ խոկումի (meditation) միջոցով մեղմել սթրեսը եւ անոր անբաղձալի հետեւանքները:
-5-
Երբ դուք սխալ ձեւով կը սնանիք:
Անառողջ սնունդը, ինչպիսիք են ֆասթ ֆուտը, կազաւորուած խմիչքները, շաքարի չարաշահումը, կը վնասեն ձեր առողջութեան, ձեր դէմքին մորթը եւս պաշտպանուած չէ անառողջ սննդականոնի չարիքներէն:
Հոս կարեւորութեամբ շեշտենք, որ ծխախոտի չարաշահումը նոյնպէս կը նպաստէ կնճիռներու գոյացման եւ դէմքի մաշկի վաղաժամ ծերացման:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
-1-
Որպէսզի ամրան տաք օրերուն ձեր ելեկտրական հովահարը աւելի ազդու գործէ, անոր դիմաց զետեղեցէք սառած ջուրի շիշեր: Այս հնարքին շնորհիւ` սենեակը 2-4 ժամ աւելի զով պիտի ըլլայ, իսկ օդը` շատ աւելի թարմ:
-2-
Երբեւէ մտածե՞ր էք պնակ լուալու հեղուկ օճառը սառեցնելու մասին… Այս պարզ հնարքին շնորհիւ դուք երբեք դժուարութեան չէք մատնուիր, երբ յանկարծ նկատէք, որ ձեր հեղուկ օճառը սպառած է: Սառցարանէն հանեցէք կտոր մը եւ օգտագործեցէք:
-3-
Եթէ ձեր լուացքի մեքենայէն բորբոսի տհաճ հոտ կու գայ, շատ հաւանաբար թմբուկը հիմնական մաքրութեան կարիք ունի: Նաեւ լուացքը աւարտելէ ետք անմիջապէս մի՛ փակէք թմբուկին կափարիչը: Իսկ բորբոսի հոտը չքացնելու դիւրին եւ աժան միջոց մըն է կիտրոնաթթուն:
Ձեր մեքենան լարեցէք 90 ջերմաստիճանով, աւելցուցէք 8 թէյի դգալ կիտրոնաթթու եւ աշխատցուցէք: Կիտրոնաթթուն ոչ միայն կը չէզոքացէ բորբոսի հոտը, այլեւ կը վերացնէ կուտակուած կրաքարը:
-4-
Եթէ տունը շուն կամ կատու կը պահէք, բնականաբար ձեր հագուստներուն եւ ծածկոցներուն վրայ անոնց ստեւները տեղաւորուած են: Անոնցմէ ձերբազատիլը բաւական դժուար է: Ահաւասիկ` զարմանալի թուացող աժան եւ դիւրին միջոց մը: Լուացքին կերպընկալ տոպրակ մը աւելցուցէք ձեր մեքենային մէջ եւ լուացքի աւարտին պիտի նկատէք, որ անասուններուն ստեւները 70 տոկոսով անհետացած են: Կերպընկալ տոպրակը նաեւ կ՛օգնէ, որ լուացքի դեղը հաւասարապէս տարածուի հագուստներուն միջեւ, լաւ լուծուի եւ օճառի բիծեր չձգէ հագուստներուն վրայ:
Խոհագիր
Ձմերուկի Անուշ
1,5 քիլօ ձմերուկի կեղեւ
2 ապուրի դգալ սոտա
800 կրամ շաքար
5 մեխակի գամ
1 կիտրոնի հիւթ
Ջուր
Պատրաստութիւն`
Ձմերուկին կանաչ կեղեւը հեռացնել, ճերմակ մասերը խորանարդաձեւ կտրատել եւ փոխադրել խորունկ ամանի մը մէջ, ջուրով ծածկել, աւելցնել սոտան, լաւ խառնել, ամանին երեսը ծածկել եւ ամբողջ գիշեր մը ձգել:
Յաջորդ օրը ջուրը քամել, կաթսայի մը մէջ ջուր լեցնել, աւելցնել ձմերուկի կեղեւները եւ եռման աստիճանի հասցնել, ապա վերցնել կրակին վրայէն:
Երկրորդ կաթսայի մը մէջ 1 լիթր ջուր լեցնել, աւելցնել շաքարը, մեխակի գամերը, եփել 10 վայրկեան, ապա աւելցնել քամոցէ անցած ձմերուկի կտորները, կափարիչով ծածկել եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել շուրջ մէկ ուկէս ժամ:
Վերջին վայրկեանին աւելցնել կիտրոնի հիւթը, խառնել, եւ ահա անուշը արդէն պատրաստ է:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ձեռքերը
Երբ ես տեսնում եմ
Մանր հոգսերից շուտ ընկճուողի,
Իսկոյն յիշում եմ
Իմ ընկերոջը, որ ձեռքեր չունի:
Դեռ կարելի է`
Առանց ոտքերի, առանց աչքերի:
Բայց մտածե՞լ էք,
Որ անհնար է առանց ձեռքերի:
Նոյնիսկ երբ մէկին բռնում են, զսպում,
Ամէնից առաջ ձեռքե՛րն են կապում:
Եթէ ուզում են գերի վերցնել,
Հրամայում են. շուտ ձեռքերդ վեր:
Իսկ իմ ընկերը
Քանի՜ տարի է, որ ձեռքեր չունի:
Բայց չէ որ նա էլ
Պէտք է լուացուի՛, սանրուի՛, թէյի՛,
Ծխի՛, կամ գրի՛,
Մէկին գուրգուրի՛…
Դուք մտածե՞լ էք,
Որ նա չի կարող երբեք նուագել,
Իր տան դռները բացել ու փակել,
Չի կարող լողալ,
Վոլեյբոլ խաղալ,
Մեքենայ վարել
Կամ թիավարել,
Ձեզ նման պարել
Կամ ծափահարել:
Իսկ եթէ փորձեն նրա դէմ ելնել,
Երբեք չի կարող հրացան բռնել:
Եւ, այնուհանդերձ,
Կարողանում է ծիծաղե՜լ անկեղծ:
Իսկ ինչպէ՞ս է, որ
Շատերը ունեն բազուկներ հզօր,
Որոշ կանայք էլ`
Աննման ձեռքեր,
Բայց մի աննշան հոգսից աշխարհում
Յուսահատուում են, տխրում, դժգոհում:
Նման դէպքերում
Ես շատ եմ խնդրում`
Ամէն մարդ նայի իր զոյգ ձեռքերին,
Ձեռքերը դնի սեփական խղճին,
Եւ յիշի, ինչպէս վէրքը թռչունի,
Իմ ընկերոջը, որ ձեռքեր չունի:
ԱՐՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ