Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Թոնիրի Խորհուրդը Հայերուս Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Անցեալին հայերուն մօտ թոնիրը նկատուած է արեւուն խորհրդանիշը գետնի մէջ, իսկ լաւաշը` խոնարհումն Աստուծոյ:

Կը պատմուի, թէ երբ տան մը մէջ թոնիր կը կառուցուէր, այդ օճախը, այդ տունը կարծես կը կնքուէր. կարծես տուեալ տան մէջ երեխայ ծնած ըլլար… ընտանիքի անդամներուն համար մեծ ուրախութիւն էր, տարեցները կ՛երգէին, կ՛ուրախանային, կը կատակէին… Կը բերուէին տարբեր տեսակի քաղցրաւենիքներ` նշելու համար այդ ուրախ առիթը: Որոշ տեղեր դրամ կը դնէին թոնիրին տակ` իբրեւ առատութեան նշան:

Հետաքրքրական Գիտելիքներ
Թոնիրին Մասին

Թոնիրը կաւէ պատերով գլանաձեւ վառարան է, որ սովորաբար գետնափոր կ՛ըլլայ: Թոնիրին վերի մասը նեղ է, միջին մասը` ուռուցիկ, յատակը` լայն:

Թոնրագործութիւնը տարածուած էր ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Կովկասի, Միջին եւ Փոքր Ասիոյ, Պարսկաստանի, Յունաստանի, Հնդկաստանի մէջ եւ այլուր: Շատ ազգերու համար անիկա աւանդական օճախ եղած է, եւ իւրաքանչիւր ազգ զայն օգտագործած է նպատակի մը համար:

Հայկական թոնիրի ամենայայտնի եւ հին տարբերակները պատրաստուած են Շիրակի տարածաշրջանի վարպետներուն կողմէ:

Լաւ թոնիր պատրաստելու հմտութիւնները պահուած են իբրեւ գաղտնիք եւ թոնիրի պատրաստութեան եղանակն ու առանձնայատկութիւնները փոխանցուած են հօրմէ որդի:

Ըստ թոնրագործ վարպետներու, որակեալ թոնիրի պատրաստութեան թիւ մէկ երաշխիքը բաղադրութիւնն է:

Աւանդութեան համաձայն, մէկ թոնիրի պատրաստութեան համար կ՛օգտագործուէր 150-200 քիլօ կաւի շաղախ, զոր պայման էր շաղախուէր ոտքերով:

Անցեալին թոնրագործութեամբ զբաղած են տատիկները: Թոնիր պատրաստելը եղած է կանացի գործ: Ամէն գիւղ իր թոնրագործ տատիկը ունեցած է: Տատիկները հաւաքուած են, երգած, պարած, կերած, խմած, զրուցած եւ 10-15 օրուան ընթացքին տատիկը աւարտած է թոնիրի շինութիւնը:

Այն գիւղերը, ուր եկեղեցի չկար, թոնիրին շուրջ պսակի ծէս կը կատարուէր: Հարսն ու փեսան` ձեռք-ձեռքի տուած, կը դառնային թոնիրին շուրջ եւ կը համբուրուէին: Նախ աղջիկը հայրական թոնիրէն ափ մը մոխիր կը վերցնէր եւ կը լեցնէր գրպանը: Երբ փեսային տունը կը մտնէին հարսն ու փեսան, երեք անգամ կը դառնային թոնիրին շուրջ, յետոյ ծնրադիր կը համբուրէին զայն: Հարսը տունէն բերած մոխիրը կը թափէր թոնիրին մէջ, եւ ցմահ կը կապուէր այդ սրբազան օճախին:

Մեր օրերուն որոշ չափով նուազած է թոնիրի դերը հայկական կենցաղին մէջ, սակայն գիւղերուն մէջ անիկա տակաւին կը մնայ որպէս հաց թխելու հնոց, դրացի ու բարեկամ կիներու հաւաքավայր` պատառ կիսելու, զրուցելու եւ տաքնալու համար:

Ինչպէ՞ս Գեղեցիկ Խմորեղէններ Ձեւաւորել

Յաճախ ցուցափեղկերու մէջ կամ համացանցի վրայ կը տեսնենք գեղեցիկ տեսքով, ախորժաբեր խմորեղէններ եւ հարց կու տանք, թէ արդեօք ինչպէ՞ս ձեւաւորուած են անոնց խմորները` նախքան քաղցր կամ աղի միջուկին զետեղումը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք խմորի ձեւաւորման 5 հետաքրքրական տարբերակներ, որոնք այսուհետեւ աւելի գեղեցիկ ու ախորժաբեր պիտի դարձնեն ձեր պատրաստած խմորեղէնները:

Մանկավարժին Կարծիքով

 Ծեծը Կը Քայքայէ Երեխային
Ինքնագնահատականը

Աշխարհի 47 երկիրներու մէջ անօրինական է ծնողքին կամ այլ անձի մը կողմէ երեխային զարնելը, իսկ 124 երկիրներու մէջ արգիլուած է ֆիզիքական պատիժը` դպրոցներուն մէջ:

Յաճախ հիասթափած ու զայրացած ծնողներ կ՛ապտակեն կամ կը ծեծեն իրենց երեխան` մտածելով, որ ատիկա արագ, կտրուկ եւ ազդու միջոց է երեխան կրթելու, մինչ դեռ ծեծը միայն ատելութեան եւ վրդովմունքի զգացում կը սերմանէ անոր անմեղ հոգիին մէջ:

5 համոզիչ պատճառներ, թէ ինչո՛ւ պէտք չէ ծեծել երեխան:

1) Ծեծը չի բարելաւեր երեխային վարքագիծը: Երեխան հարուածելը կը քայքայէ անոր ինքնագնահատանքը, արժանապատուութիւնը եւ կը բարձրացնէ զայրոյթը:

2) Ծեծը աւելի եւս յարձակողական կը դարձնէ զայն: Բռնութիւնը միայն բռնութիւն կը ծնի: Երեխան հարուածելը անոր կը սորվեցնէ աւելի յարձակողական եւ վայրագ վերաբերմունք դրսեւորել ուրշներուն նկատմամբ: Բազմաթիւ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ ամէնէն վտանգաւոր յանցագործներուն մեծամասնութիւն մանկութեան տարիներուն ծեծի կամ ֆիզիքական պատիժի ենթարկուած են:

3) Երեխային ծեծելը մանկապղծութիւնը է: Այո՛, ապտակելը, յետոյքը հարուածելը, ֆիզիքական եւ հոգեբանական բռնութիւն գործադրելը վատ վերաբերմունք է եւ մանկապղծութիւն:

4) Ծեծը երեխային չի սորվեցներ, վիրաւորուած, վախցած երեխան ծեծի ճամբով բան չի սորվիր. ան միայն կը մտածէ վրէժ լուծելու միջոցներու մասին:

5) Ծեծը, պատիժը կը խզէ ծնողք-երեխայ կապը: Կապ մը, որ հիմնուած է փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի վրայ: Պատիժն ու ծեծը ժամանակաւորապէս կը դարեցնեն վատ վարքագիծը: Մինչդեռ յարգանքի վրայ հիմնուած համագործակցութիւն յաւերժ է եւ արդիւնաւէտ:

Առողջապահական

 Սեւ Տուրմին
7
Անհամար Բարիքները

Սեւ տուրմը կը պաշտպանէ սիրտն ու զարկերակները:

Իր պարունակած ֆլաւոնոիտներուն շնորհիւ, սեւ, լեղի տուրմը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ սիրտի կաթուածներու վտանգը: Այս հակաօքսիտանները կ՛օգնեն պահպանելու զարկերակներուն ճկունութիւնը եւ սահմանափակելու «աթերոսքլերոզ»-ի վտանգը:

***

Սեւ տուրմը կը բարելաւէ մարզական ունակութիւնները:

Օրական 40 կր. սեւ տուրմ ուտելը կը բարձրացնէ մարզիկներու աշխատունակութիւնը շնորհիւ որոշ ֆլաւոնոիտներու, որոնք կ՛ընդլայնեն արիւնատար անօթները եւ կը նուազեցնեն թթուածինի սպառումը:

***

Սեւ տուրմը կը կանխարգիլէ հոգեկան անկումները:

Սեւ, լեղի տուրմին մէջ մեծ քանակութեամբ առկայ թէոպրոմին ու մակնեզիոմը կը խթանեն եւ կը կարգաւորեն ջղային համակարգը:

***

Սեւ տուրմը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:

Սեւ տուրմի ֆիլաւոնոլները կը խթանեն արեան հոսքը դէպի ուղեղի այն հատուածը, որ կապուած է յիշողութեան ունակութիւններուն հետ: Այս հակաօքսիտաններով հարուստ սեւ տուրմը կ՛օգնէ խթանելու յիշողութիւնը:

***

Սեւ տուրմը կը հանգստացնէ հազը:

Սեւ տուրմով պատրաստուած մէկ գաւաթ «հաթ չաքլէթ»-ը կը թեթեւցնէ ու կը հանգստացնէ հազը:

***

Սեւ տուրմը կը բարելաւէ քունի որակը:

Անհանգիստ քունը երբեմն կապուած կ՛ըլլայ մակնեզիոմի պակասին հետ: Տրուած ըլլալով, որ սեւ տուրմի իւրաքանչիւր 100 կրամը 84 միլիկրամ մակնեզիոմ կը պարունակէ, հետեւաբար անոր չափաւոր օգտագործումը կը լրացնէ վերոյիշեալ պակասը եւ կը բարելաւէ քունի որակը:

***

Սեւ տուրմը կը բարելաւէ կեդրոնացումը:

Առնուազն 60 առ հարիւր քաքաօ պարունակող տուրմը կը բարելաւէ կեդրոնացումը եւ զգօնութիւնը: Պատճառը` սեւ տուրմին մէջ առկայ թէանինն է, որ ծանօթ է ուշադրութեան մէջ իր դրական դերով:

Խոհագիր

 Շերտաւոր Խմորով Եւ
Դդումով Ձողիկներ

Բաղադրիչներ

1 ծրար շերտաւոր խմոր (Pâte feuilletée)
3 դդում (նախընտրաբար խոշոր, երկար չափի)
1 հաւկիթի դեղնուց
2 թէյի դգալ քիմիոնի հատիկներ
2 ապուրի դգալ բուսական ձէթ
2 ապուրի դգալ շուշմայ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Դդումները լուալ, ցամքեցնել եւ երկայնքին կտրատել` ձողիկներ ձեւաւորելով:

Ձողիկները ծեփել ձէթ, քիմիոն, աղ, պղպեղ խառնուրդով:

Շերտաւոր խմորը բանալ եւ 2 սմ. լայնքով երիզներ ձեւաւորել:

Իւրաքանչիւր դդումի ձողիկի շուրջ խմորէ երիզ մը փաթթել եւ փոխադրել ափսէին մէջ:

Հաւկիթի դեղնուցով ծեփել ձողիկները, շուշմայ ցանել երեսին եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 20 վայրկեան` 180 ջերմաստիճանով:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ո՞ւր էք գնում Տղե՛րք.
երկինքն այնքան մեծ է
ու այնքան հեռու,
հասցէ թողէք, Տղե՛րք,
հասցէ թողէք…
Կիսատ զրոյցներս
դրել եմ ծրարի մէջ,
ի՞նչ հասցէ գրեմ,
երկնքում հասցէներ կա՞ն միթէ…
Ո՞ւմ ասեմ, որ կարողանայ
ձեր կենացը խմել այնպէս,
որ կուլ գնայ հացը այս աղի…
Ճերմակ թղթի վրայ
ծառեր են նկարել ձեր բալիկները.
ծառը ծաղկել է թղթի վրայ,
ծառը ծաղկել է,
նրանք չեն ժպտում…
Ժպիտները աստղեր են դարձել,
երկնքում աստղերը շատ են,
էլ տեղ չկայ,
հիմա երկրին են աստղեր հարկաւոր.
Աստղեր վերցրէք եկէք,
ո՞ւր էք գնում, Տղե՛րք…

ՀԵՐՄԻՆԷ  ԱՒԱԳԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>