Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Քանի Մը Տողով

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հայաստանի Առաջին Կին
Ճարտարապետը

Քիչեր լսած են Աննա Տէր Աւետիքեանին անունը: Աննան Հայաստանի առաջին կին ճարտարապետն է: Այս կնոջ շնորհիւ կառուցուեր են պատմամշակութային արժէք ներկայացնող աւելի քան 40 կառոյցներ` բնակելի շէնքեր, հասարակական շէնքեր եւ դպրոցներ:

Երբ Աննան որոշեց ճարտարապետ դառնալ, ոլորտը բացառապէս տղամարդիկ կը տնօրինէին: Պէտք էր լեզու գտնել շինարարներուն եւ քարտաշներուն հետ, օրեր անցընէր շինութեան վայրերուն վրայ ու պահանջէր, որ շէնքը կառուցուի այնպէս, ինչպէս որ ի՛նք կը պատկերացնէ` առանց կողմնակի միջամտութիւններու: Նպատակասլաց ճարտարապետուհին յաղթահարեց բոլոր դժուարութիւնները եւ հայրենիքին կտակեց պատմամշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներ:

Նկարին վրայ կը տեսնենք Աննա Տէր Աւետիքեանի առաջին աշխատանքը` Մաշտոց Կորիւն խաչմերուկին գտնուող «Պոնչիկանոց»-ի շէնքը: Թէեւ շէնքը երեւանցիներուն ծանօթ է որպէս պոնչիկանոցի շէնք, սակայն քիչեր գիտեն, որ ժամանակին այս շէնքին մէջ բնակարաններ ստացեր են հայ շարժապատկերի գործիչներ: Այնուհետեւ, մինչեւ պոնչիկանոց դառնալը եղած է հացի փուռ:

Կիներու Անուններ Կրող
Երեւանեան Փողոցներ

Այս տարեսկիզբին Արաբկիրի 51-րդ փողոցը պաշտօնապէս կրեց դանիացի միսիոնար, մեծ մարդասէր, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Մարիա Ճեքըպսընի անունը: Այս անձնուէր կնոջ շնորհիւ է, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն փրկուեցան հազարաւոր հայ մանուկներու կեանքերը, իսկ «Թռչնոց բոյն» որբանոցը դարձաւ գաղթական ու ծնողազուրկ հայ երեխաներու երկրորդ տունը:

Ճեքըպսընի անունը կրող անունատախտակին բացման պատիւը վերապահուեցաւ Հայաստանի մէջ Դանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Թոֆթ Սորենսընին:

Երեւանի մէջ կիներու անուններ կրող փողոցները մատի վրայ կը հաշուըուին: Կիներու միջազգային օրուան ի պատիւ Երեւանի մէջ կայ «Մարտի 8-ի» փողոց: Կան նաեւ Շուշանիկ Կուրղինեանի, Լուսիկ Լիսինեանի, Յասմիկի (յայտնի դերասանուհի), Արուս Ոսկանեանի, Ռոզա Լուքսեմպուրկի, Սօսէի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի անունները կրող փողոցներ:

Ոճաբանին Կարծիքով

5 Նորաձեւութեան Խորհուրդներ`
Աւելի Երիտասարդ Տեսք Ունենալու Համար

Թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը տեսնեն մեզ եւ ի՛նչ տարիք կու տան մեզի մեծ մասամբ կախեալ է մեր արտաքին տեսքէն: Նոյնիսկ եթէ մենք մտովին երիտասարդ կը զգանք, բայց մեր արտաքին տեսքը թերութիւններ ունի` հագուստի սխալ ընտրութիւն, վառ շպար, մազի սխալ յարդարանք, մենք կրնանք նոյնիսկ մեր տարիքէն 10 տարիով աւելի մեծի տեսք ունենալ:

Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրէ ոճաբանը բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին աւելի երիտասարդ տեսք ունենալ:

1

Գաղտնիք չէ, որ տարիքի հետ մորթը կը կորսնցնէ իր առաձգականութիւնը, եւ կնճիռներ կը յայտնուի ամէնուրեք: Դիմայարդարումը եւ յատկապէս ոչ հեղուկ «ֆոն տը թեն»-ները ոչ միայն չեն հարթեցներ մորթը ու չեն ծածկեր թերութիւնները, այլ, ընդհակառակը, տեղաւորուելով մորթին ծալքերուն մէջ` աւելի եւս կը շեշտեն կնճիռները ու կը ծերացնեն զայն:

Խուսափեցէք վառ շպարէն, մութ գոյնի շրթներկէն ու նախապատուութիւնը տուէք մեղմ, փասթել գոյներուն:

2

Մազերուն գոյնը նոյնպէս իր դերը ունի ձեր ընդհանուր տեսքին համար: Շատ մութ գոյնի մազերը կը խստացնեն դէմքին գիծերը եւ ձեր տարիքէն աւելի մեծ ցոյց կու տան: Հետեւաբար թեթեւակի բացէք ձեր մազին գոյնը, թէկուզ` շագանակագոյնով փոխարինելով:

Հաշուի առէք նաեւ, որ տարիքի հետ մազերը կը կորսնցնեն իրենց խտութիւնը, փայլքը, առողջութիւնը, թերեւս ժամանակն է հրաժարիլ երկար մազերէն եւ աւելի կարճ յարդարանք մը որդեգրել:

3

Երբ երիտասարդ էք, արեւի լոգանքը (պրոնզաժը) յաճախ հոմանիշ է գեղեցկութեան. դժբախտաբար տարիքի հետ շատ բան կը փոխուի, եւ արեւին վնասակար ճառագայթները ոչ միայն կ՛ընդգծեն կնճիռները, այլեւ մորթի քաղցկեղի դուռ կը բանան:

Որքան հնարաւոր է, հրաժարեցէք արեւի լոգանքներէն, որոնք ժամանակէն առաջ կը ծերացնեն մորթը, որքան ալ պաշտպանիչ սերեր օգտագործէք:

4

Յաճախ կ՛ըսուի, որ ամէն ինչի համար տարիք կայ, որ` որոշ տարիքէ մը ետք պէտք է վերջ տալ ծայրայեղութեան եւ դասական ոճ որդեգրել: Խորքին մէջ ամէն ինչ չափի եւ հաւասարակշռութեան մէջ է:

Ընտրեցէք այնպիսի հագուստներ, որոնք ո՛չ դեռահասի, ո՛չ ալ տատիկի տեսք տան ձեզի: Որակաւոր գործուածքով կտորներ, ներդաշնակ գոյներ եւ նաշխեր… ամբողջ գաղտնիքը օրինաչափութեան մէջ է:

5

Տարիքի հետ ակռաները բնականաբար կը դեղնին, յատկապէս եթէ շատ թէյ կամ սուրճ խմող եւ կամ ծխող էք: Դեղին ակռաները անտեսուած տեսք եւ տարիքէն աւելի մեծ ցոյց կու տան:

Հոգ տարէք ձեր ակռաներուն. սպիտակ ժպիտը մաքրութիւն եւ երիտասարդութիւն կ՛արտացոլացնէ:

Հետաքրքրական

Սենեկային Բոյսերու
Բարերար Ազդեցութիւնը

Գիտէի՞ք, թէ սենեկային բոյսերը բարերար ազդեցութիւն կը գործեն մեր առողջութեան եւ ջղային դրութեան վրայ: Անոնց ներկայութիւնն ու խնամքը խթան կը հանդիսանան կարգ մը հիւանդութիւններու ապաքինման. անոնք կը վերականգնեն ջղային համակարգի ներդաշնակութիւնը, կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը եւ զգալիօրէն կը մեղմացնեն ընկճախտը:

Թէ՛ տան մէջ եւ թէ՛ աշխատավայրը վերոյիշեալ բոյսերը կը ստեղծեն որոշ յարմարաւէտութիւն եւ կը փարատեն աշխատանքային միօրինակութիւնը:

Հետազօտութիւններ կը հաստատեն, որ`

– Բոյսերը ոչ միայն ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծեն, այլեւ կը բարելաւեն սենեակին թթուածինի որակը:

– Բոյսերը դրական ազդեցութիւն կը գործեն ստեղծագործական միտքին վրայ եւ կը նպաստեն կեդրոնացումին:

– Այն հիւանդանոցները, ուր կան կանաչ գօտիներ, հիւանդները աւելի շուտ կ՛ապաքինին, քան` այն հիւանդները, որոնց հիւանդանոցներուն մէջ բոյսեր չկան:

– Բոյսերը զարմանալիօրէն կը կլանեն աւելորդ ձայները, վտանգաւոր նիւթերը, փոշին եւ կը պահպանեն խոնաւութեան մակարդակը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք սենեկային 4 բոյսեր, իւրաքանչիւրը` իրեն յատուկ առաւելութիւններով:

1.- Ֆիքիւս պենժամինան աւելորդ ձայներ կը կլանէ եւ թէ՛ տան մէջ, թէ՛ աշխատավայրին մէջ որոշ յարմարաւէտութիւն եւ խաղաղութիւն կը հաստատէ:

2.- Ֆուժերը ընկճախտը կը փարատէ, տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ եւ լաւատեսութիւն կը հաղորդէ:

3.- Սփաթի ֆիլլիւմը կը բարձրացնէ թթուածինի մակարդակը, կը մաքրէ ապականած օդը եւ հոգեկան հանգստութիւն կու տայ:

4.- Քլորոֆիթումը տան կամ աշխատավայրին օդը կը զտէ` չէզոքացնելով թունաւոր նիւթերը, ան նաեւ կը չէզոքացնէ անախորժ հոտերը:

Խոհագիր

Սիսեռով Չիփսեր

Բաղադրիչներ

0,5 գաւաթ խաշած սիսեռ
2 ճաշի դգալ սեւ գնդիկ
4 պճեղ սխտոր
200 կ ալիւր
Բուսաիւղ` տապկելու համար
5 ապուրի դգալ ջուր

Պատրաստութիւն

Խաշած սիսեռը ճզմել եւ խիւսի վերածել, աւելցնել ալիւրը, սեւ գնդիկները, ճզմուած սխտորն ու ջուրը եւ շաղել (կարելի է նաեւ ելեկտրական գործիքով հունցել), մինչեւ որ ձեռքերուն չկպչող խմոր մը ստացուի:

Աշխատանքի սեղանին վրայ ալիւր ցանել եւ խմորը գրտնակով բանալ, որքան հնարաւոր է` բարակ: Քառակուսի, եռանկիւն, շեղանկիւն խմորներ ձեւաւորել եւ տաք ձէթի մէջ տապկել, մինչեւ ոսկեգոյն դառնան:

Չիփսերը անմիջապէս ծծուն թուղթի վրայ փոխադրել եւ ապա մատուցել:

*
*    *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Հայոց Վիշտը

Հայոց վիշտը`
Անհուն մի ծով,
Խաւար մի ծով ահագին,
Էն սեւ ծովում տառապելով,
Լող է տալիս իմ հոգին:

Մերթ զայրացկոտ ծառս է լինում
Մինչեւ երկինք կապուտակ,
Ու մերթ յոգնած սուզուում, իջնում
Դէպի խորքերն անյատակ:

Ոչ յատակն է գտնում անվերջ
Ու ոչ հասնում երկնքին…
Հայոց վշտի մեծ ծովի մէջ
Տառապում է իմ հոգին:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հարիւր տարի առաջ այս օրը Մոսկուայի մէջ մահացաւ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>