Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Այլազան. Իշխանուհի Տայանայի Ադամանդեայ Խաչը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  

Քիմ Քարտաշեանի խորհրդանշական զարդերու ու յիշարժան իրերու հաւաքածոն համալրուել է իշխանուհի Տայանայի մեղեսկեայ վզնոցով ու մեծ խաչով:

Հազուագիւտ այս զարդը Քիմ Քարտաշեանը ձեռք բերեր է 197 հազար տոլարով: Վզնոցին համար 4 գնորդ պայքարեր են, Քարտաշեանի ներկայացուցիչը նախնական գինէն կրկնակի անգամ աւելի վճարեր ու զայն գներ է:

«Ուրախ ենք, որ զարդը նոր կեանք պիտի ստանայ եւս մէկ յայտնի անձնաւորութեան հետ», ըսեր է «Սոթպիզ» աճուրդի զարդերու բաժնի պատասխանատու Քրիսթիան Սփոֆորթը:

Նշենք, որ Տայանայի կախազարդը պատրաստուած է 1920-ին, պալատական ոսկերիչ Կարարտի կողմէ. նոյն այս ոսկերչական տունն էր, որ ստեղծեր էր իշխանուհիին նշանադրութեան մատանին:

Այս առիթով նշենք, որ վաղը` յունուար 27-ին իշխանուհիին «Սոթպիզ» Նիւ Եորքի աճուրդի տունը աճուրդի պիտի դնէ իշխանուհի Տայանայի երեկոյեան մէկ զգեստը, որ փորձագէտներու գնահատանքով 80-120 հազար տոլար կ՛արժէ:

Մութ մանիշակագոյն թաւշեայ հագուստը ստեղծուած է ոճաբան Վիքթոր Էտըլշթէյնի կողմէ, 1989-ին: Տայանան զայն կրած է 1991-ին, պաշտօնական լուսանկարի մը առիթով:

Խնդուքը Ձեր Հոգիին Հայելին Է

Հոգեբաններու կարծիքով, ձեր խնդուքը ձեր հոգիին հայելին է. կ՛ուզէ՞ք ճանչնալ ձերը… եւ այսպէս`

– Եթէ խնդալու ժամանակ ձեր բերանը կը ծածկէք, մասամբ անինքնավստահ անձ էք, չէք սիրեր զատորոշուիլ  կամ ուշադրութեան առարկայ դառնալ: Ջանացէք աշխատիլ ձեր ինքնագնահատականին վրայ:

– Եթէ խնդալու ժամանակ ձեր գլուխը դէպի ետ կը տանիք, դուք բարեսիրտ անձ էք, յաճախ որոշումներ կը կայացնէք սրտով եւ ոչ թէ գլխով: Ասիկա երբեմն վատ անդրադարձ կ՛ունենայ ձեր վրայ, ջանացէք աւելի կշռադատուած որոշումներ կայացնել:

– Եթէ խնդալու ժամանակ կը կնճռոտէք ձեր քիթը, դուք շատ փոփոխական անձնաւորութիւն էք, ձեր տրամադրութիւնն ու կարծիքը յաճախ կը փոխուին: Դուք նոյնքան յուզական ու քմահաճ էք, որքան` երեխան: Յաճախ շրջապատին համար շատ դժուար է ձեզի հետ ընդհանուր լեզու գտնելը:

– Եթէ դուք բերանը լայն բացած, բարձրաձայն կը խնդաք, շատ ինքնաբուխ եւ անկաշկանդ անձ էք, բարդոյթներէ չէք տառապիր եւ ձեր խնդուքը վարակիչ կը դարձնէք` ստեղծելով զուարթ մթնոլորտ:

Ինչպիսին ալ ըլլայ ձեր խնդուքը, իմացէք, որ «Ծիծաղը մոգութիւն է, որ կը փարատէ ամպերը եւ արեւ կը ծագեցնէ ձեր հոգիին մէջ»:

Մեր Հայկական Ծէսերը

 Ատամնահատիկ`
Պտղաբերութեան Խորհրդանիշ

Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, ատամնահատիկը հայկական ծէս է, որ կը կատարուի մանուկին առաջին ակռան յայտնուելէն ետք: Ըստ ծէսին, երեխան կը նստեցնեն սեղանին վրայ, գլուխը կը ծածկեն կտրով մը եւ կտորին վրայ կը թափեն խաշած ցորենի, լուբիայի եւ սիսեռի հատիկներ:

Մեզմէ քիչեր գիտեն սակայն, որ անցեալին մանուկին առջեւ կը դնէին 3 իրեր` սանտր, հայելի եւ դանակ: Սանտրը` մանկական հաւասար ատամներ ունենալու, հայելին առատութեան եւ պտղաբերութեան նշան էր, իսկ դանակը` ուժի: Մեր օրերուն երեխային դիմաց կը դրուին տարբեր առարկաներ. որ առարկային մանուկը առաջինը ձեռք տայ, կը խորհրդանշէ անոր ապագայ մասնագիտութիւնը: Այս արարողութիւնը կը կատարուի երգով ու պարով:

Ատամ, ատամ, իմ կաթնատամ,
Դու շուտ արի՜, գալդ բարի՜,
Իմ լաւ ատամ.
Ես քեզ կը տամ չամչով փլա՜ւ,
Հնդու խուրմա, տանձ ու խնձոր
Միշտ ամէն օ՜ր փստա՜, բադա՜մ,
Էլ ո՛ր մէկի անունը տամ,
Իմ լաւ ատամ:

Հայկական տարբեր շրջաններու մէջ ծէսը տարբեր անուններով կը կոչուէր. Շիրակի եւ Ջաւախքի մէջ կը կոչուէր ակռահատիկ, Մուշի մէջ` ակվասորիկ, Սիւնիքի մէջ` ատամսուրիկ, Սիսիան` կեղքահատիկ, Վայոց Ձոր` կեռահատիկ, Արարատեան դաշտ` հատիկ կամ ատամ սուր, եւ վերջապէս Արցախի մէջ` կճեխաշ:

Ազգագրագէտ Սամուէլ Մկրտչեանի կարծիքով, ատամնահատիկը պտղաբերութեան խորհրդանիշ է, ծէսին ծագումնաբանութիւնը ցարդ պարզուած չէ: Հայաստանի կարգ մը շրջաններու մէջ ծէսը կը կատարուի երգերով, որոնք կը նկարագրեն երեխային ապագայ ճակատագիրը:

Գիտէ՞ք, Թէ

– Եթէ ձեր մորթը չոր է, ձեր կերակրացանկին պէտք է աւելցնէք` ընկոյզ, իւղոտ ձուկ, բուսական ձէթ… Ձեր մարմնին շատ հաւանաբար կը պակսի Էօ. կենսանիւթը:

* * *

– Եթէ ձեր մազերուն ծայրամասերը եւ ձեր եղունգները կը կոտրտին, շատ հաւանաբար Պէ. խումբի կենսանիւթերու պակաս ունիք: Ձեր կերակրացանկին աւելցուցէք` ընդեղէն, հաւկիթ, կարմիր միս, շոմին, ձաւարեղէն եւ այլն…

* * *

– Եթէ ձեր լինտերը կ՛արիւնին, ասիկա կը վկայէ Սէ. կենսանիւթի պակաս: Առատ պտուղ (նարինջ, մանտարին, կրիֆոն, քիվի…) եւ բանջարեղէն կերէք: Անշուշտ ատամնաբուժին այցելութիւնը պարտադիր է:

* * *

– Եթէ գիշերային ցնցումներ եւ մկանային պրկումներ կ՛ունենաք, շատ հաւանաբար մակնեզիոմի պակաս ունիք: Փորձեցէք աւելի յաճախ ծիրանաչիր, սեւ տուրմ, ընկուզեղէն, շոմին, պանան ուտել:

* * *

– Բոլոր ուտելիքները նոյն արագութեամբ չեն մարսուիր եւ, այսպէս, հաւկիթը 45 վայրկեան կ՛ուզէ մարսուելու համար, ձուկը` 1 ժամ, ջուրը` 1 վայրկեան, պանիրը` 4-5 ժամ, բանջարեղէնները` 50 վայրկեան, պիստակեղէնը` 2-3 ժամ:

* * *

– Ստեպղինը ունի բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններ. ան կը պահպանէ աչքերուն առողջութիւնն ու տեսողութիւնը, կը պայքարի որոշ տեսակի քաղցկեղներու դէմ, կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը, կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը եւ կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէ: Պատկերասփիւռին դիմաց նստած ժամանակ չիփսն ու պիստակեղէնը պէտք է փոխարինել ստեպղինի ձողիկներով եւ աղցանները ճոխացնել քերոցէ անցած եւ կամ կտրատուած ստեպղինի շերտերով:

* * *

– Ճերմակ եւ կարմիր հաւկիթներուն սննդական արժէքը նոյնը չէ եւ, այսպէս, երկու տեսակներն ալ նոյնքան իւղ եւ սպիտակուց կը պարունակեն, սակայն ճերմակը` նուազ քոլեսթերոլ, աւելի օմեկա 3, աւելի պեթաքարոթէն, աւելի Ա. կենսանիւթ եւ աւելի Էօ. կենսանիւթ կը պարունակէ, քան` կարմիրը:

* * *

– Օրական 3 արմաւ ուտելը կը պաշտպանէ ոսկորները, կը կանխէ` արեան տկարութիւնը, ակռաներու փտածութիւնը, մորթի չորացումը, աչքի չորացումը, ստամոքսի թթուածութիւնը եւ փորկապութիւնը:

Խոհագիր

Շոմինով Ֆեթուչինի

Բաղադրիչներ

– 500 կ ֆեթուչինի դդմաճ
– 1 գաւաթ բանջարեղէնի արգանակ
– 10-12 հատ չոր լոլիկ
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 500 կ շոմին
– 1 պզտիկ կծու կարմիր պղպեղ` շատ մանր մանրուած
– Քառորդ գաւաթ տաշուած պանիր

Պատրաստութիւն

Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ լեցնել բանջարեղէնի արգանակը, աւելցնել չոր լոլիկը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել 15 վայրկեան:

Մեծ կաթսայի մը մէջ ջուր լեցնել, քիչ մը աղ աւելցնել եւ ֆեթուչինի դդմաճը խաշել, մինչեւ եփի:

Տապակի մը մէջ ձէթը տաքցնել, աւելցնել սխտորը, կարմիր պղպեղը եւ միջակ կրակի վրայ եփել 2 վայրկեան, յետոյ աւելցնել լոլիկները, շոմինը եւ մերթընդմերթ խառնելով` եփել, մինչեւ որ շոմինը թմրի, եփել եւս 2 վայրկեան:

Ներկայանալի փոս ամանի մը մէջ լեցնել բոլոր բաղադրիչները, զգուշութեամբ խառնել, երեսը տաշուած պանիր ցանել եւ մատուցել:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ազնի՛ւ եղիր ամէն ինչում – ո՞վ է կեանքում սովից մեռել:
Ճշդի համար աքսոր չկայ – ստի հանդէպ ինչու լռել:
Իսկ մեր շուրջը դեռ կան մարդիկ, որ երբ պէտք է, մէջք են ծռում,
Երբ որ պէտք է, հռհռում են, պէ՞տք է` ժպտո՛ւմ, պէ՞տք է` լռո՛ւմ,
Պէ՞տք է` իրենց մատն են տնկում… Դու մի՛ եղիր կեանքում տհաս`
Դու հասկացի՛ր հէնց այս գլխից, մի՛ մոռացիր երբեք, տղա՛ս.
Ազնուութիւնն այն է միայն, որ չի փոխուում` ոնց էլ շուռ տաս,-
Նա մի ճերմակ երես ունի, ոչ թէ եօթ-ութ գունեղ աստառ…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

(Հատուած` «Որդուս» բանաստեղծութենէն)

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>