Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Խաշլաման գառնուկի կամ հորթի միսով պատրաստուած հայկական աւանդական կերակուր է, անուանումը յառաջացած է հայերէն «խաշել» բառէն:
Անցեալին Նաւասարդ տօնի ժամանակ Արամազդ աստուծոյ ի պատիւ ուխտագնացութիւններ կը կատարուէին դէպի սուրբ վայրեր եւ այդ առիթով խաշլամա կը պատրաստէին:
Խաշլամա պատրաստելու տարբեր ձեւեր կան. մեր օրերուն իւրաքանչիւր խոհարար իր տարբերակը ունի, բայց զայն պատրաստելու հիմնական սկզբունքը կաթսային մէջ շարքերով միս եւ բանջարեղէն (գետնախնձոր, պղպեղ, ստեպղին, լոլիկ…) շոգեխաշելն է:
Խաշլամային յատուկ բուրմունք տալու համար եփուող զանգուածին գարեջուր կամ գինի, ինչպէս նաեւ համեմունքներ կ՛աւելցուին:
Հայերուս մօտ տարածուած սովորութիւն էր մատաղը: Զոհաբերուող անասունին միսը կ՛եփուէր խաշլամայի սկզբունքով, սակայն առանց բանջարեղէնի:
Խաշլաման տօնական սեղաններու, բայց նաեւ սուգի հացկերոյթներու պարտադիր կերակրատեսակը եղած է, մինչդեռ մեր օրերուն անիկա ամէնօրեայ կերակուր կրնայ նկատուիլ:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Անցեալին սուգի հացկերոյթը կամ հոգեճաշը կը կատարուէր կէսօրէ ետք. զայն կը պատրաստէին տանտիրուհիին բարեկամուհիները: Այդ սեղանի գլխաւոր ուտեստը խաշլաման էր, որ զուտ շոգեխաշուած վիճակով, առանց բանջարեղէններու սեղան կը բերուէր: Կը պատրաստուէր նաեւ առանց թթխմորի եւ աղի բաղարջ ու կը բաժնուէր իբրեւ հոգեհաց:
Սուգի ծիսական հացկերոյթի հիմնական գաղափարը զոհի միսը համատեղ ուտելու միջոցով մահը յաղթահարելու, վերածնունդը կեանքի կոչելու հաւատքն էր:
Հետաքրքրական է, որ սուգի հացկերոյթին միայն տղամարդիկ կը մասնակցէին, կամ սկիզբը` տղամարդիկը, յետոյ` կիները: Տանտիրուհիին արգիլուած էր մասնակցիլ կերակուրի պատրաստութեան, քանի որ ան ծիսականօրէն անմաքուր կը նկատուէր: Երեխաները նոյնպէս չէին մասնակցեր սուգի հացկերոյթին, որպէսզի հեռու մնան մահուան, չարի վնասաբեր ազդեցութենէն:
Ինչպէ՞ս Վարոււլ
Եղունգ Կրծող Երեխային Հետ
Սովորաբար երեխաները եղունգ կրծելու կը սկսին 2 տարեկանէն սկսեալ. ծնողքին համար ասիկա անհանգստութեան եւ ընկճախտի նշան է… Համոզուեցէք` միշտ չէ, որ այդպէս է, այս սովորութիւնը կրնայ անհետանալ նոյնքան արագ, որքան յայտնուեր է, պայմանաւ որ դուք ճիշդ կեցուածք որդեգրէք:
Եղունգները կրծելը (onychophagie) հիւանդութիւն չէ, այլ` գէշ սովորութիւն մը, որ կը յայտնուի հարկադրաբար, առանց գիտակցելու եւ կամաւոր հրաժարելու դժուարութեամբ:
Գտէ՛ք onychophagie-ին պատճառները
– Շատ յաճախ երեխաները իրենց եղունգները կը կրծեն իրենց կեանքին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն ետք: Ձեզի կը մնայ պարզել, թէ ի՛նչն է այս նոր իրադարձութիւնը, որ խաթարեր է ձեր երեխային առօրեան: Փոքր եղբօր կամ քրոջ ծնո՞ւնդ, մա՞հ, ծնողներէն մէկուն աշխատանք կորսնցնե՞լը, դպրոց փոխե՞լը եւ այլն… փոփոխութիւնը կրնայ չնչին թուիլ ձեզի, բայց սարսափելիօրէն անհանգստացնող ձեր երեխային համար:
– Հազուադէպօրէն փոքրիկը նաեւ եղունգները կը կրծէ նմանակելու միտումով. օրինակ` ծնողքին, դասընկերոջ եւ այլն…
– Հեռատեսիլի, համակարգիչի կամ ելեկտրոնային գործիքներուն առջեւ չափազանց շատ ժամանակ անցընելը նոյնպէս կրնայ ընկճախտի գործօն ըլլալ: Ասկէ բացի` պատկերասփիւռը երեխան կը դնէ կրաւորական վիճակի մէջ, չի ձգեր, որ ան գիտակցի իր արարքներուն: Այսպիսով, ան անգիտակցաբար կը կրծէ իր եղունգները:
Ինչպէ՞ս վարուիլ եղունգ կրծող երեխային հետ
– Նախ եւ առաջ եղէք դաստիարակ: Բացատրեցէք, որ այս սովորութիւնը վնասակար է առողջութեան, քանի որ ձեռքերը բազմաթիւ մանրէներ կը կրեն. զանոնք բերելով իր բերանին` հիւանդութիւններու առիթ կու տայ:
– Պարբերաբար շատ կարճ կտրեցէք երեխային եղունգները. ասիկա կը նուազեցնէ կրծելու փորձութիւնը: Երեխային համար առիթ ստեղծեցէք, որպէսզի իր ձեռքերը զբաղած պահէ` գծելով, ներկելով, կաւով խաղալով, շինարարական խաղերով զբաղելով, ձեզի օգնելով եւ այլն…
Հոգեբան եղէք
– Ձեր երեխային հետ խօսեցէք, հարցուցէք, թէ զինք անհանգստացնող բան կա՞յ: Կարեւոր է, որ ձեր երեխան կարենայ կիսել իր մտահոգութիւնները: Երբ անոր բեռը թեթեւնայ, եղունգները կրծելու սովորութիւնը կրնայ քիչ-քիչ անհետանալ:
– Խուսափեցէք անընդհատ զինք անհանգստացնելէ կամ ուրիշներու ներկայութեան դիտողութիւն ընելէ: Բացի երեխան նուաստացնելէ` դուք մեծ արդիւնքի չէք հասնիր: Ան կրնայ նոյնիսկ գաղտնի կրծել իր եղունգները:
– Համոզուեցէք, որ այս սովորութիւնը չի խանգարեր անոր կեդրոնանալու ունակութեանը: Եթէ ձեր երեխան եղունգները կը կրծէ արիւնելու աստիճան, մի՛ վարանիք մասնագէտի դիմելէ:
– Վերջապէս, եղէք դրական եւ օգնեցէք ձեր երեխային, որ ինքնավստահութիւն ձեռք բերէ: Շնորհաւորեցէք զինք ամէն անգամ, երբ պզտիկ յառաջդիմութիւն մը նկատէք:
Եղունգ կրծելու սովորութիւնը արագ լուծում չունի, հետեւեցէք վերը նշուած թելադրանքներուն եւ եղէք համբերատար:
Ինչպէ՞ս Հին Ճամբորդական
Պայուսակի Մը Երկրորդ Կեանք Մը Տալ
Իրերը վերաիմաստաւորելու եւ անոնց երկրորդ կեանք մը տալու ունակութիւնը հմտութիւն է, որ բոլորին տրուած չէ: Եկէք տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են հին վալիզի մը:
Եւ այսպէս`
Ա.- Կարելի է հին վալիզը վերածել հանգստաւէտ տիւանի մը:
Բ.- Կարելի է հին վալիզին կափարիչը վերածել մատուցման ափսէի մը:
Գ.- Կարելի է հին վալիզը վերածել շպարի եւ մազի յարդարանքի սեղանի մը:
Դ.- Կարելի է հին վալիզը վերածել խմիչքի պարի մը:
Ե.- Կարելի է հին վալիզը վերածել թաղարի մը:
Զ.- Կարելի է հին վալիզը վերածել փոքրիկ գրադարանի մը:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն խունկին դրական ազդեցութիւնը մարդոց հոգեվիճակին վրայ: Փորձագէտներուն կարծիքով` խունկին ծուխը կը պարունակէ այնպիսի նիւթեր, որոնք կը հեռացնեն ընկճախտը, կ՛օգնեն յաղթահարելու ջղային լարուածութիւնը, խուճապի տագնապները, անձկութիւնը եւ այլն…
Խունկին ծուխը նաեւ կը դարմանէ անքնութիւնը:
Վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնները նաեւ յանգած են այն եզրակացութեան, որ խունկին բոյրը կը բարելաւէ յիշողութիւնը եւ կ՛ամրացնէ մտային կարողութիւնները:
Բացի մարմնին վրայ ունեցած այս բուժիչ ազդեցութիւններէն խունկը կը մաքրէ օդին մէջ առկայ վարակներն ու մանրէները, ինչպէս նաեւ ապականած օդը:
Հակառակ այս բոլորին, կայ երկրորդ վարկած մը, որ կը զգուշացնէ յաճախակի խունկ վառելու սովորութենէն, քանի որ վառած խունկէն յառաջացող ծուխը նաեւ կը պարունակէ ոչ առողջապահական նիւթեր: Հետեւաբար պէտք չէ չարաշահել անոր օգտագործումը:
Խոհագիր
Խնձորի Չիփսեր
– 4 կարմիր խնձոր
– 2 – 3 ապուրի դգալ փոշի շաքար
– Կէս կիտրոնի հիւթ
– Կէս ապուրի դգալ կասիա
Պատրաստութիւն
Փուռը թաքցնել 200 ջերմաստիճանով:
Խնձորներուն միջուկը հանել, բայց չկեղուել, ապա զանոնք կլոր` շատ բարակ շերտերու վերածել (ի հարկին մանտոլին կոչուած գործիքը օգտագործելով):
Շերտուած խնձորներուն կիտրոնի հիւթ աւելցնել, լաւ խառնել, ապա փոշի շաքարն ու կասիան աւելցնել եւ դարձեալ խառնել:
Ափսէին մէջ յատուկ թուղթ տարածել, վրան շարել խնձորի կլոր, բարակ շերտերը եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել մէկուկէս ժամ` եփի կիսուն շերտերը հակառակ կողմ դարձնել, որպէսզի երկու երեսով համաչափ եփին ու խրթխրթան դառնան: Սպասել, որ լաւ պաղին, ապա մատուցել:
Եփի տեւողութիւնը կրնայ տարբերիլ, նայած խնձորի տեսակին եւ շերտերու թանձրութեան:
Խնձոր ուտելու
համոզիչ պատճառներ
Խնձորը բնաթելով հարուստ պտուղ է. անոր տեւական օգտագործումը կը կանոնաւորէ աղիքներուն գործունէութիւնը եւ կը կանխէ փորկապութիւնը:
Խնձորը կը պարունակէ հակաօքսիտաններ, որոնք կ՛արգիլեն քաղցկեղի բջիջներու բազմացումը:
Խնձորը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը եւ մասամբ աւելցնել լաւ քոլեսթերոլինը:
Գրեթէ բոլոր սննդագէտները համաձայն են, որ խնձորը յարմար պտուղ մըն է բոլոր անոնց, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին, քանի որ անիկա նաեւ ունի ախորժակը զսպելու կարողութիւնը:
Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են, որ հակաօքսիտաններ պարունակող պտուղները, որոնց շարքին խնձորը հետեւողական կերպով սպառելու պարագային. անոնք կը նպաստեն ոսկորներու ամրութեան եւ ոսկրային զանգուածի յաւելման:
Ֆոսֆորով հարուստ խնձորը նաեւ կը նպաստէ հանգիստ քունի ու թուլացման եւ կը փարատէ անձկութիւնը:
Հոլանտական ուսումնասիրութիւն մը հաստատած է, որ օրական մէկ խնձոր ուտելը կը պաշտպանէ ուղեղի կաթուածէ: Նոյն այս յատկութիւնը ունի նաեւ տանձը:
Խնձորը կարեւոր է բերանի խոռոչի մաքրութեան եւ առողջութեան պահպանման համար: Ան կը նպաստէ լորձունքի արտադրութեան: Լորձունքը ակռաները կը պաշտպանէ մանրէներէ եւ փտախտէ:
*
* * *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մեր հողը վաղուց խլուած,
Մեր տունը վաղուց փլուած…
Հող չունենք ու տուն չունենք:
Քար քաշում, քար ենք տաշում,
Քարի հետ կեանք ենք մաշում,
Յենուելու մի սիւն չունենք:
Յետեւում խաբկանք ու սուտ,
Առջեւում վիհեր են մութ,
Ելք չունենք ու հուն չունենք:
Տղերք կան պինդ, պնդակուռ,
Ում տեսնես` մի Սասնայ ծուռ…
Ծռեր կան, Սասուն չունենք:
Ամէն մի Դաւթի համար
Ունքերը կեռ ու կամար
Մի Խանդութ Խաթուն չունե՞նք:
Յոգնած ու խմած էինք,
Խաբուած ու քնած էինք,
Արթնացանք, էլ քուն չունենք:
Փակուած ենք անձաւի մէջ,
Տապակուած մեր ցաւի մէջ,
Ցաւ ունենք, խնդում չունենք:
Մենք մերը չե՞նք լինելու,
Մեր տէրը չե՞նք լինելու,
Մեր ցանած ածուն չունե՞նք:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ