Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ինչպէ՞ս Տունը Վերածել Յարմարաւէտ ու Հաճելի Վայրի Մը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տունը այն վայրն է, ուր ծանրաբեռնուած օրուան մը աւարտին մենք պէտք է կարենանք բեռնաթափուիլ մեր առօրեայ բոլոր հոգերէն, թուլանալ ու խաղաղիլ:

Շատ կարեւոր է տան մէջ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք մեզ պիտի պաշտպանեն բացասական զգացումներէ եւ բնակարանը վերածեն յարմարաւէտ ու հաճելի վայրի մը:

Ահա՛ 7 դիւրին խորհուրդներ, որոնց օգնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ իրագործել այս բոլորը:

– 1 –

Տան մուտքը դարձուցէք հիւրընկալ եւ գեղեցիկ:

Երբ դուք տուն կը մտնէք, ի՞նչ կը տեսնէք առաջին հերթին, հայելիին առջեւ բանալիներու տրցա՞կ, ասդին-անդին նետուած կօշիկնե՞ր, կախուած վերարկունե՞ր… Մտնելով այսպիսի տուն մը` դուք ակամայ կը զգաք հոգերու եւ տան հետ կապուած աշխատանքներու ծանրութիւնը: Փոփոխութիւնները սկսէք տան մուտքէն, դասաւորեցէք իրերը, պզտիկ փոփոխութիւններ մտցուցէք յարդարանքին մէջ, ձերբազատուեցէք աւելորդ եւ խճողող ապրանքներէն, թող ձեր տան մուտքը ուրախ տեսքով դիմաւորէ ձեզ:

– 2 –

Ննջասենեակը դարձուցէք ընդարձակ:

Փոքր եւ խճողուած ննջասենեակը յաճախ ընկճախտ կը պատճառէ. ճիշդ է, որ ամէն ոք հնարաւորութիւնը չունի ընդարձակ սենեակ ունենալու, սակայն նոյնիսկ փոքր սենեակը կարելի է ընդարձակել` պարզապէս ապրանքները վերադասաւորելով, ոչ պիտանիներէն ձերբազատուելով:

Եւ այսպէս, դուք կրնաք պզտիկ փոփոխութիւններով նոր շունչ տալ ձեր ննջասենեակին` փոխելով վարագոյրն ու մահճակալին ծածկոցը, ընտրելով բաց ու լուսաւոր գոյներ:

– 3 –

Փոխեցէք պատերուն գոյնը:

Զարդանաշխերով փափիէ փենները, թանձր ու մութ գոյնի վարագոյրները, խճողուած կահոյքը… ահա՛ բաւարար պատճառներ, որ դուք աւելի եւս ընկճուած եւ անտրամադիր զգաք: Պատերուն նոր կեանք տուէք` զանոնք ներկելով երկնագոյն, բաց կանաչ, բաց վարդագոյն, ճերմակ… Այս գոյները հանգստացնելու եւ թուլացնելու յատկութիւն ունին:

Թանձր վարագոյրները փոխարինեցէք կիսաթափանցներով, թող արեւն ու լոյսը ներս թափանցեն, պայծառացնեն ձեր միտքն ու հոգին:

– 4 –

Տնային բոյսեր աճեցուցէք:

Բոյսերը կրնան կերպարանափոխել ձեր բնակարանը` զայն դարձնելով աւելի յարմարաւէտ եւ հիւրընկալ: Բնական կանաչի ներկայութիւնը ձեր տունը կը լեցնէ խաղաղութեամբ եւ հանգստութեամբ: Չմոռնաք, որ բոյսերը նաեւ օդը մաքրելու յատկութիւն ունին:

– 5 –

Ննջարանէն հեռացուցէք ելեկտրական սարքերը:

Հեռատեսիլ, բջիջային, նոթպուք, վիտէօ խաղեր` այս բոլորը կը խանգարեն ձեր քունը եւ բացասաբար կ՛ազդեն ձեր հոգեկանին վրայ: Հրաժարեցէք ձեր քունը խանգարող այս բոլոր սարքերէն: Քնանալուն կ՛օգնէ տաք լոգանք մը կամ խաղաղութիւն պարգեւող գիրքի մը ընթերցումը:

– 6 –

Մաքրեցէք տունը անպէտք եւ հին իրերէն:

Հին ու անպէտք իրեր պահելը ունի բացասական ազդեցութիւն: Տարիներով պահարաններուն մէջ, պատշգամը կամ այլ տեղեր հաւաքուած իրերը երբեմն բեռնատար ինքնաշարժ մը կը պահանջեն զանոնք տեղափոխելու համար…

Անպէտք իրերը կը ծանրաբեռնեն տարածութիւնը, փոշիի բոյն կը դառնան, բայց նաեւ հոգեպէս կը ճնշեն: Եթէ իսկապէս կ՛ափսոսաք զանոնք թափելու, տուէք ուրիշին: Համացանցի վրայ գոյութիւն ունին կայքեր, ուր կարելի է իրերը վաճառքի հանել կամ նուիրել կարիքաւորներու:

– 7 –

Ստեղծեցէք ձեր «երջանիկ անկիւն»-ը:

Գտէք տան մէջ թէկուզ շատ փոքրիկ հանգիստ վայր մը, ուր կը կարենաք թուլանալ, ձեր միտքերը ամփոփել, ուղղակի լռութեան մէջ նստիլ… Այդ երջանիկ անկիւնը թող ըլլայ ձեր ճաշակին` փափուկ բարձեր, յարմարաւէտ բազմոց, լուսանկարներ կամ իրեր, որոնք ձեզ կ՛երջանկացնեն:

Անշուշտ տան յարդարանքն ու կահոյքը միակ ազդակները չեն հանգիստ ու խաղաղ ապրելու համար, սակայն վերը նշուած 7 խորհուրդները կ՛օգնեն վերացնելու ընկճախտի աղբիւրները, անգամ մը որ ոտք կը դնէք ձեր բնակարանէն ներս:

Հետաքրքրական

Գրչանունի Մը Պատմութիւնը

Գրողներու կեանքին մէջ գրական կեղծանունները շատ մեծ դեր կը խաղան: Հաւանաբար այս է պատճառը, որ գրողական կեանք մտնելու յաջորդ քայլը գրական կեղծանունի մը ընտրութիւնը կ՛ըլլայ: Իսկ երբ արդէն գրողը ունի գրական կեղծանուն, անիկա այնքան մեծ տարածում կը գտնէ, որ յաճախ կը մոռցուի տուեալ գրողին իսկական անունն ու մականունը:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք Ալեքսանդր Մովսիսեաի, նոյնինքն` Շիրվանզադէի գրական կեղծանունին ծագման պատմութիւնը:

Շիրվանզադէն որոշ ժամանակ մը Պաքու ապրելէ եւ աշխատելէ ետք տեղափոխուած է Թիֆլիս, ուր ծանօթացած է վիպագիր Րաֆֆիին: Րաֆֆին պարսկահայ էր եւ այդ ժամանակ Թիֆլիսի «Մշակ» թերթին մէջ յօդուածներ կը գրէր Մելիքզադէ կեղծանունով:

Շիրվանզադէն կ՛առնէ այդ «զադէ»-ն, որ պարսկական մականուններու վերջաւորութիւն է եւ որդի կը նշանակէ, առջեւը կ՛աւելցնէ «շիրվան», որ դարձեալ պարսկերէն «դերձակ» կը նշանակէ եւ կը կազմէ «շիրվանզադէ» ծածկանունը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «դերձակի որդի»:

Նշենք, որ Շիրվանզադէի հայրը դերձակ եղած է, եւ Շիրվանզադէն պատահական չէ ընտրած իր գրչանունը:

Գիտէ՞ք, Թէ…  

– Որոշ տարիքէ ետք տարբեր պատճառներով հերաթափութիւն տեղի կ՛ունենայ թէ՛ տղամարդոց եւ թէ՛ կիներուն մօտ: Ահաւասիկ` հերաթափութեան 9 հիմնական պատճառները.

1.- Գլխու մորթի վարակները
2.- Ժառանգական գործօնը
3.- Սննդառութեան խանգարումները
4.- Արեան տկարութիւնը
5.- Հորմոնային փոփոխութիւնները
6.- Որոշ դեղեր, որոնք կ՛օգտագործուին ընկճախտը, քաղցկեղը, սրտի հետ կապուած հիւանդութիւնները, յօդատապը բուժելու համար:
7.- Ընկճախտը
8.- Մազի խնամքի հետ կապուած ժելերը, մուսերը, մազերը հարթեցնող կամ գանգուրցնող սարքերը եւ այլն…
9.- Ծննդաբերութիւնը

* * *

– Հաւկիթին դեղնուցն ու ճերմկուցը նոյն սննդական արժէքը չունին: Դեղնուցը շատ աւելի հարուստ է Ա, Տէ, Էօ, Քա կենսանիւթերով, երկաթով, կիրով, օմեկա 3-ով եւ այլն…

Սակայն բոլոր անոնք, որոնք սննդականոնի կը հետեւին, պէտք է իմանան, որ հաւկիթին ճերմկուցը նուազ ջերմուժ, նուազ քոլեսթերոլ, նուազ իւղ կը պարունակէ, ինչ որ մեծ առաւելութիւն է:

– Կան ընկճախտին եւ անձկութեան նպաստող, ինչպէս նաեւ անոնցմէ պաշտպանող մթերքներ: Եւ այսպէս, երկարատեւ ուսումնասիրութիւններու աւարտին հաստատուած է, որ շոմինը, քաժոն, սալմոնը, սունկը, վարսակը, պանիրը, հազարը, սեւ տուրմը, աւոքատոն, ճակնդեղը, քիուին, պանանը, շէկ բրինձը, ամբողջական հատիկները մեզ համեմատաբար կը պաշտպանեն անձկութենէն, մինչդեռ շաքարը, տապկոցը, վերամշակուած միսերը, ֆասթ ֆուտերը, ալքոլ պարունակող խմիչքները, սուրճը, քաղցրաւենիքները, կազային խմիչքները, շատ աղի ուտեստները յստակօրէն կը բարձրացնեն անձկութիւնը:

Անշուշտ անձկութեան միակ պատճառը վերը նշուած ուտելիքները չեն, կան աւելի լուրջ եւ հիմնական պատճառներ, բայց ինչո՞ւ չհրաժարիլ անոնցմէ կամ չսահմանափակել անոնց օգտագործումը, երբ գիտենք, որ անոնք ընդհանրապէս վնասակար համարուած են մեր առողջութեան համար:

Խոհագիր

Գետնախնձորով Քոթլեթներ

Բաղադրիչներ

3 հատ խաշած գետնախնձոր
1 հատ խաշած ստեպղին
Կէս փունջ մանրուած ազատքեղ
1 սոխ
5 պճեղ սխտոր
1 հաւկիթ
3-4 ապուրի դգալ փոշի քահքէ
Աղ, սեւ պղպեղ
2-3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ տափակ դգալով ճզմել գետնախնձորն ու ստեպղինը` միատարր խիւս մը ստանալու համար:

Տապակին մէջ տաքցնել ձիթապտուղի ձէթը եւ մէջը դարձնել մանրուած սխտորներն ու շերտուած սոխը, մինչեւ որ թափանցիկ դառնան:

Գետնախնձորի խիւսին աւելցնել` սոխն ու սխտորը, մանրուած ազատքեղը, հաւկիթը, աղն ու սեւ համեմը եւ փայտեայ դգալով մը խառնել, ապա քիչ-քիչ աւելցնել քահքէյի փոշին, շարունակել խառնել` բաւական պինդ զանգուած մը ստանալու համար:

Մէկ ապուրի դգալի չափով խիւսէն առնել եւ ձէթով ծեփուած ափերուն մէջ կլոր ու տափակ ձեւաւորել:

Ձեւաւորուած խիւսերը երկու երեսով տապկել շատ քիչ քանակութեամբ ձէթի մէջ: Երբ ոսկեգոյն դառնան, փոխադրել բաց ամանի մը մէջ ու մատուցել քեչափի կամ ձեր նախասիրած մէկ թացանին կողքին:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աշխարհի Ցաւով

Սիրտս կ՛արիւնի՛ աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուած իմ, չորս դիս
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հով
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս:

Անմեղ զոհերու արիւնով եռուն
Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց
Եւ նոր ոճիրներ, իմ շուրջն ու հեռուն,
Կը ծնին մարդիկ` արիւնով հարբած:

Գլուխս ինչպէ՞ս ես դնեմ բարձիս
Եւ ննջեմ խաղաղ, աներազ քունով,
Երբ անգին անքուն մօտիկ դրացիս
Կը հսկէ զաւկին հոգեվարքին քով:

Սուրի ու սովի կը դառնան աւար
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն
Եւ ոտքի կոխան` հասկեր անհամար,
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն:

Ես ինչպէ՞ս նստիմ խնճոյքի սեղան
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան
Որբի մը բերնէն պատառը հացին:

Աստուա՛ծ իմ, որքա՛ն անարդար վճիռ.
– Ես ինչպէ՞ս կրնամ քար դնել խղճիս…
Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր.
– Աշխարհի ցաւով հիւա՜նդ է հոգիս…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles