Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին կինը` Պրիժիթը վերջերս դարձաւ 70 տարեկան: Հինգերորդ հանրապետութեան պատմութեան ամենաերիտասարդ նախագահի եւ ամենատարեց Առաջին տիկնոջ` Էմանուէլի եւ Պրիժիթի միութիւնը կը շարունակէ հետաքրքրել շատ շատերը:
Հետաքրքրական է իմանալ, թէ ի՛նչ կը պատմէ Առաջին տիկնոջ զգեստապահարանը իր մասին…
«Ես ինքզինքս Առաջին տիկին չեմ զգար, ասիկա ամերիկեան «First lady» տիտղոսն է, զոր չեմ հաւնիր: Ամէն անգամ որ այս խօսքը կը լսեմ, կ՛ուզեմ շուրջս նայիլ հասկնալու համար, թէ իրականութեան մէջ որո՞ւ մասին է խօսքը: Ես ինքզինքս ոչ առաջին, ոչ վերջին, ոչ ալ նոյնիսկ տիկին կը զգամ: Ես Պրիժիթ Մաքրոնն եմ», խոստովանած է ան ELLE ամսագրին տուած հարցազրոյցի մը առիթով:
Պրիժիթ Մաքրոնը կը սիրէ թանկարժէք ապրանքանիշները: The New York Times-ը անոր ամուսինին 2022 յաղթանակը անուաներ էր «ֆրանսական նորաձեւութեան յաղթանակ»: Ընտրութիւններու գիշերը Պրիժիթը կը կրէր Լուի Վիւթոնի համազգեստ` զինուորական ոճի բաճկոն: «Ասիկա քաղաքական իշխանութեան եւ պիզնըսի դաշինքն է, որ կը ծառայէ երկու կողմերուն: Ի վերջոյ, նորաձեւութիւնը ֆրանսական տնտեսութեան ողնաշարն է», գրեր էր New York Times-ը:
Պրիժիթ Մաքրոնը յաճախ կը կրէ Լուի Վիւթոնի հագուստները, սակայն իրեն սիրելի են նաեւ ֆրանսական նորաձեւութեան շատ մը ոճաբաններ:
Պաշտօնական առիթներու համար Առաջին տիկինը յաճախ կ՛ընտրէ խիստ, բայց վայելուչ համազգեստներ: Ինչ կը վերաբերի գոյներուն, ան կը նախընտրէ պեժը, բաց մոխրագոյնը եւ կապոյտի բոլոր երանգները:
Ֆրանսայի Առաջին տիկնոջ զգեստապահարանին մէջ մեծ քանակութեամբ համազգեստներու (տաբատ-բաճկոն) առկայութիւնը կ՛ընդգծէ անոր կարծիքը ֆեմինիզմի մասին. «Ես կը խոստովանիմ, որ զիս շատ աւելի կը հետաքրքրէ կիներու ճակատագիրը, քան` տղամարդոցը: Կը կարծեմ, որ 21-րդ դարը կիներուն պիտի պատկանի: Կիներ, որոնք պիտի կարենան ելքեր գտնել աշխարհին համար: Եթէ այդ է ֆեմինիզմը, ապա ես ֆեմինիսթ եմ, բայց ես տղամարդոց հետ եմ ես անոնց դէմ չեմ»:
Պրիժիթ Մաքրոնը չ՛ամչնար իր տարիքէն. ան 24 տարիով աւելի մեծ է իր ամուսինէն:
«Էմանուէլի միակ թերութիւնը այն է, որ ան ինձմէ փոքր է: Առաւօտեան կը նախաճաշենք. ես` իմ կնճիռներովս, ինք` իր թարմութեամբ: Այո՛, այդպէս է», կատակելով ըսած է Ֆրանսայի Առաջին տիկինը ELLE-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Գեղեցկագիտական
Մազերուն Լոյս Հաղորդող
Բնական Բաղադրիչներ
Կը փափաքիք արեւի շո՞ղ հաղորդել ձեր մազերուն եւ մասամբ բանա՞լ անոնց գոյնը, ահաւասիկ` բնական բաղադրիչներ, որոնք կրնան գոհացում տալ ձեր փափաքին, սակայն լաւ իմացէք, որ կարելի չէ չարաշահել անոնց օգտագործումը եւ յաճախակի կիրարկումը:
Կիտրոն
Ընդհանուր առմամբ, կիտրոնը լաւագոյն բաղադրիչն է մութ շագանակագոյն մազերուն գոյնը բանալու եւ շիկահեր մազերը աւելի կենսունակ դարձնելու համար: Այս միջոցը ամէնէն արդիւնաւէտներէն մէկն է, եթէ դուք չէք ուզեր ձեր մազերը ներկել:
Երկու կիտրոնի հիւթը 30 մլ ջուր աւելցուցէք եւ մազի վրձինի մը միջոցով զայն փունջ առ փունջ քսեցէք ձեր մազերուն: Այնուհետեւ ջանացէք արեւի ճառագայթներուն տակ բնականօրէն չորցնել ձեր մազերը:
Կասիա
Մութ գոյնի մազերը մասամբ գունաթափելու եւ անոնց պղնձագոյն ցոլք տալու համար օգտագործեցէք կասիան: Կասիայի փոշին ջուրի հետ խառնեցէք եւ ստացուած թոյլ թանձրուկով ծեփեցէք ձեր մազերը, թեթեւ մարձեցէք զանոնք, կերպընկալ գլխարկով մը ծածկեցէք ձեր մազերը, ձգեցէք 3-էն 4 ժամ, ապա ցօղուեցէք:
Խնձորի Քացախ
Նուազ ծանօթ է քացախի միջոցով մազերուն գոյնը բանալու տարբերակը:
Խնձորի քացախը լուծեցէք ջուրով (մազերուն չորացումը կանխելու համար), ապա այս հեղուկը թափեցէք ձեր մազերուն վրայ, թեթեւօրէն մարձեցէք եւ քառորդ ժամ ետք ցօղուեցէք զանոնք:
Այս միջոցը կրնաք կիրարկել շաբաթական դրութեամբ, նաեւ` մազերուն փայլք տալու, անոնց աճը խթանելու եւ թեփէ ձերբազատելու համար:
* * *
Նշենք, որ որքան ալ բնական են առաջարկուած բաղադրիչները, կրնան սպասուած արդիւնքը չտալ, յատկապէս` ներկուած մազերուն պարագային: Հետեւաբար մի՛ չարաշահէք անոնց օգտագործումը:
Դէմքի Մորթին Փայլքը
Վերականգնող Դիմակ
Կը փափաքի՞ք աւելի մաքուր, թարմ, ձիգ եւ առողջ մորթ ունենալ, ուրեմն անվարան դիմեցէք վարունգին: Ինչո՞ւ առասպելական գումարներ մսխել, երբ տունը ձեր ձեռքին տակ ունիք վարունգ, մածուն եւ դգալ մը մեղր…
Վարունգը կենսանիւթերու, օլիկօ-էլեմաններու իսկական հանք մըն է. ան յատկապէս մորթը խոնաւցնելու եւ փափկացնելու յատկութիւնը ունի: Վարունգը նաեւ փայլք եւ թեթեւութիւն կը հաղորդէ թանձր մորթին: 95 առ հարիւր ջուրէ բաղկացած այս բանջարեղէնը յարմարագոյնն է թափանցիկութեան եւ լոյսի պակաս ունեցող մորթը խոնաւցնելու համար:
Ալ ո՞ւր մնաց, եթէ վարունգին միանան մածունն ու մեղրը…
Վարունգի դիմակ պատրաստելու անհրաժեշտ բաղադրիչներն են`
– 1 միջակ վարունգ
– 1 ապուրի դգալ մածուն
– 1 ապուրի դգալ մեղր
Նախ եւ առաջ կեղուել եւ կտրատել վարունգը, ապա հարիչի միջոցով խիւսի վերածել:
Ապա ապակեայ, մաքուր փոս ամանի մը մէջ վարունգին խիւսին աւելցնել մեղրն ու մածունը եւ խառնել:
Յետոյ խառնուրդը քսել դէմքին եւ սպասել 15-20 վայրկեան:
Վերջապէս, դէմքը լուալ գաղջ ջուրով եւ ցամքեցնել մաքուր սրբիչով:
Հոգեբանին Կարծիքով
«Դեռ», «Եկո՛ւր», «Ազնիւ», «Շնորհակալութիւն»
Հոգեբանին կարծիքով, երեխաներուն եւ առհասարակ մարդոց ուղեղը աւելի լաւ կ՛ընկալէ, երբ կը գործածենք դրական, այլ ոչ թէ բացասական բառեր ու նախադասութիւններ: Փորձենք մեր առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին դրական բառեր օգտագործել եւ երեխային յստակօրէն ըսել, թէ իրմէ ի՛նչ կը սպասենք կամ կ՛ակնկալենք: Այսպիսով, յարաբերութիւնները չեն լարուիր, ընդհակառակը:
Հոգեբանը կը թելադրէ յաճախակի օգտագործել հետեւեալ 4 բառերը` ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները ճիշդ ճամբու վրայ դնելու եւ լաւ երեխայ դաստիարակելու համար:
Դեռ
Առաջին բառը «դեռ» բառն է: Եթէ մեր երեխան յաճախ կը դժգոհի, որ լաւ հեծիկ չի քշեր, կամ թուաբանական խնդիրները կը դժուարանայ լուծելու, կամ լաւ չի գծեր, շատ կարեւոր է, որ մենք իրեն սորվեցնենք օգտագործել «դեռ» բառը: «Դուն դեռ լաւ հեծիկ չես քշեր», «դեռ լաւ չես գծեր», «դեռ թուաբանական խնդիրները դիւրին չես լուծեր» եւ այլն…
«Դեռ» բառը գործածելով` մենք երեխային մէջ կը ձեւաւորենք այն միտքը, որ եթէ ինք բանի մը վրայ բաւարար աշխատի, պիտի գայ այն օրը կամ պահը, երբ յաղթահարած պիտի ըլլայ տուեալ դժուարութիւնը:
Եկո՛ւր
Երկրորդ բառը, որ թելադրելի է օգտագործել «եկո՛ւր» բառն է: Սովորաբար երբ մենք կ՛ուզենք, որ երեխան որեւէ բան ընէ, դժբախտաբար հրամայական ոճ կը գործածենք` «գնա՛, սենեակդ կոկէ», «գնա՛, ակռաներդ խոզանակէ», «գնա՛, խաղա՛»…
Մինչդեռ շատ աւելի շինիչ է, երբ կ՛ըսենք. «եկո՛ւր, սենեակդ կոկենք», «եկո՛ւր, խաղանք» եւ այլն… «գնա՛»-ն «եկո՛ւր»-ով փոխարինելով` երեխային հետ կը վերաբերինք հաւասարէ հաւասար, ահա հոս չկայ հրամայող եւ գործադրող. այսպիսով, կը ստեղծենք աւելի հաշտ մթնոլորտ եւ աւելի դիւրին կը հասնինք մեր ուզածին:
Ազնիւ
Երրորդ ցանկալի բառը «ազնիւ»-ն է: Եթէ երեխան վատ խօսքերով կ՛արտայայտուի իր ընկերոջ մասին, կամ վատ կը վերաբերի փողոցի անտէր շան հետ, յիշեցնենք, որ ազնիւ խօսքեր օգտագործէ, թէկուզ եթէ ընկերը նեղացուցեր է զինք, կամ ազնիւ վերաբերում ունենայ անտէր, անօգնական շան հանդէպ եւ այլն… Ասիկա լաւ միջոց է ազնիւ երեխայ դաստիարակելու համար:
Շնորհակալութիւն
Վերջապէս, փորձենք երեխային սորվեցնել «շնորհակալ» բառին գործածութիւնը. այսպիսով, երեխային կը վարժեցնենք երախտապարտ ըլլալ:
Եթէ մեր երեխան ինքնակամ որեւէ ծառայութիւն կամ լաւ բան մը ընէ, անմիջապէս շնորհակալութիւն յայտնենք, նոյնպէս ալ վարժեցնենք, որ իր կարգին գնահատէ իրեն համար կատարուած որեւէ արարք ու իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնէ:
Խոհագիր
Ճակնդեղով Եւ Ֆեթա
Պանիրով Աղցան
– 2 հատ խաշած ճակնդեղ
– 150 կ ֆեթա պանիր
– 5 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր
– 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, սեւ համեմ
– Մանրուած ազատքեղ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Պատրաստել թացանը` խառնելով կիտրոնի հիւթը, ձէթը, մեղրը, աղը եւ սեւ համեմը:
Մատուցման ամանին մէջ խորանարդաձեւ կտրատուած ճակնդեղները եւ թացանը լաւ խառնել, երեսը զարդարել ֆեթայի կտորներով եւ մանրուած ազատքեղով:
Այս յագեցնող աղցանը յաճախակի ուտելու պարագային, անիկա կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողական համակարգը, կը բարելաւէ տեսողութիւնը, կ՛ապահովէ սրտին առողջութիւնը, կը պաշտպանէ որոշ տեսակի քաղցկեղներէ եւ այլն… Անշուշտ գուշակեցիք, այս բոլորը` շնորհիւ ճակնդեղին:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Այս Ծառը Սուրբ
Ծառ տնկեցէք եղբայրներ
կաղնի սօսի եղեւին
Պարտէզին մէջ – դաշտերուն
Լերան վրայ – ժայռերուն
քարքարուտին ապառաժին
Ձեր թաղարին սովորական
կամ սեղանին ամէնօրեայ
Ծառ տնկեցէք – պիտի բռնէ անպայման –
Ապառաժը երբ փշրուի հող կը դառնայ արդէն, չէ՞…
Թէ թաղարին հողը քիչ է, շա՜տ է կաւը բրուտին.
Սեղանն – ըսես – չոր տախտակ է
կ՛ըսեմ քեզի` առաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գիտես թէ ցամքած փայտը չ՛արբենար
վրան դրուած շոճիի թարմ աւիշէն
Չի փաթթուիր մատղաշ ու թաց արմատներուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտքերն ալ հողին մէջ
ինքն ալ արմատ չի՞ դառնար…
Ծառ տնկեցէք – ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման…
Դարակուտակ սպասումի ու անհնար ըղձանքի
Հողն է պարարտ – հողն է հպարտ – ջուրն հանդարտ
թափուած արեան եւ արցունքին պէս առատ –
Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ
Պիտի երկինք բարձրանայ
Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան
Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն
Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն
որոնք կու գան աշխարհի չորս ծագերէն
ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար – ալեւոր…
Օ՜ տնկեցէք
Ամուր ձեռքով խնամեցէք
զարդարեցէք
պաշտպանեցէք
պաշտեցէք
Ազատութեան ծառն է այս…:
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ