Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Յառաջիկայ կիրակի Բարեկենդան է:
Բարեկենդանը նախապէս հեթանոսական տօն էր եւ հաւանաբար կապ ունէր գարնանամուտին հետ, ու պատահական չէին զուարճութիւնները, որոնք զարթնող բնութիւնը ուրախ դիմաւորելու, մարդիկը վերակենդանացելու խորհուրդը ունէին: Հետագային քրիստոնէութիւնը Բարեկենդանը դարձուց Մեծ պահքի նախորդող շաբթուան տօն, որ կը նշուէր` կերուխումով, խաղերով, մրցումներով, թատերախաղերով, պարերով եւ այլն… Բարեկենդանը ուրախութեան եւ զուարճանքի տօն է, կը յիշեցնէ Ադամի եւ Եւայի դրախտային կեանքը, երբ անոնք կ՛ապրէին վայելքի եւ անհոգութեան մէջ:
Անցեալին հայկական տօներէն ամէնէն ուրախն ու ամէնէն սպասուածը Բարեկենդանն էր: Այս առիթով կը պատրաստուէին տարբեր տեսակի ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ, կ՛օգտագործուէր առատ խմիչք, իսկ հարբեցողութիւնը բնականաբար ներելի էր այդ օրերուն:
Գիտէի՞ք, Թէ…
- Բարեկենդանի խնճոյքներուն կը մասնակցէին նաեւ կիները: Եթէ այլ տօներու անոնք կ՛առանձնանային, ապա Բարեկենդանին կը տիրէր սեռի, տարիքի եւ խաւի հաւասարութիւն:
- Բարեկենդանի խնճոյքները բացօթեայ կ՛ըլլային: Հակառակ ձմրան ցուրտին` անոր կը մասնակցէին տարեցներ, երիտասարդներ, կիներ ու տղամարդիկ:
- Բարեկենդանի պարտադիր, խաղերն էին` «Լախտախաղ»-ը, «գնդակախաղ»-ը, «ճօճախաղ»-ը, «վէգ»-ը եւ այլն…
Իսկ թատերախաղերը` «Խնամախօս»-ը, «Գող եւ փաշա»-ն «Պարոն գզիր»-ը եւ այլն… - Բարեկենդանի օրերուն եկեղեցին կը նշէր Աւարայրի ճակատամարտի հերոս Վարդան Մամիկոնեանի տօնը: Այդ առիթով տարբեր գաւառներու մէջ յաճախ կը ներկայացուէին Աւարայրի ճակատամարտէն որեւէ դրուագ:
- Բարեկենդանի տօնի աւանդական ճաշատեսակներն էին` փաթիլլան (միսով կամ պանիրով տապկուած խմորեղէն), ամիճը (լեցուած հաւ կամ հնդկահաւ), հալվան, փախլաւան, սեմսեկը, ձուածեղը, գաթայի տեսակները, կոլոլակները, խորովածներն ու խաշլաման:
- Սովորական օրերուն հայ գիւղացին հազուադէպօրէն կը մորթէր իր տան անասունները, սակայն Բարեկենդանի աւանդոյթի արմատներուն մէջ կար զոհաբերութեան գաղափարը յանուն յաջողակ երկրագործական տարեսկիզբի, մատաղով սիրաշահած են աստուածները` խնդրելով բերքի առատութիւն:
- Ակլատիզը կամ «Պաս պապի»-ն Բարեկենդանի կերուխումի աւարտը «աւետող» տիկնիկն է: Անիկա պատրաստուած կ՛ըլլայ սոխէ կամ գետնախնձորէ` վրան 7 փետուր խրած: 7 փետուրները Մեծ պասի եօթը շաբաթները կը խորհրդանշեն, օրացոյցի դեր կը կատարեն. իւրաքանչիւր շաբաթավերջի մէկ փետուր կը պոկուի եւ այսպէս յաջորդաբար` մինչեւ մեծ պասը աւարտի: Մեծ պասի վերջին օրը ակլատիզը պէտք է թաթխել մածունի մէջ եւ նետել տանիքը: Ըստ աւանդութեան, ակլատիզը կը դառնայ թռչուն, որ կը թռչի ու կ՛երթայ յաջորդ տարի վերադառնալու խոստումով:
- Բարեկենդանի վերջին օրը, երեկոյեան, կաթնապուր ու մածուն կ՛ուտէին, վրայէն խաշած հաւկիթ` ըսելով. «Մեր բերանները փակենք սպիտակ հաւկիթով. Աստուած արժանացնէ կարմիր հաւկիթով բանալու», ակնարկելով, որ ահա կը սկսի Մեծ պահքը, որուն 49 օրերու ընթացքին հաւկիթ պիտի չուտէին մինչեւ Զատիկ:
Յովհաննէս Թումանեանի «Բարեկենդանը» հեքիաթը առաջին անգամ տպուեր է 1910-ին, Թիֆլիս, «Հասկեր» մանկապատանեկան ամսագրին մէջ, «Հեքիաթ» ենթախորագրով: Աւելի ուշ «Բարեկենդանը հեքիաթը թարգմանուեր է նաեւ վրացերէնի եւ հնդկերէնի:
Հետաքրքրական
Գիրք Նուիրելու Օր
Յառաջիկայ կիրակի գիրք նուիրելու օր է: Այս օրը սահմանուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութեամբ:
Գիրք նուիրելու օրը ընտրուած է ի պատիւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան: Այս առիթով Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարբեր հայկական գաղութներու մէջ կը կազմակերպուին ձեռնարկներ, հանրային ընթերցումներ, գրական երեկոնեան եւ հանդիպումներ յայտնի գրողներու հետ:
Տօնին նպատակն է ընթերցանութեան եւ գիրքի նկատմամբ սէր փոխանցել նոր սերունդներուն, զանոնք հաղորդակից դարձնել գրականութեան ու հոգեւոր մշակութային արժէքներուն:
2008-ին հաստատուած այս իմաստալից օրուան աւանդութիւններէն մէկն ալ մտերիմ անձի մը որեւէ հետաքրքրական գիրք նուիրելն է:
– Յովհաննէս Թումանեանը ըսած է. «Պէտք է կարդալ, ամէն մի կարդալը մի բան է տալիս ու աննկատելի կերպով ամբարւում, բան դառնում»:
Նշենք, որ բանաստեղծը բարձր ուսում չէր ստացած, բայց խոր գիտելիքներ ստացեր էր ինքնակրթութեամբ: Իր կարճատեւ ու դժուար կեանքի ընթացքին ան 10 հազար գիրք հաւաքած էր: Թումանեանի 10 հազար գիրքերէն 8150-ը պահպանուած են: 2000 գիրք փոխ առեր են ու չեն վերադարձուցեր:
– Կարէն Դեմիրճեան ըսած է. «Ազգի ապագան գրագիտութեան մէջ է: Վաղուց է նկատուած, որ այն ընտանիքում, որտեղ խորին յարգանք են տածւում դէպի գիրքը, ընթերցանութիւնը, աճում են բարոյապէս կայուն, կուլտուրական, գիտակից, հարուստ մտքի եւ նրբագեղ հոգու տէր մարդիկ, իսկ այնտեղ, որտեղ գրքերը դառնում են սոսկ բնակարանի զարդարանք, արմատներ է նետում քաղքենիութիւնը»:
Մեզմէ շատեր չեն յիշեր, թէ վերջին անգամ ե՛րբ հետաքրքրական գիրք մը կարդացեր են… Դժբախտաբար գիրք կարդալու սովորութիւնը օրէ օր կը նահանջէ, մինչդեռ ընթերցանութիւնը կը բարելաւէ յիշողութիւնը, կը հարստացնէ բառապաշարը, կը բարելաւէ` շարադրելու ունակութիւնը, գիտելիքները, ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը:
Չմոռնանք, որ ընթերցանութիւնը ձրի հաճոյք է եւ կը նուազեցնէ ընկճախտը:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Պատրաստի եւ վայրկենական պատրաստուող նուտըլզները կը բարձրացնեն` գէշ քոլեսթերոլը, արեան բարձր ճնշումը եւ սոնքութեան հաւանականութիւնը, տրուած ըլլալով, որ անոնք կը պարունակեն ոչ յագեցած ճարպեր եւ աղ:
Քնանալէ առաջ ոտնաթաթերը մարձելը կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը, կ՛օգնէ թուլանալու եւ հանգիստ քնանալու: 10 վայրկեան մարձումը նաեւ կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը եւ կը դարմանէ գերյոգնածութեան պատճառով ի յայտ եկած մարմնային որոշ ցաւեր:
Գլխացաւը, յոգնածութիւնն ու անքնութիւնը կրնան մակնեզիոմի եւ ՔԱ. կենսանիւթի անբաւարարութեան հետեւանք ըլլալ: Ձեր ճաշացուցակին աւելցուցէք շոմին, ընկուզեղէն, լոլիկ, աւոքատօ եւ պանան:
Որքան ալ զարմանալի թուի, վարկածներ կան որ կապոյտ գոյնը ախորժակ կտրելու յատկութիւն ունի: Հետեւաբար կապոյտ գոյնի պնակի մէջէն ուտելը կ՛օգնէ նիհարնալու: Այսօր, շատ մը սննդագէտներ կը յանձնարարեն կապոյտ պնակ օգտագործել նիհարնալու գործընթացը արագացնելու համար:
Ձմրան ցուրտ օրերուն երկար ժամեր ելեկտրական վառարանին դիմաց մի՛ նստիք. այս սխալ սովորութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ մորթի չորացման, հերաթափութեան եւ շնչառական խնդիրներու:
Խոհագիր
Փափուկ Քրուասան
3 գաւաթ մաղէ անցած ալիւր
քառորդ գաւաթ գաղջ ջուր
1 բաժակ կաթ
1 ապուրի դգալ թթխմոր
4 ապուրի դգալ շաքար
Քառորդ գաւաթ հալած կարագ
1 հաւկիթ
1 հաւկիթի դեղնուց` երեսը ծեփելու համար
Պատրաստութիւն
Գաղջ ջուրին մէջ լուծեցէք շաքարն ու թթխմորը, ապա աւելցուցէք` կաթը, հաւկիթը եւ ալիւրին կէսը: Փայտեայ դգալով խառնեցէք, շաղեցէք, խմորին երեսը ծածկեցէք եւ 30 վայրկեան ձգեցէք, որ հանգչի: Յետոյ աւելցուցէք մնացեալ ալիւրը, կարագն ու աղը, լաւ շաղեցէք եւ դարձեալ 30 վայրկեան սպասեցէք: Խմորը բացէք, երեսը հալած կարագով ծեփեցէք եւ 12 սմ կողմերով քառակուսիներ ձեւաւորեցէք` իւրաքանչիւրէն 4 եռանկիւն ստանալու համար: Եռանկիւնները լայնէն դէպի նեղ ոլորեցէք եւ երեսը հաւկիթի դեղնուց քսեցէք:
Եթէ ձեռքի տակ շուշմայ կամ սեւագնդիկ ունիք, ցանեցէք հաւկիթի դեղնուցով ծեփուած քրուասաններուն վրայ, ապա 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ քառորդ ժամ եփել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խորհուրդ Վարդանանց
Ա.
Գիշեր մը երբեք այսպէս լուռ ու լուրջ,
Չէ դիզուած հսկայ բանակի մը շուրջ:
Եւ բանակ մ՛երբեք խաւարին մէջտեղ,
Չէ եղած այսպէս լուսագեղ, անմե՜ղ:
Երկինքն այս գիշեր երկիրը կ՛օրօրէ
Հոգիներն Հայոց իրմով կը խմորէ:
Հոս խաչեր եւ հոն սաղաւարտ ու սուր`
Խաւարի ծովում շիթերն են մաքուր:
Խըթո՜ւմ է կարծես.- «Ամէն կողմ ահա
Կոչնակներու կանչն հանդարտ կը թրթռայ:
Ամէն կողմ սեղան, մոմեր, երէցներ,
Բանակը ճաշակ կ՛առնէ այս գիշեր:
Էն վերջը Վարդան` գլխաբաց, հետի,
Կու գայ հաղորդուիլ արեա՛մբն Յիսուսի:
Բ.
Դաշտն` արշալոյսին խունկ է, կը մըխա՜յ,
Զէնքերու շաչիւնն իր շուրջն է ծնծղայ:
Թշնամի բանակն ամպի պէս խաւար,
Կ՛երեւայ հեռուն եւ կը սահի վար…:
– «Վասըն Յիսուսի, Վասըն Հայրենեաց`
Յառա՜ջ», Վարդանի ձայնը հո՛ն գոռաց…:
Քիչ յետոյ արդէն խառնուրդն է անհուն…
Կեանքէ կեանք կ՛երթան զինուորներն Հայուն…:
Կը նետուին ընդդէմ սուրի՛ն, նիզակի՛ն,
Որոնք խաչերուն վրայ կը կոտրին:
Վարդան, իր ճերմակ ձիով, զըրահով,
Ամէնքէն առաջ, ամէնքին է քով:
– «Յաղթեցինք կ՛ըսէ Պարսիկը փախաւ…»
Եւ կ՛իյնա՜յ` տալով իր հոգին անբաւ…:
Գ.
Մութցած երկինքին ներքեւ` արեւի
Ճաճանչ մը, յանկարծ, գետնէն կը ծագի:
Եւ մութցած, սառած դէմքերուն անշէջ,
Կը մտնէ՜ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ:
Վարդանի հոգին, հըրագո՛ւնտ անշէջ,
Կը մտնէ՜ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ:
Հոգիներուն մէջ ան կ՛երթայ առաջ`
Հոգիներէն դուրս ցըցած սուր ու խաչ:
Կը զարնէ խաչովն ու սուրովն գիր,
Կը գըրէ, կ՛օրհնէ՜ Վարդանը կարմիր:
Դարերը կ՛անցնին` բայց Վարդա՛նը Քաջ,
Բայց Վարդա՛նը Սուրբ կ՛երթայ միշտ առաջ:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ