Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Դաղդղան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բոլոր ժողովուրդներուն մօտ կարելի է հանդիպիլ հմայեակներու, որոնք չարխափան յատկութիւն ունին եւ կ՛օգնեն պաշտպանուելու չար աչքերէն: Հմայեակներուն մէջ ամէնէն տարածուածները կապոյտ ուլունքներն են, զորս մարդիկ կը կրեն իրենց վիզին կամ կը կախեն իրենց տան դրան վրայ:

Հայերը ունին իրենց յատուկ հմայեակը, որ դաղդղան կը կոչուի: Անիկա փայտէ պատրաստուած է, անցեալին ժողովուրդը զայն կրեր է որպէս զարդ, կախեր է անասուններու վիզէն, նորածին մանուկներու օրօրոցէն, որպէսզի պաշտպանուի չար ուժերէն: Դաղդղանները այլազան էին, սակայն ամենատարածուածները լուսնաձեւ եւ կիսալուսնաձեւ տեսակներն էին, քանի որ ժողովուրդը լուսինին կը վերագրէր գերբնական յատկութիւններ:

Դաղդղան պատրաստելու համար հայ վարպետները, օգտագործեր են բռինչ կոչուած ծառի փայտը. դաղդղանին վրայ փորագրեր են տարբեր նախշազարդեր: Հետաքրքրական է, որ իւրաքանչիւր դաղդղան իւրայատուկ էր եւ չէր կրկնուեր:

Դաղդղանի պատրաստութեան նրբութիւնները շատ մը վարպետներ գաղտնի կը պահէին, անոնք դաղդղանը պատրաստելէ առաջ հոգեպէս եւ մարմնապէս կը պատրաստուէին: Դաղդղան կը պատրաստէին յատկապէս պահքի օրերուն, լռութեան մէջ` միտքէն բարի խօսքեր եւ օրհնութիւններ արտասանելով:

Ներկայիս Հայաստանի մէջ դաղդղան պատրաստող վարպետները քիչ են: Դաղդղաններու ամենամեծ հաւաքածոն կը գտնուի փայտարուեստի թանգարանին մէջ:

Մանկավարժին Կարծիքով

 Յանդիմանելու Կանոնները

Երեխային դաստիարակութիւնը շատ մեծ պատասխանատուութիւն է եւ` դժուար կացութիւն, երբ ան սխալ մը կը գործէ: Բնական է, որ ծնողը պիտի յանդիմանէ, երբ զաւակը սխալ մը գործէ, սակայն յանդիմանութիւնն ալ ունի իր կանոնները: Ստորեւ` քանի մը օգտակար խորհուրդ, որպէսզի յանդիմանութիւնը նպատակի ծառայէ:

Ճիշդ Պահուն

Երեխան պէտք է յանդիմանել ճիշդ պահուն, ոչ ուշացումով, որպէսզի ան կապը հաստատէ իր գործած սխալին եւ յանդիմանութեան միջեւ:

Հանդարտ Մնալ

Երեխային հետ գոռալով խօսիլը թէ՛ արդիւնքի չի հասցներ եւ թէ՛ կը նուաստացնէ զայն: Կարեւոր է պաղարիւնութիւնը պահել, խօսիլ հանդարտ, սակայն` կտրուկ եւ վճռական ոճով:

Չսպառնալ

Երեխան յանդիմանել` անոր սխալը մատնանշելով, բայց` անոր ներաշխարհը յուզող սպառնալիքներէն հեռու մնալ: Այսպէս, «քեզ այլեւս պիտի չսիրեմ», «դուն իմ տղաս չես», «ես տունը պիտի ձգեմ ու երթամ»` այս արտայայտութիւնները միմիայն կը խանգարեն երեխային ներաշխարհը եւ անձկութեան կը մատնեն զայն:

Դատապարտել Արարքը

Յանդիմանութեան ժամանակ պէտք է դատապարտել երեխային արարքը եւ ոչ` երեխան:

Չհամեմատել

Իւրաքանչիւր երեխայ իւրայատուկ է, զայն պէտք չէ համեմատել ուրիշներու հետ եւ, աւելի՛ն, չնուաստացնել:

Բացատրել

Առանց հիմնաւորումներու եւ բացատրութեան չյանդիմանել երեխան. ան յստակօրէն պէտք է հասկնայ իր յանցանքին ծանրութիւնը եւ անոր հետեւանքները:

Հետեւողական Ըլլալ

Եթէ օր մը երեխան ծանր յանդիմանութիւն ստացած է տուեալ յանցանքի մը համար, եւ ժամանակ մը ետք նմանօրինակ յանցանքի մը դիմաց աչք կը փակուի, ան եւս շփոթի կը մատնուի եւ կը դառնայ անուղղայ:

Յիշենք, որ վատ վերաբերմունքը, գոռոցը, վիրաւորական խօսքերը կամ ծեծը ոչ միայն դաստիարակիչ չեն, այլեւ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան երեխային մտային եւ հոգեկան զարգացման վրայ:

Ջանացէք միշտ վստահութեան կապ մը ստեղծել ձեր եւ ձեր զաւկին միջեւ, խօսելու ժամանակ ձեր ձեռքը դրէք անոր ուսին եւ խօսքի աւարտին բացատրեցէք, որ միշտ պատրաստ էք ներելու զինք…

Բնական Միջոցներով Առողջ
Մորթ Ունենալու Համար

Բոլորին չէ տրուած առողջ տեսքով, փայլուն մորթ ունենալ. բարեբախտաբար կան բնական եւ դիւրին միջոցներ` զայն ձեռք բերելու համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք դիւրին եւ ազդու չորս հնարքներ` բարելաւելու համար գունաթափած, յոգնած մորթին որակը:

Կիտրոնի Հիւթ

Կէս կիտրոնի հիւթին ապուրի դգալ մը մածուն աւելցնել եւ ստացուած թանձրուկով ծեփել դէմքը, սպասել 10-15 վայրկեան, ապա դէմքը լուալ գաղջ ջուրով:

Սոտա

Մէկ թէյի դգալ սոտային քանի մը կաթիլ ջուր աւելցնել եւ ստացուած խիւսը տարածել դէմքին վրայ: Մատներուն ծայրամասերով թեթեւ մարձումներ կատարելէ ետք դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:

Սխտոր

Սխտորը մեծ քանակութեամբ եթերաիւղեր կը պարունակէ, որոնք կը սպիտակացնեն մորթը եւ կը չէզոքացնեն մութ գոյնի արատները: Պարզապէս պէտք է սխտորի մեծ պճեղ մը կիսել եւ անով դէմքը շփել:

Զինկ Եւ Սելենիոմ

Կը կարծուի, որ դէմքին մորթին մութ գոյնի արատներուն պատճառը զինկի եւ սելենիոմի պակասի, անբաւարարութեան հետեւանք է: Հետեւաբար պէտք է ուտելիքներուն մէջ ներառել այս նիւթերով հարուստ սննդամթերքներ` ընկոյզ, կաթ, ոստ, սունկ, ձուկ, քրքում, ծովամթերք, լեարդ, շուշմայ եւ այլն…

Այս չորս միջոցները կ՛օգնեն սպիտակացնել մորթը եւ գունաթափել մութ գոյնի արատները: Ուշադրութի՛ւն. պէտք չէ չարաշահել վերը նշուած նիւթերու գործածութիւնը, յատկապէս եթէ զգայուն մորթ ունիք:

Գիտէ՞ք, Թէ…

  • Օրական 30 վայրկեան քալելով 60 ջերմուժ կը սպառէք:
  • Միջին հաշուով 3 ժամ շուկան թափառելով` կրնաք շուրջ 600 ջերմուժ սպառել: Իսկ օրական հանրախանութ երթալով եւ գնումներ կատարելով` կրնաք մինչեւ իսկ 400 ջերմուժ սպառել:
  • Վերելակէն հրաժարելու եւ աստիճաններով բարձրանալու պարագային, իւրաքանչիւր 2 յարկին համար 7 ջերմուժ կը սպառէք:
  • Ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ 15 երկվայրկեան խնդուքը 40 ջերմուժ կ՛այրէ:
  • 15 վայրկեան ելեկտրական փոշեկուլով գործերը կամ յատակը մաքրելով` 50 ջերմուժ կ՛այրէք, իսկ մէկուկէս ժամ արդուկ ընելով` 200 ջերմուժ:
  • 2 ժամ կեդրոնացած աշխատանք կատարելով` 100 ջերմուժ կ՛այրէք:
  • Ջութակ, դաշնակ նուագելու պարագային, 2 ժամուան ընթացքին 100 ջերմուժ կրնաք սպառել:

***

Խմիչքի բաժակները բռնելու յատուկ կանոններ կան. չենք կրնար զանոնք բռնել պատահական որեւէ տեղէ, եւ այսպէս`

  • Քոքթելի բաժակը պէտք է բռնել ոտքին վերի մասէն, իսկ երկրորդ ձեռքին ափը որպէս յենարան գործածել:
  • Քոնեաքի գաւաթին ոտքը պէտք է տեղաւորել ցուցամատին եւ միջնեմատին միջեւ, իսկ բութամատը օգտագործել որպէս յենարան:
  • Գինիի բաժակը պէտք է բռնել անոր ոտքի վարի մասէն:

***

Որպէսզի հաւկիթը երկար ժամանակ լաւ պահպանուի, պէտք է որդեգրել հետեւեալ 3 սկզբունքները.

ա.- Հաւկիթը պէտք է պահել սառնարանը, մանաւանդ եթէ անոր սպառումը շատ չէ: Գիտէ՞ք, թէ հաւկիթը մէկ օր սենեակի ջերմութեամբ պահելը համազօր է ամբողջ շաբաթ մը սառնարանը պահելու` որակի եւ թարմութեան իմաստով: Հաւկիթը կարելի է սառնարանէն դուրս պահել, անշուշտ` ոչ շատ երկար ժամանակով:

բ.- Հաւկիթները պէտք է պահել իրենց ծրարումի տուփով, որպէսզի սառնարանին մէջ տեղ մը դիպչելով չվնասուին, անոնց կեղեւը չճաթի: Վնասուած կեղեւով հաւկիթը շուտով կը կորսնցնէ իր որակը եւ կը կլանէ շուրջի ուտելիքներուն հոտերը:

գ.- Վերջապէս, սառնարանին մէջ խուսափեցէք հաւկիթները դնել զօրաւոր, շեշտուած հոտ ունեցող սննդամթերքի մօտ, ինչպէս` սեխը, կաղամբը… հաւկիթները կը կլանեն ուտելիքներէն արտահոսող հոտերը` իրենց կեղեւին պատճառով, տրուած ըլլալով, որ կեղեւները բաղկացած են միլիոնաւոր ծակտիկներէ:

Խոհագիր

Ֆրանսական Հաց`
Սխտորով Եւ Ազատքեղով

Անակնկալ հիւրե՞ր ունիք եւ վերջին վայրկեանին կ՛ուզէք արագ պատրաստուող եւ խմիչքի հետ մատուցուող իւրայատուկ բա՞ն մը հիւրասիրել, փորձեցէք այսօրուան խոհագիրը եւ զարմացուցէք ձեր հիւրերը…

Բաղադրիչներ

400-500 կ կշռող ֆրանսական կլոր կամ ձուաձեւ մեծ հաց մը,
100 կ կարագ,
4-5 պճեղ սխտոր,
3-4 ապուրի դգալ շատ մանր մանրուած ազատքեղ,
20 կ կրիւյեր կամ ձեռքի տակ գտնուող որեւէ դեղին, հալող պանիր:

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցուցէք 180 ջերմաստիճանով:

Հացին լայնքին եւ երկայնքին ուղղահայեաց եւ հորիզոնական ճեղքեր բացէք:

Փափկած կարագին աւելցուցէք ազատքեղը եւ պանիրը պատառաքաղով ճզմեցէք, որպէսզի խիւս մը ստանաք. այդ խիւսը քսեցէք հացին բոլոր բացուածքներուն մէջ:

Հացը նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփեցէք շուրջ 10 վայրկեան, մինչեւ որ պանիրը հալի:

Փուռէն հանելէ անմիջապէս ետք, քիչ մը տաշուած պանիր տարածեցէք հացին երեսին եւ անմիջապէս մատուցեցէք:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Մենք

Մենք այնքան խեղճ ենք ու այնքան անճար,
Վախկոտ ենք այնքան ու այնքան ենք թոյլ,
Ամէն դուրսպրծուկ կարող է դառնալ
Մեր գլխին` նորին գերազանցութիւն:
Մենք այնքան տհաս ու այնքան մեղք ենք,
Այնքան միամիտ, անզօր ու անխելք,
Ամէն տգէտ մեզ կարող է հերքել,
Ժխտել հիմնովին, որ մենք` այդ մենք չենք:
Մենք այնքան քնքուշ ու նուրբ ենք այնքան,
Այնքան բարակ են նեարդերը մեր,
Որ կարող են մեզ քառասուն անգամ,
Քառասուն ձեւի գզել ու մանել:
Մենք այնքան պարզ ենք ու անմտածուած,
Մեր դուռն այնքան մեր սրտի պէս բաց է,
Որ մենք կարող ենք մեր տունը մտած
Ամէն Յուդայի աստուածացնել:
Մենք այնքան փխրուն, այնքան ենք անձեւ
Եւ կաւի նման ամորֆ ենք այնքան,
Որ ամէն ոք մեզ կարող է հունցել
Ու իր ցանկութեամբ` ուզած տեսքը տալ:
Եւ մենք այնքան ենք մեր այս բախտից գոհ,
Որ թւում է, թէ աշխարհը մերն է,
Թէ սա կոչւում է ապրել մեծ կեանքով,
Հապա ասացէք` խեղդուելը ո՞րն է:

ՎԱԶԳէՆ ՕՎԵԱՆ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>