Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Ֆորպզ» ամսագրի խոհարարական սիւնակագիր Լայզա Զիմերման վերջերս այցելած է Երեւան եւ այդ առիթով իր տպաւորութիւնները կիսուած է ամսագրին խոհարարական սիւնակին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը: Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք Զիմերմանի յօդուածէն հատուածներ:
«Հայկական խոհանոցին առաջին անգամ ծանօթացայ Շիքակոյի «Սայաթ Նովա» ճաշարանին մէջ: Յետոյ շարունակեցի հայկական ճաշարաններ այցելել Լոս Անճելըսի մէջ. համեղ հայկական ուտեստներու ծանօթացայ «քարուսել»-ի մէջ, որ կը համադրէր հայկական եւ լիբանանեան խոհարարական աւանդոյթները:
Երեւանը խոհարարական հաճոյքներու երկիր է: Հոն կը գերակշռեն թարմ խոտաբոյսերն ու տեղական պանիրները: Տեղացիները կը սիրեն այդ համադրութիւնը փաթթել լաւաշի մէջ ու վայելել:
Խորովածը եւս տեղական խոհանոցի կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկն է: Անիկա յաճախ կը պատրաստուի խոզի միսով: Տրուած ըլլալով, որ Հայաստանը քրիստոնեայ երկիր է, տեղացիներն ու այցելուները ուտեստներու լայն ընտրանի ունին: Կան նաեւ դասական եւ իւրայատուկ ուտեստներ, օրինակ` խորոված, մեծ դդումի մէջ լեցուած կանաչ լուբիա եւ միս` հրաշալի լոլիկի թացանով մը: Այս համեղ կերակուրը ճաշակեցի Երեւան այցելութեանս առաջին օրը, «Լաւաշ» ճաշարանին մէջ:
Միւս ճաշատեսակները, ինչպիսիք են մանթին կամ այլ լցոնած խմորեղէնները, նուազ տպաւորիչ չեն: Մանթի կը պատրաստուի շատ մը երկիրներու մէջ, օրինակ, Թուրքիա եւ Լիբանան, սակայն Երեւանի հայերը զայն հրաշալի ձեւով կը մատուցեն: Սեղան կը բերեն մանթին, ապա վրան կ՛աւելցնեն արգանակն ու թթուասերը:
Լաւագոյն մանթին, որ ես փորձեր եմ լիբանանահայկական ճաշարանին մէջ էր, որ «մանթի» կը կոչուէր եւ կը գտնուէր քաղաքին կեդրոնը:
Եթէ կը փափաքիք վայելել Երեւանը, արեւածագին օդապարիկով թռիչք կատարեցէք: Skyballarmenia-ն հիանալի աշխատանք կը կատարէ` այցելուները օդ բարձրացնելով եւ շրջակայ լեռներու ապշեցուցիչ տեսարանները ցուցադրելով: Օդաչուն նոյնիսկ տեղական շամփայն կը մատուցէ, իսկ թռիչքէն առաջ եւ յետոյ` սուրճ եւ խորտիկներ: Զարմանալի զուարճանք է:
Այս կանաչ եւ առատ քաղաքին մէջ շատ են գինիներու կապելաները: Տեղացիները կը շարունակեն բացայայտել իրենց պատմական գինիի ժառանգութիւնը:
Ճամբորդութեան ընթացքին զիս միշտ կը հետաքրքրէին բանջարեղէնային ուտեստները: «Դալան» ճաշարանը, որ կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը, ունի իւրայատուկ ուտեստ մը` տապկուած հաւկիթով ճակնդեղ, որ իսկական «ռումբ» մըն է:
Երկար գիշերէ մը ետք «Արտաշի մօտ» կրնաք փորձել աշխարհի լաւագոյն շաուրման: Ես պիտի նախընտրէի զայն վայելել առանց տապկուած գետնախնձորի, թերեւս` քիչ մը մանանեխ աւելցնելով…»:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Գիտելիքներ
– Նկարին վրայ պատկերուած դգալը պիտանի իր մըն է, անիկա իր կեդրոնը ունի կլոր բացուածք մը, որ կը համապատասխանէ սփակեթթիի մէկ չափաբաժինի: Այսպէս, ուտող անձերուն թիւին համապատասխան չափեցէք ու պատրաստեցէք ձեր համեղ սպակեթթին…
– Շատ յաճախ կաթսաներուն բռնակին ծայրամասին կլոր բացուածք մը կ՛ըլլայ. զայն կարելի է օգտագործել դգալին կոթը հաստատելու համար: Այսպիսով, դգալը կերակուրին մէջ չի մնար, ոչ ալ տաքէն կ՛ազդուի…
– Ընտանի անասուններուն ստեւները անխուսափելիօրէն կը կպչին մոքեթներուն եւ դժուար կ՛ըլլայ զանոնք մաքրելը: Միշտ չէ, որ փոշեկուլին պիտի դիմէք, կրնաք օգտագործել նկարին վրայ պատկերուած յատակի մաքրութեան ծառայող գործիքը, որմէ բոլորս ալ ունինք մեր տան մէջ: Այս երկար ձողին ծայրամասին գտնուող քաուչուքը հրաշքներ կը գործէ:
– Պնակները լուալէ ետք պէտք չէ, որ սպունգը թաց, խոնաւ մնայ եւ մանրէներու բոյն դառնայ: Կրնաք օգտագործել նկարին վրայ պատկերուած ամրակը եւ հարթել այս անպատեհութիւնը:
– Խաւաքարտէ տուփերով վաճառուող հիւթերը ունին երկու սրածայր ծալուածքներ, զորս երեխաները պէտք է բանան եւ զանոնք բռնելով խմեն հիւթը: Այս ծայրամասերը եղած են, որպէսզի երեխան չճզմէ տուփը, հիւթը չթափէ ու ձեռքերը չաղտոտէ:
Մանկաբուժին Կարծիքով
Վնասակար Քաղցրաւենիքներ
Մանկաբուժին կարծիքով, մինչեւ 4-5 տարեկան երեխաներու կարելի չէ քարամել կամ սառնաշաքար տալ:
Փոքր տարիքի երեխաները պարզապէս չեն գիտեր` ինչպէ՛ս ճիշդ ուտել քաղցրաւենիքի այս տեսակները: Երեխան քարամելը դանդաղ լուծելով ուտելու փոխարէն` կը կրծէ ու կը ծամծմէ, ինչ որ վնասակար է ակռաներուն համար. միւս կողմէ` կրծուած շաքարի կտորները կրնան խեղդամահ ընել երեխան, եթէ ժամանակին չնկատուի:
Այնուամենայնիւ, ինչպէս կ՛ընդգծէ մանկաբուժը, աւելի մեծ տարիքի երեխաներուն համար ալ քարամելն ու սառնաշաքարը օգտակար քաղցրաւենիքներ չեն, քանի որ անոնք ակռաներու փտախտի պատճառ են:
Ասկէ բացի` սառնաշաքարները յաճախ կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ վնասակար սննդային յաւելումներ եւ ներկեր: Այս յաւելումները կրնան մորթային լուրջ գերզգայնութիւններ պատճառել:
Մանկաբուժը նաեւ կ՛աւելցնէ, որ վերոյիշեալ ներկանիւթերը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան երեխաներու ջղային համակարգին վրայ` պատճառելով ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի դժուարութիւն:
Խոհագիր
Նարինջով Կարկանդակ
– 5 հաւկիթ
– 1 թէյի դգալ նարինջի կեղեւի տաշուք
– 1 թէյի դգալ վանիլլա
– 1.5 գաւաթ շաքար
– 1 գաւաթ բուսական ձէթ
– 1 գաւաթ թարմ նարինջի հիւթ
– 2.5 գաւաթ մաղէ անցած ալիւր
– 3 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
Պատրաստութիւն
Հաւկիթները ելեկտրական հարիչով զարնել 1-2 վայրկեան: Աւելցնել վանիլլան, նարինջի տաշուքն ու շաքարը եւ շարունակել հարել: Յետոյ յաջորդաբար աւելցնել` ձէթը, նարինջի հիւթը, ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը եւ շարունակել հարել:
Կարկանդակի կաղապարը կարագով եւ ալիւրով ծեփել, խմորը փոխադրել կաղապարին մէջ եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով, շուրջ 40-45 վայրկեան:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
… Բայց արիւն հոսեց մեր ակօսներով,
Մեր լոյսի հասկը
Գլխատուեց անյոյս ու անապաւէն:
Ու ես վէճ ունեմ, քէն ունեմ, ներո՛ղ,
Նախնիներիս դէմ ոխ ունեմ ու քէն:
Առաջին մետաղն, ասում են, դու ես ձուլել իմ երկիր,
Բայց խոփն ո՞ւմ էր պէտք,
Սրեր էին պէտք ու մկունդ, ու նետ,
Եւ ո՞ւմ էին պէտք
Մեսրոպեան տառերն այս երկաթագիր,
Մեզ երկաթակիր հրոսակների շառաչիւն էր պէտք:
Դուք մեր ափին մէջ ինչո՞ւ դրեցիք խղճի մաճն արդար,
Եաթաղան տայիք, տապար ու կացին,
Եւ ինչո՞ւ դրիք
Աստղոտ ցորենի հրաշքը խարտեաշ,
Որո՛մ դնէիք,
Որ թոյն խառնէինք օտարի հացին…
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
Հատուած` «Գիշերային զրոյց Նարեկացու հետ»