Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երբ երեխան անմխիթար կու լայ, ան աւելի արագ կը հանդարտի, եթէ խօսելու փոխարէն` երգէք անոր… Արդարեւ, փաստուած է, որ երգը խօսքէն աւելի ազդու է երեխաներուն պարագային:
Այսպէս, Մոնրէալի համալսարանի կին հետազօտողներ փորձ մը կատարած են 6-9 ամսական 30 երեխաներու վրայ. անոնց լացի պահուն փոխն ի փոխ երգ եւ մեղմ խօսքեր լսել տուած են: Օրերու վրայ կատարուած փորձի աւարտին մասնագէտները հաստատած են, թէ երգը իսկապէս կ՛օգնէ, որ երեխաները աւելի արագ եւ աւելի երկար տեւողութեամբ հանդարտին, մինչդեռ մեղմ խօսքերը նոյն ազդեցութիւնը չեն գործած:
Երեխան կու լայ, եթէ…
Բոլոր երեխաներն ալ կու լան, քանի որ լացը միակ միջոցն է ինքզինք արտայայտելու, բան մը հասկցնելու համար:
Եւ այսպէս, երեխան կու լայ`
ա.- Եթէ անօթի է: Ասիկա չի նշանակեր, որ լացող երեխան անմիջապէս պէտք է կերակրել, բայց կ՛արժէ փորձել:
բ.- Եթէ վատ ինքնազգացողութիւն ունի: Թերեւս ան կը մսի, կը տաքնայ, ուշադրութեան պակաս կը զգայ:
գ.- Եթէ ցաւ ունի: Երեխաները յաճախ ականջի, լինտերու կամ փորի ցաւեր կ՛ունենան, պէտք է արագ ախտաճանաչում կատարել:
դ.- Եթէ կը ձանձրանայ: Այո՛, երեխան ձանձրոյթէն կրնայ լալ: Հաւանական է, որ ան ձանձրացած է նոյն դիրքով, նոյն տեղը պառկելէ, նոյն անհետաքրքիր առաստաղը դիտելէ եւ այլն… հաւանաբար խաղի պահանջ ունի: Փոխեցէք անոր դիրքը, ի հարկին խաղացէք անոր հետ:
ե.- Եթէ յոգնած է: Երեկոյեան երեխան արդէն կուշտ է, մաքուր է ու յանկարծ լալու կը սկսի: Այսպիսով, երեխան դուրս կը հանէ օրուան կուտակուած յուզումները, յոգնութիւնը: Երեխային փորձեցէք հանգստացնել ու քնացնել… երգի միջոցով:
Զարդեղէններու Լեզուն
Նորաձեւութեան մէջ զարդեղէնները կարեւոր աքսեսուարներ են վերջնական եւ անհատական տեսք ստանալու համար: Մանեակները, ապարանջանները, ականջօղերը, մատանիներն ու զարդասեղները ունին տարբեր խորհրդանիշներ եւ իմաստներ. անոնք շատ բան կ՛աւելցնեն ձեր հագուստի ընտրութեան մէջ. կ՛անհատականացնեն ձեր տեսքը եւ ձեզ կը դարձնեն իւրայատուկ…
Փորձագէտներու կարծիքով, ձեր նախընտրած ու սիրելի զարդերը ոչ միայն կը խօսին ձեր ճաշակին, այլեւ բնաւորութեան մասին: Այսպէս, որեւէ անծանօթ միջավայրի մէջ ձեր շրջապատը ձեր կրած զարդերէն դատելով` կրնայ գուշակել ձեր բնաւորութիւնը:
Ահա թէ ի՛նչ կը պատմէ ձեր սիրելի զարդը ձեր մասին:
– Եթէ ոսկեղէնի սիրահար էք, պահպանողական եւ հաւասարակշռուած անձ էք: Դուք նաեւ ինքնավստահ էք եւ մեծ համարում ունիք ձեր մասին, ահա թէ ինչո՛ւ չէք ուզեր աննկատ անցնիլ:
– Եթէ արծաթեղէնի սիրահար էք, դուք զուսպ, բարի, ստեղծագործ եւ վիպապաշտ անձ մըն էք: Եթէ ձեր զարդերուն քարերը թափանցիկ են, դուք նաեւ լաւատես էք, ոչ թափանցիկ քարերով զարդեր նախընտրելու պարագային, դուք, ընդհակառակը, հակուած էք տեւաբար ձեր մէջ թերութիւններ փնտռելու:
– Եթէ մարգարիտի սիրահար էք, վիպապաշտ եւ երազկոտ անձ էք, կը սիրէք թատրոնը, ցուցահանդէսները, ընթերցումը… եւ մարդոց մէջ կը գնահատէք ազնուութիւնը: Մարգարիտը սիրող բոլոր կիներուն նման` դուք համեստ էք, գրաւիչ ու աւանդապաշտ եւ կը գերադասէք դասական վայելչութիւնը:
– Եթէ կրծքազարդերու սիրահար էք, յանդուգն եւ անհատականութիւն ունեցող անձ էք: Դուք չէք սիրեր դառնալ ամբոխին մէկ մասնիկը, այլ կ՛ուզէք զատորոշուիլ ձեր իւրայատուկ ոճով ու ճաշակով:
– Եթէ հնաոճ զարդերու սիրահար էք, կը նշանակէ, որ աւանդապաշտ էք: Հին զարդերը միշտ ալ պատմութիւն ունին` կապուած դէպքի մը կամ անձի մը հետ: Հաւատարիմ էք ձեր արմատներուն, ինչպէս նաեւ վստահելի անձ էք:
– Եթէ խոշոր օղերու սիրահար էք, ինքնավստահ եւ ուշադրութիւն գրաւել սիրող անձ էք: Նաեւ լուրջ էք, վճռական ու ստեղծագործ: Կեանքի դժուարութիւնները չեն վախցներ ձեզ, գրեթէ միշտ յաղթական դուրս կու գաք որեւէ դժուար իրավիճակէ:
– Եթէ նուրբ զարդերու սիրահար էք, փխրուն նկարագիրով անձ էք, փափկանկատ ու հոգատար էք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ: Դժբախտաբար թոյլ ու տկար էք դժուար կացութիւններու դիմաց եւ շուտով կը յանձնուիք:
– Եթէ ոչ աւանդական զարդերու սիրահար էք. դուք ըմբոստ եւ ոչ աւանդապաշտ անձ էք: Ձեզ կարելի չէ խաբել կամ դիւրաւ համոզել. ձեր զօրաւոր անհատականութիւնը ձեզ դարձուցած է կշռադատող եւ երբեմն ալ` կասկածամիտ անձ մը:
Նորաձեւութիւն
Զենտայան` Լուի Վիւթոնի
Նոր Դեսպան
Լուի Վիւթոն նորաձեւութեան տունը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ «Golden Glob»¬ի դափնեկիր դերասանուհի Զենտայան այսուհետեւ տան նոր դեսպանուհին է եւ ամէնուրեք պիտի ներկայացնէ «Քափիւսին» պայուսակը:
«Քափիւսին» պայուսակը ստեղծուած է 2013¬ին. ան իր անունը ստացած է Rue Neuve-des-Capucines փողոցէն, ուր Լուի Վիւթոնը բացեր էր իր առաջին խանութը 1854¬ին:
Նորաձեւութեան տան խորհրդանիշը դարձած պայուսակը կարելի է կրել ձեռքին, ուսին կամ խաչաձեւ: Զենտայանի խօսքով` «Քափիւսին պայուսակը իսկապէս գեղեցիկ է եւ դիմացկուն: Երբ ես բան մը գնեմ, կ՛ուզեմ, որ ան տոկուն, որակեալ ըլլայ եւ երկար ժամանակ ծառայէ…»:
Նշենք, որ «Քափիւսին» պայուսակ մը կ՛արժէ 5-8 հազար եուրօ` նայած չափին ու տեսակին:
Ճերմակ Շապիկը` «Must Have»
Այնպէս` ինչպէս սեւ հագուստը, ճերմակ շապիկը եւս «Must have» է (պէտք է ունենալ), եւ գրեթէ պարտադիր է ունենալ զգեստապահարանին մէջ, քանի որ ան շատ մը հարցեր կը լուծէ: Ճերմակ շապիկով դուք կրնաք միշտ ոճային եւ ժամանակակից տեսք ունենալ, պայմանաւ որ զայն ճիշդ ձեւով համադրէք:
Գրեթէ բոլոր ոճաբանները իրենց գարուն¬ամառ նորաձեւութեան փառատօներուն լուսարձակի տակ առին ճերմակ շապիկը` որպէս թէ՛ ցերեկային եւ թէ՛ գիշերային անփոխարինելի կտոր: Դուք ալ ձեր կարգին կրնաք սպիտակ շապիկը համադրել ճինզ տաբատի, պաշտօնական համազգեստի եւ տարբեր ոճի շրջազգեստներու հետ:
Ստորեւ ճերմակ շապիկ կրելու 3 տարբերակներ` քաղուած Արմանի, Ալեքսանտըր Մքքուին եւ Նեհերա նորաձեւութեան տուներու գարնանային փառատօներէն:
Խոհագիր
Ձիթապտուղով Խմորեղէն
– Մէկական գաւաթ կորիզը հանուած սեւ եւ կանաչ ձիթապտուղ
– Մէկ ապուրի դգալ պղպեղի խիւս
– 2 ցօղուն մանրուած կանաչ պղպեղ
– 1/3 գաւաթ մանրուած ընկոյզ
– 3 ապուրի դգալ թարմ ծոթրին
– 1 պզտիկ, կանաչ կծու պղպեղ
– 1/5 թէյի դգալ քիմիոն
Բաղադրիչներ` խմորին համար
– 1 գաւաթ ալիւր
– 3/4 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– Պտղունց մը աղ
– 1/4 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 1/4 գաւաթ նարինջի հիւթ
– 1 հաւկիթի դեղնուց` ծեփելու համար
– Շուշմայ` զարդարելու համար
Պատրաստութիւն
Խմորը շաղել, գունդի մը վերածել, երեսը ծածկել եւ ձգել, որ 30 վայրկեան հանգչի:
Մինչ այդ միջուկին բաղադրիչները խառնել:
Չկպչող մոմ-թուղթի վրայ գրտնակել խմորը եւ 10 սմ կողմերով քառակուսի մը ձեւաւորել: Պատրաստ միջուկը դնել խմորի ծայրամասին եւ փաթթելով` խմորին գլանի ձեւ տալ: Երկու ծայրամասերը լաւ փակել: Խմորը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել, երեսը շուշմայ ցանել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել շուրջ 35 վայրկեան: Սպասել, որ քիչ մը պաղի` նախքան շերտելն ու մատուցելը:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ես ծնուել եմ ձորերում`
Եղեռնի սեւ օրերում:
Մայրս կրծքին` օրօրել`
Իմ օրոցքն էլ է կորել:
Աչքս բացի` սով տեսայ,
Աստուած ասաց` «Զոհ է սա»:
Դեռ փայտէ ձի չհեծած`
Բախտի ձիուց ընկայ ցած:
Որբ մնացի ու անուս,
Ես դեռ մանկուց ընկայ դուրս:
Վշտի վիհից, գահեր վէս,
Հրաշք է, որ հասայ քեզ:
Քիչ էր մնում` եղեռնի
Թաթն իմ կոկորդն էլ բռնի:
Բիւրերին է նա հորել`
Ինչպէ՞ս է, որ չեմ կորել:
Չեմ պղտորուել, վշտից մեծ
Սոխակս օձի չփոխուեց:
Հոգիս` արցունք ու ոսկի`
Խտացուածքն եմ իմ ազգի:
Այժմ ազգին իմ անչար
Պարտք են Աստուած ու աշխարհ:
Հատուցումը եղեռնի`
Երբ էլ լինի` կը յառնի:
Իրար գրկեն պիտի ողջ
Այս ազգերն էլ մահագոչ:
Աշխարհ, դու ինձ մի նայիր,
Իմ ողջ ազգին փայփայիր:
Վախենում եմ, թէ նրան
Դու պարտք մնաս… յաւիտեան:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ