Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկը (2015) կը ներկայացնէ մեծ երաժիշտին կեանքը, ստեղծագործական ուղին եւ ձգած ժառանգութիւնը: Հոն ցուցադրուած բազմաթիւ իրերէն մէկն է երգչուհի, դաշնակահարուհի Մարգարիտ Բաբայեանին ուղղուած նամակը: Վարդապետը երգչուհիին ընտանիքին ծանօթացեր էր Թիֆլիս` Մակար Եկմալեանի մօտ յատուկ դասեր առնելու ատեն:
Մարգարիտին ուղղուած բազմաթիւ նամակներէն այս մէկը կ՛ամփոփէ Կոմիտասի յուզումներն ու ապրումները: Այս նամակին միջոցով կը բացայայտուի Կոմիտաս բանաստեղծը եւ գծանկարիչը: Նամակին մէջ խօսքը աւելի պատկերաւոր դարձնելու համար վարդապետը Մարգարիտին կը նուիրէ իր գրած «Պստիկ մոծակ» բանաստեղծութիւնը: Նամակին տակը Կոմիտաս պատկեր մը նկարած է, ուր քանի մը դէմքեր կան: Կ՛ըսուի, որ նկարին ամբողջութիւնը մոծակի մը պատկերն է:
Նամակին մէջ վարդապետը գրած է. «Ներսս կը կարդաք ներսի թղթերուն մէջ, դուրսս` դուրսի»:
Առողջապահական
Գիտէ՞ք, Թէ Ինչո՞ւ Վտանգաւոր Է
Նոր Գնուած Հագուստ Մը Անմիջապէս Կրելը
Բոլորիս ծանօթ է նոր գնուած հագուստ մը անմիջապէս կրելու եւ տունէն դուրս գալու անդիմադրելի զգացողութիւնը: Բայց քիչերուն ծանօթ է նման չմտածուած քայլի մը հաւանական վտանգները:
Քիմիական Նիւթեր
Հագուստը կարելու ընթացքին շատ մը արտադրողներ կ՛օգտագործեն տարբեր քիմիական նիւթեր, որոնք կրնան գերզգայնութիւններ եւ մորթային բորբոքումներ պատճառել, հետեւաբար շատ կարեւոր է լուալ նոր գնուած հագուստը` նախքան կրելը:
Ամենատարածուած քիմիական նիւթերէն մէկը ֆորմալտեհիտն է, որ կ՛օգտագործուի գործուածքներու ծալքերը հարթելու համար: Նուազ վտանգաւոր չեն ներկանիւթերը, որոնք կրնան նոյնպէս մորթային հիւանդութիւններ պատճառել:
Պահեստանոցի Պայմաններ
Խանութին մէջ հագուստը կրնայ շատ մաքուր եւ թարմ տեսք ունենալ, բայց ոչ ոք գիտէ, թէ պահեստանոցին մէջ, ինչ պայմաններու մէջ պահուած է ան: Պահեստանոցին փոշին կրնայ տեղաւորուած ըլլալ հագուստի ծալքերուն մէջ, մինչդեռ գնորդին համար անիկա կրնայ ամբողջովին անտեսանելի մնալ: Լաւագոյն լուծումը գնելէ ետք հագուստը լուալ ու արդուկելն է:
Նախապէս Ո՞վ Փորձեր Է Նոյն Հագուստը
Խանութը ցուցադրուած որեւէ հագուստ կրնայ փորձուած ըլլալ տարբեր անձերու կողմէ, բայց ոչ ոք գիտէ, թէ արդեօք անոնք պահպանե՞ր են անձնական մաքրութեան պայմանները: Հետեւաբար մտքի հանգստութեան համար պայման է խանութէն տուն բերուած հագուստը լուալ:
Ձեր Ընտրութիւնը Շատ Բան
Կը Պատմէ Ձեր Մասին
Հոգեբաններու կարծիքով, մեր առօրեայի եւ վարքագծի ամէնէն աննկատ մանրամասնութիւնները շատ բան կը պատմեն մեր բնաւորութեան մասին: Այս սկզբունքին վրայ հիմնուած է աթոռի ընտրութեան խնդիրը… Երեւակայեցէք, որ առաջին անգամ ըլլալով բարեկամի մը տունը կ՛այցելէք. տանտիրուհին ձեզի կ՛առաջարկէ չորս բոլորովին տարբեր աթոռներ: Ընտրեցէք այն, որ ամէնէն յարմարաւէտը կը թուի ձեզի: Իսկ փորձառու հոգեբանը կը բացայայտէ ձեր բնաւորութեան գիծերը:
Աթոռակ
Մարդիկ, որոնք կ՛ընտրեն աթոռակը, սովորաբար բաւականին համեստ են: Ընկերները կը գնահատեն անոնց բարութիւնն ու հոգատարութիւնը: Այս մարդիկը պատրաստ են կարեկցելու եւ օգնելու կարիքաւորներուն: Անոնք նաեւ կացութիւններուն յարմարող եւ հարցերուն միջին եզրեր գտնող անձեր են:
Բազկաթոռ
Յաւակնոտ եւ կենսուրախ մարդիկ են, որոնք կը բազմին բազկաթոռին վրայ: Այս մարդիկը շատ դժուար է հունէ հանել. նոյնիսկ բացասական իրավիճակներու մէջ անոնք միշտ դրական բան մը կը գտնեն: Բնածին արկածախնդրութիւնը եւ աւելորդ ինքնավստահութիւնը կրնան անկանխատեսելի խաղեր խաղալ իրենց կեանքին մէջ:
Աթոռ
Կոշտ յենարանով, սովորական աթոռ կ՛ընտրեն ուղղամիտ ու նպատակասլաց մարդիկ: Անոնք հիանալի ճարտասաններ են եւ դիւրաւ կրնան համոզել զիրենք շրջապատող մարդիկը, որ իրենք միշտ իրաւացի են: Դժբախտաբար այս մարդիկը ճկուն չեն, զիջումներու ատակ չեն ու չեն գնահատուած ընկերութեան մէջ:
Ճօճաթոռ
Ճօճաթոռը կը խորհրդանշէ մարդու համոզումներուն անկայունութիւնն ու փխրունութիւնը: Ճօճաթոռ ընտրող մարդիկ պատրաստ են լսելու ուրիշները եւ ուղղել սեփական սխալները: Միւս կողմէ` ճօճաթոռ նաեւ կ՛ընտրեն մարդիկ, որոնք կեանքէն կշտացած են ու միայն խաղաղութիւն կը փնտռեն: Այս մարդոց կեանքի գլխաւոր վտանգը լճացումն է ու մեկուսացումը…
Ինչպէ՞ս Երեխային Ուշադրութիւնը
Շեղել Ելեկտրոնային Գործիքներէն
Յաճախ կը դժգոհիք, որ ձեր զաւակը ելեկտրոնային գործիքներուն գերին դարձած է, սակայն արդեօք մտածա՞ծ էք տարբերակներու մասին, որոնք կրնան երեխան ձերբազատել այդ վտանգաւոր մոլութենէն ու կախուածութենէն:
Մասնագէտներ կ՛առաջարկեն 8 դիւրին եւ շինիչ միջոցներ` ձեր երեխային հետաքրքրական զբաղումներ գտնելու եւ առնուազն քանի մը ժամ անոնց ուշադրութիւնը շեղելու վերոյիշեալ գործիքներէն:
-1-
Ձեռային աշխատանք մը կազմակերպեցէք: Ինչո՞ւ չէ, նաեւ մօտիկ ընկերներ հրաւիրելով եւ ապա պզտիկ ցուցահանդէս մը կատարելով:
-2-
Գիտական փորձ մը կազմակերպեցէք: Երեխաները կը սիրեն նոր բաներ յայտնաբերել: Փորձերը կրնաք քաղել իրենց գիտութեան դասերէն` միեւնոյն ատեն ամրապնդելով անոնց սորվածները:
-3-
Բացէք խոհագիրներու գիրքը եւ ձեր զաւկին հետ դիւրին խոհագիր պատրաստեցէք, ապա ընտանեօք համտեսեցէք եւ գնահատեցէք անոր ճիգը:
-4-
Ընտանեօք խաղ մը (բառխաղ, մոնոփոլի, ռիսք…) խաղացէք: Ասիկա լաւ առիթ մը կ՛ըլլայ հաղորդակցելու եւ հաճելի ժամանակ անցընելու: Նոյն առիթով կը խթանէք ձեր զաւկին կեդրոնացումն ու արթնամտութիւնը:
-5-
Շաբաթական դրութեամբ ձեր երեխային գիրք մը կամ թերթ մը գնեցէք: Թող իր փոքրիկ գրադարանը կազմէ եւ օրական կէս ժամ կարդայ` իր նախասիրած մէկ անկիւնը քաշուելով:
-6-
Առիթը ստեղծեցէք քաղաքէն դուրս ելլելու. բնութեան մէջ քալեցէք, խաղացէք: Երեխան մղեցէք, որ շուրջը դիտէ ու վայելէ «բնութեան ձայնը», գնահատէ բոյսերը, անասունները…
-7-
Լուսանկարչական գործիք մը գնեցէք եւ ամէն անգամ թեմա մը ընտրեցէք եւ խնդրեցէք, որ անոր շուրջ 5-10 նկար լուսանկարէ: Ապա զանոնք լաթակալներով ցուցադրեցէք իր ննջասենեակին մէջ:
-8-
Օրինակ ծառայեցէք: Երեխաները կը սիրեն կապկել մեծերը: Եթէ դուք բջիջայինին գերին դարձած էք եւ ձեր ձեռքէն վար չէք առներ զայն, շատ բնական է, որ ձեր զաւակը նոյնպէս բջիջայինի մոլին դառնայ:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Եթէ տունը շուն կամ կատու կը պահէք եւ անոնք կը վնասեն ձեր բոյսերուն, կրնաք պարզապէս հողին երեսին կասիայի ցպիկներ կամ կիտրոնի կեղեւներ զետեղել: Անշուշտ պարբերաբար պէտք է զանոնք փոխարինել նորերով:
* * *
Բացուած գինիի շիշին խցանը դժուա՞ր կը տեղաւորուի, կրնաք պարզապէս զայն քանի մը վայրկեան եռացած ջուրի մէջ ձգել եւ շուտով ձեր հարցը կը լուծուի:
* * *
Եթէ ձեր բրդեղէններուն թեւերուն ծայրամասերը լանցած են, կրնաք այդ բաժինները տաք ջուրի մէջ մխրճել, թեթեւօրէն քամել եւ վերջապէս սեշուարով չորցնել:
* * *
Շպարի վրձիններն ու մազի խոզանակները մաքրելու համար կրնաք զանոնք քանի մը ժամ մխրճել սոտայով լուծուած տաք ջուրի մէջ եւ ապա ցօղուել ու ցամքեցնել:
* * *
Եթէ սափորով ջուր պիտի բերէք սեղան, փոխանակ զայն սառոյցի կտորներով պաղեցնելու` օգտագործեցէք կիտրոնի սառած շերտեր` յաւելեալ բոյր եւ համ տալու համար:
Խոհագիր
Գետնախնձորով Խմորեղէն
Խմորին համար անհրաժեշտ են`
– 2 գաւաթ ալիւր
– 1 ապուրի դգալ թթխմոր
– 1 ապուրի դգալ փոշի կաթ
– 1 գաւաթ գաղջ ջուր
– Քառորդ թէյի դգալ աղ
– 1 թէյի դգալ շաքար
– 3 ապուրի դգալ բուսական ձէթ
Միջուկին համար անհրաժեշտ են`
– 4 մեծ խաշած ու ճզմուած գետնախնձոր
– 1 թէյի դգալ աղ
– Քառորդ թէյի դգալ սեւ աղացած պղպեղ
– Քառորդ թէյի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Խմորին բաղադրիչները խառնել, շաղել` ստանալու համար ձեռքերուն չկպչող փափուկ խմոր մը: Զայն ծածկել եւ 45 վայրկեան ձգել, որպէսզի ուռի:
Աշխատանքի սեղանին ալիւր ցանել, ու խմորը գրտնակել եւ կլոր կաղապարի մը օգնութեամբ կլորներ ձեւաւորել:
Իւրաքանչիւր կլորի կեդրոնը զետեղել գետնախնձորի միջուկը, ապա եռանկիւնաձեւ ձեւաւորել:
Ափսէին յատակը ձէթով ծեփել, ձեւաւորուած խմորները շարել ու նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:
*
* * *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Եկողները թող չիմանան
Սոված օրեր ու սեւ տարի:
Ինձպէսները գան ու գնան,
Աշխարհին բան չպատահի:
Ծաղկեն դաշտերն ամէն գարնան,
Կեանքը մնայ միշտ պատանի:
Ինձպէսները գան ու գնան,
Աշխարհին բան չպատահի:
Չը որոտայ ոչ մի դրան
Մարտագլխիկն աղէտալի,
Ինձպէսները գան ու գնան,
Աշխարհին բան չպատահի:
Թող ազգերի կամքն անվարան
Մահուան բերանը պատառի:
Ինձպէսները գան ու գնան
Աշխարհին բան չպատահի:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Վաղը (14 ապրիլ 1914 ) բանաստեղծ Համօ Սահեանի ծննդեան օրն է: