Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
– Ամերիկացի Ռ. Պոննի Կապրիէլ` Տիեզերքի Գեղեցկուհին
«Միսս տիեզերք» 2023 գեղեցկութեան միջազգային մրցոյթին յաղթեց Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Ռ. Պոննի Կապրիէլը: Ան մանըքեն է, ոճաբան եւ կարի ուսուցչուհի:
Մրցոյթը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ օր, ամերիկեան Լուիզիան նահանգի Նիւ Օրլիընզի մէջ, աշխարհի չորս ծագերէն 84 թեկնածուներ մասնակցեցան մրցոյթին, որ 71-րդ էր իր տեսակին մէջ:
2012-էն ի վեր ոչ մէկ ամերիկուհի նուաճած էր այս տիտղոսը: 28 տարեկան Կապրիէլը այսպիսով դարձաւ 9-րդ ամերիկուհին, որ արժանացաւ «Միսս տիեզերք» տիտղոսին:
* * *
– Թայլանտի Գեղեկցուհիին Զգեստը Լուսարձակի Տակ
«Միսս տիեզերք» գեղեցկութեան միջազգային մրցոյթի մասնակից թայլանտցի Աննա Սուենկամ Իամը հանդէս եկաւ իւրայատուկ երեկոյեան զգեստով մը` «Hidden Precious Dress», որ պատրաստուած էր կազաւորուած ըմպելիքներու հարիւրաւոր վերամշակուած ալիւմինիոմէ փականներէ եւ «Շուարովսքի» ադամանդներէ:
Հագուստը մեծ գնահատանքի եւ ծափահարութիւններու արժանացաւ, քանի որ ան խոր նշանակութիւն ունէր. գեղեցկուհին հաւատարիմ մնալով իր համեստ ծագման` յարգանքի տուրք մատուցած էր իր աղբահաւաք հօրը եւ փողոցները աւլող մօրը…
* * *
– «Միս Տիեզերք» Թագի Հեղինակ Մուաուատ Ոսկերչական Տունը
Բացի տիտղոսէն, եւ թանկարժէք նուէրներէն` նորընտիր «Միսս տիեզերք»-ը նաեւ պիտի կրէ թանկարժէք ու իր մէջ բազմաթիւ խորհուրդներ պարունակող գեղեցիկ թագ մը` «Force for good»-ը:
Թագը յղացումն է «Մուաուատ» ոսկերչական տան: Անիկա մինչ օրս պատրաստուած թագերէն ամէնէն սուղն է, կ՛արժէ շուրջ 6 միլիոն տոլար: Թագը բաղկացած է 108.44 քարաթ տանձաձեւ կապոյտ շափիւղաներէ, որոնք շրջապատուած են 48.12 քարաթ սպիտակ ադամանդներով:
Նշենք, որ «Մուաուատ»-ը լիբանանեան ծագումով ընտանեկան ազգային ընկերութիւն է, յայտնի է իր զարդերով, արուեստի իրերով եւ շքեղ ժամացոյցներով: Ընկերութիւնը կեդրոններ ունի` Տուպայի, Ժընեւի, Սինկափուրի, Թայլանտի, Մ. Նահանգներու եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
* * *
– «Հայաստանը` Յանուն Ապրելու Իրաւունքի»
«Միսս տիեզերք» մրցոյթի կիսաեզրափակիչ փուլին, 84 երկիրներու գեղեցկուհիներուն հետ բեմ բարձրացաւ նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Քրիսթինա Այանեանը:
Յատկանշական էր, որ գեղեցկուհին ազգային տարազներու ցուցադրութեան փուլին ներկայացաւ «Հայաստանը` յանուն ապրելու իրաւունքի» պաստառով մը: Քրիսթինային ազգային տարազը ներկայացնելու ատեն բեմավարը նշեց, որ հագուստը ստեղծուած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով, եւ որ անիկա կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի պայքարն ու դիմադրութիւնը, յոյսը` դէպի պայծառ ապագայ:
* * *
– Լիբանանի Ներկայացուցիչը Մայրիի Ծառի Խորհրդանիշով
Լիբանանի ներկայացուցիչ Եասմինա Զէյթուն ընտրեց Լիբանանի մայրիի ծառը խորհրդանշող զգեստ` իր երկրին աւանդական պատկերով հանդէս գալու համար: Բեմավարը ըսաւ, որ այդ տարազը կը մարմնաւորէ Լիբանանի ծառը, Լիբանան երկիրն ու անոր տոկունութիւնը:
Լիբանանցի աշխարհահռչակ ձեւագէտ Շարպէլ Զուքի ստորագրութիւնը կրող հագուստը շինուած էր մետաղէ, որ կը խորհրդանշէ գոյատեւման այնպիսի երկրի մը մէջ, որ ենթարկուեցաւ պատերազմներու ու պայթումի:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Մանրալիքի Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Մանրալիքը ծանօթ է որպէս խոհանոցային հրաշալի սարք, ուր շատ արագ կարելի է տաքցնել որեւէ ուտելիք: Այնուամենայիւ, զայն կարելի է օգտագոծել այլ նպատակներով. եկէք եւ ծանօթանանք քանի մը հատին:
Ախտահանել խոհանոցի սպունգը
Շատեր կը մոռնան մաքրել կամ փոխել խոհանոցի սպունգը: Բայց երբ իմանան, թէ որքա՛ն մանրէներ կ՛աճին այդ փոքրիկ սպունգին վրայ:
Սպունգը պէտք է թրջել ջուրի մէջ, սպասել քանի մը վայրկեան, այնուհետեւ դնել մանրալիքին մէջ եւ զայն աշխատցնել 2 երկվայրկեան` միջին ջերմութեան վրայ: Կարելի է սպունգի քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցնել նախքան մանրալիք փոխադրելը:
Լոլիկները կեղուելու համար
Լոլիկները կեղուելու դիւրին եւ արագ միջոց է մանրալիքը: Եւ այսպէս, լոլիկներու յատակին փոքրիկ խաչաձեւ բացուածք մը ձեւաւորել, ապա մանրալիք փոխադրել եւ 30 երկվայրկեան եփել` միջին ջերմաստիճանով, այնուհետեւ սպասել 2-3 վայրկեան, նախքան կեղուելը: Եփի տեւողութիւնը կախեալ է լոլիկներու չափէն եւ քանակէն:
Սխտորը կեղուելու համար
Մէկ գլուխ սխտոր դնել մանրալիքի մէջ եւ տաքցնել միջին ջերմաստիճանով` 15 երկվայրկեան: Կարճ ժամանակի ընթացքին կեղեւը կը թուլնայ եւ դիւրաւ կը բաժնուի միջուկէն:
Խոտեր չորցնելու համար
Անանուխ, ռեհան, եւ այլ խոտաբոյսեր արագ չորցնելու եւ անոնց գոյնը պահպանելու համար լուացուած ու ցամքեցուած խոտաբոյսը տարածել խոհանոցային թուղթէ անձեռոցիկի վրայ եւ տաքցնել 30 երկվայրկեան: Այնուհետեւ հանել, ձեռքերով փշրել ու մաղէ անցընել:
Կիտրոնը աւելի հիւթեղ դարձնելու համար
Շատեր չեն գիտեր, որ կիտրոնին համը աւելի եւս շեշտելու եւ զայն աւելի հիւթեղ դարձնելու համար կարելի է զայն 1-2 երկվայրկեան մանրալիքի մէջ տաքցնել եւ դուրս հանելէ ետք ափին միջոցով թեթեւակի ճնշելով սեղանին վրայ գլորել եւ յետոյ միայն օգտագործել: Զգո՛ւշ, եթէ կիտրոնը 1-2 երկվայրկեանէն աւելի պահուի մանրալիքի մէջ, կրնայ պայթիլ:
Մանրալիքը կարելի է օգտագործել նաեւ`
ա.- Դրոշմաթուղթը պահարանէն անվնաս հանելու համար,
բ.- Խոնաւցած չիփսերը խրթխրթան դարձնելու համար,
գ.- Լուբիան կամ ոսպը արագ թրջելու եւ փափկացնելու համար,
դ.- Քարացած շէկ շաքարը փափկացնելու համար:
Խոհագիր
Նուռի Անուշ
1 1/2 գաւաթ թարմ նուռի հիւթ
1 գաւաթ շաքար
կէս կիտրոնի հիւթ
1 գաւաթ նուռի հատիկներ
Պատրաստութիւն
Կաթսայի մը մէջ լեցնել նուռի հիւթը, շաքարն ու կիտրոնի հիւթը եւ միջին բարձրութեամբ կրակի վրայ յաճախակի խառնեցէք, մինչեւ որ շաքարը լուծուի:
Խառնուրդ երբ եռալու սկսի, եւ երեսը պղպջակներ յայտնուին, շարունակել եփել` մերթ ընդ մերթ խառնելով: Քառորդ ժամ ետք աւելցնել նուռէ հատիկները, դարձեալ եռման աստիճանի բերել եւ եփել եւս 5 վայրկեան: Երբ խառնուրդը արդէն թանձրացած է, կաթսան կրակին վրայէն հանել:
Նուռի անուշը լեցնել ապակեայ, կափարիչով օժտուած մաքուր շիշի մը մէջ, սպասել, որ պաղի, ապա սառնարան փոխադրել, ուր առնուազն 3 ամիս կարելի է պահել:
Նուռ Ուտելու 10 Համոզիչ
Պատճառներ
Նուռը երկրագունդի ամէնէն առողջապահական պտուղներէն մէկը կը համարուի: 100-է աւելի հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ նուռի ամէնօրեայ օգտագործումը կը կանխէ կամ կը բուժէ բազմաթիւ հիւանդութիւններ: Այսպէս`
1.- Նուռը կը նուազեցնէ արեան բարձր ճնշումը:
2.- Նուռը կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի մակարդակը:
3.- Նուռը կը նուազեցնէ քաթարաքթի զարգացումը:
4.- Նուռը կը կարգաւորէ շաքարախտը:
5.- Նուռը կ՛ամրացնէ ոսկորներն ու մկանները:
6.- Նուռը ունի հակաբորբոքային եւ հակաժահրային յատկութիւններ, որոնք օգտակար են լինտերու եւ բերնի խոռոչի վարակներուն դէմ:
7.- Նուռը կը պայքարի որոշ տեսակի քաղցկեղներու դէմ, յատկապէս` փրոսթաթի, ստինքի, համրաղիի եւ այլն…
8.- Նուռը կրնայ բուժում բերել յօդացաւերու պարագային:
9.- Նուռը կրնայ բարելաւել յիշողութիւնը:
10.- Նուռը կ՛ապահովէ աղիքներուն առողջութիւնը:
*
* *
Շաբթուան Մտածումը
– Նուռը…
Եթէ մի անգամ տանը մենակ լինէք, բացէք նուռը եւ նայէք. ինչ գեղեցկութիւն, ինչ կանոնաւորութիւն:
Այ եթէ մարդն էլ, ընտանիքն էլ, ազգն էլ, կուսակցութիւնն էլ նռան նման լինէին:
Նուռը հիւթ է, գոյն է, արիւն է:
ՍԵՐԿԷՅ ՓԱՐԱՃԱՆՈՎ