Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Դարերէ ի վեր հայերուս մէջ հացը նոյնացած է ճաշի, հիւրընկալութեան, խաղաղութեան, խնճոյքի եւ տօնի հետ:
Հայերս շատ հաց սպառող ժողովուրդ ենք: Հին Հայաստանի մէջ հացը եղած է առատութեան, հիւրասիրութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ: Եթէ հայը հիւրին առջեւ հաց դնէր, կը նշանակէր, որ իր տան դռներն ու սիրտը բաց են անոր համար: Հոնկէ ալ եկած է աղուհացով դիմաւորելու հայկական սովորութիւնը:
Հացին հետ կապուած
հետաքրքրական գիտելիքներ
– Հայաստանի հեռաւոր գիւղերուն մէջ մինչեւ օրս ալ հացը դանակով չեն կտրեր, այլ կը բաժնեն ձեռքով, որպէսզի հացը ցաւ չզգայ դանակի սուր շեղբէն:
– Հայկական աւանդական հարսանեկան արարողութիւններուն մէջ հացը գլխաւոր դեր ունի. տան շեմին փեսային հայրը մէկական լաւաշ կը փռէ նորապսակներու ուսերուն, որպէսզի հարսը «հացով մտնէ տուն»:
– Հայերը սուրբ համարած են թոնիրը, որուն մէջ հացը թխուած է: Բոլոր գիւղերուն մէջ թոնիր շինելու ատեն կանչած են քահանան, որպէսզի զայն օրհնէ: Թոնիրէն հանուած առաջին հացը կը ղրկուէր այն տունը, ուր հիւանդ կար: Հացը տեսնելով` հիւանդը ապաքինելու հաւատքով կը լեցուէր:
– Դատարաններուն մէջ ժողովուրդը երդուած է հացով` զայն սուրբ համարելով:
– Հին Հայաստանի մէջ հացթուխը չէին դատեր ու չէին սպաններ. ան անձեռնմխելի է:
– Հացերէն ամէնէն երկարակեացը լաւաշն է. անիկա իր թարմութիւնը կը պահէ շուրջ 6 ամիս: Լաւաշը կարելի է չորցնել, յետոյ վրան տեղ-տեղ ջուր ցանելով` ստանալ նախկին փափկութիւնը:
– Կը պատմուի, որ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի սովորութիւն ունէր մագաղաթի վրայ գրելու ժամանակ կտոր մը հաց դնելու իր առջեւը. ատիկա նշան էր, որ ինք ճշմարտութիւնը կը գրէր: «Հացին նայելով` մարդ եօթնապատիկ ճշմարտախօս կը դառնայ», կ՛ըսէր ան:
– Հայկական սովորութիւն է Կաղանդի ծիսական տարեհացի պատրաստութիւնը, անիկա կ՛ըլլայ կլոր կամ ձուաձեւ, իսկ չափը` ըստ ընտանիքի անդամներու թիւին: Տարեհացին երեսը կը զարդարուի սերմերով, չոր ու մանր միրգերով: Հացին մէջ կը դնեն «միջինք». անիկա տան այդ տարուան բախտաբերութեան եւ հարստութեան խորհրդանիշն է, ուտելու ատեն, որու որ բաժին իյնայ, այդ անձը կը դառնայ տարուան բախտաւորը:
– 2014-ին լաւաշը ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ` որպէս հայկական մշակոյթի արտայայտութիւն:
– Մատնաքաշը Հայաստանի մէջ շատ տարածուած հացի տեսակ է, որ կը թխուի ցորենի ալիւրով: Ան ընդհանրապէս ձուաձեւ է, երբեմն ալ` կլոր: Մատնաքաշ անուանումը յառաջացած է հացի երեսին մատներով ակօսագիծեր ձեւաւորելու պատճառով:
Մեր մեծերը` հացի մասին
«Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի` սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ…»
Դանիէլ Վարուժան
«Մեր լեզուն մեր խիղճն է դա, սուրբ հացը մեր սեղանի»:
«Ես կ՛ուզէի… քեզ հետ կիսել վերջին պատառն իմ հացի»:
Համօ Սահեան
«Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ»:
Վահան Թէքէեան
Միսաք Մեծարենց հացի հետ համեմատեց գրաբարի արժէքը.
«Օգտուինք եւրոպական լեզուներու նորանոր եւ թարմ արտայայտութիւններէն, բայց չմոռնանք գրաբարին յուռթի շտեմարաններէն օգտուիլ մանաւանդ: Ինչո՞ւ մեր Հացը գետին նետենք ու մուրացիկ, ուրիշի ետեւէն վազենք»:
Առողջապահական
Ի՞նչ Կը Պատահի, Եթէ
Շաքարէն Հրաժարինք
Բոլորիս ծանօթ է շաքարի վատ համբաւը: Անիկա կը համարուի ճարպակալման եւ հիւանդութիւններու յառաջացման գործօն: Այնուամենայնիւ, շաքարը ամէնուր է, փորձութիւնը մեզ ամէնուր կը սպասէ:
Եկէք` տեսնենք, թէ ի՛նչ կը պատահի մեր մարմնին մէջ, եթէ շաքարէն հրաժարինք:
Ա.- Քիչ-քիչ կը հրաժարինք քաղցրեղէնէն:
Բ.- Աւելի եռանդուն կը դառնանք:
Գ.- Մեր ծանրութիւնը կը կանոնաւորուի:
Դ.- Մեր աղիքները աւելի լաւ կը գործեն:
Ե.- Մեր մորթը աւելի թարմ եւ երիտասարդ տեսք կ՛ունենայ:
Զ.- Մեր տրամադրութիւնը կը բարելաւուի, եւ ընկճախտէն կը պաշտպանուինք:
Է.- Մեր յիշողութիւնն ու կեդրոնացումը կը բարելաւուի:
Ը.- Շաքարախտէ տառապելու հաւանականութիւնը կը նուազի:
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Ճերմակ գուլպաները աւելի լաւ կը մաքրուին, եթէ նախքան լուալը զանոնք թրջէք գաղջ ջուրի մէջ, որուն քանի մը շերտ կիտրոն աւելցուցած ըլլաք: Կիտրոնի շերտերը կրնաք փոխարինել աղաթթուով:
* * *
– Եթէ երկու բաժակ մէջ-մէջի դրած էք եւ կը դժուարանաք զանոնք բաժնելու, տակի բաժակը տաք ջուրի մէջ դրէք, իսկ վրայինին մէջ սառոյցի կտորներ աւելցուցէք:
* * *
– Եթէ տան մէջ մոմ վառելու սովորութիւն ունիք եւ կ՛ուզէք, որ անոնք երկար դիմանան եւ շուտով չսպառին, զանոնք սառցարանը պահեցէք:
* * *
– Եթէ ձեր զաւկին դպրոցական տարազին վրայէն մելանի արատները պիտի մաքրէք, օգտագործեցէք հեղուկ կաթը: Բամպակի մեծ կտոր մը, կամ փափուկ լաթ մը թաթխեցէք կաթին մէջ, ապա մելանի արատին թեթեւ, կտրուկ հարուածներ տալով` ջանացէք մաքրել զայն:
* * *
– Եթէ հարբուխ էք, թուղթէ թաշկինակի լեցուն եւ պարապ երկու տուփեր միացուցէք, որպէսզի ձեռքի տակ ունենաք թէ՛ թաշկինակ եւ թէ՛ փոքրիկ աղբաման: Այսպիսով, աղտոտ թաշկինակները մէջտեղերը չեն թափառիր ու վարակը չի տարածուիր:
Հինը Նորի Վերածենք
Միագոյն դասական վերնաշապիկը շատ լաւ ընտրութիւն է զայն տարբեր գոյնի տաբատներու եւ շրջազգեստներու հետ յարմարցնելու համար:
Դասական վերնաշապիկ մը դժուար թէ հնաոճ դառնայ, բայց կու գայ ժամանակ մը, երբ դուք կը ձանձրանաք անկէ եւ կ՛ուզէք զայն նորով մը փոխարինել: Մի՛ հրաժարիք ձեր վերնաշապիկէն, մանաւանդ եթէ անիկա որակեալ տեսակի է, փոխարէնը` փորձեցէք անոր վրայ պզտիկ փոփոխութիւններ կատարել եւ զայն վերածել ոճային ու բոլորովին նոր վերնաշապիկի մը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սովորական, միագոյն վերնաշապիկներու նմուշներ, որոնք բոլորովին նոր տեսք ստացած են` շնորհիւ`
Ա.- Ուսին վրայ աւելցուած մետաղեայ փականի մը:
Բ.- Տարբեր գոյնի կտորներով երկրաչափական նախշերու:
Գ.- Քրոշէ զարդանիշի մը:
Խոհագիր
Սեխով Աղցան
– Սեխ մը
– Ափ մը թոմաթ սըրիզ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 ապուրի դգալ թարմ ռեհան
– Աղ, սեւ համեմ
– 1 ապուրի դգալ մեծ դդումի սերմ, մանրուած ընկոյզ կամ շուշմայ:
Պատրաստութիւն
Սեխը կեղուել եւ կլոր գնդիկներ ձեւաւորել (կարելի է նաեւ խորանարդաձեւ կտրատել):
Լոլիկները, եթէ միայն շատ փոքր են, մէջտեղէն կիսել, այլապէս` չորսի բաժնել:
Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` խառնելով ձէթը, կիտրոնի հիւթը, մանրուած ռեհանը, աղն ու պղպեղը:
Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել սեխն ու լոլիկը, աւելցնել թացանը եւ զգուշութեամբ խառնել:
Մատուցելու ժամանակ երեսը զարդարել դդումի սերմերով, շուշմայով կամ մանրուած ընկոյզով:
Ինչպէ՞ս սեխ ընտրել
Զովացնող, քաղցր ու հիւթեղ սեխը ամրան ամէնէն փնտռուած պտուղներէն մէկն է: Ստորեւ` 5 հնարքներ լաւ սեխ մը ընտրելու համար:
1.- Երբ սեխ կ՛ընտրէք, առէք ձեր ափին մէջ եւ կշռելու պէս շարժումներ ըրէք: Որքան սեխը ծանր է, այնքան անիկա հիւթեղ ու քաղցր ըլլալու հաւանականութիւնը ունի:
2.- Ստուգեցէք սեխին պոչիկը, եթէ անիկա պտուղէն բաժնուելու վիճակին մէջ է, կը նշանակէ, որ սեխը հասած է եւ կրնաք ուտել:
3.- Երբ սեխը ձեր ափերուն մէջ առնէք, հոտ քաշեցէք, պէտք է որ քաղցր բոյր մը գրաւէ ձեզ:
4.- Խուսափեցէք կակուղ սեխերէն: Իմացէք, որ կեղեւին ողորկ կամ խորտուբորտ ըլլալը համին չ՛ազդեր:
5.- Սեխին արտաքին, շերտաւոր գիծերը կարեւոր նշանակութիւն ունին: Համեղ սեխ մը առնուազն տասը գիծ պէտք է ունենայ, եւ որքան գիծերը խորունկ ըլլան, այնքան սեխը համեղ կ՛ըլլայ:
Գիտէի՞ք, թէ…
Կենսանիւթերով 6 հանքայիններով հարուստ սեխը իտէալական պտուղ է` ջրազրկումէ պաշտպանուելու, արեան գերճնշումը կանոնաւորելու, քաղցկեղի կարգ մը տեսակներէն պաշտպանուելու, ամուր ոսկորներ ապահովելու, տեսողութիւնը բարելաւելու, մորթին առաձգականութիւնը պահպանելու եւ սրտանօթային համակարգը պաշտպանելու համար:
90 առ հարիւր ջուրէ բաղկացած սեխը, ի տարբերութիւն ձմերուկին, քիչ շաքար կը պարունակէ եւ արտօնելի է նոյնիսկ նիհարցնող սննդականոնի հետեւողներուն:
*
* *
Շաբթուան Մտածումը
«Շատ անգամ ոչինչ չըսող խօսք մը նշանաւոր մարդու մը բերնէն ելած ըլլալուն համար իբրեւ պատգամ կ՛ընդունուի. եւ շատ անգամ նշանաւոր խօսք մը աննշան մէկէ մը ըսուած ըլլալուն համար կարեւորութեան չ՛առնուիր»:
ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ
Այսօր (8 յունիս 1891) մեծ ու անկրկնելի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի մահուան 132-րդ տարելիցն է: