Մանուկներուն բացասական եւ յոռետես մտածումները պայմանաւորուած են անոնց ունեցած տհաճ փորձառութիւններով:
Որո՞նք են յոռետես երեխային ախտանշանները.
Ա.- Երեխան շատ արագ կը զայրանայ ինքն իր վրայ:
Բ.- Ան դժուար կը հանդուրժէ անյաջողութիւնները, կորուստներն ու հիասթափութիւնները:
Գ.- Ան առաջին իսկ դժուարութեան դիմաց կը յանձնուի:
Դ.- Ան կը չափազանցէ տհաճ իրադարձութիւնները:
Ե.- Ան ինքզինք կը մեղադրէ արտաքին գործօններու պատճառով պատահած բաներու համար:
Երեխան հեռու պահել մռայլ միտքերէն.
Յաճախ մանուկները, երբ հարց մը ունենան, օրինակ` գրաւոր ստուգումի մը ձախող նիշ ստանան, ընկերոջ մը հետ վիճին կամ խաղի մը աւարտին պարտուին, մեղաւորութիւնը միայն իրենց մէջ կը փնտռեն, իրենք զիրենք անկարող եւ անյաջողակ կը համարեն: Նման պարագաներու, պէտք է սփոփել մանուկը եւ ըսել, որ այդպէս կրնայ պատահիլ շատերու հետ, եւ կեանքը հոն կանգ չ՛առներ, կարեւորը սխալներէն սորվիլն է եւ ուրիշ անգամ չկրկնելը:
Յոռետես մանուկը մէկ օրէն միւսը չի փոխուիր, կարեւոր է, որ պարզուի այս բացասականութեան պատճառը, եւ համապատասխան քայլեր որդեգրուին:
Իսկ ձեր երեխան յոռետե՞ս, թէ՞ լաւատես է, եկէք` ստուգենք:
1
Խաղի մէջ ընկերոջ յաղթելով` երեխան ձեզի կ՛ըսէ.
Ա.- «Ես լա՛ւ խաղացի»:
Բ.- «Ընկերս խաղալ չի գիտեր»:
2
Փայլուն արդիւնքներով վիճակացոյց տուն բերած է, քանի որ, ըստ իրեն`
Ա.- Շատ լաւ աշխատած է:
Բ.- Դասերը շատ դիւրին են:
3
Կը պատմէ, թէ ուսուցիչէն յանդիմանութիւն ստացած է, քանի որ`
Ա.- Կը շատախօսէր դասապահի ընթացքին:
Բ.- Բոլորը կը շատախօսէին:
4
Կը մտածէ` երկինքը ամպոտած է, ուրեմն`
Ա.- Վաղը պիտի անձրեւէ, եւ բնութիւնը պիտի մաքրուի:
Բ.- Վաղը պիտի անձրեւէ, եւ բացօթեայ պիտի չկարենայ խաղալ ընկերներուն հետ:
5
Ոտնագնդակի խաղի ընթացքին կ՛իյնայ, կը վիրաւորուի ու կ՛ըսէ.
Ա.- Սովորական է, բոլոր ֆութպոլիստներն ալ կ՛իյնան ու կը վիրաւորուին:
Բ.- Եթէ ընկերս չհրէր, կոլ նշանակած կ՛ըլլայի:
6
Տարեդարձին առիթով իր մակարդակէն բարձր գիրք մը նուէր կը ստանայ ու կ՛ըսէ.
Ա.- Հոգ չէ, գրադարանս կը դնեմ եւ աւելի ուշ կը կարդամ:
Բ.- Այս մարդիկը խելք չունի՞ն, ոչ իսկ բառ մը կը հասկնամ:
* * *
Որքան ձեր պատասխաններուն մէջ գերակշիռ է «Ա» տարբերակը, այնքան ձեր երեխան ինքնավստահ ու լաւատես է:
Այլազան
Տայանա Իշխանուհիին «Սեւ Ոչխար»-ը
Նոր Մրցանիշ Արձանագրեց
Անցեալ հինգշաբթի Նիւ Եորքի Սոթպի՛զ աճուրդի տան մէջ աննախընթաց նոր մրցանիշ մը արձանագրուեցաւ, երբ Տայանա իշխանուհիին «Սեւ ոչխար» բրդեայ սուեթըրը 1,14 միլիոն տոլարի վաճառուեցաւ…
Արքայադուստր Տայանան սուեթըրը հագած էր 1981-ին, իր ամուսնութենէն ընդամէնը ամիս մը առաջ, փոլոյի խաղի մը ընթացքին:
Կարմիր սուեթըրին վրայ պատկերուած է ճերմակ ոչխարներու հօտ մը, որուն մէջ առանձնացած է սեւ ոչխար մը:
«Պալանսիակա» Նորաձեւութեան Տան
Վերջին «Գլուխ Գործոց»-ը
«Պալանսիակա» նորաձեւութեան տունը, որ յայտնի է իր արտասովոր եւ հակասական ոճով, դարձեալ ուշադրութեան առարկայ է հազար տոլարէն աւելի արժող անձրեւային մոյկերուն պատճառով:
«Պալանսիակա»-ն յաճախ հագուստներ եւ կօշիկներ կը ներկայացնէ ծիծաղելի գիներով: Շքեղ ապրանքանիշը կը վաճառէ պատռած հագուստ` 100 հազարաւոր տոլարի, տձեւ գլխարկ` 360 տոլարի, կեղտոտ բաճկոն` 3000 տոլարի եւ այլն… Նկարին վրայ կը տեսնէք 1000 տոլար արժող անձրեւային մոյկերը:
Քրիսթիան Լուպութենի Վերջին
Ստեղծագործութիւնը
ASTROLOUBI-ին Լուպութենի վերջին զգայացունց յղացումն է:
ASTROLOUBI-ինները սովորական մարզական կօշիկներ չեն. տարբեր գոյներու համադրութեամբ մարզական կօշիկներ են` ներշնչուած 90-ական թուականներէն եւ, ըստ ոճաբանին, 5 տարբերակներէն իւրաքանչիւրը կը համապատասխանէ որոշ տեսակի տրամադրութեան:
Այս ոճային հաճոյքը կ՛արժէ շուրջ հազար տոլար:
Գործնական Գիտելիքներ
Պայուսակի 3 Տեսակներ, Որոնք
Կրնան Վնասել Ձեր Առողջութեան
Պայուսակները գործնական, ինչպէս նաեւ ոճային աքսեսուարներ են, սակայն որոշ տեսակներ կրնան վնասել ձեր առողջութեան, եթէ ճիշդ ձեւով չկրէք զանոնք:
– ՄԵԾ ՉԱՓԻ ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐԸ թէեւ նորաձեւ եւ գործնական են, բայց անոնք կրնան մկանային լարուածութիւն պատճառել: Մէկ ուսի վրայ չափազանց ծանր պայուսակ կրելը անհաւասար ճնշում կը գործադրէ ձեր ողնաշարին վրայ` մկանային եւ յօդակապերու ցաւեր պատճառելով:
Վնասը նուազագոյնի իջեցնելու համար ջանացէք չծանրաբեռնել ձեր պայուսակը աւելորդ իրերով եւ զայն փոխնիփոխ կրեցէք երկու ուսերուն վրայ:
– ՔԼԱՉ ԿԱՄ ՓՈՇԵԹ ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐԸ վայելուչ են եւ` յատուկ առիթներու համար նախատեսուած: Դժբախտաբար զանոնք երկար ժամանակ կրելու պարագային, կը լարեն ձեռքի, դաստակի եւ մատներու մկաններն ու յօդերը:
Քլաչ պայուսակը անվտանգ կրելու համար յաճախակի փոխեցէք ձեռքերը` առիթ տալով, որ ձեր մատներն ու դաստակները թուլանան: Ջանացէք միայն անհրաժեշտ իրերով ծանրաբեռնել ձեր քլաչ մատներու եւ դաստակներու պրկումը նուազագոյնին իջեցնելու համար:
* * *
– ՈՒՍԱՊԱՐԿԵՐԸ իրենց գործնականութեան պատճառով ընդհանրացած են, սակայն անոնց սխալ օգտագործումը կրնայ մէջքի ցաւ եւ վնասուածք պատճառել: Վստահ եղէք, որ ձեր ընտրած ուսապարկը որակաւոր եւ լաւ սերտուած տարբերակ է` հաստատուն եւ հանգստաւէտ ուսնոցներով: Խուսափեցէք ձեր ուսապարկը չափէն աւելի ծանրաբեռնելէ, լաւ տեղաւորեցէք զայն ձեր կռնակին ու ուսերուն վրայ` ծանրութիւնը հաւասարակշռելու եւ ձեր մարմնին մէկ կողմի լարուածութիւնը կանխելու համար:
Արծաթեայ Զարդերը Մաքրելու
5 Տարբերակներ
Արծաթեայ զարդերու խնամքն ու պահպանումը դժուար գործ չէ: Բաւարար է զանոնք մաքրել տարեկան մէկ-երկու անգամ, բայց կարեւոր է իմանալ, թէ այդ իրերը ինչպէս պէտք է պահպանել, որպէսզի չսեւնան ու պահեն իրենց փայլքը:
Օդի, խոնաւութեան եւ քիմիական նիւթերու պատճառով արծաթեայ զարդերը հակուած են սեւնալու կամ գունաթափուելու. հետեւաբար`
– Պաշտպանեցէք ձեր զարդերը օդէն, երբ զանոնք չէք կրեր: Տեղաւորեցէք զիփ լոք կերպընկալ փոքրիկ տոպրակներու մէջ եւ վստահ եղէք, որ տոպրակին օդը ամբողջութեամբ պարպուած է: Այսպիսով դուք կը սահմանափակէք ձեր զարդերու շփումը թթուածինի հետ:
– Խուսափեցէք արծաթեայ զարդերով լոգնալէ եւ մանաւանդ` լողաւազան մտնելէ: Պնակները լուալու կամ տան մաքրութեամբ զբաղելու ժամանակ արծաթեայ զարդերը մէկ կողմ դրէք:
Ինչպէ՞ս Մաքրել Արծաթեայ Զարդերը
– 1 –
Փոս ամանին յատակը ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել, արծաթեայ զարդը մէջը տեղաւորել, ապուրի դգալ մը սոտա կամ աղ ցանել եւ տաք ջուր աւելցնել: Սպասել 10 վայրկեան, ապա ցօղուել եւ փափուկ լաթով մը չորցնել:
– 2 –
Կիտրոնի հիւթը եւս լաւ տարբերակ է արծաթեայ իրերը մաքրելու համար: Թէյի դգալ մը սոտային վրայ քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցնել, այս խառնուրդով շփել զարդը` փափուկ լաթի մը կամ բամպակի միջոցով, ապա ցօղուել հոսող ջուրի տակ եւ ցամքեցնել:
– 3 –
Արծաթեայ որոշ զարդեր կարելի է մաքրել ակռայի դեղով, մանաւանդ եթէ հարթ մակերես չունին: Նման պարագայի, կարելի է դեղը դնել ակռայի խոզանակին վրայ եւ խոզանակելով վստահ ըլլալ, որ զարդին բոլոր փոսիկներն ալ մաքրուեցան: Անշուշտ վերջաւորութեան առատօրէն ցօղուել եւ անմիջապէս ցամքեցնել:
– 4 –
Քացախը ծանօթ է իր մաքրող եւ սպիտակացնող յատկութիւններով: Զարդերը թրջել հաւասար համեմատութեամբ ջուրի եւ քացախի խառնուրդի մէջ: Սպասել քառորդ ժամ, յետոյ ցօղուել եւ ցամքեցնել:
– 5 –
Որքան ալ զարմանալի թուի, քոլան եւս մաքրելու յատկութիւն ունի: Գաւաթի մը մէջ քոլա լեցնել եւ արծաթեայ շղթան ամբողջ գիշեր մը մէջը պահել: Յաջորդ առտու ցօղուել եւ ցամքեցնել:
Խոհագիր
Գետնախնձորի
Խրթխրթան Կեղեւներ
– Գետնախնձորի կեղեւ
– Աղ (նախընտրաբար` փաթիլներ)
– Կարմիր փոշի պղպեղ (կարելի է այլ համեմներ ալ օգտագործել` ըստ ճաշակի)
– Ձիթապտուղի ձէթ
Պատրաստութիւն
Այսուհետեւ գետնախնձորի կեղեւները չթափէք, զանոնք օգտագործեցէք խրթխրթան չիփսեր պատրաստելու համար:
Շատ լաւ լուացուած գետնախնձորի կեղեւները ամբողջ գիշեր մը աղի ջուրի մէջ թրջել (կարելի է աղը փոխարինել ապուրի դգալ մը ճերմակ քացախով):
Յաջորդ օրը կեղեւները քամոցէ անցընել եւ մաքուր լաթի մը վրայ տարածելով` ցամքեցնել:
Ափսէի մը յատակը ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել, կեղեւները ափսէին մէջ տարածել, աւելցնել ձիթապտուղի ձէթը, աղի փաթիլները եւ կարմիր փոշի պղպեղը: Ձեռքերով խառնել` վստահ ըլլալու համար, որ կեղեւները ներծծած են ձէթն ու համեմները:
Ափսէին մէջ լաւ տարածել կեղեւները` իրարմէ քիչ հեռու եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 15-20 վայրկեան: Մատուցել որեւէ թաթխանի կողքին:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Գետնախնձորին կեղեւը չափազանց հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքայիններով: Անիկա կը պարունակէ Սէ., Պէ. 5 եւ Պէ. 6 կենսանիւթեր, ինչպէս նաեւ հանքայիններ` կիր, երկաթ, զինկ, մանկանեզ, մակնեզիոմ, փոթասիոմ եւ այլն…
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ամպել էին, մթնել էին
Դէմի լեռները,
Պարան-պարան կապում էին,
Ա՜խ, մեր բեռները:
Կապում էին աման-չաման
Ու հին կարպետը,
Թողնում էին մեր թթենին,
Մեր տունն ու գետը:
Կապում էին վերմակ ու բարձ
Ու հին պղինձը,
Թողնում էին ոսկէ առուն,
Մեր դաղձն ու սինձը:
Դարսում էին, կապում էին
Մեր ճամբի հացը,
Թփերի տակ թողնում էին
Ծիծաղս ու լացս:
Պարան-պարան կապում էին,
Ա՜խ, մեր բեռները,
Ամպերի տակ թողնում էին
Մեր հին լեռները…
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ