Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Գաթայի Խորհուրդը Հայերուս Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հայկական խոհանոցին համար աւանդական գաթան ոչ միայն աղանդեր է, այլ նաեւ` ծիսական նշանակութիւն ունեցող թխուածք: Գաթան կը զարդարէ տօնական բոլոր սեղանները. անիկա յաջողութիւն եւ երջանկութիւն կը խորհրդանշէ:

Հետաքրքրական գիտելիքներ` գաթայի մասին

– Գաթայի տարբեր ձեւերն ու չափերը ունին յատուկ իմաստ եւ կիրարկութիւն: Օրինակ, անցեալին Սեբաստիոյ մէջ նշանդրէքէն ետք մինչեւ հարսանիք երկարող ժամանակամիջոցը փեսային կողմէ հարսին տունը կը ղրկուէր մեծ փախլաւա, որուն վրայ կը դրուէր քանի մը կտոր փոքր գաթայ` որպէս ապագայ երջանիկ ընտանիքի եւ քաղցրութեան խորհրդանիշ:

– Նոր Նախիջեւանի մէջ կը թխուէր «թել  գաթա»: Հարսանիքէն քանի մը օր առաջ բարեկամներով, դրացիներով գաթայ կը պատրաստէին: Իւրաքանչիւրը կու գար իր գրտնակով եւ կը մասնակցէր թխման արարողութեան:

– Վանի մէջ, հարսանիքէն առաջ, այն մեծ տաշտի շուրջ, ուր պիտի պատրաստուէր գաթայի խմորը, մոմեր կը վառէին: Ասիկա ծիսական արմատներ ունեցող արարողութիւն էր, որ հետագային մեկնաբանուեր է որպէս հարսը մոմի պէս միշտ վառ ըլլալու խորհրդանիշ:

– Գաթան ընտանիքի նաեւ ամրութիւն կը խորհրդանշէր, քանի որ հայկական հարսանիքներու ժամանակ կեսուրը այդ թխուածքով կը պարէր:

– Հայաստանի մէջ տօնական գաթան կլոր կ՛ըլլար. զայն կ՛եփէին թոնիրին մէջ: Կլոր գաթային մէջ սովորութիւն էր մետաղեայ դրամ, լուբիայի հատիկ, ընկոյզ, մատանի կամ որեւէ բան դնել, եւ անոր որ բաժին իյնար անակնկալը, ան յաջողակ եւ բախտաւոր անձ կը համարուէր եւ ամբողջ տարին բարեյաջող կ՛ըլլար անոր համար:

– Նոր տարուան տարածուած էր նաեւ փոքրիկ գաթաներ թխելու սովորութիւնը: Այդ գաթաներուն մէջ փոսիկ մը կը ձեւաւորէին եւ կու տային երեխաներուն: Անոնք փոսիկին մէջ ցորենի հատիկներ կը լեցնէին եւ գաթան կը դնէին տան տանիքը, որպէսզի թռչուններ գան ու կտցահարեն:

– Որքան առանձնայատուկ ու հետաքրքրական են գաթայի հետ կապուած աւանդութիւններն ու հաւատալիքները, նոյնքան ալ հետաքրքրական է գաթայի նախշազարդումը, որ իւրայատուկ խորհուր ունի: Գաթայի վրայ նախշեր կատարուած են դանակով, պատառաքաղով, բայց նաեւ յատուկ գործիքի` գաթանախշիչի օգնութեամբ, վերջինս պատրաստուած կ՛ըլլար փայտէ կամ կաւէ:

– Տարածուած նախշերէն յիշենք երկնային լուսատուներու պատկերները, որոնք կապուած էին լուսնային եւ արեւային պաշտամունքի հետ: Քրիստոնէական շրջանին գերակշռած է խաչի խորհրդանիշը:

– Ամէն աշնան գաթայի փառատօն տեղի կ՛ունենայ Վայոց Ձորի մարզի Խաչիկ գիւղին մէջ: Տեղի կ՛ունենայ գաթայի պատրաստութեան մրցոյթ, համերգային ծրագիր, ինչպէս նաեւ` արհեստի ու արուեստի գործերու ցուցահանդէս-վաճառք:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Սննդագէտին կարծիքով, կան ուտելիքներ, որոնք շատ արագ կրկին անօթութեան զգացում կ՛առաջացնեն. անոնցմէ թուենք` տապկուած գետնախնձորը, ճերմակ բրինձը, ճերմակ հացը, խմորեղէնները, մշակուած միսերը եւ կարկանդակները:

* * *

– Արիւնի արատը մաքրելու ազդու միջոց է աղը, թութի արատին ազդու միջոցը` կիտրոնը, տուրմինը` մածունը, մոմինը` տաք արդուկը, ծամոնինը` սառոյցի կտորը, շրթներկինը` մազի սփրէյը:

* * *

– Տաք ջուրով լոգանքը կը թուլցնէ մկանները, կը մեղմէ լարուածութիւնը, կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը. կ՛ամրապնդէ դիմադրողականութեան համակարգը, կը նպաստէ քունին, հիմնովին կը մաքրէ մորթը:

Պաղ ջուրով լոգանքը կը խթանէ արեան շրջանառութիւնը, կը թարմացնէ ու կ՛աշխուժացնէ:

Երկու պարագաներուն ալ չափազանցութիւններու մէջ պէտք չէ իյնալ, քանի որ երկուքն ալ ունին իրենց անպատեհութիւններն ու բացասական հետեւանքները:

* * *

– Եթէ օրական շերտ մը լոլիկով 5 վայրկեան շփէք ձեր դէմքը, շատ չանցած` բշտիկները պիտի անհետանան եւ մութ գոյնի արատները չքանան: Լոլիկի շերտին վրայ կէս թէյի դգալ մեղր դնելով` աւելի լաւ արդիւնքի կը հասնիք:

* * *

Եթէ պարբերաբար ոտքերը ուղղահայեաց դիրքով պատին յենած պահէք, արեան շրջանառութիւնը կը խթանուի, ոտքերուն ուռեցքը կը պակսի, մարսողութիւնը կը բարելաւուի, յոգնած ու ցաւոտ սրունքները կը հանգստանան, կռնակի վարի հատուածի ցաւը կը պակսի, գլխացաւը կը թեթեւնայ եւ քունը կը բարելաւուի:

* * *

– Կարմիր կծու պղպեղը ունի բուժիչ յատկութիւններ. ան կը թեթեւցնէ ցաւերն ու բորբոքումները, կը պակսեցնէ շաքարի մակարդակը արեան մէջ, կ՛ամրացնէ ոսկորները, կը խթանէ արեան շրջանառութիւնը, կը դիւրացնէ մարսողութիւնը, կը պակսեցնէ քոլեսթերոլի մակարդակը, կը պայքարի քաղցկեղային հիւանդութիւններուն դէմ եւ, վերջապէս, կը պաշտպանէ սոնքութենէն:

Մանկավարժին Կարծիքով

 13 Պատուիրաններ`
Երջանիկ Երեխայ Մեծցնելու Համար

 

1 – Ուշադիր եւ համբերատար լսեցէք ձեր զաւկին տեսակէտները:
2 – Առիթ տուէք, որ ան արտայայտէ իր զգացումները:
3 – Յաճախ գնահատեցէք անոր դրական յատկանիշները:
4 – Ձեր երեխան մի՛ համեմատէք ուրիշներուն հետ (քոյր, եղբայր, զարմիկ, դասընկեր…)
5 – Մի՛ քննադատէք, երբ ան սխալ մը գործէ, այլ բացատրեցէք:
6 – Ձեր երեխան ինքնուրոյն մարդ մեծցուցէք, ամէն բան մի՛ ընէք անոր փոխարէն:
7 – «Ամօ՛թ քեզի» կամ «Չես ամչնար» արտայայտութիւններով մի՛ վիրաւորէք անոր արժանապատուութիւնը:
8 – Օգնեցէ՛ք ձեր զաւակին, որպէսզի իր ուժերուն վստահի:
9 – Պայմանաւորուեցէք անոր հետ:
10 – Իտէալական ծնող ըլլալու աւելորդ ճիգ մի՛ գործադրէք:
11 – Ժամանակէն առաջ ձեր երեխան մի՛ ծանրաբեռնէք արտադպրոցական զբաղումներով:
12 – Ճիշդ եւ լաւ օրինակ ծառայեցէք ձեր երեխային:
13 – Երեխային համար ձեր ընտանիքը վերածեցէք սիրոյ, սիրող, յարգող, սպասող, կարեկցող, ընդունող, սփոփող ու աջակցող միջավայրի:

Խոհագիր

Կարմիր Կաղամբով Աղցան

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– Քառորդ կարմիր կաղամբ (շատ բարակ շերտուած)
– 2 նարինջ (խորանարդաձեւ կտրատուած)
– 1 խնձոր (բարակ շերտուած)
–  100 կ փոքր տերեւներով շոմին թացանին համար
– 3 ապուրի դգալ նարինջի հիւթ
– 3 ապուրի դգալ խնձորի քացախ
– 1 թէյի դգալ Տիժոնի մանանեխ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Պատրաստել թացանը` վերը յիշուած բաղադրիչները խառնելով:

Աղցանի յարմար ամանի մը մէջ դնել` շերտուած կաղամբը, խնձորը, շոմինի տերեւներն ու նարինջը: Աւելցնել թացանը, ուշադիր խառնել եւ մատուցել:

Առ ի գիտութիւն…

Առողջ սննդակարգը եւ որոշ ուտելիքներու կանոնաւոր օգտագործումը կրնան կանխել կարգ մը հիւանդութիւններ, որոնց կարգին նաեւ` քաղցկեղը:

«Հելթ Ֆուտ Սթար» կը գրէ, որ քաղցկեղէ պաշտպանուելու եւ քաղցկեղային բջիջներուն աճը կանխելու համար կայ բնական միջոց մը. զայն պատրաստելու համար անհրաժեշտ են երկու հիմնական բաղադրիչներ` նարինջ եւ կարմիր կաղամբ:

Պատրաստելու համար պէտք է քամել 6 նարինջ, մանր կտրատել կարմիր կաղամբի մը մէկ չորրորդը, աւելցնել 2 բաժակ ջուր եւ հարիչէ անցընել: Ստացուած հիւթը պէտք է խմել պարապ ստամոքսով, օրական մէկ բաժակ:

Ըստ «Հելթ Ֆուտ Սթար»-ի գաղտնիքը նարինջի եւ կարմիր կաղամբի համադրութեան մէջ է: Անոնք մեծ քանակութեամբ անթիօքսիտաններ կը պարունակեն, իսկ վերջիններուն պակասը կրնայ քաղցկեղ եւ այլ հիւանդութիւններ պատճառել:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայաստան

Սա իմ երկիրն է – չափսերով այնպիսին,
որ կարող եմ վերցնել հետս,
թէ մի հեռու տեղ գնամ:
Փոքրիկ` ինչպէս ծերացած մայր,
փոքրիկ` ինչպէս նորածին զաւակ,
իսկ քարտէսի վրայ
ընդամէնը արցունքի մի կաթիլ…
Սա իմ երկիրն է ` չափսերով այնպիսին,
որ ազատօրէն տեղաւորել եմ սրտիս մէջ,
որ չկորցնեմ յանկարծ…

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>