Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ինչպէ՞ս Եւ Ի՞նչ Յաճախականութեամբ Լուալ Երեխային «Տուտուն»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Տունտու»-ն երեխային այն փափուկ խաղալիքն է (փըլիւշը), որմէ ան երբեք չ՛ուզեր բաժնուիլ: «Տուտու» սովորական խաղալիք չէ, ան մանուկին անբաժան ընկերն է, զայն մխիթարողը, սփոփողը, ապահովութիւն եւ անսահման սէր պարգեւողն է…

– Ի՞նչ յաճախականութեամբ պէտք է լուալ «տուտուն»

Յաճախ մայրերը այս հարցը կու տան: Նախ ընդունինք, որ այս փափուկ խաղալիքը շատ շուտ կ՛աղտոտի եւ նոյնիսկ` կը հոտի, քանի որ երեխան զայն հետը քարշ կու տայ ամէնուրեք` տունը, մանկամսուրը, հանրախանութը, պարտէզը հողերուն մէջ եւ այլն… «Տուտուն» մինչեւ իսկ, ճաշի կը նստի երեխային հետ. ա՛լ երեւակայեցէք, թէ որքա՛ն կ՛աղտոտի ու մաքրուելու կարիքը ունի: Մէկ խօսքով, ան մանրէներու բոյն մըն է:

Մանկաբուժին կարծիքով, միայն տունը պահուող «տուտուն» երեք շաբաթը անգամ մը եւ կամ ամիսը անգամ մը լուալ, մինչդեռ երեխային հետ ամէնուրեք շրջողը շաբաթական դրութեամբ մաքրուելու կարիք ունի: Չմոռնանք, որ երեխան յաճախ իր սէրը յայտնելու համար կը համբուրէ, կը ծծէ, կը խածնէ զայն:

– Ինչպէ՞ս լուալ «տուտուն»:

Սկսելու համար, նախ պէտք է առիթէն օգտուիլ եւ «տուտուն» լուալ, երբ երեխան խոր քունի անցած է, այլապէս պիտի մերժէ բաժնուիլ անկէ:

Ապահովութեան համար փափուկ խաղալիքը պէտք է զետեղել լուացքի յատուկ ցանց-տոպրակի մը մէջ եւ յետոյ միայն փոխադրել լուացքի մեքենային մէջ:

Այնպէս` ինչպէս երեխային հագուստները, փափուկ խաղալիքը եւս պէտք է լուալ երեխաներու համար նախատեսուած անվնաս օճառով:

Անշուշտ աւելի առողջապահական է, երբ լուացուած խաղալիքը չորցուի արեւի ճառագայթներուն տակ եւ ոչ` մեքենայով: Չոր խաղալիքը սանտրել խոզանակով խաւերը հարթելու համար:

Մանկաբուժին կարծիքով, եթէ անհնար է «տուտուն» երեխայէն բաժնել, կարելի է համոզել եւ միասնաբար կազմակերպել լոգանքը: Կարելի է նաեւ երեխային ուշադրութիւնը շեղել բացօթեայ պտոյտ մը կազմակերպելով կամ հարազատի մը այցելելով:

Հետազօտողները Կը Հաստատեն

 Միացէ՛ք Շուրջպարին

Ձեռքերու եւ ոտքերու շարժումներու համադրումը, կշռոյթով օրօրուիլը, այլ խօսքով` պարելը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը եւ դրական ազդեցութիւն կը գործէ սիրտին վրայ: Աւելի՛ն. ամերիկեան հետազօտութեան մը համաձայն, պարը նաեւ դրական ազդեցութիւն կը գործէ ուղեղի այն հատուածին վրայ, որ պատասխանատու է յիշողութեան եւ հակազդեցութեան:

Frontiers in Aging Neuroscience թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, փորձագէտները յանգած են ան եզրակացութեան, որ տարեցներու մօտ կշոյթով պարը, ուր կան ոտքերու եւ ձեռքերու ներդաշնակ շարժումներ, լաւագոյն եւ ամենազդու միջոցն է ուղեղը խթանելու:

Եւ այսպէս, գիտնականները ընտրած են 60-79 տարեկան անձեր, որոնք նեարդաբանական խանգարումներէ չեն տառապիր, ու փորձած են տարբեր ձեւերով խթանել անոնց ուղեղը: Խումբ մը զբաղած է քալելով, ուրիշ մը` ամէնօրեայ սննդական յաւելումներ ստանալով, երրորդը` սթրեչինկ վարժութիւններ կատարելով, վերջինը` պարի դասընթացքներու հետեւելով:

Վեց ամիս ետք հետազօտութիւնը պարզած է, որ միայն պարի հետեւող խումբի անդամներուն մօտ յիշողութեան եւ հակազդեցութեան զգալի բարելաւում նկատուած է:

Լաւատեսութեան Բարիքները

Հետազօտութիւններ արդէն հաստատած են, որ լաւատեսութիւնը կը նուազեցնէ վատ քոլեսթերոլին մակարդակը եւ կը պահպանէ սրտին առողջութիւնը: Նոր ուսումնասիրութիւն մը կու գայ բացայայտելու, որ տարեց կիներուն մօտ լաւատեսութիւնը դրական ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ ուղեղին վրայ:

Մ. Նահանգներու Միչիկան համալսարանի գիտնականները հետազօտութիւն մը կատարած են 65 տարիքը թեւակոխած 4.624 կամաւորներու

վրայ եւ յանգած են այն եզրակացութեան, որ լաւատես անձերու մօտ ուղեղի ճանաչողական անկումը նուազ է, նոյնպէս ալ` յիշողութեան նահանջը: Լաւատես մարդիկ աւելի դիւրին կը կողմնորոշուին եւ ճիշդ որոշումներ կը կայացնեն:

Նոյն գիտնականները կը մխիթարեն յոռետեսները` յայտնելով, որ լաւատեսութիւնը զգացում մը, ապրում մըն է, որուն կարելի է տիրապետել, եթէ ճիգն ու կամեցողութիւնը կան:

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Ճի՞Շդ, Թէ՞ Սխալ…

1.- Օրական 5 ծխախոտէն պակաս ծխելը անվնաս է մեր առողջութեան:

ՍԽԱԼ. նոյնիսկ 2 ծխախոտ ծխող անձը ենթակայ է թոքի քաղցկեղի: Բացարձակապէս չծխելով եւ ծխող անձերու շրջապատէն հեռու մնալով միայն կարելի է պաշտպանուիլ թոքի քաղցկեղէն:

***

2.- Կլկլակը նուազ վնասակար է առողջութեան, քան` ծխախոտը:

ՍԽԱԼ. կլկլակը նոյնքան վտանգաւոր է առողջութեան, որքան` ծխախոտը. անիկա նոյնքան թունաւոր նիւթեր կը պարունակէ, որքան` վերջինս. աւելի՛ն, տեւողութեան իմաստով կլկլակի նիստ մը կրնայ մէկէն մէկուկէս ժամ տեւել… Ա՛լ ձեզի կը մնայ եզրակացնել: Յիշեցնենք, որ կլկլակին ծուխը կը պարունակէ վնասակար քիմիական նիւթեր` խէժ, ածխածինի երկօքսիտ, ծանր մետաղներ, այլ խօսքով` քաղցկեղածին նիւթեր:

***

3.- Ոգելից ըմպելիները կ՛օգնեն քունին:

ՍԽԱԼ. թէեւ ալքոլը կ՛օգնէ, որ ենթական թմրի ու քունի անցնի, սակայն այդ քունը կ՛ըլլայ անորակ եւ յաճախակի ընդհատումներով:

***

4.- Ոգելից ըմպելիները կը գիրցնեն:

ՃԻՇԴ. իւրաքանչիւր 100 կրամ ալքոլը 7 ջերմուժ կը պարունակէ: Մօտաւորապէս 100 ջերմուժ կը պարունակէ բաժակ մը գինին:

***

5.- Օրական 2 անգամ պէտք է սանտրել մազերը:

ՃԻՇԴ. գլխուն մորթը մարձելու եւ մազերուն մէջ բոյն դրած փոշին ու աղտը մաքրելու լաւագոյն միջոցը զանոնք օրական 2 անգամ սանտրելն է որակաւոր մազի խոզանակով մը:

***

6.- Տապկուած գետնախնձորը կ՛աւելցնէ ընկճախտը:

ՃԻՇԴ, չին հետազօտողներու կարծիքով, տապկոցը առհասարակ, իսկ տապկուած գետնախնձորը ի մասնաւորի կ՛աւելցնեն  ընկճախտն ու անձկութիւնը: Անոնց կարծիքով, հիմնական մեղաւորը «աքրիլամիտ» կոչուած քիմիական, նիւթն է որ կ՛արտադրուի տապկոցի ընթացքին:

Խոհագիր

Մարոքեան Շաքշուքա

Շաքշուքան մարոքեան խոհանոցի հիմնական բաղադրիչներէն է: Արագ պատրաստուող, ոչ ծախսալից այս բաղադրատոմսը ոչ միայն համեղ է, այլեւ յագեցնող` թէ՛ որպէս ճաշ եւ թէ՛ որպէս ընթրիք: Բնաթելելով, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ շաքշուքան նաեւ տարածուած է Ալճերիոյ եւ Թունուզի մէջ` անուանումի եւ բաղադրիչներու պզտիկ փոփոխութիւններով:

Շաքշուքայի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են`

3 կանաչ պղպեղ
5 հիւթեղ լոլիկ
2 սոխ
2 պճեղ սխտոր
1 կանաչ կամ կարմիր կծու պղպեղ (ըստ ճաշակի)
1 թէյի դգալ քրքում
Կէս թէյի դգալ սեւ համեմ
3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
2 թէյի դգալ թարմ գինձ
2 ապուրի դգալ թարմ, մանրուած ազատքեղ
Աղ` ըստ ճաշակի

Պատրաստութիւն

Սոխերը խորանարդաձեւ մանրել, նոյնպէս` կեղուըւած լոլիկները: Քառակուսի կտրատել  կանաչ պղպեղը:

Տապակին մէջ տաքցնել ձէթը, աւելցնել սոխը եւ ճզմուած սխտորը, աղել եւ եփել, մինչեւ որ սոխերը թափանցիկ դառնան:

Այս խառնուրդին աւելցնել` լոլիկը, պղպեղը, կծու պղպեղն ու մնացեալ համեմները. խառնել եւ եփել 10 վայրկեան: Յետոյ բաժակ մը ջուր աւելցնել, կափարիչով փակել ու 20-25 վայրկեան թեթեւ կրակի վրայ եփել:

Եփած բանջարեղէններուն վրայ 4 հաւկիթ կոտրել դարձեալ կափարիչով փակել եւ 3-4 վայրկեան եւս եփել` եթէ հոսող հաւկիթ կը սիրէք, այլապէս` 6 վայրկեան, եթէ պինդը կը նախընտրէք:

Եւ ահա շաքշուքան պատրաստ է. չմոռնաք մատուցելու ժամանակ երեսը մանրուած գինձով եւ ազատքեղով զարդարել:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Չը որոտաս դու երբեք, ինչպԷս շատերն են անում,
Չը երազես աշխարհում ոչ յիշատակ, ոչ անուն,
Դու անշշուկ ընթացիր, ինչպէս հովն է ընթանում,
Հովի բերածը յաճախ փոթորիկն էլ չի տանում:

ԽԱՉԻԿ ԴԱՇՏԵՆՑ

Այսօր (25 մայիս 1910) բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, բանասէր Խաչիկ Դաշտենցի ծննդեան օրն է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>