Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
70 Տարի Առաջ Այս Օրը
Այսօր` (9 փետրուար 1953) հայոց ազգային- ազատագրական շարժման եւ, ընդհանրապէս, հայոց պատմութեան եզակի դէմքերէն Սօսէ Մայրիկի մահուան 70-րդ տարելիցն է:
Սերոբ Աղբիւրի կինը եւ զէնքի անբաժան ընկերը խոր ծերութեան մէջ աչքերը փակեց Աղեքսանդրիոյ մէջ: Իր մահէն 45 տարի ետք, 1998-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 80-ամեակին առիթով յեղափոխական հայուհիին աճիւնները տեղափոխուեցան Հայաստան ու իրենց վերջնական հանգիստը գտան Եռաբլուրի մէջ:
Սօսէի տիպարը եւ անոր աւանդը կը շարունակեն ներշնչման աղբիւր մնալ հայոց սերունդներուն համար:
«Հաւատքն իր հոգում` զարկեց, զարկըւաւ հերոս հայուհին,
Մեր հայրենիքի սուրբ ազատութեան արիւնոտ ճամբին,
Կռուելով անցաւ չքնաղ ու սիրուն Սօսէ ֆետային…»
Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Աջակցութիւն Լսողական Հարցեր
Ունեցող Երեխաներուն
Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը յաճախ հանդէս եկած է տարբեր բարեգործական ծրագիրներով` աջակցութիւն ցուցաբերելով հանրութեան տարբեր խումբերուն եւ հասարակական նախաձեռնութիւններուն:
Իր 17-ամեակին նուիրուած համերգէն նուագախումբը յայտարարեց նոր նախաձեռնութեան մասին. աջակցիլ լսողական հարցեր ունեցող երեխաներուն` բացայայտելու կամ վերագտնելու հնչիւններու կախարդական աշխարհը: Նուագախումբը տոմսերու վաճառքի հասոյթէն պարբերաբար յատկացումներ պիտի կատարէ երեխաներու համար լսողական սարքերու ձեռքբերման կամ բուժման նպատակով:
Երաժիշտներուն համար անփոխարինելի է աշխարհի լսողական ընկալումը, անոնք կոչուած են հնչիւններու միջոցով յուզել ամոքել, գեղեցիկ ապրումներ հաղորդել մարդոց, եւ նուագախումբը պիտի ընէ հնարաւորը` օգնելով երեխաներուն լսել, ընկալել ու գնահատել գեղեցիկը:
Այս նպատակին հասնելու համար Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը նաեւ հանրութեան աջակցութեան կարիքը ունի: Ան կոչ ուղղած է յաճախել համերգներու` այդպիսով միանալով երեխաներու կեանքը վերափոխելու ջանքերուն:
Խոհանոցային 5 Սխալներ, Որոնք Կրնան
Ճակատագրական Ըլլալ Առողջութեան Համար
Ըստ CDC-ի (Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններ) գնահատականներուն, ամէն տարի 48 միլիոն մարդ կը վարակուի սննդային հիւանդութիւններով: Սննդային հիւանդութիւններ յառաջացնող մանրէները տեսանելի չեն մարդու աչքէն, հետեւաբար մարդիկ նուազ լրջութեամբ կը վերաբերին անոնց նկատմամբ:
Թէեւ յղի կիները, տարեցներն ու երեխաները աւելի թոյլ դիմադրականութիւն ունեցող մարդիկ են եւ աւելի հակուած` սննդային թունաւորման, այսուհանդերձ, բոլորը ենթակայ են այս վտանգին:
Բացի մանրէներէն` խոհանոցը առկայ բորբոսն ու քիմիական ազդեցութիւնը կրնան հիւանդութիւններ յառաջացնել: Ստորեւ կ՛անդրադառնանք խոհանոցային որոշ սովորական սխալներու, որոնք կրնան հիւանդացնել ձեր ընտանիքը:
1) Խոհանոցի Սպունգը
Ձեր խոհանոցի սպունգը մանրէներու աճի կատարեալ միջավայր է: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ խոհանոցի սպունգին վրայ կ՛ապրին 19,6 միլիառ մանրէ: Անիկա տաք է ու խոնաւ, բացի այս` ան պատրաստուած է ծակոտկէն նիւթերէ, եւ կան բազմաթիւ թաքնուած տարածքներ, ուր մանրէները կրնան աճիլ: Խոհանոցի սպունգը խոզանակով փոխարինելը աւելի լաւ տարբերակ է: Զայն մանրալիքի միջոցով հականեխելը արդիւնաւէտ չէ: Լաւագոյն ձեւը շաբաթական դրութեամբ զայն նորով մը փոխարինելն է:
2) Կտորէ Սրբիչները
Կտորէ սրբիչները օրակա՛ն փոխեցէք: Խոհանոցի կտորէ սրբիչները եւս մանրէներու բոյն են: Վայրկեան մը մտածեցէք, թէ օրական քան՛ անգամ եւ քանի՛ հոգի կ՛օգտագործեն զանոնք: Ինչպէս սպունգները, կտորը եւս կատարեալ նիւթ է մանրէները կլանելու եւ իր մէջ պահելու: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ կտորէ սրբիչները կրնան թակարդել սալմոնելայի մանրէները եւ ձգել, որ անոնք աճին ամբողջ գիշերը:
Թուղթէ սրբիչներ օգտագործելը տարբերակ մըն է. ապա թէ ոչ օրական փոխեցէք խոհանոցային կտորէ սրբիչները:
3) Ձեռք Լուալու Սովորութիւնը
Երբ դուք խոհանոց կը մտնէք կերակուր պատրաստելու, պէտք է լուաք ձեր ձեռքերը նախքան սկսիլը, ընթացքին եւ աւարտելէ ետք:
Կերակուր պատրաստելու ընթացքին յաճախ լուացէք ձեր ձեռքերը, մանաւանդ երբ հում միս կը կտրատէք, յետոյ կ՛անցնիք բանջարեղէններուն եւ այլն…
Ձեռքերը պէտք է լուալ տաք ջուրով եւ օճառով, առնուազն 20 երկվայրկեան: Բծախնդրօրէն լուացէք մատներուն միջեւ եւ եղունգները:
4) Բազմակի Օգտագործման Իրերը
Կան բազմաթիւ խոհանոցային իրեր, զորս կ՛օգտագործէք մէկէ աւելի անգամներ` առանց զանոնք լուալու: Օրինակ` պահածոյ տուփերու կափարիչներուն բացիչը, դանակ սրելու գործիքը, գինիի շիշին բացիչը եւ այլն… Այս իրերը դուք տեւաբար չէք լուար` մտածելով, որ մաքուր են, մինչդեռ անոնց վրայ բոյն դրած կ՛ըլլան մանրէներ` փոխանցուած ձեր ձեռքերէն, պահածոյի տուփէն եւ այլն… Որպէս մաքուր իր` զանոնք իրենց համապատասխան գզրոցներուն մէջ մի՛ զետեղէք առանց լուալու, որպէսզի մնացեալ մաքուր իրերն ալ չվարակեն:
5) Խոհանոցին Լուացարանը
CDC-ի հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ խոհանոցին լուացարանը սովորաբար աւելի շատ վնասակար մանրէներ եւ աղտ կը պարունակէ, քան` բաղնիքին զուգարանը…
Ձեր խոհանոցին լուացարանը պէտք է ախտահանէք օրական առնուազն մէկ անգամ: Մաքրելու համար օգտագործեցէք տաք օճառ-ջուր եւ խոզանակ:
Լուսաւոր Գաղափար
Բուրաւէտ Ծրարիկներ
Որպէսզի ձեր հագուստի պահարանը անուշ բուրէ, բայց նաեւ ձեր հագուստները պաշտպանուին ցեցերէն, եկէք` պատրաստենք բուրաւէտ ծրարիկներ, որոնց պատրաստութիւնը շատ արագ եւ դիւրին է, իսկ բաղադրիչները` աժան ու ձեռքի տակ գտնուող:
Ձեզի հարկաւոր է օճառ, աղ եւ կտորէ ծրարիկ:
Ընտրեցէք ձեզի սիրելի բոյրով օճառ մը (ոչ գործածուած, այլ բոլորովին նորը) եւ զայն քերիչէ (մեծ ակռաներով) անցուցէք: Քերիչէ անցած օճառը փոխադրեցէք փոս ամանի մը մէջ, վրան 1 ապուրի դգալ աղ աւելցուցէք, լաւ խառնեցէ՛ք, ապա ընտրեցէք (կամ պատրաստեցէք) փոքրիկ ծրարներ եւ իւրաքանչիւրին մէջ լեցուցէք 3 ապուրի դգալ վերոյիշեալ խառնուրդէն: Ծրարին բերանը լաւ կապեցէք եւ կապին միջոցաւ զայն կախեցէք պահարանի կախիչներէն մէկուն վրայ: Կարելի է նաեւ ծրարիկները զետեղել սաւանեղէններու, ներքնազգեստներու կամ բրդեղէններու դարաններուն վրայ:
Կարեւոր է, որ ծրարիկին կտորը ըլլայ ծակոտկէն, որպէսզի օճառին բոյրն ու ազդեցութիւնը ազատ գործեն:
Ալ ինչո՞ւ շուկայէն սուղ եւ կէս քիմիական նիւթեր գնել, երբ բնական եւ աժան միջոց գոյութիւն ունի…
Նորաձեւութեան Աշխարհէն
Մահացեր Է Յայտնի Ոճաբան
Փաքօ Ռապանը
88 տարեկանին, Փարիզի իր բնակարանին մէջ, անցեալ շաբաթ մահացաւ սպանացի ոճաբան-ձեւագէտ Փաքօ Ռապանը: Ան ծնած էր Սպանիա եւ ընտանեօք տեղափոխուած էր Ֆրանսա` քաղաքացիական պատերազմէն փախուստ տալով:
Փ. Ռապան ճարտարապետութեան ուսանող էր. աւարտելէ ետք, գործակցեցաւ նորաձեւութեան մեծ տուներու` Տիորի, Ժիւանշիի, Պալանսիակայի հետ եւ սկսաւ պայուսակներ ու այլ աքսեսուարներ ստեղծագործել:
1965-ին ան ձեռնարկեց հագուստի ձեւաւորման աշխատանքին եւ ցուցադրեց 12 ժամանակակից հանդերձանքներէ բաղկացած առաջին հաւաքածոյ մը` «The Unwearable»:
Շատ չանցած` Փաքօ Ռապանը ինքզինք պարտադրեց նորաձեւութեան աշխարհէն ներս: Անոր մետաղեայ Օղազրահ հագուստները կրեցին` Ճէյն Ֆոնտան, Ֆրանսուազ Հարտին, Օտրի Հեփպըրնը եւ այլ յայտնի կիներ:
Փաքօ Ռապան յայտնի էր նաեւ իր օծանելիքներով, որոնք ամբողջ սերունդի մը նախասիրութիւնը հանդիսացած են:
Խոհագիր
Ստեպղինով Ապուր
1 մանրուած սոխ
2-3 պճեղ մանրուած սխտոր
500 կ. ստեպղին կեղեւուած եւ կլոր կտրատուած
400 կ. խաշած սիսեռ
1 լիթր արգանակ (միսի, հաւու կամ բանջարեղէնի)
Ազատքեղ եւ չորցուած հացի խորանարդներ` զարդարանքի համար
2 ապուրի դգալ ձէթ
Պատրաստութիւն
Թեթեւ կրակի վրայ ձէթին մէջ դարձնել մանրուած սոխն ու սխտորը: Աւելցնել կտրատուած ստեպղինը եւ եփել 3-5 վայրկեան:
Աւելցնել խաշած սիսեռն ու արգանակը, եռալէն ետք թեթեւ կրակի վրայ շարունակել եփել շուրջ 10 վայրկեան:
Ելեկտրական գործիքով հարել ապուրը եւ մատուցելու ժամանակ երեսը զարդարել չոր հացով եւ ազատքեղի տերեւներով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Շրջափակում
Զարմանքով նկատեցի, որ ծառի ճիւղին
մի փոքրիկ տերեւ է յայտնուել:
Չլինի՞ թէ գարունը եկել է…
Եւ իսկապէս,
օրերն աննկատելիօրէն տաքացել են,
յետոյ յիշեցի` քաղաքի այս ու այն
փողոցում նորից յայտնուել են վառուած թշերով,
հնամենի ռեդիկյուլներով* կանայք, որոնք
մանուշակներ են ծախում` պայմանագրային գներով…
Յետոյ ուշադրութեամբ նայեցի անցու-
դարձողներին` աւելի շատ թիկնոցներով են,
հատուկենտ վերարկուներ-սա արդէն
հաստատ վկայում է, որ գարունը եկել է…
Բայց ինչպէ՞ս, որտեղի՞ց.
աւտոճանապարհները փակ են վաղուց,
գնացքո՞վ-երկաթուղին անյուսօրէն է փակ,
երկնքի՞ց-թռիչքներն արգելուած են
եւ ինքնաթիռները չեն թռչում` վառելանիւթ չկայ…
ծովերո՞վ-մեզ որտեղի՞ց ծով,
վաղուց, շատ վաղուց ենք զրկուած…
Բայց գարունն այստեղ է
եւ ահա նրա առաջի տերեւը տեղ է հասել,
ինչն է զարմանալի` բոլորովին անվնաս…
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
*Կանացի պայուսակ