Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ցանկագրեցէք Ձեզի Հաճոյք Պատճառող Բաները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Եթէ ձեր ինքնագնահատականը ցած է, պարզապէս գլխաւոր պատճառն այն է, որ տարիներ շարունակ մոռցեր էք դուք ձեզ եւ զբաղեր էք ուրիշներով. օգներ էք, աջակցեր էք, խնամեր էք եւ ժամանակ չէք գտեր դուք ձեր մասին մտածելու: Ձեր ամբողջ կեանքը նուիրեր էք, ու կը շարունակէք նուիրել` ձեր ամուսինին, զաւակներուն, ծնողներուն, ընկերներուն եւ այդ ընթացքին գիտակցաբար թէ ակամայ մոռցեր էք, որ դուք կաք…

Եթէ նման կացութեան մէջ էք, շատ հաւանաբար նոյնիսկ չէք յիշեր եւ ոչ իսկ կը մտածէք այն բաներուն մասին, որ դուք կը սիրէք ընել, եւ  անոնք հաճոյք կը պատճառեն ձեզի:

Հոգեբանի Մը
Հետաքրքրական Առաջարկը

Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, մասնագէտ հոգեբան մը արդիւնաւէտ միջոց մը կ՛առաջարկէ «Կեանքի վերադառնալու» եւ ժամանակ գտնելու` օրական առնուազն «մէկ հաճելի բան» կատարելու ու հաճոյք ստանալու համար: Եւ այսպէս`

Կազմեցէք ցանկ մը, որքան հնարաւոր է երկար, բայց առնուազն` 30 բաներու, որոնք ձեզ կ՛ուրախացնեն եւ միաժամանակ բաւականաչափ մատչելի եւ իրագործելի են, օրուան ընթացքին գործադրելու համար: Ահաւասիկ օրինակներ`

Սուրճ խմել ընկերոջ մը հետ,
Երաժշտութիւն ունկնդրել,
Քալել,
Մայրամուտը դիտել,
Խոկալ,
Գնումի երթալ,
Համեղ քաղցրեղէն մը պատրաստել,
Հեռաւոր բարեկամուհիի մը հետ կապ հաստատել,
Օրագիր պահել,
Երգել կամ պարել,
Եւ այլն…

Ձեր սիրելի բաները մէկիկ-մէկիկ արձանագրեցէք թուղթի մը վրայ, ապա թուղթերը ծալեցէք ու տեղաւորեցէք փոքրիկ տուփի մը մէջ: Ամէն առտու պատահականօրէն ընտրեցէք ծալուած թուղթերէն մէկը եւ զայն կատարելու հաստատակամութեամբ բացէ՛ք, կարդացէք եւ կատարեցէք նոյն պահուն կամ թէկուզ աւելի ուշ:

Ամենակարեւորը այն է, որ դուք ձեզի պարտադրեցէք կատարել թուղթին վրայ արձանագրուած «սիրելի բան»-ը` օրական եւ առնուազն 3 ամսուան տեւողութեամբ: Ամէն անգամ, որ նոր գաղափար մը յղանաք, զայն անմիջապէս արձանագրեցէք թղթիկի մը վրայ ու աւելցուցէք մնացեալներուն: Եւ այսպիսով կը վարժուիք` կամաց-կամաց դուք ձեր մասին մտածելու, դուք ձեզ սիրելու, կեանքի մանր հաճոյքները վայելելու եւ ամենակարեւորը` ձեր ինքնագնահատականը բարձրացնելու:

Կ՛արժէ մտածել…

Լիբանանցի Ոճաբանները
Կրկին Փայլեցան Քաննի Փառատօնին

Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս Քաննի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին լուսարձակի տակ առնուեցան լիբանանցի ոճաբանները, իրենց ստորագրութիւնները կրող շլացուցիչ զգեստներով: Շարժապատկերի աշխարհի հին ու նոր աստղեր, երեւելի անձնաւորութիւններ ու պաշտօնական հիւրեր իրենց ընտրութեան մէջ չէին սխալած: Ստորեւ կը ներկայացնենք վերոյիշեալ ոճաբաններէն հետաքրքրական նմուշներ:

 

– Դերասանուհի Հայտի` Քլամ Զուհեր Մուրատի դեղին շքեղ հագուստով:

– Ֆրանսայի նախկին գեղեցկուհի Իրիս Միթթընաեր` Թոնի Ուարտի տպաւորիչ զգեստով:

– Ծագումով իրանցի Ֆարնուշ Համիտիան` Ժորժ Հոպէյքայի կիսաթափանց հագուստով:

– Դերասանուհի Էշա Կուփթա` Նիքոլա Ժըպրանի սպիտակ հագուստով:

– Կաօ Եէ չին դերասանուհին` Ժորժ Շաքրայի կանաչ հագուստով:

– Դերասանուհի Սոֆիա Քարսոնը` Էլի Սաապի վառ կարմիր փառաւոր հագուստով:

Առողջապահական

 Գիշերային Ջղաձգութեան
5 Պատճառներ

Մկանային ջղաձգումները կրնան յայտնուիլ անսովոր ֆիզիքական վարժութիւններու ընթացքին, բայց նաեւ գիշերը` քունի մէջ:

Գիտնականներու կարծիքով, մարդ կրնայ գիշերային մկանային ջղաձգութենէ տառապիլ զանազան պատճառներով. ամենատարածուած պատճառները հետեւեալներն են.

1.- Ջրազրկում

75 առ հարիւր ջուրէ եւ 20 առ հարիւր սպիտակուցէ կազմուած մկանները շատ արագ կը տուժեն, երբ մարմինը բաւարար ջուր չի ստանար: Ջուրը կը նպաստէ արեան լաւ շրջագայութեան, որ իր կարգին կը նուազեցնէ քունի ընթացքին մկանային ջղաձգութեամբ տառապելու հաւանականութիւնը:

2.- Մակնեզիոմի Պակաս

Ամենափոքր կտրուկ կամ յանկարծակի շարժումը կրնայ ջղաձգութիւն պատճառել, եթէ մարմինը մակնեզիոմի պակաս ունի: Միակ լուծումը առատ ջուր խմել ու հաւասարակշռուած սնանիլն է: Մակնեզիոմով հարուստ են` ալիւրի հացը, սեւ տուրմը, ընկոյզը, պանանը եւ այլն…

3.- Երկարատեւ Ֆիզիքական Ծանրաբեռնուածութիւն

Մարզանքէն բացի` երկար ժամանակ ոտքի վրայ մնալը, անյարմար կօշիկ կրելը եւս կրնան մկանային ջղաձգութիւն պատճառել: Որեւէ մարզանք կիրարկելէ առաջ պէտք է մարմինը պատրաստել ու տաքցնել: Պէտք է նաեւ ընտրել որակաւոր, հանգստաւէտ կօշիկներ եւ օրուան ընթացքին քանի մը առիթով հանգստացնել ոտքերը:

4.- Խմիչքի Չարաշահում

Ոգելից ըմպելիներու չափազանցուած օգտագործումը եւս մկանային ջղաձգութեան պատճառ է: Անկէ տառապողները անյապաղ պէտք է հրաժարին կամ առնուազն չափաւորեն վերոյիշեալ խմիչքներուն չարաշահումը:

5.- Որոշ Դեղամիջոցներ

Որոշ դեղեր իրենց կարգին կրնան մկանային ջղաձգումներ պատճառել: Հետեւաբար յանձնարարելի է ընտանեկան բժիշկին կարծիքը առնել իմանալու համար, թէ արդեօ՞ք տուեալ դեղը կամ դեղերը հակացուցուած են ջղաձգումներէ տառապողներուն:

Ինչպէ՞ս Հեռացնել
Խոհանոցը Նուաճող Մանր Ճանճերը

Ամրան առաջին տաքերուն հետ մանր ճանճերը պատրաստ են նուաճելու ձեր խոհանոցը եւ տեղաւորուելու յատկապէս բացօթեայ դրուած պտուղներուն եւ առհասարակ ուտելիքներուն վրայ: Ալ ո՛ւր մնաց, եթէ միսի պատրաստութեամբ զբաղած ըլլաք…

Մանր ճանճերը հեռացնելու ամենակտրուկ միջոցը միջատասպան քիմիական դեղերն են, բայց անոնք թէ՛ թունաւոր են, թէ՛ անախորժ հոտ ունին եւ թէ՛ սուղ են: Բարեբախտաբար կայ բնական, առողջապահական, ազդու եւ աժան միջոց մը` այդ անբաղձալի միջատները խրտչեցնելու ու խոհանոցէն քշելու:

Առէք փոքրիկ փոս աման մը եւ մէջը լեցուցէք 1 ապուրի դգալ խնձորի քացախ, 1 ապուրի դգալ խաքար, 1 ապուրի դգալ պնակ լուալու հեղուկ դեղ եւ 1 ապուրի դգալ սովորական ջուր: Բաղադրիչները լաւ խառնել, մինչեւ որ շաքարը լուծուի: Ամանը զետեղեցէք խոհանոցի աշխատանքի սեղանին վրայ, եւ շատ չանցած` ձեր խոհանոցը «ազատագրած» պիտի ըլլաք ճանճերէն: Իսկ եթէ ձեր խոհանոցը ընդարձակ է, երկու աման պատրաստեցէք ու զանոնք երկու տարբեր տեղեր զետեղեցէք:

Ճանճերն ու մժեղները նաեւ չեն ախորժիր կիտրոնի եւ մեխակի գամի հոտերէն: Առէքլ խոշոր, առողջ ու հիւթեղ կիտրոն մը, զայն կիսեցէք ու վրան մեխակի գամեր մխրճեցէք եւ զանոնք զետեղեցէք տան տարբեր անկիւնները:Այս միջոցը եւս թէ՛ բնական է, թէ՛ աժան եւ թէ՛ ազդու:

Անկախ այս երկու հնարքներէն, ահաւասիկ քանի մը գործնական խորհուրդներ` միջատները ընդհանրապէս ձեր խոհանոցէն հեռու պահելու համար:

– Եթէ ձեր պտուղները արդէն հասուն են, զանոնք բացօթեայ մի՛ ձգէք:- Աղբամանին բերանկ միշտ փակ պահեցէք եւ օրական պարպեցէք աղբերը:

– Եթէ խոհանոցը բոյսեր ունիք, լաւ խնամեցէք զանոնք, հիւանդ, թառամած բոյսերը պատճառ են, որ թռչող միջատները յայտնուին:

Եթէ խոհանոցի լուացարանին խողովակը խցուած է, առիթ մի՛ տաք, որ լուացարանին մէջ ջուր հաւաքուի, պարբերաբար զայն մաքրեցէք սուրճի մրուր եւ շատ տաք ջուր օգտագործելով:

– Ճաշի ժամերէն ետք պնակեղէնը լուացարանին մէջ մի՛ դիզէք, այլ անմիջապէս լուացէք զանոնք:

– Խոհանոցի աշխատանքի սեղանը միշտ մաքուր պահեցէք, ուտելիքի մնացորդներ մի՛ ձգէք անոր վրայ:

– Խոհանոցը յաճախ օդափեցէք` դուռ, պատուհան բանալով:

Խոհագիր

Թափընատ
(Ձիթապտուղով Նախուտեստ)

Թափընատը ձիթապտուղի խիւս է, զայն ստեղծած է մարսէյցի խոհարար մը, 1880-ին: Թափընատ կարելի է պատրաստել սեւ կամ կանաչ ձիթապտուղով, որուն կ՛աւելցուի` ձիթապտուղի ձէթ, սխտոր, անշուա ձուկ, կիտրոնի հիւթ, թարմ ռեհան եւ այլն…

Թափընատը միջերկրականեան նախուտեստ է, այս շատ համեղ խիւսը առհասարակ կը մատուցուի պակեթ հացի շերտերու կողքին: Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք թափընատի ամենապարզ խոհագիրը, որուն պատրաստութիւնը եւս շատ դիւրին եւ արագ է:

Բաղադրիչներ

– 250 կ առանց կորիզի սեւ ձիթապտուղ
– Ռեհանի 6 թարմ տերեւ
– 2 պճեղ սխտոր
– Կէս թէյի դգալ կարմիր, կծու փոշի պղպեղ
– 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 4 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ

Պատրաստութիւն

Ելեկտրական հարիչին մէջ դնել ձիթապտուղը, ռեհանը, սխտորն ու կծու փոշի պղպեղը. աւելցնել ձէթը եւ հարել: Եթէ նկատէք, որ ստացուած խիւսը շատ պինդ է, մէկ կամ երկու ապուրի դգալ ձէթ աւելցուցէք եւ դարձեալ հարեցէք:

Մատուցեցէք պակեթ հացի շերտերու կողքին կամ որեւէ կարմրած հացի վրայ քսուած:

*
* * *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կինս հարցուց,
թէ ի՞նչ կ՛ընեն
ձիթապտուղի երեք կուտերը
մոխրամանին մէջ:

Անշուշտ չըսի, թէ սանտուիչէս
մնացած էին,
այլ խուսափուկ պատասխանեցի.
«Գիտե՞ս ասոնք
երեք կեանքեր են,
որոնք դարերու իմաստութիւնը
կը խտացնեն
իրենց սրտին մէջ»:
Քիչ մը հեգնական
հարցուց, թէ զանոնք
պարտէզին մէջ պիտի ցանե՞մ այս տարի:

Պատասխանեցի.
«Կեանքի մէջ եղող
Օ՜, շատ մը աղուոր բաներու նման,
դժբախտաբար, ասոնք եւս
պիտի հասնին… աղբաման»:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>