Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Աղին Խորհուրդը Հայերուս Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր տարբեր մշակոյթներու մէջ աղին վերագրած են մոգական եւ առասպելական յատկութիւններ: Աղը համարուած էր այն օգտակար հանածոն, առանց որուն` կեանքը կանգ կ՛առնէր: Աղը հին աշխարհի սպիտակ ոսկին էր եւ ամէնուր` հարստութեան խորհրդանիշ:

Հայերուս եւ աշխարհի շատ մը ժողովուրդներու մէջ աղուհացը եղած է յարգանքի, հարստութեան, առատութեան, բարեկամութեան, հաւատարմութեան եւ բարեյաջողութեան խորհրդանիշ:

Հայերուս մէջ հին սովորութիւն էր հիւրը դիմաւորել աղուհացով: Հացը կը համարուէր սրբութիւն, իսկ աղը ունէր մաքրագործող յատկութիւն:

Աղին Հետ Կապուած
Հետաքրքրական Գիտելիքներ

– Հին հայերուն մէջ տարածուած սովորութիւն էր նորածին երեխային վրայ աղ ցանել` անոր կեանքը, առողջութիւնը ապահովելու նպատակով:

– Աղը օգտագործուած է հարսանեկան արարողութիւններու ընթացքին` որպէս հարստութեան եւ առատութեան խորհրդանիշ:

– Հայ նահապետական գերդաստանին ամբողջ տարուան համար օգտագործուելիք աղը պահպանուեր է հսկայ կաւէ աղամաններու մէջ, այս աղամանները ունէին յղի կնոջ կերպարանք: Աղի եւ աղամաններու հետ կապուած սովորութիւնները կու գան հաստատելու կապը` Անահիտ աստուածուհիին, պտղաբերութեան եւ կեանքի շարունակութեան հետ: Այս աղամանները կը պահպանուէին տան ամենակարեւոր անկիւնը` թոնրատան մէջ:

– Հայ ժողովուրդը աղուհացով դիմաւորեր է յաղթանակով վերադարձող թագաւորը, բանակը, որոնք իրենց կարգին նախքան թշնամիի դէմ մարտնչիլը եւս կ՛երդուէին աղուհացով:

– Միջնադարուն այն երկիրները, ուր աղի պաշարները քիչ էին, մէկ քիլոկրամ աղը համազօր էր մէկ քիլոկրամ ոսկիի: Աղը ամէնուրեք կը համարուէր առեւտուրի եւ փոխանակման թանկ եւ շահեկան միաւոր:

– Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին Կողբի, Նախիջեւանի եւ Կաղզուանի աղի հանքերը օգտագործուեր են շատ վաղուց: Աղի հանքերով հարուստ էին նաեւ Տուրուբերանի, Վասպուրականի եւ Աղձնիքի նահանգները:

– Աղը ունեցած է բուժիչ յատկութիւններ, ուրկէ եկած է նորածիններուն մարմինը աղով պատելու սովորութիւնը: Աղով կոփել են երեխան, որպէսզի ան դիմանայ կեանքի դժուարութիւններուն:

– Աղի բուժիչ յատկութիւններէն մէկն ալ անձաւաբուժութիւնն է: Անիկա տարածուած է ոչ միայն ամբողջ աշխարհի, այլ նաեւ Հայաստանի մէջ: 1987-ին Հայաստանի մէջ բացուեցաւ առաջին անձաւաբուժական կեդրոնը, որ պարզապէս գտնուիլն անգամ կ՛օգնէ յաղթահարելու շատ մը հիւանդութիւններ:

Դէմքի Եոկա`
Կնճիռները Վերացնելու Համար

Գեղեցկագիտական վիրաբուժութիւն, հիալուրոնաթթուի (acide hyaluronique) ներարկում, հակակնճիռային սերեր կամ այլ թանկարժէք գեղեցկագիտական միջոցներ… Շատեր չեն վարանիր ամէն ինչ ընելու` մորթի ծերացման դէմ պայքարելու եւ դէմքին վրայ առաջացող կնճիռները վերացնելու համար: Այնուամենայնիւ, կան աւելի բնական եւ ձրի միջոցներ` անհետացնելու, ուշացնելու կամ մեղմելու այդ անբաղձալի գիծերը, որոնք կ՛արտացոլացնեն մեր տարիքը:

Դէմքի Եոկան

Քանի մը տասնամեակ առաջ յայտնուած` դէմքի եոկան, դէմքի մարմնամարզութեան արդիւնաւէտ միջոց մըն է մորթի թուլացման դէմ պայքարելու, արեան շրջանառութիւնը խթանելու եւ ժամանակի ազդեցութեան հակազդելու համար:

Դէմքի եոկան հիմնուած է դէմքի մկանները մշակելու, կնճիռները մեղմելու կամ զանոնք կանխելու` հակատարիքային ժեսթերու վրայ: Այս մարզումները պէտք է կատարել օրական, նախընտրաբար թէ՛ առաւօտեան եւ թէ՛ երեկոյեան: Ասոնց կողքին, անհրաժեշտ է առողջ ապրելակերպ եւ հաւասարակշռուած սնունդ: Ստորեւ կը ներկայացնենք դէմքի եոկայի վարժութիւններ` կնճիռները վերացնելու համար:

Նախքան վարժութիւններուն անցնիլը` դուք պէտք է տաքցնէք դէմքի մկանները` ձեր կոպերը ամուր փակելով ու բանալով, ծնօտները շարժելով, ժպտելով, ապա խոժոռ տեսք առնելով եւ այլն… Այնուհետեւ առէք խոնաւ քիչ մը տաք սրբիչ մը եւ նրբօրէն սեղմեցէք ձեր դէմքին: Այժմ անցէք վարժութիւններուն:

– Աչքի շուրջի բարակ կնճիռները կանխելու կամ մեղմելու համար գլուխը ուղիղ պահեցէք եւ ձեր բիբերը պտտցուցէք ձախէն աջ, ապա` աջէն ձախ: Ապա բարձրացուցէք ձեր բիբերը դէպի երկինք, յետոյ զանոնք իջեցուցէք գետին` առանց ձեր դէմքը շարժելու:

***

– Ճակատի կնճիռները կանխելու համար ձեր մատները դրէք ճակատին այնպէս մը, որ ձեռքերը ծածկեն գլխուն վերի մասը: Քանի մը անգամ անընդմէջ բարձրացուցէք եւ իջեցուցէք ձեր յօնքերը (10 անգամ):

***

– Վիզի մկանները զօրացնելու եւ կզակի մորթին թուլացման դէմ պայքարելու համար կեցէք հայելիին առջեւ, դուրս հանեցէք ձեր լեզուն` զայն ուղղելով դէպի վեր: Յետոյ ձեր գլուխը քիչ մը բարձրացուցէք եւ թեքուեցէք դէպի աջ: Սպասեցէք 10 երկվայրկեան, ապա նոյն շարժումը կրկնեցէք այս` անգամ թեքուելով դէպի ձախ (5 անգամ):

***

– Քիթի խոռոչի ծալքերը նուազեցնելու համար, դէմքով դէպի հայելին, թեթեւակի բացէք ձեր բերանը եւ ծալեցէք շուրթերը դէպի ներս, պրկեցէք մորթը առաւելագոյնս եւ այս դիրքով մնացէք 20 երկվայրկեան (15 անգամ):

***

– Բերնին ծայրամասերու կնճիռները կանխելու կամ մեղմելու համար ձեր շուրթերով «o» տառը ձեւաւորեցէք, սպասեցէք 5 երկվայրկեան, նախկին դիրքին վերադարձէք, ապա վարժութիւնը կրկնեցէք, կրնաք ի միջի այլոց տառին անունը բարձրաձայն հնչել (10 անգամ):

Երեխան Կուրծքով Կերակրելու
Առաւելութիւնները

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (OMS) խորհուրդ կու տայ երեխաները առնուազն 6 ամիս մօր կաթով սնուցանել, քանի որ կուրծքով կերակրումը երեխային առողջութիւնը ապահովող լաւագոյն միջոցն է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք կուրծքով կերակրելու առաւելութիւնները թէ՛ երեխային, թէ՛ մօր եւ թէ՛ կենսոլորտին համար:

Կատարեալ Սնուցում

Կուրծքի կաթը լաւագոյն սնունդն է երեխայի աճին եւ զարգացման համար. անիկա կը պարունակէ սպիտակուցներ, ածխաջուրեր, ճարպեր, կենսանիւթեր եւ հանքայիններ:

Պաշտպանութիւն

Կուրծքի կաթը կ՛օգնէ երեխային պայքարելու հիւանդութիւններու դէմ: Մօր կաթով սնանած երեխան նուազ ենթակայ կ՛ըլլայ փորլուծութեան, ականջի կամ թոքերու վարակի: Մօր կաթը նաեւ երեխան կը պաշտպանէ մանկական յանկարծակի մահէն (SIDS), ինչպէս նաեւ` սոնքութենէ:

Ճանաչողական Զարգացում

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ մօր կաթով սնանած երեխաները հետագային աւելի փայլուն արդիւնքներ կ՛ապահովեն դպրոցական տարիներուն:

Գործնական Առաւելութիւն

Կուրծքի կաթը միշտ թարմ է, ճիշդ ջերմաստիճանով: Կարիք չկայ տաքցնելու, կամ պիպերոնները եռացնելու, հականեխելու եւ այլն…

Օգտակար` Մայրերուն

Մայրական կաթով սնուցանելը նաեւ մեծ առաւելութիւն է մօր համար, քանի որ անիկա որոշ պաշտպանութիւն մը կ՛ապահովէ ստինքի եւ ձուարաններու քաղցկեղի, շաքարախտի եւ սրտի հիւանդութիւններու դէմ:

Սերտ Կապ

Մայրական կաթով սնուցանելը սերտ կապ կը ստեղծէ մօր եւ երեխային միջեւ: Վերջինս, անկախ ստացած հաճոյքէն, նաեւ կը զգայ աւելի պաշտպանուած ու ապահով:

խնայողական

Այո՛, մօր կաթը աժան է, գրեթէ ձրի, մինչ շուկայէն գնուած կաթերը կոկիկ պիւտճէ մը կ՛ենթադրեն:

Օգտակար` Կենսոլորտին

Կուրծքով կերակրելը օգտակար է երեխային, մօր եւ շրջակայ միջավայրին համար: Կաթը մօրմէն կ՛անցնի ուղղակի երեխային: Չկան աւելորդ ծրարումներ (տուփ, շիշ…), թափօններ, քիմիական պահպանիչներ, ապականում…

Խոհագիր

Զովացնող Ձմերուկով Աղցան

Այս համեղ ու զովացնող աղցանը պատրաստելու համար անհրաժեշտ են`

– Եղանակի թարմ խոտեր (հազարի տեսակներ, կոտեմ, քէյլ (գանգուր կաղամբ), փրփրեմ…)
– Խորանարդաձեւ կտրատուած ձմերուկ
– Ֆեթա պանիր
– Կորիզազերծուած սեւ ձիթապտուղ
– Թացանին համար` ձիթապտուղի ձէթ, պալսամիք քացախ, տիժոնի մանանեխ, աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փոս ամանի մը մէջ խառնել թացանի բոլոր բաղադրիչները:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ դնել թարմ խոտերը, աւելցնել թացանին կէսը, ապա` ձմերուկը, ֆեթա պանիրը եւ ձիթապտուղը: Աւելցնել մնացեալ թացանը եւ մատուցել:

Աղցանին երեսը կարելի է զարդարել դդումի, արեւածաղիկի կուտերով, ինչպէս նաեւ` շուշմայով կամ մանրուած ընկոյզով:

Գիտէ՞ք, թէ…

– Կլոր ձմերուկը քաղցր կ՛ըլլայ:
– Երկար ու ձուաձեւ ձմերուկը շատ ջրոտ:
– Սրճագոյն պտղակոթով ձմերուկը լաւ հասած, իսկ կանաչ պտղակոթովը` ոչ հասուն:
– Դեղին արատներով ձմերուկը շատ քաղցր կ՛ըլլայ, ճերմակ արատովը` անհամ:

*
* * *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նկարիդ Հեշտանքը

Գծեցի շրջանակ մայրամուտի շողերով,
Ու նկարդ զետեղեցի անոր մէջ` գգուանքով:

Նկարդ գերեց զիս, իսկ շողերը
Դարձան վարս, շպար եւ հրապոյր:

Սուզուեցայ անոր խորքերը, ու նկարդ`
Ջրաղացի նման, յեղաշրջեց իմ հոգին,
Յուզեց զիս, յիմարաբար, կարօտիդ տենդով:

Այնուհետեւ, դարձար ներշնչում,
դարձար ապրում,
Եղար ամէնօրեայ յաճախանք եւ յուզում,
Եղար ինծի խոնջէնք անվերադարձ ուղիներու,

Որ ունի իր ետին` բորբոք յիշատակ քաղցրաբոյր.

Նկարդ առի մտորումներուս շրջագծին մէջ,
Հաճելի յաճախանքի մը պէս գնաց հեռու
Գիշերուան աղջամուղջին մէջ, անհաս,
Ու առաւօտեան արեւու շողերուն հետ հպեցաւ
Դէմքիս` համբոյրով մը թաց ու քնքուշ:

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷՅԵԱՆ

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>