Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Հայկական Տօները. Երիտասարդներու Բարեխօսը` Սուրբ Սարգիս

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Յառաջիկայ շաբաթ օր  Սուրբ Սարգիսի տօնն է, այս տօնով կը սկսի բարեկենդանը, որուն անմիջապէս յաջորդող 49-օրեայ Մեծ պահքը կ՛աւարտի Զատիկով:

Ս. Սարգիս Զօրավարին տօնը Հայաստանի մէջ կը նշուի ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ` ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք նուիրական աւանդութիւն դարձած են:

Ս. Սարգիսը հայ ժողովուրդի ամէնէն սիրելի սուրբերէն է: Ան երիտասարդներու բարեխօսն է, իր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՛ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կ՛աղօթեն սուրբին, որպէսզի իրենց աղօթքները հասցնէ Աստուծոյ:

Գիտէի՞ք, թէ…

– Ամբողջ պատմական Հայաստանի տարածքին Ս. Սարգիսի անունով շատ սրբավայրեր կան, եկեղեցիներ, մատուռներ, նոյնիսկ` լեռ:

– Ժողովրդական սովորութիւն է Ս. Սարգիսի տօնին ալիւրով լեցուն ափսէ դնել տան տանիքը կամ պատշգամը եւ սպասել, Ս. Սարգիս Զօրավարի ձիուն պայտի հետքին: Ըստ աւանդութեան, Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ որու որ ափսէին մէջ դրուած ալիւրին վրայ ձգէ իր սպիտակ ձիուն պայտին հետքը, այդ տարի կ՛իրականանան երիտասարդին երազները:

– Տօնի նախօրէին ծոմ պահած երիտասարդները աղի կրկնեփ կ՛ուտէին, որպէսզի տեսնեն, թէ երազին մէջ իրենց ո՛վ ջուր պիտի տայ: Շաբաթ առտու աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի գաւաթով եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը` աղքատ: Լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը նախագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք:

Աւանդութեան համաձայն, այս կրկնեփը պէտք է պատրաստէր հաւաքուած կիներէն ամէնէն երջանիկը, ան որ մեծ սէր ապրած եւ երեխաներ ունեցած էր:

– Ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի խօսքերով, Ս. Սարգիսի տօնը ունի իր ծիսական ծառը, որ պատրաստուած կ՛ըլլայ փուշերէ, նուռէ, հացահատիկներէ (աղանձ, խաշիլ, փոխինձ): Ազգագրագէտին համաձայն, ոչ միայն եկեղեցին, այլ նաեւ տունը ունի տիեզերական խորհուրդ, եւ բոլոր հայ ընտանիքները պէտք է պատրաստեն ծիսական այս ծառը: Փուշի ընտրութեան կապակցութեամբ, Ագուլեցիի բացատրութեամբ, «սէրը փշոտ է, սիրոյ համար պէտք է պայքարիլ, ի հարկին` զոհողութիւններու երթալ, եւ քանի որ մարդը բանական էակ է, ան կրնայ ճիշդ ընտրութիւն կատարել»:

– Ս. Սարգիսի կրկնեփներու բաղադրատոմսը շատ պարզ է: Երեք բաղադրիչներ` ալիւրը, ջուրը եւ աղը (բաւական մեծ քանակութեամբ) շաղել, սրտաձեւ կամ կլոր ձեւաւորել ու փուռին մէջ եփել:

– Անցեալին ընդունուած սովորութիւն էր Ս. Սարգիսի օրը «օձի թթու» կոչուած ապուր պատրաստել: Այս ապուրը կը պատրաստուէր ցորենով կամ ոսպով, կաղամբի թթուաշով ու անոր ջուրով եւ ձէթի մէջ տապկուած կարմիր պղպեղով:

Հոգեբանին Կարծիքով

 Հօր Հետ Շփման Պակասը Կրնայ
Հոգեբանական Լուրջ Հարցեր Ստեղծել

Ծնող-երեխայ յարաբերութիւնը շատ կարեւոր է, քանի որ անկէ կախուած է երեխային ճիշդ զարգացումը:

Հոգեբանին կարծիքով, առհասարակ երեխայի դաստիարակութեան համար թէ՛ հօր եւ թէ՛ մօր դերը շատ կարեւոր է: Այն երեխաները, որոնք իրենց հայրերուն հետ յարաբերութեան պակաս ունին, հետագային հոգեբանական լուրջ հարցերու կը բախին:

Նախ` երեխաները կը կարօտնան իրենց հայրիկները, բացի այդ` հօր մնայուն բացակայութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ երեխան շատ աւելի հաղորդակցի եւ կապուի մօրը, իսկ ապագային հասարակութեան մէջ յարաբերութեան լուրջ դժուարութիւններ ունենայ:

Հոգեբանին կարծիքով, այն երեխաները, որոնք երբեք կամ շատ քիչ կը յարաբերին իրենց հայրերուն հետ, աւելի կամակոր, աւելի անինքնավստահ, թուլակամ եւ յարձակողական կ՛ըլլան:

Երեխան, հօր բացակայութեան պարագային, ինքզինք պաշտպանուած չի զգար, այդ պատճառով ալ այն ընտանիքները ուր (տարբեր պատճառներով) հայր չկայ, պէտք է փորձել փոխարինող կերպար գտնել, օրինակ` հօրեղբայր, մօրեղբայր, մեծ հայրիկ…

Երեխային համար մայրը դուռն է դէպի յուզական դաշտ, իսկ հայրը` աշխարհ:

Հոգեբանը նաեւ կը նշէ, որ հօր հետ քիչ հաղորդակցող երեխային մօտ հնարաւոր է նաեւ վախ յառաջանալ անոր նկատմամբ: Եթէ հայրը միշտ յոգնած, խոժոռ դէմքով, անտրամադիր տուն կը մտնէ, կ՛ընթրէ ու սենեակ կ՛ուղղուի քնանալու` առանց երեխային հետ երկու բառ փոխանակելու կամ ժամանակ անցընելու, երեխան կը սկսի վախնալ հօրմէ, կը պնդէ հոգեբանը:

Նման խնդիրներէ խուսափելու համար հոգեբանը խորհուրդ կու տայ օրուան ընթացքին, թէկուզ` քառորդ ժամ, երեխային հետ ժամանակ անցընել, խօսիլ, խաղալ եւ կամ գիրք կարդալ:

Հաղորդակցման տեւողութիւնը էական չէ, կարեւոր է, որ անիկա որակեալ եւ շինիչ ըլլայ:

Յիշենք, որ երեխային կեանքին մէջ, յատկապէս` դեռահասութեան շրջանին, շատ կարեւոր է, որ հայրը ըլլայ ուղղորդող կերպար:

Կը գար բոլոր Շիրակի բոստանների բոյրերով
Կը շողշողար բահն ուսին` մեր տան ոսկէ յոյսի պէս,
Եւ ինձ կ՛առնէր ուսերին, ու խրճիթում զնգալով
Իմ թոթովանքն էր թռչում` հայրիկ, բոստան կը տանե՞ս…

Յ. ՇԻՐԱԶ

Այլազան

 Սերտ Կապ` Առողջ Սնունդի Ընտրութեան
Եւ Երաժշտութեան Միջեւ

Խումբ մը հետազօտողներ պարզած են, որ սերտ կապ կայ առողջ սննդամթերքի ընտրութեան ընթացքին լսուող երաժշտութեան հետ:

Ֆլորիտայի համալսարանի հետազօտողները յանգած են այն եզրակացութեան, որ հանրախանութներուն եւ ճաշարաններուն մէջ հնչող ցած կամ մեղմ երաժշտութիւնը մեծապէս կ՛օգնէ առողջ սնունդի սպառումին, քանի որ անիկա մարդոց մօտ հանգիստ վիճակ կը ստեղծէ:

«Տէյլի Մէյլ» բրիտանական թերթին մէջ լոյս տեսած հետազօտութիւնը պարզած է, որ հանրախանութներուն մէջ որքան երաժշտութիւնը բարձր հնչէ, այնքան կ՛աւելնայ ճարպային եւ անառողջ մթերքներու գնումը: Այս երեւոյթը կը բացատրուի անով, որ բարձր եւ կշռոյթով երաժշտութիւնը կը բարձրացնէ յուզումի եւ ընկճախտի մակարդակը:

Օքսֆորտի փորձառական հոգեբանութեան փրոֆեսէօր Չարլզ Սփենսը խորհուրդ կու տայ նուազեցնել բարձրախօսներու կամ ականջակալներու ձայնը, եթէ կը փափաքին առողջապահական ուտելիքներ գնել եւ փորձութիւններու չմատնուիլ:

Փարիզի Նորաձեւութեան Շաբաթը

Անցեալ յունուարին (23-26) կայացաւ Փարիզի նորաձեւութեան շաբաթը` Semaine la mode de Paris, որուն ընթացքին յայտնի ձեւագէտներ ու ոճաբաններ ներկայացուցին գարուն-ամառ նորաձեւութեան իրենց շքեղ հաւաքածոները:

Փառատօնին մասնակցող նորաձեւութեան տուներու շարքին էր նաեւ նետրլենտական Վիքթոր էնտ Ռոլֆը, որ հիմնադրուած է 1993¬էն, Վիքթոր Հորսթինկի եւ Ռոլֆ Սնոըրենի կողմէ:

Զոյգ ոճաբանները նորաձեւութեան աշխարհէն ներս յայտնի են իրենց «յառաջապահական» ոճով: Փարիզի նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին անոնց յղացումները անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնուեցան ու զարմացուցին բոլորը:

Ստորեւ հաւաքածոյէն քանի մը խօսուն նկար` առանց մեկնաբանութեան…

Խոհագիր

 Պանանով Եւ Նիւթելլայով
Քրեփ

Բաղադրիչներ

– 1 գաւաթ ալիւր
– 2 հաւկիթ
– 3/4 գաւաթ կաթ
– 1/2 գաւաթ ջուր
– 2 ապուրի դգալ հալած կարագ
– 2 1/2 ապուրի դգալ շաքար
– 1 թէյի դգալ վանիլլա
– Նիւթելլա եւ պանան` միջուկին համար

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել ալիւրը, աւելցնել հաւկիթը, կաթը, ջուրը եւ լաւ խառնել:

Միատարր խառնուրդ մը ստանալէ ետք աւելցնել հալած կարագը, շաքարն ու վանիլլան եւ դարձեալ խառնել:

Ոչ կպչուն տապակի մը յատակը շատ թեթեւ ծեփել կարագով եւ միջին կրակի վրայ, հազիւ տապակին յատակը ծածկող քանակութեամբ թանձրուկէն լեցնել եւ 2 երեսով եփել, մինչեւ որ շէկ գոյն ստանայ:

Բոլոր քրեփները պատրաստելէ ետք իւրաքանչիւրին երեսը նիւթելլայով ծեփել, պանանի շերտեր աւելցնել եւ եռանկիւնաձեւ ծալել կամ գլանաձեւ ոլորել ներկայանալի ամանի մը մէջ մատուցել:

Գիտէ՞ք, Թէ

Այսօր` 2 փետրուարը «Քրեփի օր» է. զայն կը նշեն ամէն տարի, փետրուար 2-ին:

Ֆրանսայի մէջ «Քրեփի օր»-ը կապուած է լոյսի կամ մոմերու օրուան` Chandeleur-ի հետ: Այդ օրը ամբողջ Ֆրանսայի մէջ տանտիկինները քրեփ կը պատրաստեն այն հաստատ համոզումով, որ անիկա բարգաւաճութեան խորհրդանիշ է:

Նշենք, որ քրեփ բառը յառաջացած է լատիներէն քրիսփիւս բառէն, որ կը նշանակէ կնճռոտ եւ գանգուր:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայրենիքը…

Հայրենիքը մեր մէկն է, մէկն է` ինչպէս նաեւ մայրը: Մօրը մարդիկ չեն սիրում նրա համար, որ նա գեղեցիկ է, հարուստ, որ նա լաւ շորեր ունի, սիրում են, որովհետեւ նա մայր է: Մենք պէտք է կրկնակի սիրենք մեր մօրը` Հայաստանը, որովհետեւ նա ե՛ւ մեր մայրն է, ե՛ւ գեղեցիկ է, ե՛ւ հզօր, ե՛ւ լաւ շորեր ունի, ե՛ւ պայծառ հեռանկարներ:

Ես ձեզ չեմ ասում` վերադարձէք, ով գնացել է, չեմ ասում նաեւ` մի գնացէք, ով դիմել է, ես ասում եմ ` մտածէք ձեր զաւակների մասին, որոնք օտարութեան մէջ, մի օր ձեր երեսին կը շպրտեն միամիտ ու ողբերգական մի հարց, որտե՛ղ է մեր տունը: Օտարութեան մէջ ապրող մարդու համար հայրենիքի սէրը թաքնուած հիւանդութեան է նման: Նա նման է գուցէ յօդացաւի, որ արեւոտ օրերին իրեն զգացնել չի տալիս, բայց բաւական է անձրեւի` կը նուայ:

Հայրենիքը ցաւող ատամ չէ, որ հանես կամ փոխարինես ոսկէ ատամով: Եթէ մարդը գոնէ իր ներսում շարունակում է մարդ մնալ, հայրենիքը շարունակում է ապրել նրա մէջ` իբրեւ սրտի մի անկիւնում քաշուած սրբութիւն, իբրեւ գաղտնի տենդ, որ մի օր իրեն նորից զգացնել կը տայ…

Մարդուն ապրելու համար տուն է հարկաւոր եւ հայի համար այդ տունը միայն մի հասցէ ունի` հայրենիք:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>