Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Արդեօք Կ՛օգնէ՞ք, Որ Ձեր Զաւակը Ինքնուրոյն Դառնայ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Այս հարցումին պատասխանը իմանալու համար «Այո» կամ «Ոչ»-ով պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 15 հարցումներուն, ապա կարդացէք պատասխանը:

-1-

Ձեր զաւկին արտօնած էք, որ ինք ընտրէ իր արտադպրոցական զբաղումը (ֆութպոլ, նուագ, թատրոն եւ այլն…):

Այո
Ոչ

-2-

Առանց ձեր հաւանութեան` ձեր զաւակը իրաւունք չունի ընկերներուն հետ ծրագիրներ մշակելու:

Այո
Ոչ

-3-

Ձեր զաւակը իրաւունք ունի կարծիք յայտնելու եւ «Ոչ» ըսելու այս կամ այն հարցին մասին, եւ դուք պատրաստ էք զինք լսելու:

Այո
Ոչ

-4-

Ձեր զաւկին սենեակին դուռը առանց թակելու ներս չէք մտներ:

Այո
Ոչ

-5-

Ձեր զաւկին կ՛արտօնէք, որ ինք ընտրէ իր հոգուելիքները, նոյնիսկ եթէ ձեր կարծիքով լաւ համադրուած չեն:

Այո
Ոչ

-6-

Ձեր զաւկին կ՛արտօնէք, որ երբեմն դասընկերները տուն հրաւիրէ:

Այո
Ոչ

-7-

Տարուէ տարին ձեր զաւկին տրուած ազատութիւնները կ՛աւելնան:

Այո
Ոչ

-8-

Ձեր զաւակը կը քաջալերէք, որ հեծիկ քշէ, ծառ բարձրանայ, սուզուի կամ մագլցի…

Այո
Ոչ

-9-

Երբ նկատէք, որ ձեր զաւակը ճիգ կը թափէ եւ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ, կը գնահատէք ձեռքբերումները եւ ցոյց կու տաք, որ հպարտ էք իրմով:

Այո
Ոչ

-10-

Գետին ինկած ձեր մանչուկին անմիջապէս ձեռք կ՛երկարէք, որ ելլէ, հակառակ որ ան ի վիճակի է առանձին ոտքի ելլելու:

Այո
Ոչ

-11-

Ձեր զաւակէն գաղտնի երբեք չէք ստուգեր անոր բջիջային հեռախօսի պարունակութիւնը:

Այո
Ոչ

-12-

Ձեր քաղաքական կամ կուսակցական համոզումները կը պարտադրէք ձեր զաւկին:

Այո
Ոչ

-13-

Արդէն իսկ որոշած էք ձեր զաւկին ապագայի ասպարէզը եւ կը փորձէք ամէն գնով համոզել զինք:

Այո
Ոչ

-14-

Ուշադիր կը լսէք ձեր զաւակը եւ կը պատճառաբանէք ձեր հրահանգները` նախքան զանոնք արձակելը:

Այո
Ոչ

-15-

Դուք համաձայն էք, որ ձեր զաւակը օրին մէկը ձեզմէ բաժնուի, ճամբորդէ, դուրսը շարունակէ իր ուսումը եւ կազմակերպէ իր կեանքը:

Այո
Ոչ

ԱՐԴԻՒՆՔ

  • Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «Այո» է, դուք ձեր զաւկին բաւարար ազատութիւն տուած ծնողք էք, գիտէք լսել եւ յարգել անոր կարծիքը:
    Ձեր զաւակը արդէն իսկ բաւական ինքնավստահ եւ պատասխանատու անձ դարձած է, իսկ ասիկա մէկ օրէն միւսը չէ եղած, այլ հաւասարակշռուած դաստիարակութեան մը արդիւնք է:
    Դուք գործնապէս կ՛օգնէք, որ ձեր երեխան ինքնուրոյն, անկախ եւ ինքնավստահ անձ դառնայ:
  • Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «Ոչ» է, որպէս ծնողք` պէտք է վարժուիք յաղթահարելու կարգ մը դժուարութիւններ, զաւկին հետ հրամայական ոճով եւ անդրդուելի ոճով խօսիլը, անոր հանդէպ ձեր վստահութեան պակասը եւ չափազանց հոգատարութիւնը կրնան լուրջ հարցեր ստեղծել ձեր միջեւ: Դադրեցէք վախնալէ եւ որոշ ազատութիւն տուէք ձեր զաւկին, օգնեցէք, որ ան ինքնավստահ ու ինքնաբաւ դառնայ
  • Եթէ ձեր պատասխաններու համեմատութիւնը գրեթէ կէս առ կէս է, գիտէք լսել ձեր զաւակը, նաեւ` գնահատել անոր կարգ մը առաւելութիւնները, բայց դժբախտաբար տակաւին պատրաստ չէք զայն ձեր փէշերէն հեռացնելու:
    Վստահեցէք անոր, առիթ տուէք, որ ինքնուրոյն քայլեր առնէ եւ իր կարողութիւնները բացայայտէ:

Հետաքրքրական

 Զարմանալի Մոլութիւն Մը

Հոգեբանութեան մէջ գոյութիւն ունի լատիներէն «օնիոմանիա» բառը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ խելագարութիւն` գնումի համար: Այդ մոլութիւնը ունեցող մարդոց համար գնում կատարելը դարձած է ե՛ւ հետաքրքրութիւն, ե՛ւ  զբաղում, անկախ անկէ` անհրաժե՞շտ է այդ իրը գնելը, թէ՞ ոչ:

Շոփահոլիզմը, այսինքն` գնելու մոլութիւնը, առաւելաբար տարածուած է կիներուն մօտ, թիրախ են բոլոր անոնք, որոնք սիրոյ եւ ուշադրութեան պակասէ կը տառապին կամ չափազանց առանձին կը զգան:

Շոփահոլիզմը զարգանալու պարագային, իսկական աղէտի կրնայ վերածուիլ, քանի որ խնդրոյ առարկայ անձը կը գնէ ոչ ըստ պահանջի, այլ` պարզապէս չկարենալով զսպել գնում կատարելու իր ցանկութիւնը:

Հոգեբաններու կարծիքով, կարելի է դիմել դիւրին եւ գործնական միջոցներու, եթէ շոփահոլիզմը հիւանդագին փուլին մէջ չէ:

– Գնումի երթալու ատեն ընտրել ճիշդ եւ անկեղծ ուղեկից մը, որպէսզի միջամտէ, խորհուրդ տայ, օգնէ:

– Նախքան շուկայ երթալը` գնումներու ցուցակ կազմել, իսկ խանութներէն գնել մի միայն ցուցակին վրայ նշուածները:

– Դրամապանակին մէջ որոշ գումարէ մը աւելի չվերցնել` փորձութեան չենթարկուելու համար:

– Հրաժարիլ քարտով վճարումներէ, որոնք կը դիւրացնեն գնումի գործընթացը:

– Խուսափիլ յաճախ շուկայ երթալէ` այդ ժամանակը տրամադրելով մարզանքի, բարեկամներու հետ հանդիպումի, ընթերցումի, միութենական կեանքի եւ այլն…

Խոհարարին Կարծիքով

– Որպէսզի գետնախնձորին խիւսը (փիւրէն) ա՛լ աւելի համեղ ըլլայ, խնձոր մը կեղուել, կտրատել, կտոր մը կարագի հետ եփել, ապա աւելցնել գետնախնձորի խիւսէն:

– Ընդամէնը 2 պտղունց լուծուող սուրճը միսի թացանին յաւելեալ համ եւ բոյր կու տայ:

– Նախքան տապկելը` սմբուկի շերտերը հաւկիթի ճերմկուցի մէջ թաթխել, որպէսզի սպունգի նման ձէթ չծծեն:

– Փուռին մէջ եփած հաւին մաշկը հիւթեղ եւ փխրուն կ՛ըլլայ, եթէ անիկա ծեփուի աղի ջուրով, որուն մէջ դգալ մը մեղր լուծուած ըլլայ:

– Որպէսզի թառամած ռեհանը ինքզինք գտնէ, զայն զետեղել շաքար-ջուրով լեցուն մեծ բաժակի մը մէջ: Կարճ ժամանակի մը ընթացքին անիկա կը վերագտնէ իր թարմութիւնը:

Պահքի Խոհագիր

 Աւոքատոյով Նախուտեստ

Բաղադրիչներ

2 հասուն աւոքատօ
1 տուփ պահածոյ սիսեռ
2 պճեղ սխտոր
1 կիտրոնի հիւթ
1 ապուրի դգալ թահին
Աղ, քիմիոն
Ձէթ, կարմիր փոշի պղպեղ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Հարիչէ անցընել աւոքատոները, սիսեռը, սխտորն ու թահինը: Փոխադրել փոս ամանի մը մէջ եւ աւելցնել կիտրոնի հիւթը, աղն ու քիմիոնը:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել թանձրուկը, կողքին մատուցել չիփս (կամ խրթխրթան հաց), թարմ բանջարեղէններ, թթուաշ եւ այլն…

Աւոքատօ ուտելու
10 համոզիչ պատճառներ

Բնաթելով, Սէ., Պէ., Էօ. կենսանիւթերով եւ այլազան հանքայիններով հարուստ աւոքատոն իսկական գանձ է մեր առողջութեան համար: Թուե՛նք կարեւորագոյնները`

1.- Կը պաշտպանէ արթրոզէն:
2.- Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
3.- Կը պաշտպանէ որոշ տեսակի, բայց յատկապէս փրոսթաթի քաղցկեղէն:
4.- Կը կարգաւորէ մարսողութիւնը եւ կը դարմանէ փորկապութիւնը:
5.- Օգտակար է սրտանօթային համակարգին:
6.- «Լիւթէին» կոչուած անթիօքսիտանով հարուստ աւոքատոն կը պաշտպանէ տեսողութիւնը, յատկապէս` տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:
7.- Կ՛արագացնէ վէրքերու սպիացումը:
8.- Կը կարգաւորէ շաքարին տոկոսը:
9.- Կը դանդաղեցնէ մորթին ծերացումը (որպէս ծեփուկ):
10.- Առողջ տեսք եւ փայլք կու տայ մազերուն (որպէս ծեփուկ):

*
*   *

Շաբթուան Մտածումը

Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար:
Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար:
Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը:

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ

Երէկ` մարտ 8-ին, աշխարհը նշեց Կանանց միջազգային օրը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles