Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Յուշաղբիւրի Մը Պատմութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի յայտնի գործերէն է Սայաթ Նովայի յուշաղբիւրը:

Յուշաղբիւրին վրայ կը տեսնենք Սայաթ Նովայի դիմաքանդակը եւ աղբիւր մը: Այս աղբիւրէն ջուր խմելը շատ դժուար է, հոսկէ ջուր խմելու համար կա՛մ շատ ճկուն պէտք է ըլլալ, կա՛մ ալ անխուսափելիօրէն ոտքերը թրջել…

Իսկ ինչո՞ւ այսպէս կառուցուած է. աղբիւրին գաղտնիքը Սայաթ Նովային խօսքերուն մէջ պահուած է: «Դուն էն գլխէն» երգի համարներէն մէկուն մէջ բանաստեղծ-աշուղը կ՛ըսէ.

«Ամէն մարդ չի՛ կանայ խըմի`, իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է.
Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ`, իմ գիրն ուրիշ գրէն է»

Իսկ դուք երբեւէ փորձա՞ծ էք խմել այդ աղբիւրէն…

Նշենք, որ յուշաղբիւրը տեղադրուած է 1963-ին, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին եւ Սայաթ Նովա երաժշտական դպրոցին դիմացի պուրակին մէջ: 3 մեթր բարձրութեամբ ճերմակ մարմարէ կառուցուած յուշաղբիւրին հեղինակը, ինչպէս նշեցինք, Արա Յարութիւնեանն է, իսկ ճարտարապետը` Էդուարդ Սարապեանը:

Մանկավարժին Կարծիքով

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել
Դպրոցական Նոր Տարեշրջանը

Շուտով վերամուտ է, երեխաներու դասերուն եւ դպրոցական յաջողութիւններուն հետ կապուած հարցերուն վերաբերեալ կան երկու խումբի ծնողներ, անոնք, որոնք երեխան կը ձգեն իր վիճակին եւ կարողութիւններուն, որպէսզի փոքրիկը ինքնաբաւ դառնայ, եւ` երկրորդ խումբի մը պատկանողները, որոնք «խեղդելու» աստիճան կը շրջապատեն փոքրիկը այն հաստատ համոզումով, որ առանձին ձգուած փոքրիկը ձախողութեան դատապարտուած է:

Բարեբախտաբար այս երկու ծայրայեղութիւններուն միջեւ կան ծնողներ, որոնք միջին եզր մը գտած են օգնելու համար իրենց դպրոցական փոքրիկին:

Ինչպէ՞ս ապահովել երեխային դպրոցական յաջողութիւնը. այս հարցումին վերաբերեալ ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն փորձառու մանկավարժները:

  • Զարգացնել սորվելու փափաքը:

Տակաւին շատ կանուխէն մանուկը շրջապատին ծանօթանալու, սորվելու փափաք կ՛ունենայ: Կ՛ուզէ ամէն բան շօշափել, բերանը տանիլ եւ այլն…

Աւելի յառաջացած տարիքին ծնողքին պարտականութիւնն է զարգացնել այդ փափաքը` գիրքերու, պտոյտներու, ճամբորդութիւններու, թանգարաններ այցելելու ճամբով:

  • Հետաքրքրուիլ երեխային դպրոցական հարցերով:

Երեխային համար իր դպրոցական հարցերով հետաքրքրուիլ` կը նշանակէ իրմո՛վ հետաքրքրուիլ: Գրաւոր ստուգումներու նիշերը, վիճակացոյցը ստուգելը եւ քանի մը գնահատական կատարելը բաւարար չեն: Ծնողները պէտք է հետաքրքրուին նաեւ իրենց զաւակներուն դպրոցական առօրեայով, ընկերներով, ուսուցիչներով եւ դժուարութիւններով:

  • Ճանչնալ երեխային նախասիրութիւնները:

Զաւակներուն հետ յաճախակի խօսելով` ծնողները քիչ-քիչ կը ծանօթանան անոնց նախասիրութիւններուն, կարողութիւններուն, այլ խօսքով, կը ճանչնան իրենց զաւակները այնպէս, ինչպէս որ են, եւ ոչ թէ այնպէս, ինչպէս իրենք կը պատկերացնէին կամ կ՛ուզէին, որ ըլլան անոնք: Այսպիսով, ծնողները կը դադրին իրենց զաւակներուն մէջ տեսնելէ ապագայ բժիշկը, ճարտարապետը, դերասանը, երազներ, որոնք իրենք այնքան փափաքած, բայց չեն կրցած իրագործել:

  • Իմաստաւորել ուսումը:

Երեխան խթանելու եւ անոր մէջ պատասխանատուութեան զգացումը զարգացնելու համար երեխան պէտք է հասկնայ ու համոզուի, որ կ՛աշխատի ու կը սորվի ոչ թէ ծնողներուն, այլ իրե՛ն համար: Ան պէտք է կարենայ կապ մը հաստատել ներկայի իր աշակերտի իրավիճակին եւ ապագայի չափահասին միջեւ:

  • Սորվեցնել սահմանուած ժամանակին մէջ դասաւորուիլ:

Շատ կանուխէն երեխան պէտք է վարժուի որոշ ժամանակացոյցի մը հիմամբ աշխատիլ: Դպրոցէն վերադարձին ան պէտք է յստակօրէն գիտնայ, թէ պատառ մը ուտելէ ետք, որո՞նք են յաջորդ հանգրուանները:

Պատահականութեան ձգուած, անկազմակերպ աշխատանքը երեխային կը ստիպէ արթուն մնալ մինչեւ ուշ ժամեր եւ պարտականութիւնները կատարել թերի ու մակերեսային ձեւով:

  • Աշխատանքի յարմար միջավայր ստեղծել:

Խոհանոցը, ճաշասենեակը, թէ ննջարանը երեխան պէտք ունի լռութեան, լաւ լուսաւորումի, սեղանի եւ հանգստաւէտ աթոռի մը, որպէսզի կեդրոնանայ ու յաջորդ օրուան դասերը պատրաստէ:

Ծնողը պէտք է արգիլէ պատկերասփիւռի, համակարգիչի եւ այլ ելեկտրոնային սարքերու օգտագործումը` դասի ժամերուն:

Կարելի չէ «լրտեսել» երեխան` վստահ ըլլալու համար, որ իսկապէս կ՛աշխատի: Պէտք է պարբերաբար դիմել անոր, ի հարկին պատասխանել հարցումներուն, բայց մանաւանդ ցոյց տալ, որ ծնողքին վստահութիւնը կը վայելէ:

  • Աչքէ անցընել եւ ոչ թէ դատել:

Անգամ մը որ երեխան աւարտած է դասերը, ծնողքին կը մնայ աչքէ անցընել զանոնք եւ արագ ստուգում մը կատարել: Եթէ սխալներ կան մատնանշել, անհասկնալի նիւթեր` բացատրել, եւ այլն… Պէտք է զերծ մնալ նուաստացուցիչ, վիրաւորական խօսքերէ:

  • Օրինակ ծառայել:

Ինչո՞ւ երեխան դաս պիտի սորվի, երբ ծնողները պատկերասփիւռ կը դիտեն կամ բջիջայինով կը զբաղին: Ինչո՞ւ ճիգ պիտի թափէ ու չարչարուի, երբ շուրջը մեծերը բացասական արտայայտութիւններ կ՛ունենան աշխատանքի մասին: Ինչո՞ւ ազատ ժամերուն գիրք կարդայ, երբ ծնողները չեն կարդար…

Մանկավարժները կարեւորութեամբ կը շեշտեն, որ ծնողները պէտք է օրինակ ծառայեն իրենց զաւակներուն` թէ՛ որդեգրած ընթացքով, թէ՛ կեանքի մէջ իրենց պաշտպանած արժէքներով եւ թէ՛ խօսակցութեամբ ու բառապաշարով: Այլ խօսքով, զաւակներէն կարելի է պահանջել այն, ինչ որ տարիներու ընթացքին աչքով տեսած, ականջով լսած ու սորված են ծնողներէն:

5 Առօրեայ Իրերու
Այլընտրանքային Օգտագործում

Իրերը վերաիմաստաւորելու եւ զանոնք օգտագործելու ունակութիւնը հմտութիւն է, որ բոլորին տրուած չէ: Եկէք` տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են առօրեայ իրերուն եւ դիւրացուցած են իրենց կեանքը:

– Նկարին վրայ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կերպընկալէ շիշի մը գլխամասը օգտագործել կերպընկալ տոպրակ մը փակելու համար:

– Այս նկարին վրայ կը տեսնենք, թէ լուացքի լաթակալ մը ինչպէ՛ս կարելի է օգտագործել մատները մուրճի հարուածէն պաշտպանելու` գամ գամելու ժամանակ:

– Ակռայի խոզանակները զետեղելու համար ձեռքի տակ գաւաթ չկա՞յ, պարզապէս կարելի է օգտագործել ոսկորէ լաթակալներ` խոզանակները հաստատելով անոնց բացուածքներուն մէջ:

– Օդը տաք է եւ պաղպաղակը շատ արագ կը հալի՞. կարելի է օգտագործել քափ քէյքի թուղթէ կաղապարները:

– Շապիկին օձիքը ճմռթքուած է եւ ժամանակ չկայ արդուկելու, կարելի է օգտագործել մազերը հարթեցնող սարքը:

Խոհագիր

Պակեթ Հացով
Խրթխրթան Պատառիկներ

Բաղադրիչներ` 3-4 անձի համար

3 ապուրի դգալ կարագ
1 գաւաթ (250 մլ) մանրուած սոխ
2 գաւաթ շերտուած սունկ
1 գաւաթ քերոցէ անցած մոցարելլա պանիր
1 հաւկիթ
Օրեկանօ
Աղ, սեւ պղպեղ
Պակեթ հաց մը

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Կարագը հալեցնել, աւելցնել սոխն ու սունկը եւ եփել, մինչեւ որ փափկանան:

Աւելցնել` հաւկիթը, օրեկանոն, աղն ու պղպեղը եւ խառնել:

Պակեթ հացը կլոր շերտերու վերածել, շարել փուռի ափսէին վրայ, իւրաքանչիւրին վրայ վերոյիշեալ խառնուրդէն դնել, երեսը ծածկել տաշուած պանիրով եւ տաք փուռին մէջ եփել 12-15 վայրկեան, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Մատուցել խմիչքի հետ կամ աղցանի մը կողքին:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ձիաւորներս

(Բերդաւանի Զոհերու Յիշատակին)

Ի՜նչ ձիեր էին, ի՜նչ ձիաւորներ,
Ո՞վ ինձ անիծեց, յանցանքս ո՞րն էր…
Այն ե՞րբ էր, այն երբ. չդիմանալով
Վիրաւորներիս վէրքերի ցաւին`
Նրանք գնացին ինչ-որ աշխարհից
Բերելու ինչ-որ անմահական ջուր:
Որտե՞ղ մնացին,
Ինչո՞ւ ուշացան:
Հպում եմ հողին ականջս թաքուն`
Լսելու հեռուից դոփիւն ու խրխինջ,
Բայց ցա՜ւն է միայն աճում իմ հոգում,
Ես հեռուներից չեմ լսում ոչինչ:

Ի՜նչ ձիեր էին, ի՜նչ ձիաւորներ…
Ի՞նչ դեւերի հետ նրանք բախուեցին,
Ի՞նչ անդունդների վրայով անցան,
Վիրաւորներս անտէր մնացին,
Ձիաւորներս ինչո՞ւ ուշացան:
Ծանր տագնապ է խոհերիս իջել,
Բայց չեմ մտածում դեռ ոչ մի վատ բան,
Վիրաւորներիս խնդրում եմ` քի՜չ էլ,
Քի՜չ էլ դիմացէք, ուր որ է` կը գա՜ն…
Կանգնել եմ այսպէս ամայութեան դէմ,
Որպէս հաւատի շնչաւոր արձան.
Վիրաւորներս մեռնում են արդէն,
Ձիաւորներս ինչո՞ւ ուշացան:

ԻԳՆԱՏ ՄԱՄԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>