Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կը պատմուի, որ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը այնքան չէր սիրեր իր ծննդեան տօնը, որքան` անուանակոչութեանը: 1917-ի յունուար 14-ը ձիւնառատ օր էր: Երկու տասնեակէ աւելի երիտասարդ գրողներ հաւաքուեր էին իրենց ընկերոջ տան մօտ եւ որոշեր էին նուէր մը մատուցել անոր: Անոնք գներ էին ցուլի սեւ արձանիկ` վրան պրոնզէ աղջիկ: Կ՛որոշեն նուէրը յանձնել երեք կին գրողներու ձեռամբ… Բանաստեղծուհիները կը յանձնեն նուէրը, սակայն նախքան անոնց մեկնումը` բանաստեղծին պատուիրակը հետեւեալ երկտողը կը յանձնէ, «Եթէ բոլորդ չգաք, նուէրը ետ կ՛ուղարկեմ»:
Երիտասարդ գրողները ամչնալով կը բարձրանան Թումանեանի տան մարմարէ աստիճանները, ուր կը դիմաւորուին բանաստեղծին կողմէ: Քիչ անց մեծ դահլիճին մէջ արդէն կը պարէին թեւ-թեւի տուած զօրավար Անդրանիկը, Շիրվանզադէն եւ անոնց միացած երիտասարդները:
Նշենք, որ վերոյիշեալ արձանիկը, ինչպէս եւ Թումանեանի Թիֆլիսի տունէն գրողի բոլոր իրերը 9 մեծ բեռնակառքերով 1953-ին երեւան տեղափոխուեցան, ուր բանաստեղծին կնոջ եւ աղջիկներուն ջանքերով վերստեղծուեցաւ թիֆլիսեան տունը:
Ոճաբանին Կարծիքով
Քրիսթինա Քորտիւլայի
Խորհուրդները
Ծագումով պրազիլացի Քրիսթինա Քորտիւլան նախկին մանըքէն է. ներկայիս ան Ֆրանսա կ՛ապրի եւ ծանօթ է որպէս ոճաբան: Քրիսթինան սիրուած ու գնահատուած է պատկերասփռուած իր յայտագիրներուն համար, որոնց ընդմէջէն հետաքրքրական եւ գործնական խորհուրդներ կու տայ նորաձեւութեան մասին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ոճաբանին խորհուրդներէն մէկ քանին:
- Եթէ գէր էք կամ տարեց, հրաժարեցէք անթեւ հագուստներէն:
- Նոյնիսկ եթէ բարեձեւ սրունքներ ունիք, խուսափեցէք մորթի գոյն քոլաններէն եւ նախապատուութիւնը տուէք օփաք եւ մութ գոյնի տեսակներուն:
- Եթէ գէր էք, հրաժարեցէք սլիմ, փակած ճինզերէն, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն ձեր գիրութիւնը:
- Եթէ հաստ սրունքներ ունիք, խուսափեցէք կարճ մոյկերէն: Նախապատուութիւնը տուէք փոքր կրունկով կօշիկներուն:
- Եթէ մեծ կուրծքեր ունիք, հրաժարեցէք գոց օձիքներէն. կրեցէք քառակուսի կամ կլոր տեքոլթէներ:
- Եթէ գէր կամ տարեց էք, խուսափեցէք շատ կարճ հագուստներէն:
- Եթէ լեցուն կազմուածք ունիք, կրեցէք մեծ զարդեղէններ, իսկ եթէ նրբիկ էք` նուրբ զարդեղէններ:
- Ձեր կրած հագուստին գոյներով մի՛ շպարուիք, հաշուի առէք ձեր աչքերուն եւ մորթին գոյնը:
Քրիսթինայի կարծիքով, «Բոլոր կիներն ալ գեղեցիկ են, գէր կամ նիհար, իւրաքանչիւրը ունի իր զօրաւոր կէտը»:
Օրը Լաւ Սկսելու
6 Պատուիրանները
Օրը լաւ սկսելու եւ լաւ աւարտելու համար շատ բան հարկաւոր չէ. տեսէք, թէ ի՛նչ կը թելադրեն փորձառու մարդիկ…
-1-
Նախքան տունէն ելլելը` դուք ձեզ կարգի բերէք, մի՛ անտեսէք ձեր հագուածքը, մազի յարդարանքը, շպարը… Տունէն ելէք ինքնավստահ եւ ժպտադէմ:
-2-
Նոր երեւոյթներով լեցուցէք ձեր կեանքը, այդ նորը կրնայ ըլլալ` զբաղում, ուտեստեղէն, զբաղում, նոր ծանօթութիւն, նոր գիրք եւ այլն… նոր հորիզոններ բացէք ձեր առջեւ:
-3-
Մէկ օր հրաժարեցէք հեռատեսիլէն, համակարգիչէն, բջիջայինէն: Նոր աշխարհ բացայայտեցէք ձեզի համար, վայելեցէք բնութիւնը, հետաքրքրուեցէք ձեր քաղաքին անցուդարձերով, ձեզ շրջապատող մարդոցմով:
-4-
Հեռաձայնեցէք անոնց, որոնց հետ երկար ժամանակէ ի վեր կը փափաքէիք խօսիլ, եւ առիթը չէր ներկայացած: Հեռաձայնեցէք եւ պարզապէս խօսեցէք լաւ նիւթի մը մասին` համերգ, ճամբորդութիւն, հետաքրքրական գիրք, ձեռնարկ եւ այլն… Յարաբերեցէք ձեզի հաճելի եւ դրական մարդոց հետ:
-5-
Օգտակար գործ մը կատարելու բաւարարութիւնը ապրեցէք: Օգնեցէք կարիքաւորներու, զրուցեցէք լսելու պահանջը ունեցող մարդոց հետ, երջանկացուցէք թէկուզ մէկ¬երկու երեխայ:
-6-
Այսօր իսկ սկսէք ընել, այն ինչ երկար ժամանակէ ի վեր կը յետաձգէք (նորոգութիւններ, ընդհանուր մաքրութիւն, գնումներ, մարզանք, սննդականոն եւ այլն…), նոյնիսկ եթէ մէկ փոքրիկ քայլ առնէք, արդէն ատիկա մեկնարկ է, եւ դուք անպայման կը շարունակէք ու աւարտին կը հասցնէք:
Թէ ի՛նչ, կ՛արժէ առնել առաջին քայլը, քանի ուշ չէ:
Խոհանոցի Գաղտնիքներէն
Ուտելիքներու Ճիշդ Եւ Երկար
Պահպանման 8 Խորհուրդներ
Ուտելիքներու ճիշդ պահպանման նպատակն է պահպանել անոնց բոլոր սննդային եւ համային յատկութիւնները, ինչպէս նաեւ` անոնց գոյներն ու հիւսուածքները: Շատ կարեւոր է նաեւ, որքան կարելի է, զանոնք երկար ուտելի դարձնել` յետաձգելով անոնց քայքայումը եւ մանրէներու բորբոսներու զարգացումը եւ այդպէսով խուսափիլ սննդային թունաւորումներէ:
-1-
Բուրաւէտ խոտերու կեանքը այնքան ալ երկար չէ. նախքան թառամիլը` զանոնք մանրեցէք, լեցուցէք սառոյցի կաղապարներուն մէջ, ձիթապտուղի ձէթ աւելցուցէք ու սառեցուցէք: Սառած խորանարդները օգտագործեցէք կարգ մը կերակուրներու եւ աղցաններու պատրաստութեան մէջ:
-2-
Որպէսզի, մեծաքանակ գնուած սոխերը չծլին ու երկար դիմանան, զանոնք լեցուցէք կանացի մաքուր գուլպայի մը մէջ` հանգոյցներով իրարմէ բաժնելով: Ապա զանոնք կախեցէք չոր ու զով տեղ մը: Այսպիսով սոխերը թէ՛ կը շնչեն եւ թէ՛ երկար կը դիմանան:
-3-
Շուկայէն բերուած սունկերը առանց լուալու փոխադրեցէք թուղթէ տոպրակի մէջ եւ զետեղեցէք սառնարանը եւ կամ զով տեղ մը: Կերպընկալ տոպրակի մէջ պահուած սունկը շուտով կը ջրոտի ու կը բորբոսի:
-4-
Շուկայէն բերուած ոչ հասուն լոլիկը գլխիվար տեղաւորեցէք թուղթէ տոպրակի մը մէջ եւ սպասեցէք, որ հասուննայ:
-5-
Կանաչ սոխը լուացէք, մանրեցէք, ցամքեցուցէք եւ լեցուցէք կերպընկալ շիշի մէջ: Այսպիսով ամբողջ տարին ձեռքի տակ կանաչ սոխ կ՛ունենաք:
-6-
Ստեպղինները երկար ատեն թարմ պահելու համար կտրեցէք անոնց կանաչ պտղակոթը, ապա մխրճեցէք ջուրով լեցուն սափորի մէջ: 4-5 օրը անգամ մը ջուրը նորոգեցէք:
-7-
Որպէսզի կրկնեփները երկար ժամանակ թարմ ու խրթխրթան մնան` անոնց ամանին մէջ հացի կտոր մը աւելցուցէք: Հացը կը ներծծէ խոնաւութիւնը եւ կը պահպանէ անոնց թարմութիւնը:
-8-
Եթէ աղցանի պարտաստութեանհամար մեծաքանակ հազար մանրեր էք եւ կ՛ուզէք մէկ մասը պահել, զայն փոխադրեցէք զիփ լոք կերպընկալ տոպրակի մէջ եւ նախքան տոպրակը փակելը` մէջը թուղթէ թանձր անձեռոցիկ մը զետեղեցէք:
Խոհագիր
Խնձորի Օղակներ
2 մեծ խնձոր
1 ծրար փաֆ փասթրի խմոր
2 ապուրի դգալ շաքար
1 թէյի դգալ փոշի կասիա
1 հաւկիթի դեղնուց
Պատրաստութիւն
Խնձորները կլոր շերտել (առանց կեղուելու) եւ իւրաքանչիւր շերտի կեդրոնին կլոր բացուածք մը բանալ:
Իւրաքանչիւր շերտ երկու երեսով թաթխել շաքարով խառնուրդին մէջ:
Փաֆ փասթրի խմորը երկար, ժանեակաձեւ կտրատել եւ իւրաքանչիւր ժանեակ խնձորի շերտին շուրջ փաթթել:
Ձեւաւորուած խմորները շարել փուռի ափսէին մէջ, երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել, մինչեւ որ խմորները ոսկեգոյն դառնան:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայոց Պատմութիւն
Ես ընկել եմ պագշոտ Շամիրամի նետից,
Հին Հռոմն է զարկել ինձ մահացու խոցով,
Իմ արիւնն են ոթել, խառնել Տղմուտ գետին,
Իմ լեզուն են այրել ատրուշանի բոցով:
Խաչ են դաջել կրծքիս բիւզանդական տէգով,
Արաբ նժոյգների սմբակի տակ գցել.
Ինձ խարոյկ են հանել մոնղոլների ձեռքով,
Սիրտս օսմանական սուիններին ցցել:
Ինձ հայրենի մեր տան թխկենուց են կախել,
Եւ հոգիս են բանտել շղթաներով երկաթ.
Ինձ զարկել են, խարկել ու կենդանի թաղել…
Բայց ես դեռ կա՛մ:
ՀՐԱՉԵԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ